alt­Ուշ գի­շե­րին ստա­ցանք գոյ­ժը։ ­Մով­սէս Պ­չաք­ճեան ոչ եւս է։ Չ­հա­ւա­տա­ցինք։ ­Դեռ քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ հե­ռա­ձայ­նած էր ­Փա­րի­զէն եւ յայտ­նած կրկին ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու իր ծրագ­րին մա­սին։ Ե­րե­ւա­նի մէջ «­Հա­յաս­տան» հրա­տա­րակ­չու­թեան խնամ­քով եւ ­Վի­ւա­սե­լեւՄՏՍ ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Ռալֆ ­Յի­րի­կեա­նի հո­վա­նա­

ւո­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւող իր «Եր­կե­րու ­Լիա­կատար ­Ժո­ղո­վա­ծու»ի ու­թե­րորդ հա­տո­րը պատ­րաստ էր տպա­րան եր­թա­լու։ ­Պի­տի գար այդ ա­ռի­թով։

­Հա­լէպ ծնած, ա­տեն մը ­Պէյ­րութ ապ­րած եւ ա­պա ­Փա­րիզ հաս­տա­տուած Պ­չաք­ճեան, իր օ­րա­պա­հի­կը շա­հե­լու հա­մար ստանձ­նած ու­սուց­չա­կան, քար­տու­ղա­րա­կան եւ այլ պաշ­տօն­նե­րու կող­քին, ա­ռաջ­նա­հերթ նկա­տեց գրե­լը։ Իր բե­ղուն գրչին կը պատ­կա­նին տաս­նեակ հա­տոր­ներ։ ­Փոր­ձեց թատ­րեր­գու­թիւնն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւնն ու օ­րագ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ թարգ­մա­նու­թիւ­նը, բայց մնա՛ց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ձա­կի վար­պե­տը։ Իր գրչին կը պատ­կա­նին բազ­մա­­թիւ պատ­մո­ւածք­ներ եւ վէ­պեր։

Ա­նոր ստեղ­ծած գրա­կա­նու­թիւ­նը թա­ւա­լե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան շուրջ։ Ս­փիւռ­քա­հա­յու վտա­րան­դի կեան­քին վե­րա­բե­րող հո­գե­կան եւ զգա­ցա­կան նե­րաշ­խար­հը, օ­տար մի­ջա­վայ­րի մէջ հա­յօ­րէն ապ­րե­լու մար­տահ­րա­ւէրն ու ան­հե­թեթ ի­րա­վի­ճակ­նե­րը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծող գրո­ղին վի­ճա­կո­ւած դժո­ւա­րին եւ ա­պե­րախտ կա­ցու­թիւ­նը ե­ղան իր գրա­կա­նու­թեան ա­ռանց­քը, սա­կայն ոչ՝ ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ ժա­մա­նա­կա­կից մարդ­կու­թիւ­նը յու­զող ա­մէն թե­մա­յի եւ ար­ձա­գան­գեց ա­նոնց՝ հայ գրո­ղի իր յա­տուկ պրիս­մա­կէն։
­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ա­նոր օգ­տա­գոր­ծած լե­զուն։ «­Մեռ­նող» ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ան կրցաւ ձե­ւա­կեր­պել ժա­մա­նա­կա­կից կեանքն ու շրջա­պա­տը, լե­զո­ւի հան­դէպ մեծ բծախնդ­րու­թեամբ, հո­գա­ծու­թեամբ եւ գո­րո­վով։

Ար­դա­րեւ, ­Մով­սէ­սի ա­նակն­կալ մա­հը խոր վիշտ պատ­ճա­ռեց զինք սի­րող­նե­րուն ու իր եր­կե­րը գնա­հա­տող­նե­րու սրտե­րուն: ­Հին օ­րե­րէն սկսեալ ­Հա­յաս­տան կ­՛այ­ցե­լէր ան մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ: Ինչ­պէս բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը, հայ­րե­նիքն ու յատ­կա­պէս հայ գիրն ու հայ խօս­քը կի­զիչ մղում­ներ դար­ձած էին ի­րեն հա­մար, որ բնա­տուր ա­ռիթ­նե­րով ու խոր ներշն­չում­նե­րով դրսե­ւո­րեց զա­նոնք իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու նաեւ ի­րա­պաշտ հա­տոր­նե­րուն մէջ: Այ­լա­զան ա­ռիթ­նե­րով, երբ ի­րա­րու հան­դի­պէինք, ­Փա­րիզ, ­Թո­րոն­թօ, ­Վե­նե­տիկ, Ե­րե­ւան եւ այ­լուր, ին­ծի եւ Է­լի­զին յա­ճախ կը խօ­սէր ­Հա­յաս­տա­նի եւ հոն փո­խադ­րո­ւե­լու մա­սին եւ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու իր ա­պա­գայ եր­կե­րը:
­Մով­սէս բուռն կեր­պով կը հա­ւա­տար ազ­գա­յին հո­ղին ու մի­ջա­վայ­րին ու­նե­ցած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ժին, ե­ռան­դին ու անս­պառ ա­ւիւ­նին: Դժ­բախ­տա­բար, սա­կայն, տա­րօ­րի­նակ հի­ւան­դու­թիւն մը քան­դել ու­զեց ա­նոր բնա­տուր ա­ռող­ջու­թիւ­նը: Եր­կար պայ­քա­րե­ցաւ, գրե­լը, խօ­սի­լը ու գիտ­ցած լե­զու­նե­րը մոռց­նել պատ­ճա­ռող այս ան­սո­վոր հի­ւան­դու­թեան դէմ: ­Ճիշդ է, որ յաղ­թա­հա­րեց զայն, բայց միշտ մնաց ա­ռող­ջու­թեամբ դիւ­րա­բեկ ու տկար:

2010էն սկսեալ նոր եր­կեր չկա­րո­ղա­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել: Իր հո­գին ա­ւան­դեց, ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ­Հոկ­տեմ­բե­րի կի­սուն: ­Մով­սէս ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն, երբ գրե­լու նո­ւի­րո­ւե­ցաւ, իր ապ­րած կեան­քի թա­նա­քին մէջ թաթ­խեց իր գրի­չը ու ա­նոր ներշն­չու­մով ալ ստեղ­ծա­գոր­ծեց իր մնա­յուն գոր­ծե­րը: ­Փա­րի­զի «­Մենք»ի ան­մո­ռա­նա­լի սե­րուն­դին - ­Շահ­նուր, Որ­բու­նի, ­Շու­շա­նեան եւ ու­րիշ­ներ - ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րէն էր ­Մով­սէս, որ քա­լեց ա­նոնց ա­կօ­սած ու­ղիէն, ա­ւե­լի զսպո­ւած ու պահ­պա­նո­ղա­կան ըն­թաց­քով: Ազ­գա­յին մայ­րու­ղի­նե­րէն չքա­լեց ան, ինչ­պէս ­Փա­րի­զի «­Մենք»ի այս պաշ­տե­լի տղա­քը ը­րին, այլ մնաց լուռ ազ­գա­յին լու­սանցք­նե­րուն մէջ, հա­մեստ, ինք­նամ­փոփ ու բե­ղուն: Ս­փիւռ­քի ու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Մով­սէս Պ­չաք­ճեա­նի ա­նունն ու գոր­ծը դեռ եր­կար պի­տի յի­շա­տա­կո­ւին հայ մտքով ու գրա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող­նե­րու եւ ըն­թեր­ցող­նե­րու կեան­քին մէջ:

­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ար­ժա­նի կեր­պով, քա­նի մը գրա­կան շքան­շան­նե­րու ու պա­տիւ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած է ան - «­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի»՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի հրա­մա­նագ­րով: «Գ­րա­կան վաս­տա­կի հա­մար»՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հայ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով: «Ո­ւի­լիեմ ­Սա­րո­յեան»՝ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջո­ցաւ:
Ար­ժա­նի հայ գրող մըն է ­Մով­սէս ու այս­պէս ալ պի­տի յի­շո­ւի դեռ եր­կար:
­Յար­գանք ու սէր իր ա­նու­նին ու թո­ղու­ցած վաս­տա­կին:
Ար­ժա­նի՛ է:

Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան
Ու­շի գ.