Այն օ­րե­րուն, երբ տա­կա­ւին Ե­րե­ւան էի, ­Սեպ­տեմ­բե­րը ար­դէն կի­սո­ւած էր, եւ մեր հայ­րե­նի­քի քա­ռորդ դա­րու ան­կա­խու­թեան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը ի­րենց ա­ւար­տին հա­սած էին: ­Բայց միւս կող­մէ ալ մայ­րա­քա­ղա­քի ծննդեան 2798ա­մեա­կի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան մե­ծա­ծախս աշ­խա­տանք­նե­րը տե­սա­նե­լի էին: Հ­րա­շա­լի՛ ա­ռիթ: Ես հոս եմ, կ­՛ը­սէի մտո­վի, ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թեամբ եւ ցան­կու­թեամբ լե­ցուն: ­Բարձր եւ ան­կեղծ: Ու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք զար­ման­քով մը կ­՛ըն­դու­նէին հայ­րե­նիք եր­կա­րա­տեւ

մնա­լու մտադ­րու­թիւնս, միշտ ան­փո­խա­րի­նե­լի գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ ազ­նո­ւա­կան հպար­տու­թեամբ մը կը պա­տաս­խա­նէի.
– Է՜հ, վերջ ի վեր­ջոյ ե՛ս ալ հայ եմ ու հայ­րե­նիքս կա­րօտ­ցա՛ծ եմ, եւ այս կա­րօ­տը ու­րիշ է:

Ան­կեղ­ծօ­րէն ը­սե­լով` շուրջս շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն կար: ­Տա­կա­ւին ե­րեք տա­րի­ներ ա­ռաջ կրկին հոս էի ու հի­մա կը տես­նէի հսկա­յա­կան նո­րու­թիւն­ներ, ճո­խու­թիւն­ներ եւ ա­սոնց կող­քին ալ` փո­փո­խու­թիւն­ներ: ­Յա­ճախ շո­ւա­րած էի, եր­բեմն ալ ապ­շած: ­Թէեւ քա­ղա­քը նոր եւ կեն­դա­նի գի­ծե­րով լե­ցո­ւած էր, բայց ին­ծի հա­մար կը պակ­սէր ժա­մա­նա­կը: Ուս­տի՝ եր­բեմն հապ­ճե­պով ա­մէն բան բախ­տա­ւոր տե­սիլք­նե­րու կը վե­րա­ծէի:

Ու կե­ցու­թեանս շրջա­նին, գրե­թէ ա­մէն օր, փո­ղոց­նե­րուն կամ խա­նութ­նե­րուն մէջ, սրճա­րան­նե­րէն եւ կամ ճա­շա­րան­նե­րէն ներս, եւ կամ՝ յա­ճախ թան­գա­րան­նե­րու եւ թա­տե­րաս­րահ­նե­րու մուտ­քե­րուն, ընդ­հա­նուր եւ սա­կայն այժ­մէա­կան նիւ­թե­րու շուրջ զրոյց­նե­րուս ըն­թաց­քին, շու­տով կը գտնէի խօ­սա­կից­նե­րուս «բե­րան­նե­րը կղպե­լու» բա­նա­լին, ո­րոնք եր­բեմն սա­հուն եւ յա­ճախ ալ ա­նո­րոշ եւ բա­ռե­րով ու ա­նէծք­նե­րով շա­ղա­խո­ւած կ­՛ըլ­լա­յին:
­Սա­կայն չէի զար­մա­նար: ­Կը զգա­յի, որ երկ­րէն ներս կարգ մը չա­փա­նիշ­ներ ար­դէն խախ­տած էին եւ նոյ­նիսկ ո­րոշ սկզբունք­ներ` ար­ժեզր­կո­ւած: Իբ­րեւ հայ մարդ` բնա­կա­նա­բար չես ու­զեր հայ­րե­նի­քէդ ներս նման խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ դէպ­քե­րու հան­դի­պիլ: ­Ճիշդ բան չէր: ­Կը հա­ւա­տա­յի, որ այս բո­լո­րը ար­դիւնքն էին մար­դոց մէջ գտնո­ւող այն «լաւ»ին, որ դար­ձած էր կա­րօտ եւ` այն «ե­րազ»ին, որ տա­կա­ւին չէր մօ­տե­ցած: Ու այդ ե­րա­զը հե­ռու էր, եւ կար­ծես` նոյ­նիսկ հո­րի­զո­նէն ալ ան­դին:

­Միշտ մտքիս ու սրտիս պա­տու­հան­նե­րը լայն բա­ցած` այս բո­լո­րը կը լսէի, կը տես­նէի, իսկ վեր­ջը՝ կը ցա­ւէի: Ան­կեղ­ծօ­րէն մեծ ցաւ կը զգա­յի, ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ, հայ­րե­նաբ­նակ մար­դիկ, դժգոհ էին ի­րենց երկ­րի քա­ղա­քատն­տե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն ու ի­րենց իսկ պատ­կե­րա­ցու­մով` «­Հա­յաս­տա­նը մին­չեւ հի­մա տար­բեր պէտք էր ե­ղած ըլ­լար», կ­՛ար­դա­րա­նա­յին` ա­ռանց մատ­նան­շե­լու, որ այս բո­լոր «դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն» եւ «ծուռ» ըն­թաց­քին մէջ ի­րենք ալ ի­րենց բա­ժի­նը ու­նէին:

Իմ կար­գիս, ինք­զինքս հա­մո­զե­լով, մտո­վի կ­՛ը­սէի, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­ներն ալ ու­նե­ցած են վե­րելք­ներ եւ ան­կում­ներ, նոյ­նան­ման հար­ցեր եւ սա­կայն ա­նոնք, ո­րոնք յա­տուկ նկա­րա­գիր ու­նե­ցած են, տո­կա­ցած են: Ա­ւե­լի՛ն. պե­տու­թիւն­ներ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ան­հե­տա­ցած են, ցե­ղեր՝ մե­ռած, կոր­սո­ւած, իսկ մենք եւ կամ «մե­րի­նը» թէեւ յա­ճախ ե­ղած էր որբ, անխ­նայ, ա­րիւ­նոտ ու կո­ղոպ­տո­ւած, բայց մնա­ցած էր հաս­տատ: Այս մէ­կը պար­զա­պէս կ­՛ու­զէի յի­շեց­նել, ո­րով­հե­տեւ հո՛ս, «մե­րի­նէն» ներս պատ­մու­թիւ­նը միշտ կեն­դա­նի էր: ­Հայ­րե­նի­քը ա­ւանդ մըն է, եւ էա­կա­նը զայն ա­ռողջ նկա­րագ­րով պա­հելն է,- կը կրկնէի բո­լո­րին` իբ­րեւ հաս­տատ պա­տաս­խան բո­լոր ար­տա­յայ­տո­ւած դժգո­հու­թիւն­նե­րուն: ­Հայ­րե­նի­քը, ա՜խ, սա մեր հայ­րե­նի­քը, հրաշք մըն է, կ­՛ը­սէի, մեր մեծ սե­փա­կա­նու­թիւնն է, յա՛ր­գը գիտ­ցէք…

Իսկ հի­մա, սի­րե­լի՛ մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւան, նախ ը­սեմ, որ հին գա­ղա­փար­նե­րը եր­բեմն պատ­գա­մի կը վե­րա­ծո­ւին: Ուս­տի՝ պի­տի նե­րես: Այս­պէս, յափշ­տա­կուած, փո­ղոց­նե­րէդ կէս-ե­րա­զի մը մէջ ին­կած, երբ կը քա­լէի, ի՛նչ մեղքս պա­հեմ, կը փոր­ձէի գտնել վե­րը նշած նկա­րա­գիրս: Ու­րիշ ի՞նչ ը­սեմ: Ար­դեօ՞ք ի­րա­ւունք ու­նիմ ը­սե­լու: ­Խօս­քեր եւ տե­սա­նե­լի ա­րարք­ներ կան, ո­րոնք չես կրնար բա­ցատ­րել: ­Բայց ան­դին` «բա­ներ ալ կան, ո­րոնք բան մը չես կրնար ը­նել, քեզ­մէ կը փախ­չին, կը հե­ռա­նան»: ­Կար­ծեմ՝ հասկ­ցար: ­Մատ­նան­շում­նե­րը ինք­նին ար­դէն կրնան բա­ցա­յայ­տել ա­մէն բան:

Արդ, սի­րե­լի՛ Ե­րե­ւան, «լոյ­սե­րու» քա­ղաք, դուն ալ քու մե­ծով ու պզտի­կովդ քու ար­դար բա­ժինդ ու­նիս այս «բո­լո­րին» մէջ: ­Թէեւ ե­րազ հա­գած ես, սա­կայն գու­նա­ւոր ու զար­դա­րուն զգեստ­նե­րուդ տա­կէն յա­ճախ աղ­քա­տու­թիւն կը հո­տի: ­Կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ձայ­նը լսե­լի է պա­տե­րէդ ներս: Այս մէ­կը «շա­տեր» կար­ծես չեն ու­զեր տես­նել, իսկ ու­րիշ­նե­րու քով ալ բա­ցա­կայ է հայ մտքի եւ հո­գիի պաշ­տա­մուն­քը: Ե­րե­ւա­կա­յէ՛, ի­րենց մօտ տար­րա­կան գի­տակ­ցու­թիւնն իսկ հաստ վա­րա­գոյր ու­նի: ­Ցուրտ եւ ե­սա­մոլ:

Ը­սեմ նաեւ, որ բա­ցա­յայտ է, թէ օ­տա­րը քեզ իր ճան­կե­րով բռնած է: ­Խա­նութ­նե­րուդ թրքա­կան ապ­րանք­նե­րէն մին­չեւ վա­ճա­ռա­տու­նե­րուդ ճա­կա­տը «զար­դա­րող» ցու­ցա­տախ­տակ­ներդ վկայ: ­Մենք հոն` քեզ­մէ հա­զա­րա­ւոր մղոն­ներ հե­ռու, մեր ապ­րած օ­տար եր­դիք­նե­րու տակ, կը փոր­ձենք այս «ապ­րանք­նե­րէն» հե­ռու մնալ եւ միշտ մեր խա­նութ­նե­րու ճա­կատ­ներն ու ա­նուն­նե­րը հայ­կա­կան ա­նուն­նե­րով կը զար­դա­րենք, իսկ հո՛ս, դուն… Այն­պէս կ­՛ե­րե­ւի, որ որ­դի­նե­րէդ շա­տեր դիւ­րին ճամ­բան ընտ­րած են: Ու­րիշ­ներ նոյ­նիսկ քեզ վե­րա­ծած են փոք­րիկ շու­կա­յի: ­Շա­տեր նոյ­նիսկ քեզ օ­տա­րի մը նա­հանգ­նե­րէն մէ­կը նկա­տած են: ­Ցա՛ւդ տա­նեմ, հասկ­ցի՛ր զիս:

Ուս­տի մի՛ զար­մա­նար, երբ ը­սեմ, որ եր­բեմն տխուր էին ե՛ւ եր­կինքդ ե՛ւ աշ­խարհդ:
­Բայց խոս­տո­վա­նիմ նաեւ, սի­րե­լի՛ս, քե­զի հա­մար վատ­նած օ­րերս բեղմ­նա­ւոր ժա­մեր բա­ցին դի­մացս: ­Հա­ւա­տա՛, այս տո­ղե­րը, քե­զի հաս­ցէագ­րած այս բա­ռերս ու ա­նոնց շնոր­հիւ ծնունդ ա­ռած շա­րան-շա­րան նա­խա­դա­սու­թիւն­ներս քեզ վար­կա­բե­կե­լու եւ կամ միայն պարզ ի­րա­կա­նու­թեան մը փնտռտուք­նե­րը չեն, այլ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէս բխող բա­ցա­յայտ­նու­թիւն­ներ ալ են: ­Նոյ­նիսկ «յոյ­սերս» ալ են, ե­թէ կ­՛ու­զես: ­Հայ­րե­նիք հա­սած ա­ռա­ջին իսկ վայր­կեա­նին, երբ սկսայ դան­դաղ ու չտես պատ­մա­կան փո­ղոց­նե­րուդ մէջ դե­գե­րիլ, փոր­ձե­ցի «դրախ­տը» փնտռել քա­րե­րուդ ու պա­տե­րուդ վրայ: ­Չէ՞ որ մե­զի սոր­վե­ցու­ցած էին, թէ մեր եր­կի­րը դրախ­տա­վայր ալ ա­նո­ւա­նո­ւած էր, ու դուն ալ ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էիր, ար­ժան եւ ի­րաւ: Չ­մոռ­նա՛ս: Ու ես գտայ զայն, գտայ, սա­կայն միայն` մեր նոր սե­րուն­դի աչ­քե­րուն մէջ: Եւ հպար­տա­ցայ: ­Փո­ղոց, ա­նօ­րի­նակ կեն­ցաղ, ներ­քին ի­րա­վի­ճակ, օր մը ան­պայ­ման պի­տի շտկո­ւին, կը հա­մո­զէի ես զիս: Ա­նոր հա­մար ե­րի­տա­սարդ­նե­րուդ մէջ գտայ այդ «փնտռածս: Ու եր­ջա­նիկ էի:

Իս­կա­պէս, որ գե­ղեց­կու­թիւնդ զիս կլա­նած էր: ­Դո՛ւն, աչ­քիս, տար­բեր կեան­քով կ­՛ապ­րէիր, ո­րով­հե­տեւ թէեւ ին­ծի հա­մար աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն դար­ձած էիր, բայց մեր դա­րե­րու Է­րե­բու­նին էիր հաս­տա­տա­պէս: Իւ­րա­քան­չիւր մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանք, խայծ եւ կամ շար­ժում` ներսս յոյ­սի նոր ա­կօս­ներ կը բա­նա­յին ինք­նա­բե­րա­բար: ­Դուն թէ՛ Ա­րե­ւելք էիր եւ թէ՛ Եւ­րո­պա` քու անն­կա­րագ­րե­լի հմայ­քովդ ու փայլ­քովդ:

Ե­րե­ւա՛ն, մէկ խօս­քով, ծի­ծեռ­նա­կի բոյ­նի կը նմա­նէիր: ­Հայ աշ­խար­հը քովդ ե­կած էր կա­մո­վին եւ ա­կա­մայ: 21րդ ­դա­րու նոր քա­ղաք մըն էիր դար­ձած` հայ եւ օ­տար մշա­կոյթ­նե­րու տեն­դով բա­բա­խող: ­Բո­լո­րին հա­մար լու­սա­ւոր շքե­ղու­թեամբդ եւ մա­նա­ւանդ տար­բեր կեանք նե­րար­կող ի­րա­վի­ճա­կովդ, դա­րե­րու խոր­քէն ե­կած իբ­րեւ հաս­տա­տուն ե­րե­ւոյթ մըն էիր, նա­խան­ձե­լի, նոյն­քան ալ հպար­տա­լի: Հ­մա­յո­ւած էի քա­րե­ղէն քեր­թո­ւած­նե­րովդ, յու­շար­ձան­նե­րովդ, մա­քուր եւ ա­ռատ ցայ­տաղ­բիւր­նե­րովդ: Ու նե­տած էի մտքիս ուռ­կա­նը, որ­պէս­զի ինք­նու­թիւնս ո­րո­նէի: ­Յի­շէ միշտ, հայ ո­գին եւ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կայ են ե­ղած հոն, ուր որ հա­յու հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ներ­կայ է: Ու ես ե­կած էի տար­բեր հո­գիով: Ի՜նչ լաւ ապ­րում է, գի­տես, ինք­զինքս մի­նակ չէի զգար:

Ե­րե­ւան, «ա­րե­ւու» քա­ղաք, կ­՛ը­սէի շուր­ջին­նե­րուս, քու այս տօ­նիդ նա­խօ­րեա­կին եւ կամ ան­կէ ետքն ալ ա­մէն քայ­լա­փո­խիս կը փոր­ձէի լոյս տալ գի­տակ­ցու­թեանս: «­Ցա՛ւդ տա­նեմ», քե­զի նման քա­ղաք չկայ աշ­խար­հի վրայ, ո­րով­հե­տեւ քու մօտդ հայ հո­ղի եւ հա­յու Աս­տու­ծոյ շուն­չը կայ: ­Կայ նաեւ քա­ջու­թեան ու նո­ւի­րու­մի եւ մա­նա­ւանդ քա­ռորդ դա­րու սե­փա­կա­նու­թեան խրախ­ճան­քի զգա­ցու­մը: ­Մեր ապ­րած Ա­մե­րի­կա­յի, Եւ­րո­պա­յի եւ կամ ամ­բողջ աշ­խար­հի բո­լոր ցա­մաք­նե­րուն վրայ, քու աստ­ղա­զարդ գի­շեր­ներդ չկան: ­Տե՛ս, Ա­րա­րա­տը քեզ նա­խա­գա­հած է քու ծա­գու­մէդ ի վեր: Ու մենք չու­նինք այս մէ­կը: ­Դո՛ւն, օ­րին նա­խան­ձե­լի էիր եւ ես տա­կա­ւին: Ուս­տի՝ մնա­ցի՛ր ա­նոր տէ­րը:

­Դո՛ւն, քու յար­գը գիտ­ցիր: ­Դո՛ւն, քեզ ար­ժե­ւո­րէ:
Ան­կեղ­ծօ­րէն ա­ւելց­նեմ, որ Ե­րե­ւան ե­կած էի նաեւ քու խուլ ցա­ւե­րուդ ալ միա­նա­լու: ­Գի­տեմ` նպա­տակ­ներդ հմա­յիչ են, եւ ցա­ւերդ ալ` ան­հա­մար: ­Մի՛ փո­խեր հա­յու դի­մա­գիծդ ու նկա­րա­գիրդ, ո­րով­հե­տեւ դո՛ւն հա­յու­թեան դա­րե­րու թատ­րոնն ես, եւ մենք ալ, հա­մայն աշ­խար­հով, քու հան­դի­սա­տեսդ: Ա­մէն օր ես ու հաս­տա­տա­պէս ին­ծի նման հայ եւ օ­տար հա­զա­րա­ւոր­ներ քեզ «ճանչ­նա­լով»` ի­րենց հո­գե­կան քար­տէ­սը պի­տի բա­նան:
­Թօ­թա­փէ՛, վրա­յէդ ա­մէն «աղտ» եւ «կեղտ»: Ա­կանջ տո՛ւր ժո­ղո­վուր­դիդ ձայ­նին…

Ու հի­մա, թէեւ սրտցա­ւօ­րէն տո­ղերս շա­րե­ցի, սա­կայն հա­ւա­տա՛, դուն, հայ­րե­նի­քիս նման, ծնուն­դէս ի վեր, ա­րեանս մէջն էիր: ­Դո՛ւն, 2798 տա­րե­կան, ամ­բողջ հա­յու­թեան միակ լու­սա­ւոր եւ գե­ղե­ցիկ մայ­րա­քա­ղաք, Ե­րե­ւա՛ն, «ցա՛ւդ տա­նեմ»…
­Հաս­տատ մնա՛, ա­ռողջ մնա՛, մի՛շտ մնա՛…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ