altԿ­րօ­նա-սե­ռա­կան խտրա­կա­նու­թեան նոր գլուխ-գոր­ծոց մը կը ձկնէր ան ծո­վե­զե­րեայ հե­ռա­ւոր քա­ղա­քի մը մէջ՝ տա­փակ կա­տա­կա­խօ­սու­թեամբ յստա­կօ­րէն տար­բե­րա­կե­լով տղա­մար­դու մը ու մա­տա­մի մը մա­հե­րը։ ­Դէմ­քին գծագ­րո­ւած ծի­ծա­ղը, որ այդ պա­հուն կ­՚ո­

գե­ւո­րէր զինք ծա­փա­հա­րող հա­զա­րա­ւոր մար­դի­կը, ա­ւե­լի թաց էր քան ­Սեւ ծո­վուն ե­ղա­նա­կը։

­Հան­րա­շար­ժի մը վրայ ե­լած, հտպի­տի մը նման կրցած էր ծի­ծա­ղեց­նել իր հե­տե­ւորդ­նե­րը, ո­րոնք ու­րա­խու­թեան ճի­չե­րով, գո­ռում-գո­չիւն­նե­րով կը ձայ­նակ­ցէին ի­րեն, որ նա­խա­գա­հէ մը ա­ւե­լի կար­ծես բե­մի աստղ մը դար­ձած էր այդ պա­հուն։ ­Կը շա­րու­նա­կէր խօ­սիլ, կը պո­ռար, կը կան­չէր, ժո­ղո­վուր­դը հետզ­հե­տէ կը տաք­նար, «­Հա­յու փի­ճե­րը պի­տի չկրնան մեզ վհա­տեց­նել», սկսած էին պո­ռալ ա­նոնք։ ­Զինք կը լսէի՞ն ար­դեօք։ ­Շունն իսկ իր տէ­րը չէր ճանչ­նար որ… ­Սա­կայն խօ­սի­լը հի­ւան­դու­թեան մը պէս էր ալ ի­րեն հա­մար, երբ մա­նա­ւանդ բազ­մու­թիւն մը հա­ւա­քո­ւած տես­նէր դի­մա­ցը։ ­Հոգ չէ’ թէ ա­նոնք ըլ­լա­յին թա­ղին խեն­թե­րը, դա­տար­կա­պորտ­նե­րը։

­Ճիշդ այդ օ­րե­րուն, այդ մեծ գիւ­ղին փոք­րիկ մէկ թա­ղին մէջ, որ ու­նէր եօ­թը պատ­մա­կան աշ­տա­րակ­ներ, քա­նի մը հա­յեր ի­րենց ձանձ­րոյ­թը փա­րա­տե­լու հա­մար քով- քո­վի ե­կած, ա­նուշ զրոյ­ցի մը բռնո­ւած էին ի­րա­րու հետ։ ­Մէկ կող­մէ նար­տի կը խա­ղա­յին, կլկլակ կը կլկլաց­նէին, կը ծխէին ու­րա՜խ, ան­հո՜գ… Ա­նոնք եօ­թը երգ գի­տէին եւ այդ եօ­թը երգն ալ կը վե­րա­բե­րէր դպրոց փա­կե­լուն։ ­Հա­լա­ծա­կան ի­րենց կի­նե­րէն, ո­րոնք տու­նը այդ ժա­մե­րուն չէին ու­զեր լսել ճան­ճի մը բզզիւ­նը ան­գամ, այդ ծան­րա­շուք տղա­մար­դիկ կը հա­ւա­քո­ւէին թա­ղին սրճա­րա­նը։

­Թէ­յին ջերմ գո­լոր­շին կը բարձ­րա­նար, սուր­ճին հա­մով հո­տը կը տա­րա­ծո­ւէր մի­ջո­ցին մէջ, ծխա­խո­տի ծու­խե­րը դուրս կը յոր­դէին պա­տու­հան­նե­րէն…
­Գիւ­ղին մենծ ա­ղան՝ հաստ վի­զով, ճա­ղատ գլու­խով, լայն փո­րով, ո­րուն դի­մաց ոչ ոք կրնար իր ձայ­նը բարձ­րաց­նել, կ­՚առ­նէր նո­ւա­գա­րա­նը իր ձեռ­քը ու կը սկսէր եր­գել. «­Փա­կե՜նք վար­ժա­րան­նե­րը։ ­Փա­կե՜նք ու ա­զա­տի՜նք, աղ­բա՛ր… ­Բա­նի չեն ծա­ռա­յեր։ ­Պա­րապ տեղ ծախս։ Ու­սու­ցի­չի՛ ծախս, տնտե­սի՛ ծախս, ա­շա­կերտ­ներն ալ ու­րիշ փոր­ձանք…»։

Ու­րիշ մը, ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ, սեւ մա­զե­րով, ո­րոնց ե­տին հետզ­հե­տէ սկսած էր նշմա­րո­ւիլ փայ­լուն ճա­ղա­տը, փո­րը չէ մեծ­ցած դեռ սա­կայն ա­ղա մը ըլ­լա­լու աս­տի­ճան, վի­զը բա­րակ, բայց շատ լաւ կրկնող իր ա­ղա­յին ը­սած­նե­րը։ «­Ճի՛շդ կ­՚ը­սէ ա­ղան, փա­կե՛նք։ ­Մեզ­մէ քա­նի՞ն այդ դպրո­ցին մէջ կար­դա­ցած է որ…»։
«­Հա եա, աղ­բա՛ր,- գլու­խը վեր առ­նե­լով նար­տիէն կը ձայ­նէ սրճա­րա­նի ան­դիի ծայ­րէն ու­րիշ մը՝ ի­րա­ւունք տա­լով վեր­ջին խօ­սո­ղին,- մեր զա­ւակ­նե­րը ան­գամ քո­վի գիւ­ղին դպրո­ցը չե՞ն եր­թար, գո­ցենք վեր­ջա­նանք»։

Ա­ղա­նե­րէն ու­րիշ մը, որ փան­ջու­նի-նա­խա­գա­հին քո­վը տա­նող-բե­րո­ղի պաշ­տօն ալ ու­նի, ա­ւե­լի գործ­նա­կան ե­րե­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ, հա­շիւ­ներ կ­՚ը­նէ, ու­սու­ցիչ­նե­րէն այլ ձե­ւե­րով օգ­տո­ւե­լու մի­ջոց­ներ կը խոր­հի, 4+4+4-ի դրու­թեան մէջ, կ­՚ը­սէ ան, սանկ կ­՚ը­նենք, կ­՚ը­սէ, նանկ կ­՚ը­նենք, կ­՚ը­սէ… «Օ­՜օ­՜օ­՜օ՜,- կը բա­ցա­գան­չեն զինք լսող միւս ա­ղա­նե­րը, ո­րոնք դպրո­ցի ե­րես չէին տե­սած,- հա­մո­զիչ են փաս­տե­րը, գի­տա­կա՛ն։ Ալ ի՞նչ ար­գելք»։

-­Մենք դպրո­ցի ե­րե՞ս տե­սած ենք։ Ես եր­րորդ դա­սա­րան մին­չեւ դպրոց գա­ցած եմ։ ­Լու­սա­հո­գի հայրս շու­կան ա­մէ­նէն ա­ղէկ դպրոցն է կ­՚ը­սէր։ ­Լոյ­սե­րու մէջ պառ­կի։ -(Ամ­մէն, ամ­մէն, կը ձայ­նեն միւս­նե­րը)-։ Եր­կու տող բան չեմ կրնար կար­դալ, ադ­քան համ­բե­րու­թիւն չու­նիմ։ Ու­րիշ­ներ կու գան կը պատ­մեն, ես ալ մտիկ կ­՚ը­նեմ։ Ամ­մա իմ ու­նե­ցած փա­րաս մարդ չու­նի այ­սօր…
Աս դպրո­ցը ոտ­քի պա­հո­ղը ես չե՞մ։

-­Դուն ես, ա­ղաս, դո՛ւն։ Ողջ ըլ­լաս։ ­Շէն մնաս, պայ­ծառ մնաս…
-­Ման­րա­պա­տում մը… ­Գործ փնտռող մարդ մը կայ, է­ղեր։ Ը­սեր են որ՝ սա ե­կե­ղե­ցին գնա՛, ժամ­կոչ ե­ղիր։ ­Գա­ցեր է ե­կե­ղե­ցի։ ­Հար­ցու­ցեր են՝ գրել կար­դալ գի­տե՞ս։ ­Չէ՛, ը­սեր է մե­րի­նը։ Ու­րեմն, ը­սեր են, չես կրնար ժամ­կոչ ըլ­լալ։ ­Լա՛ւ, ը­սեր է, գա­ցեր, տեղ մը գոր­ծի մտեր է։ Աշ­խա­տեր է, աշ­խա­տեր է ու մեծ հարս­տու­թիւն դի­զեր է։ Ա­մէն մարդ քո­վը կ­՚եր­թայ կու գայ, է­ղեր, իր­մէ դրամ կ­՚ու­զեն՝ դպրո­ցին հա­մար, ե­կե­ղե­ցիին հա­մար, ա­շա­կեր­տին հա­մար։ Ե­թէ գրել կար­դալ գիտ­նար՝ ժամ­կոչ պի­տի ըլ­լար խեղ­ճը, բայց իր անգ­րա­գի­տու­թեան շնոր­հիւ հա­րուստ ե­ղած է։ Ու­րեմն՝ ես մեր տղոց հա­մար դար­ձեալ բա­րե­րա­րու­թիւն ը­րած կ­՚ըլ­լամ՝ դպրո­ցը գո­ցե­լով։ ­Թող եր­թան շու­կայ՝ աշ­խա­տին…

-Ին­չո՞ւ դպրոց­նե­րը կը փա­կենք կոր, թեր­թը գո­ցենք… Ա­տոր ալ դրա­մը մենք չե՞նք տար… Դպ­րոց չըլ­լայ նէ թերթ ալ չըլ­լար վա­ղը մէ­կալ օր…
-Ա­յո, ա­տոր ալ դրա­մը մենք կու տանք… ­Բայց խմբա­գիր է­ֆեն­տին ալ­պիւ­մի պէս մեր նկար­նե­րը, նոյ­նիսկ մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն, հար­սե­րուն, փե­սա­նե­րուն նկար­նե­րը կը կո­խէ հոն խո­շոր խո­շոր, մեր չը­սածն ու ը­սա­ծը ը­րա­ծի ու ը­սա­ծի պէս կը ցուց­նէ, մեր մէկ ը­սածն ալ՝ հա­զար կ­՚ը­նէ, ա­ծա­կան­նե­րով կը զար­դա­րէ մեզ։
-Դպ­րո­ցը ա­տանկ չէ որ… ­Հոն ­Մաշ­թոց, վա­րու­ժան-մա­րու­ժան, զահ­րատ-մահ­րատ կը սո­րվեց­նեն։ ­Փա­րան տո­ւո­ղը մենք ենք, բայց ու­րի­շը կը վայ­լէ… ­Յե­տոյ դպրո­ցը կա­ռա­վա­րե­լը դժո­ւար է։ ­Հա­զար տե­սակ մարդ կայ հոն։ Ան­ցեալ­նե­րը ու­սու­ցիչ մը ա­ւել-պա­կաս բա­ներ ը­սեր-գրեր էր, վռնտել տո­ւի։ ­Չէ՞ք յի­շեր։ Դպ­րո­ցին հետ զբա­ղի­լը դժո­ւար է։

-­Չէ, թեր­թին մի՛ դպնար։ ­Նա­յէ, դպրո­ցը ան­գամ գո­ցե­լու ե­լեր ենք, ձայն չի հա­ներ…
-Ե­կե­ղե­ցի՞ն… Ե­կե­ղե­ցին գո­ցենք։ Չ­՚ըլ­լա՞ր։
-­Փա­րան կու տաս՝ տե­սակ տե­սակ շքան­շան կու տայ… ­Տէր­տէրն ալ բա­րի մարդ է, բա­նի մը չխառ­նո­ւիր, ինչ ը­սես՝ հա՛ կ­՚ը­սէ։ Վ­նաս չու­նի…
-Ատ ալ կայ եա… ­Ճիշդ է…
-Դպ­րո­ցը ոտ­քի պա­հե­լու հա­մար բո­լոր մի­ջոց­նե­րը կը խոր­հինք կոր իշ­տէ, բայց չ­՚ըլ­լար կոր, պա­պա՛մ։ ­Դուք, խմբա­գի՛ր է­ֆեն­տի, դո՛ւն ալ, կա­մաց կա­մաց ըն­տա­նիք­նե­րը հա­մո­զե­ցէք, տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կայ, ը­սէք։ Ար­դէն շուտ կը հա­մո­զո­ւին… ­Չեմ կար­ծեր, որ մեծ խնդիր մը հա­նեն։

-­Շէն­քը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ շատ լաւ… ­Գե­ղե­ցիկ, մեծ շէնք է։ ­Մեղք չէ՞…
-­Քեզ չվե­րա­բե­րող նիւ­թե­րուն քիթդ մի՛ խո­թեր… Ա­տի­կա ես պի­տի կար­գադ­րեմ։
-­Կը նե­րե՛ս, ա­ղաս…
-Օ՜, ժա­մը ուշ ե­ղեր է… Ել­լանք եր­թանք, ել­լանք եր­թանք, կնիկ­նե­րուն տի­զին վեր­ջա­ցած է ալ…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ «Ա­կօս»