alt1998 թո­ւա­կա­նին ա­մե­րի­կա­հայ փաս­տա­բան ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան` նպա­տակ ու­նե­նա­լով վե­րա­կանգ­նել հա­յե­րու ոտ­նա­հա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րը, դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­ներ սկսած է քա­նի մը մի­ջազ­գա­յին ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դէմ:

­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ է: Ան բա­ցա­յայ­տած է, որ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ մէջ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր մին­չեւ 1915 թո­ւա­կան օգ­տո­ւած են շարք մը ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեանց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն: Այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն, հրա­ժա­րած են ջար­դե­րէն մա­զա­պուրծ ըն­տա­նիք­նե­րէն շա­տե­րուն յատ­կաց­նե­լէ ի­րենց հաս­նե­լիք գու­մար­նե­րը:

­Պար­զե­լով ա­սի­կա` ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան 1999 թո­ւա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ խմբա­յին հայց ներ­կա­յա­ցու­ցած է «New York Life» ըն­կե­րու­թեան դէմ: ­Դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցը տե­ւած է շուրջ հինգ տա­րի, որ 2004 թո­ւա­կա­նին վերջ­նա­կա­նա­պէս լու­ծո­ւած է յօ­գուտ Ե­ղիա­յեա­նի` 20 մի­լիոն տո­լար հա­տուց­մամբ:
Ատ­կէ ետք հայ փաս­տա­բա­նը դա­տի տո­ւած է եւս չորս ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ եր­կու գործ շա­հած է:

Ա­մե­րի­կա­հայ փաս­տա­բա­նին գլխա­ւո­րած «­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան» փաս­տա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կը եր­կու տա­րի ա­ռաջ նաեւ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ սկսած է դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց, ո­րով կը վի­ճար­կո­ւի ­Թուր­քիոյ «Ին­ճիր­լիք» ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­կա­յա­նի հո­ղա­տա­րած­քի պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը:
­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան «­Մե­դիամ­քաս»ին պատ­մած է, որ «դա­տա­կան գոր­ծե­րը լոկ գու­մա­րի պա­հանջք չեն, ա­նոնք ձեռք­բե­րում են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու հան­րա­յին ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րու­թեան պա­հանջ­քի գոր­ծին»:

«1998 թո­ւա­կա­նին, երբ դատ բա­ցի, ու­նէի հե­տե­ւեալ կար­գա­խօ­սը` 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րէն ետք, հա­յե­րը սկսան լալ, յե­տոյ գա­ցին ե­կե­ղե­ցի, իսկ հի­մա ար­դէն դա­տա­կան վէ­ճե­րու մէջ են: ­Մենք մեր պա­հանջ­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք եւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու տե­սան­կիւ­նէ: Այ­սօր ար­դէն 20-25 ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դէմ հա­մա­պա­տաս­խան թուղ­թեր ու­նիմ ձեռ­քիս տակ: ­Սա գոր­ծըն­թաց մըն է, որ եր­կար եւ ման­րակր­կիտ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ»,-ը­սած է ան:
­Փաս­տա­բա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է, որ մին­չեւ այ­սօր, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, շա­հած է մօտ 55 մի­լիոն տո­լար գու­մար, որ բաժ­նած է ժա­ռան­գորդ­նե­րու մի­ջեւ:

«­Գու­մար­նե­րու բաշխ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու հար­ցով մենք ե­ղած ենք շատ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ աշ­խա­տած ենք թա­փան­ցիկ: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծած ենք եւ շատ մեծ ար­ձա­գանգ ե­ղած է: ­Հա­տու­ցում ստա­ցած են այն հա­յե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցած են բո­լոր պա­հան­ջո­ւող փաս­տա­թուղթ­նե­րը»,- ը­սած է ան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին` հո­ղա­յին գոր­ծին, ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան ը­սած է, որ թէեւ դա­տի վերջ­նա­կան հան­գու­ցա­լու­ծու­մէն մեծ ակն­կա­լիք­ներ չու­նի, սա­կայն պի­տի պայ­քա­րի մին­չեւ վերջ:
«Ու­նիմ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ­ներ, ո­րոնք կ­՛ա­պա­ցու­ցեն, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ կազ­մին մէջ գտնուող Ա­տա­նա քա­ղա­քի մօտ տե­ղա­կա­յո­ւած «Ին­ճիր­լիք» ռազ­մա­կա­յա­նի հո­ղե­րը կը պատ­կա­նին հա­յե­րու:

Աշ­խար­հի չորս ծայ­րէ 16 ըն­տա­նիք գտած եմ: Օգ­տա­կար ե­ղաւ այն, որ երբ մէ­կուն գտայ, որ սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կան ու­նէր, այդ թուղ­թին մէջ գրո­ւած էին նաեւ ա­նոր հա­րե­ւան­նե­րուն ա­նուն­նե­րը»,- պատ­մած է ան: Ա.Մ.Ն. ­Դաշ­նա­յին ­Դա­տա­րա­նը այս ա­մառ, սա­կայն, մեր­ժած է փաս­տա­բա­նին հայ­ցը: «Ա.Մ.Ն. դա­տա­րա­նը յայտ­ նեց, որ ի­րա­ւունք չու­նի ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ դատ բա­նա­լու: ­Դա­տա­ւո­րը ը­սաւ, որ մեր պա­հանջ­քի հիմ­քը ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է, իսկ Ա.Մ.Ն. ա­տի­կա չ­՛ըն­դու­նիր: ­Մենք պնդե­ցինք, որ ա­տի­կա մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում է եւ բո­ղո­քար­կած ենք այդ ո­րո­շու­մը: Կ­՛ակն­կա­լենք, որ ­Նո­յեմ­բե­րին կամ ­Դեկ­տեմ­բե­րին պա­տաս­խա­նը կ­՛ել­լէ»,- ը­սած է փաս­տա­բա­նը:

­Խօ­սե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քին մա­սին` փաս­տա­բա­նը ը­սած է, որ «հա­յե­րը դա­տա­րան­նե­րու մէջ շատ յա­ճախ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լով` կը վնա­սեն գոր­ծըն­թա­ցին»:
«­Մենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին չենք խօ­սիր: ­Մենք կ­՛ը­սենք, որ տե­ղի ու­նե­ցած է մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը մեր գոր­ծին օ­գուտ չէ: ­Հա­մընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թիւն կայ, որ ե­թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւի, ա­պա հա­տու­ցում պի­տի ըլ­լայ, սա­կայն նման բան չկայ»,- նկա­տած է փաս­տա­բա­նը: Ան ընդգ­ծած է, որ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր է «վե­րա­կանգ­նել ար­դա­րու­թիւ­նը»:

ԹԱԳՈՒՀԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ