­altՄինչ Ի­րաք կը պատ­րաս­տո­ւի «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ճի­րան­նե­րէն ­Մու­սուլ քա­ղա­քի ա­զա­տագրման, ­Թուր­քիա կը թո­ւի հե­տա­մուտ ըլ­լալ իր զի­նեալ ու­ժե­րուն հա­մար ոտ­նա­շա­ւի­ղի տա­րածք­ներ ա­պա­հո­վել Ի­րա­քի ու յատ­կա­պէս ­Մու­սու­լի մէջ։ Այս նպա­տա­կին հա­մար, տա­րի մը ա­ռաջ

թրքա­կան զօր­քեր, ա­ռանց Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տօ­նու­թեան, տե­ղադ­րո­ւե­ցան Ի­րա­քի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ­Պաա­շի­քա շրջա­նը, որ մեր­ձա­կայ է ­Մու­սուլ քա­ղա­քին։ Այ­սօր, այս շրջա­նին մէջ մօտ 2000 թուրք բա­նա­կա­յին­ներ դիր­քեր գրա­ւած են՝ ՏԱՀԷ­Շի («Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան») ու­ժե­րուն դէմ զի­նեալ­ներ մար­զե­լու պատ­րո­ւա­կով։

­Զի­նո­ւո­րա­կան այս տե­ղադ­րու­մը ի­րա­քեան գե­րիշ­խա­նու­թեան «բա­ցա­յայտ բռնա­բա­րում» ո­րա­կե­լով՝ Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­հան­ջեց թրքա­կան զօր­քե­րու հե­ռա­ցու­մը երկ­րի սահ­ման­նե­րէն։ Ի­րա­քի խորհր­դա­րա­նը ո­րո­շում կա­յա­ցուց՝ հաս­տա­տե­լով, որ ­Պաա­շի­քա­յի մէջ թրքա­կան բա­նա­կա­յին­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը «ա­նօ­րի­նա­կան» են։
Ան­գա­րա ան­տե­սեց եւ կը շա­րու­նա­կէ ան­տե­սել Ի­րա­քի թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան պա­հան­ջը եւ թէ խորհր­դա­րա­նի օ­րէնսդ­րա­կան ո­րո­շու­մը։ Ա­ւե­լի՚ն, իր զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յու­թեան թրքա­կան ո­ճի օ­րի­նա­կա­նա­ցում տրա­մադ­րե­լու փութ­կո­տու­թեամբ, ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նը եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ ո­րո­շում կա­յա­ցուց «եր­կա­րաձ­գե­լու» ի­րա­քի մէջ թրքա­կան ու­ժե­րու տե­ղադ­րու­մը՝ պայ­քա­րե­լու հա­մար «ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու» դէմ։

Ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, ­Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան ու­ժե­րու վա­րած «պայ­քա­րի» լոյ­սին տակ, թրքա­կան ­Մեջ­լի­սի այս ո­րո­շու­մին մէջ թի­րա­խը ա­ւե­լի քրտա­կան ­Փէշ­մեր­կան­ներն են, քան թէ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ա­հա­բե­կիչ­նե­րը։ ­Սա­կայն, այս «պայ­քա­րը» ըստ էու­թեան շղարշ մըն է՝ օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու հա­մար թրքա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման պա­տե­րազ­մին մէջ ­Թուր­քիոյ ձե­ւա­կան մաս­նակ­ցու­թեան։ Ն­ման ներ­կա­յու­թիւն պար­զա­պէս մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է ­Մու­սու­լի մէջ ան­ցեա­լի Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու այն ա­խոր­ժա­կին, ո­րուն կը մի­տի ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յի իս­լա­մա­կան պի­տա­կը շա­հա­գոր­ծող վար­չա­կար­գը։

Թր­քա­կան այս թաք­նո­ւած նպա­տա­կը չէր կրնար վրի­պիլ Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թե­նէն։ ­Հե­տե­ւա­բար, Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի այս ո­րո­շու­մը։ Ի­րա­քի վար­չա­պետ ­Հայ­տար Ա­պա­տի ազ­դա­րա­րեց ­Թուր­քիոյ, թէ նման ո­րո­շում կրնայ շրջա­նա­յին պա­տե­րազ­մի հրահր­ման պատ­ճառ հան­դի­սա­նալ։ Այս մտա­հո­գու­թեամբ, Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան դի­մում ներ­կա­յա­ցուց ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դին, որ­պէս­զի քննէ Ի­րա­քի մէջ թրքա­կան ա­նօ­րի­նա­կան ներ­կա­յու­թեան հար­ցը։

Իր երկ­րի գե­րիշ­խա­նու­թեամբ մտա­հոգ Ի­րա­քի վար­չա­պե­տին դէմ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի ամ­բար­տա­ւան պա­տաս­խա­նը չու­շա­ցաւ։ ­Մի քա­նի օր ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ մէջ Եւ­րա­սիոյ Իս­լա­մա­կան ­Խոր­հուր­դի վե­հա­ժո­ղո­վին, հրա­պա­րա­կաւ եւ հե­ռա­տե­սի­լա­յին թո­ղար­կու­մով՝ Էր­տո­ղան նա­խա­տեց վար­չա­պետ Ա­պա­տին։ Էր­տո­ղան ը­սաւ.- «­Պաա­շի­քա­յի կա­պակ­ցու­թեամբ Ի­րաք ո­րոշ խնդրանք­ներ ու­նէր մեզ­մէ, սա­կայն հի­մա մե­զի կ­՚ը­սեն դուրս ել­լենք։ Թր­քա­կան բա­նա­կը իր ար­ժէ­քը չէ կորսն­ցու­ցած, որ­պէս­զի իր ցուց­մուն­քը ստա­նայ Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պե­տէն»։ Ա­ւելց­նե­լով, թէ Ա­պա­տի զինք կ­՚ա­նար­գէ, Էր­տո­ղան խօս­քը ուղ­ղե­լով Ա­պա­տիի ը­սաւ.- «­Սահ­մանդ գիտ­ցի՛ր։ ­Քե­զի կ­՛ը­սեմ, որ դուն իմ խօ­սա­կիցս չես, դուն իմ մա­կար­դա­կիս չես, դուն իմ ո­րա­կիս հա­ւա­սար չես։ Ի­րա­քի մէջ քու գո­ռալդ մե­զի հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս կա­րե­ւոր չէ։ ­Դուն պէտք է գիտ­նաս, որ պի­տի ըն­թա­նանք մեր գծած ճա­նա­պար­հով»:

Իր այս ե­լոյ­թով՝ էր­տո­ղան մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ոչ միայն նոր բա­ռա­պա­շար կը մա­տա­կա­րա­րէ, այլ նաեւ ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան նոր ոճ եւ մա­կար­դակ կը տրա­մադ­րէ։ ­Պէտք է հա­ւա­տալ, որ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը տա­կա­ւին տրա­մա­բա­նող միտ­քե­րու ա­րո­ւեստ է։ Ուս­տի, պէտք է յու­սալ, որ Էր­տո­ղա­նի ու իր խօս­քե­րու նման զար­տու­ղու­թիւն­ներ ան­ցո­ղա­կի ե­րե­ւոյթ­ներ են։
­Սա­կայն, ի հա­շիւ տրա­մա­բա­նող դի­ւա­նա­գի­տու­թեան, նման հա­ւատք եւ յոյս ներ­կա­յիս խոստմ­նա­լից չեն, երբ Ի­րա­քի ու ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի բե­մին վրայ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րու՝ Ա­մե­րի­կա­յի, Ֆ­րան­սա­յի, Անգ­լիոյ եւ ­Ռու­սիոյ հա­մար բիւ­րե­ղի նման յստակ են ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ քո­ղար­կո­ւած ­Թուր­քիոյ յե­տին նպա­տակ­նե­րը։

­Յա­նուն ՏԱՀԷ­Շի զի­նեալ­նե­րու ա­նէաց­ման, ­Թուր­քիա իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Սու­րիա­կան ­Ճա­րապ­լուս քա­ղա­քի ա­զա­տագր­ման։ ­Սա­կայն, ­Ճա­րապ­լու­սի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը պար­զա­պէս ուղ­ղո­ւած էր քրտա­կան ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն դէմ, որ­պէս­զի քակ­տո­ւի ­Ճա­րապ­լու­սի եր­կու կող­մե­րուն գոր­ծող քրտա­կան ու­ժե­րու կա­պը։ Այս գոր­ծո­ղու­թեան նպա­տակն էր հա­կակշ­ռել եւ ա­պա ընդ­հուպ ոչն­չաց­նել քրտա­կան զի­նեալ ներ­կա­յու­թիւ­նը հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ մէջ եւ ոչ թէ ար­մա­տա­խիլ ը­նել «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ա­հա­բե­կիչ­նե­րը։

Ա­մե­րի­կա­յի Ս­պի­տակ ­Տու­նը եւ ­Փեն­թա­կո­նը լռե­լեան կուլ տո­ւին ­Ճա­րապ­լու­սի անկ­ման թրքա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը։ Այժմ, ­Թուր­քիա նոյ­նան­ման ցե­նա­րի (բե­մագ­րու­թեան) կրկնու­թիւ­նը կ­՚ակնկա­լէ ­Մու­սու­լի մէջ։ Այս ըն­թաց­քով, թրքա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ­Մու­սու­լի հա­ւա­նա­կան ա­զա­տագ­րու­մը ­Պաղ­տա­տի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար պի­տի վե­րա­ծո­ւի իս­կա­կան մղձա­ւան­ջի, երբ թուրք բա­նա­կա­յին­նե­րը, յե­նե­լով Էր­տո­ղա­նի ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան, պի­տի փոր­ձեն պար­տադ­րել ի­րենց օս­մա­նեան ա­խոր­ժակ­նե­րը՝ պատ­րո­ւա­կե­լով թիւրք­մէն­նե­րու եւ սիւն­նի իս­լամ­նե­րու են­թադ­րա­բար ոտ­նա­կո­խեալ ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ափ­սոս, որ Ա­մե­րի­կան ո­չինչ ու­նի ը­սե­լիք ­Մու­սու­լի գծով ­Թուր­քիոյ օս­մա­նեան ա­խոր­ժակ­նե­րու մա­սին։ Իսկ ­Ռու­սաս­տա­նը կը թո­ւի կլա­նո­ւած ըլ­լալ ­Թուր­քիոյ մէ­ջով կա­զա­տար­նե­րու ա­խոր­ժա­կով։

­Պարզ է, որ Էր­տո­ղա­նի ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւ­նը բա­ռին իս­կա­կան ա­ռու­մով սահ­ման չի ճանչ­նար՝ ո՛չ Ի­րա­քեան եւ ոչ ­Սու­րիա­կան։ ­Գա­լով հայ­կա­կա­նին, այդ ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւ­նը սահ­ման­նե­րէն ան­դին չի ճանչ­նար ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը, ուր մնաց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը…։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ