Ամբողջ աշխարհը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած ելեկտրոնային ներքին նամակներու հոսքին. աւելի քան 400 հազար նամակ՝ Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութենէն, 2,8 միլիոն դիւանագիտական
նամակ՝ Միացեալ Նահանգներէն, աւելի քան 30 հազար նամակ, զորս ուղարկած կամ ստացած է Հիլըրի Քլինթըն իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, եւ կայքահէններու յարձակմամբ ձեռք բերուած 27 հազար նամակ ու յաւելուած Դեմոկրատ կուսակցութեան ազգային յանձնաժողովէն:
Հարիւրաւոր նամակներու արտահոսքէն առանձնացնեմ միայն քանի մը հատը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին կամ Թուրքիոյ.
1) 2015ի Ապրիլ 19ին, Հիլըրի Քլինթընի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւըն ելեկտրոնային նամակ ուղարկած է նախընտրական քարոզարշաւի կէս տասնեակ բարձրաստիճան աշխատակիցներու, որոնց շարքին` ղեկավար Ճոն Փոտեսթային` հետաքրքրուելով, թէ արդեօք անոնք յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գա՞ն Հայոց Ցեղասպանութեան յառաջիկայ, 100րդ տարելիցին առիթով: Սալիւըն նաեւ ուզած է գիտնալ, թէ Քլինթըն պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասպանութիւն» եզրը, ինչպէս ատիկա ըրաւ ութ տարի առաջ ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու եղած ժամանակ, թէ՞ պիտի խուսափի այդ եզրոյթէն, ինչպէս ատիկա ըրաւ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար:
Սալիւըն նշած է, որ «Սպիտակ տունը մինչեւ հիմա փութաջանօրէն կը խուսափի «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ եւ, հաւանաբար, պիտի շարունակէ այդպէս վարուիլ»: Սալիւըն հետաքրք-րուած է, թէ արդեօք Քլինթընի նախընտրական քարոզարշաւի շտապը պէ՞տք է աշխուժօրէն հանդէս գայ յայտարարութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, թէ՞ սպասէ մինչեւ «հայկական կազմակերպութիւնները» խնդրեն այդ մասին: Սալիւըն աւարտած է իր նամակը` ընդունելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը «խիստ կարեւոր է ամերիկահայերու համար»: Ժամեր անց, Փոտեսթան առաջարկած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող խօսքերը ընդգրկել ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան մէջ, որ վերջին հաշուով, Քլինթընի նախընտրական շտապը որոշած է չհրապարակել…
2)Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առաջին խորհրդական Իսմայիլ Չօպանօղլուն, 2015ի Սեպտեմբեր 9ին նամակ ուղարկած է նախընտրական քարոզարշաւի ղեկավար Ճոն Փոտեսթային` հարցնելով, թէ արդեօք Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն կրնա՞յ «քաղաքավարական այց կատարել տիկին Քլինթընին» Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբեր 26էն 30 ինկած ժամանակահատուածին: Տարօրինակ է, որ Չօպանօղլու նշած է, որ ան սկիզբը դիմած է Ա.Մ.Ն. պետական քարտուղարութիւն, սակայն իրեն պատասխանած են, որ տիկին Քլինթըն այլեւս պետական քարտուղար չէ… Չօպանօղլու գրած է Փոտեսթային, որ Տաւութօղլու այս խնդրանքը կատարած է «պետական քարտուղար Քլինթընի հետ ունեցած իր վաղեմի բարեկամութեան լոյսի ներքոյ, երբ անոնք երկուքն ալ գործընկերներ էին իբրեւ պետական քարտուղար եւ արտաքին գործոց նախարար»:
Նոյն օրը, Փոտեսթա յայտնած է Չօպանօղլուին, որ տիկին Քլինթընի «ժամանակացոյցը խիստ ծանրաբեռնուած է, սակայն ատիկա պիտի ըլլայ առաջնահերթ հանդիպումներու շարքին, եթէ ընդհանրապէս հնարաւոր ըլլայ, իսկ նախընտրական շտապի փոխ-նախագահ Հումա Ապետին պիտի հետեւի ատոր»: Այնուհետեւ Փոտեսթան հարցուցած է Ապետինին.- «Ինչպէ՞ս կը ցանկաք ատիկա կարգաւորել»: Վերջինս յաջորդ օրը պատասխանած է Չօպանօղլուին` տեղեկացնելով, որ Հիլըրի Քլինթըն «ուրախ պիտի ըլլայ հանդիպելու վարչապետին հետ, սակայն մենք համոզուած չենք, որ ատիկա տեղի կ’ունենայ Նիւ Եորքի մէջ ձեր առաջարկած օրերուն: Մենք ձեզի տեղեակ կը պահենք, երբ որ յստակեցնենք անոր ժամանակացոյցը: Շուտով կապ կը հաստատենք իրարու հետ»: Յայտնի չէ, թէ արդեօք այդ հանդիպումը երբեւէ տեղի ունեցա՞ւ:
3) 2010ի Դեկտեմբեր 17ին, Հումա Ապետին, որ այդ ժամանակ պետական քարտուղար Քլինթընի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալն էր, փոխանցած է անոր դաշնային վերաքննիչ դատարանի որոշման լուրը, որ թոյլ կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն հատուցում պահանջելու գերմանական ապահովագրական երեք ընկերութիւններէ: Հետաքրքրական է եւ մտահոգիչ, որ Ապետինը իր նամակի սկիզբը նշած է, որ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու անդրադարձած է այս դատական գործին, Քլինթընի հետ նախապէս ունեցած իր հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ: Յաջորդ օրը, պետական քարտուղարութեան իրաւախորհրդատու Հէրըլտ Քոհ դատավճիռի պատճէնը ուղարկած է Քլինթընի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Ճէյք Սալիւընին եւ պետական քարտուղարի գործադիր օգնական Ճօ Մէքմանըսին` խնդրելով անոնց այս կարեւոր փաստաթուղթը փոխանցել Քլինթընին:
Քոհ աւելցուցած է` «քանի որ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու Ուրբաթ օրը անոր հետ հեռաձայնային զրոյցին մէջ նշած է այս մասին, ուստի կը ցանկանք, որ ասիկա հնարաւորինս շուտ հասնի անոր»: Սալիւըն դատավճիռը ուղարկած է պետական քարտուղար Քլինթընին` «յոյժ կարեւոր» նշումով: Իմ կարծիքովս, ասիկա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ անօրինական եւ բացայայտ միջամտութիւն էր ամերիկեան դատական համակարգին` ձգտելով ստանալ պետական քարտուղարին աջակցութիւնը` ճնշելու դատարաններու վրայ դատավճիռը բեկանելու հարցով… Յայտնի չէ, թէ Քլինթըն որեւէ գործողութիւն ձեռնարկա՞ծ է այս առումով, թէ՞ ոչ, սակայն դաշնային վերաքննիչ դատարանը հետագային չեղեալ համարած է աւելի առաջ կայացուցած որոշումը…
Եւ վերջապէս, քարոզարշաւի ղեկավար Ճոն Փոթեստայի 2016 թուականի Մարտ 17ի ելեկտրոնային նամակին մէջ նշուած են անունները այն 39 անձերուն, որոնք կը համարուէին Քլինթընի փոխ-նախագահի հնարաւոր թեկնածուները: Այդ ցանկին մէջ կայ անսպասելի անուն մը` թուրք ամերիկացի Մուհթար Քենթը, որ «Քոքա-Քոլա» ընկերութեան նախագահն է: Անոր հայրը` Նեժտեթ Քենթը, եղած է Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը Նիւ Եորքի մէջ, ուր ծնած է Մուհթար: Ան յաճախած է Թուրքիոյ Մերսին քաղաքի միջնակարգ դպրոցը: Ինչպէս արդէն գիտենք, Քլինթըն իբրեւ իր մրցապայքարի գործընկեր ընտրեց ոչ թէ Մուհթար Քենթը, այլ Թիմ Քէյնը…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»