alt(Հայաստանն է յաւերժութիւնը հայ ազգի)

Մեր միակ փրկութիւնը, Հայաստանի ուժին մէջն է:

 

Կեանքդ յաւերժ իմաստ կ՛առնէ,
երբ դուն ապրիս հայրենիքիդ:

Հայրենիքիդ հողին ապրիլ բաղձանքներուդ գերբնականն է,
որ կապ չունի ամէնեւին
ուրիշ ոչ մէկ սին բաղձանքի,
որոնք կը զգաս, բայց կ՛անհետին, կը կորսուին, կը նուազին, կեանքիդ իմաստ մը չտալով: Մնայունը ան կը մնայ, յաւերժական ու հոգեթով:
Ներաշխարհիդ կանչն է ան որ հոգիէդ դուրս կը ժայթքի անխօս կերպով, առանց բառի
իմաստ, ուղի քեզի տալով: Դուն իրական պիտ՛ դարձնես
երազդ այս տարիներու,
որուն տենչով պայքար տարիր
երկիրներուն պանդխտական: Արդէն ժամն է, որ հոս ապրիս,
նոր ապագադ դուն հոս կերտես, զաւակներուդ ու քու ազգիդ,
որ ապագան պիտի ըլլայ ընդմիշտ չքնաղ հայրենիքիդ:
Եթէ ներսէն մենք զօրանանք ու նոր կարգեր մենք պարտադրենք,
հզօր երկիր մենք կը դառնանք ու անվրէպ առաջ կ՛երթանք:

Կեանքդ յաւերժ իմաստ կ՛առնէ,
երբ դուն ապրիս հայրենիքիդ:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի գ. Սեպտեմբեր 21, 2016