Տէրն Աստուած իր հարազատ Որդին՝ Քրիստոս ղրկեց աշխարհ մարդու սիրոյն համար։ Աստուծոյ Որդին, երկրաւոր առաքելութեան աւարտին խաչուեցաւ, թաղուեցաւ ապա յարութիւն առաւ։ Եւ Ան իր ետին թողեց Ս. Խաչը եւ հետագային Ս. Աւետարանը, որպէս կապը
երկնքի ու երկրի, Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ։
Քրիստոսի անունով բազմամիլիոն մարդիկ մկրտուեցան ու կոչուեցան քրիստոնեայ եւ Քրիստոսի անունով կրօնքը կոչուեցաւ քրիստոնէութիւն։ Այսպէս ծնունդ առաւ քրիստոնեան, միեւնոյն ատեն հիմը դրուեցաւ քրիստոնէական վարդապետութեան։ Եւ ահա քիչ ժամանակ մը ետք, կառուցուեցաւ նաեւ Քրիստոսի տունը, որ կոչուեցաւ եկեղեցի։
Սկզբնական շրջանին, հակառակ որոշ դժուարութիւններու, նոր կրօնքը լաւ ընթացքի մէջ էր եւ Աստուածային պատուիրաններուն համաձայն։ Յանկարծ Քրիստոսի ժողովուրդը, որ մէ՛կ ամբողջութիւն կը կազմէր, սկսաւ փոխուիլ։ Մէկ թիւը դարձաւ երկու, երեք, չորս, հինգ եւ աւելի։ Քրիստոսի անունը մնաց անփոփոխ եւ հաստատուն, բայց կրօնքին մէջ ըմբռնումի եւ ուսուցումի լուրջ տարբերութիւններ յառաջացան։ Աւելի ետք անոնց շուրջ հարցեր ծագեցան եւ եկեղեցին բաժնուեցաւ տասնեակ համայնքներու։
Քրիստոսի մասին կատարուեցան տեսակաւոր վերլուծումներ ու բացատրութիւններ, որոնք դարձան համայնքներու հիմերը։ Քրիստոսի անուան տակ աստուածաբանական համալսարաններ բացուեցան, որոնք գործեցին համայնքի մը յատուկ կանոններուն համաձայն։ Աւելին, Քրիստոսի անուան տակ բազմաթիւ միջազգային ժողովներ գումարուեցան ու տակաւին կը շարունակուին, որոնք հաւանաբար կը կատարուին եկեղեցիներու միջեւ հեռաւորութիւնը պահելու նպատակով։ Յիշատակի խմբային նկարն է, որ թերեւս անոնց իրար կը միացնէ։ Քրիստոսի անունով բարեսիրական անթիւ հաստատութիւններ հիմնուեցան եւ տակաւին կը հիմնուին, որոնք օգտակար կը դառնան ընդհանրապէս իրենց հետեւորդներուն։ Մինչեւ իսկ Քրիստոսի ծննդեան ու յարութեան տօները սկսան տօնակատարուիլ տարին մի քանի անգամ։
Եկեղեցիները բաժնուեցան եւ Քրիստոսի ժողովուրդը իրենց միջեւ բաժնեցին դժբախտաբար։
Երբ Քրիստոս աշխարհ եկաւ իր անունով մարդ չկար, այսինքն ոչ մէկ քրիստոնեայ գոյութիւն ունէր։ Ան էր միակ քրիստոնեան։ Եւ Ան ապրեցաւ ու գործեց հեթանոս կամ այլակրօն մարդոց մէջ։ Իր նոր վարդապետութիւնը տարածեց ոչ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, այլ խօսքով՝ ուսուցանեց օտարներուն։ Կրօնքի կամ հաւատքի տարբերութիւն չդրաւ ոեւէ մարդոց միջեւ, այլ քաջաբար կանգնելով բազմութեան մէջ՝ քարոզեց եւ Աստուծոյ պատուիրանները փոխանցեց։
Այդ բոլորին զուգահեռ՝ Քրիստոս հրաշագործութեամբ բժշկեց նաեւ կոյրը, համրը, անդամալոյծը, ծանր հիւանդը։ Աստուածային զօրութեամբ անկարելին կարելի դարձուց մարդու սիրոյն համար։ Քաջալերեց յուսալքուածներուն, օգնեց տկարներուն, կարգի հրաւիրեց անօրէններուն։ Ու այս բոլորը կատարեց առանց խտրութեան։ Ան եկաւ մարդուն քրիստոնէութեան ճանապարհը ցոյց տալու։ Իսկ ընտրութիւնը թողուց մարդու ազատ կամքին։
Քրիստոսի մարդասիրական ու դաստիարակչական գեղեցիկ պատկերը գիրի ճամբով արտայայտութեան պահուն, յանկարծ միտքս եկաւ անհաճոյ մէկ դէպք, որ նեղացուց եւ բարկացուց ինծի։
Ամիսներ առաջ, Հռոմի Պապը եւ Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան Գուպայի մէջ։ Օրին պատմական եղելութիւն կոչուեցաւ այդ մէկը։ Հեռատեսիլի, ռատիոկայանի ու մամուլի հազարաւոր լրագրողներ մեծ կարեւորութեամբ անդրադարձան անոր։ Այլ համայնքներու հոգեւոր պետեր ու ժողովուրդէն մաս մը հեռուէն դիտեցին, լսեցին ու կարդացին իւրայատուկ պատահարին մասին։ Մեծ աղմուկ ստեղծած այդ ժողովը օրին ներկայացուեցաւ հետեւեալ մեծ խորագրով.- «Հազար տարիներ ետք իրար կը հանդիպին երկու եկեղեցիներու պետերը»։
Մե՞ծ կամ ամօթալի՞ վերնագիր մըն էր այդ։ Իւրայատո՞ւկ կամ խայտառա՞կ դէպք մըն էր այդ։ Ուրախանալի՞ կամ խղճալի՞ պատկեր մըն էր այդ։ Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսի անունը կրող երկու եկեղեցիներ, իրենց կղերական դասով ու ժողովուրդով հազար տարիներ իրարու հետ չեն ապրած։ Ինչպէ՞ս բացատրել, որ «Քրիստոսով եղբայր» կոչուող հոգեւոր երկու կառոյցներ հազար տարիներ իրարու հետ չեն գործակցած։ Բարեբախտաբար որ չեն թշնամացած։ Քրիստոնէական վարդապետութեան պարզ հասկացողութեամբ այս պարագան անընդունելի կը նկատուի։ Քրիստոս մէ՛կ խաչ ու մէ՛կ Աւետարան թողուց քրիստոնեաներուն։
Ետ ակնարկ մը կատարելով Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ժամանակաշրջանին՛ կը կարդանք, թէ Ան ընտրեց տասներկու աշակերտներ որպէս անմիջական օգնականներ։ Ընտրեց զանազան արհեստի ու խաւի մարդիկ եւ տարբեր շրջաններէ, որոնք տակաւին Իր անունը չէին կրեր։ Նոյն ատեն Իր մօտ կանչեց ժողովուրդն ամբողջ, մեծեր ու փոքրեր։ Ապրեցաւ անոնց մէջ։ Սիրտը բացաւ ամէնուն անխտիր։ Լսեց բոլորին ձայնը ու բաժնեկից դարձաւ անոնց ցաւերուն։ Մինչեւ իսկ Իր կեանքը զոհաբերեց ժողովուրդի սիրոյն։
Միւս կողմէ պարզ է եւ ընդունելի, որ իւրաքանչիւր համայնք իր աղօթատեղին, այսինքն Քրիստոսի տունը շինեց ճարտարապետական յատուկ ոճով։ Այդ իսկ պատճառով, եկեղեցիներու արտաքին կառոյցներուն մէջ կը գտնենք ձեւի տարբերութիւններ։ Սակայն անոնց գմբէթներուն վերեւ հաստատուած խաչը իրար կը միացնէ բոլորը եւ կ՚ամբողջացնէ պատկերն ու իմաստը։ Եկեղեցիներու ներքին բաժինները եւս սպասներով, արձաններով, սրբապատկերներով, արարողութիւններով եւ կղերականներու զգեստներով կը տարբերին իրարմէ։ Սակայն հոն եւս Քրիստոսի անունով աղօթքն ու շարականը իրար կը կապեն բոլորը որպէս մ՛էկ ամբողջութիւն։
Հակառակ քրիստոնէական վարդապետութեան «Մէ՛կ ամբողջութիւն» սկզբունքին, համայնքները ժամանակի ընթացքին փորձեցին կապուածն ու միացածը իրարմէ բաժնել զանազան պատճառաբանութիւններով։ Եւ յաջողեցան։
Քրիստոսի անունով կոչուած համայնք մը կ՚արգիլէ քրիստոնեայ մարդու մը հաղորդութիւն ստանալ իր եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ ան ուրիշ համայնքի կը պատկանի։ Եկեղեցի մը չ՚ընդունիր ուրիշ համայնքի պատկանող մարդու մը մկրտութիւնը եւ կը պարտադրէ անոր կատարել երկրորդ մկրտութիւն։ Եկեղեցի մը կը մերժէ իր մօտ ուրիշ եկեղեցւոյ պատկանող մարդու մը կնքահայրութիւնը կամ խաչեղբայրութիւնը։
Համայնք մը իր եկեղեցին չի տրամադրեր եկեղեցի չունեցող համայնքի մը, որպէսզի պատարագ կամ խորհրդակատարութիւն կատարէ։ Պատարագիչ հոգեւորական մը, խորանէն քարոզի ընթացքին, կը քննադատէ այլ եկեղեցի կամ համայնք մը։ Եկեղեցւոյ մը պարբերաթերթին մէջ կը հրատարակուին այլ եկեղեցիի դէմ խիստ քննադատական յօդուածներ։ Առաւել եւս, իմ աչքերով տեսայ գերեզմանատան մէջ հոգեւորական մը, որ մերժեց աղօթել դամբարանի մը վրայ, որովհետեւ հանգուցեալը այլ համայնքի կը պատկանէր։ Մեր կրօնքի հիմնադիրը՝ Քրիստոս, սիրոյ հասկացողութիւն ցուցաբերեց։ Մինչ Անոր հետեւորդները, մեծ մասամբ խտրականութեան, ինքնակեդրոնացման ու վանողական իսկութիւն մը ցուցաբերեցին եւ տակաւին կը շարունակեն, ոմանք մեղմ, իսկ ոմանք ծայրայեղ կերպով։
Այս բոլորով հանդերձ վերոնշեալ մարդիկը Քրիստոսի անունով կը կոչուին քրիստոնեաներ։ Անհաւատալի, բայց իրաւ։ Անընդունելի, բայց ձեւով մը պարտաւորիչ։ Այսպիսով հոգեւոր կառոյցները սկսան նմանիլ աշխարհիկ կառոյցներուն՝ պետութիւններու, կուսակցութիւններու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու եւ որդեգրել անոնց ընդհանրապէս վնասակար մտածելակերպն ու գործելակերպը։ Հարկ է հոս յատուկ կերպով ու գոհունակութեամբ նշել, թէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ու իր հօտը, գրեթէ հեռու են միջ-եկեղեցական այդ տաղտուկէն։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ «Քրիստոսով եղբայր» ու «Մէ՛կ ամբողջութիւն» հասկացողութեան ու գործակցութեան ոգին, կը գերազանցէ միւսներու սխալ տրամաբանութեան ու տրամադրութեան։ Փոքր նշում մը կատարելով կարելի է հաստատել, թէ միւս կրօններու մօտ եւս կացութիւնը նմանօրինակ է։
Բնական է, որ մարդիկ համակարծիք չեն ըլլար դէմքի կամ դէպքի մը կապակցութեամբ։ Իւրաքանչիւր մարդ հարցի մը կը նայի իր տեսանկիւնէն եւ կը վերլուծէ իր տրամաբանութեան ու համոզումին համաձայն։ Բայց Քրիստոս դէմք մը չէ կամ դէպք մը չէ։ Ան մեր Տէրն է ու մենք Քրիստոսով եղբայր ու մէ՛կ ամբողջութիւն պէտք է ըլլանք։
ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ