Օսմանեան Կայսրութեան մեծագոյն ճարտարապետը անուրանալիօրէն կեսարացի Սինանն է։ Պաշ ԽալՖա տիտղոսը շահած այս ճարտարապետին կառուցած մզկիթներուն, մետրեսէներուն, պալատներուն, խաներուն եւ հրապարակներու վրայ կամարակապ
կառոյցներուն կը հանդիպիք ամէնուրեք այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին։ Պոլսոյ մէջ անոր անունով գոյութիւն ունի նաեւ փողոց մը՝ «Միյմար Սինան Սոքաղ»ը։
Սինանի ազգութեան խնդիրը բաւական մելան հոսեցուցած է։
Ո՞վ է այս ճարտարապետը, որուն հմայքը մինչեւ այսօր տակաւին զգալի է եւ որ թուրք մը չէ։ Թուրք չէ, բայց իսլամացած է եւ իր գիտակցական ամբողջ կեանքը ապրած է իբրեւ թուրք։
Սինան ծնած է Կեսարիա՝ 1490ին եւ մահացած է 1588ին, իննիսուն ութ տարեկան հասակին։ Յատկապէս գործած է Սիւլէյման Սքանչելիին իշխանութեան օրով։ Սիւլէյման միակ սուլթանն է, որ տիրած ու իշխած է Օսմանեան Կայսրութեան՝ քառասուն տարի շարունակ, 1526էն մինչեւ 1566։ Քառասուն տարուան ժամանակաշրջան մը, որ կը սեպուի Օսմանեան Կայսրութեան հզօրութեան գագաթնակէտի հանգրուանը, որմէ ետք կը սկսի անկնման ժամանակաշրջանը՝ աւելի քան չորս հարիւր տարուան հատուածով մը։ Սիւլէյմանի մահէն ետք, Սինան շուրջ քսան տարի եւս գործեց Սելիմ երկրորդի իշխանութեան օրով՝ պահելով արքունի Պաշ ԽալՖա տիտղոսը:
Սինան նման խաղաղ եւ կայուն ժամանակաշրջանի մը մէջ գործած արքունի ճարտարապետն է, որուն ազգային պատկանելութեան շուրջ ծաւալած բանավէճը վճռուեցաւ շահեկան փաստաթուղթով մը, որ լոյս տեսած է «Թիւրք Թարիխը էնճիւմենի Մեճմուասը» թերթին նոր շրջանի հինգերորդ թիւին մէջ՝ Յունիս 1930էն մինչեւ Մայիս 1931 երկարած թիւերու շարքին։
Ի՞նչ բովանդակութիւն ունի սուլթանական այս հրամանագիրը, որ կը հաստատէ Սինանի հայ ըլլալը։
Ասիկա է կարեւորը եւ որուն մասին առաջին անգամ գրած է Սիմոն Գաբամաճեան՝ իր «Գրպանի Օրացոյց»ի 1932ի հատորին մէջ։
Պիմէն Զարդարեանն է սուլթանական հրամանագիրը լոյսի բերողը եւ որ նաեւ «Գրպանի Օրացոյց»ին նշեալ հատորին մէջ յօդուածով մը կը հաստատէ Սինանի հայ ըլլալը՝ հիմնուելով հրամանագրին վրայ։
Հրամանագիրը արձակուած է 1573ին, երբ Սինան ութսուն երկու տարեկան էր։ Իսլամական թուականով՝ եօթը Յունիս 981ին արձակուած սուլթանական հրամանագրով՝ Սելիմ երկրորդ կը հրահանգէ, որ Սինանի խնդրանքին ընդառաջուի եւ Կեսարիոյ Իւրկիւպ գիւղի բնակիչներէն, Սինանի ազգականներ՝ Յուլիցա եւ Նշան դէպի Կիպրոս չաքսորուին։ Օսմանցիներուն կողմէ Կիպրոսի գրաւումէն ետք՝ 1771ին, օսմանցիներ համատարած ջարդ կատարեցին եւ երբ անդրադարձան, որ կղզիին յոյն բնակչութեան թիւը զգալիօրէն պակսեցաւ, կայսրութեան տարբեր շրջաններէն յատկապէս հայեր տեղահանեցին ու փոխադրեցին Կիպրոս։ Կեսարիոյ հայութեան ալ բաժին ինկաւ այս աքսորէն եւ ահա Սինան դիմում կը կատարէր Սելիմ երկրորդի, որպէսզի իր ազգականները՝ Ֆուլիկը (Յուլիանէ կամ Յուլիցա) եւ անոր ամուսինը՝ նշանը Կիպրոս չաքսորեն։
Հիմա ակնարկ մը նետենք Ֆուլիկ եւ Նշան անուններուն վրայ։ Երկուքն ալ միջնադարու հայկական շատ տարածուած անուններ են եւ ոչ մէկ կասկած կայ, որ Կեսարիոյ Իւրկիւպ գիւղէն տեղահանուելու վտանգին ենթակայ Ուլիսան կամ Ֆուլիկը եւ անոր ամուսին Նշանը հայ են։ Այս ամոլը հրամանագրին մէջ կը յիշատակուի իբրեւ արքունի ճարտարապետներուն գլխաւորին՝ այսինքն Սինանի՝ ազգականները։ Ուրեմն՝ Սինան հայ է եւ Պիմէն Զարդարեանի յայտնաբերած սուլթանական հրամանագիրը ասիկա լիովին կը հաստատէ։
Կը մնայ նշել, որ տակաւին լուրջ եւ գիտական տուեալներով քննութեան չէ ենթարկուած Սինանի պարագան, միանգամընդմիշտ լոյս սփռելու համար անոր հայկական պատկանելութեան մութ ծալքերուն վրայ։ Այս հրամանագրին խոր քննութիւնը կրնայ ընթացք տալ քննական ուսումնասիրութեան մը։
Անշուշտ Սելիմ երկրորդի հրամանագիրը գրուած է հին արաբատառ օսմաներէնով, ինչ որ ուսումնասիրութեան ձեռնարկելու միտում ունեցող հետազօտողը կը դնէ հին օսմաներէնին քաջածանօթ ըլլալու հրամայականին դէմ յանդիման՝ մանուածապատ լեզուամտածողութեան բանալիները իր ձեռքերուն ունենալու համար։ Ասիկա ալ ուրիշ կարեւոր, ու նաեւ՝ խոցելի խնդիր մըն է մեզի համար։
Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ - «Հայրենիք»