­altՊա­լըք­չըեան ըն­տա­նի­քը քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ ­Պո­լի­սէն ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած է` մշտա­կան բնա­կու­թեան հա­մար:
­Լեռ­նա ­Պա­լըք­չըեան-Օզ­տե­րին եւ ա­նոր ծնող­նե­րուն` Ա­նի եւ ­Կար­պիս ­Պա­լըք­չըեան­նե­րուն շա­տե­րը կը ճա­նաչ­նան իբ­րեւ «­Սե­ւա­կի ըն­տա­նիք»: Ա­յո՛,

2011ի Ապ­րիլ 24ին թրքա­կան բա­նա­կին մէջ սպան­նո­ւած ժամ­կէ­տա­յին զին­ծա­ռա­յող հա­յազ­գի ­Սե­ւակ ­Պա­լըք­չըեա­նի ըն­տա­նի­քը:

­Սե­ւա­կը, լրագ­րող Հ­րանդ ­Տին­քէն ետք, պոլ­սա­հայ հա­մայն­քի երկ­րորդ նա­հա­տակն էր, ա­նոր մա­հո­ւան գոր­ծով դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս կ­՛եր­կա­րին ա­նո­րոշ ժամ­կէտ­նե­րով ու հա­կա­ռակ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու այն պնդում­նե­րուն, թէ բա­նա­կին մէջ ­Սե­ւակ ­Շա­հին ­Պա­լըք­չըեա­նի մա­հը զուտ դժբախտ պա­տա­հա­րի հե­տե­ւանք է, ­Սե­ւա­կին ծնող­նե­րը հա­մո­զո­ւած են` ա­նոր հետ պա­տա­հա­ծը ազ­գա­յին հո­ղի վրայ կա­տա­րո­ւած սպա­նու­թիւն է:
­Պա­լըք­չըեան­նե­րու ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու, ­Սե­ւա­կին ու ա­նոր յի­շա­տա­կը այս­տեղ ապ­րեց­նե­լու ճի­գե­րուն մա­սին պատ­մած է թրքա­կան t24.com.tr կայ­քի հայ սիւ­նա­կա­գիր ­Րաֆ­ֆի ­Հեր­մոն Ա­րաք­սը:

Ս­տո­րեւ՝ Tert.am կը ներ­կա­յաց­նէ սիւ­նա­կա­գի­րին եւ ­Լեռ­նա ­Պա­լըք­չըեան-Օզ­տե­րի զրոյ­ցէն հա­տո­ւած­ներ.
«­Հա­յաս­տան չէի ե­կած: ­Հա­յաս­տա­նին եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին մօ­տի­կէն ծա­նօթ չէի: Ե­րա­զած ճա­շա­րանս կրնա­յի բա­նալ ­Պոլ­սոյ մէջ, բայց ­Սե­ւա­կին դէպ­քէն ետք… Տ­ղուս ծնե­լէն ետք­…ա­պա­գա­յի մա­սին մտա­ծե­ցի: ­Վախ­ցայ: Չկր­ցայ մնալ… Ա.Մ.Ն., ­Գա­նա­տա կամ Եւ­րո­պա­յի ո­րե­ւէ եր­կիր կրնար ըլ­լալ: ­Բայց ­Սե­ւա­կէն ետք, գի­տակ­ցու­թիւնս տե­ղը ե­կաւ, չեմ գի­տեր…

«Ա­մու­սինս ը­սաւ` «ժա­մա­նա­կը ե­կած է» եւ աշ­խա­տան­քէն դուրս ե­կաւ: Սկ­սաւ ու­սում­նա­սի­րել, ­Հայ­սա­տան ե­կաւ: ­Վե­րա­դար­ձաւ, մէկ շա­բաթ մնաց, նո­րէն գնաց ­Հա­յաս­տան: Այս ան­գա­մո­ւայ վե­րա­դար­ձին ը­սաւ.- «­Հա­յաս­տա­նի մէջ տուն մը առ­նենք»…
«… Գլ­խուս մէջ շատ բան փո­խո­ւե­ցաւ: ­Կը մտա­ծեմ: ­Հա­յաս­տան գա­լուս պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին… Ա­ռա­ջին շար­քին ­Սե­ւակն է եւ տղաս` Օ­տի­նը:

«Երբ ի­ջայ ­Հա­յաս­տա­նի օ­դա­կա­յան… ­Չեմ կրնար բա­ցատ­րել յոյ­զերս: ­Հա­յա­տառ այդ ցու­ցա­նակ­նե­րը տես­նե­լուն պէս… ­Սա կար­ծես ու­րիշ աշ­խարհ մըն էր:

«Ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին ին­ծի միշտ ը­սո­ւած է՝ «­Լեռ­նա, հա­յե­րէն խօ­սէ՛»: Ես յա­մա­ռօ­րէն չէի խօ­սիր: ­Կար ու­րիշ ­Լեռ­նա մը, որ իր տղուն հետ ծնած օ­րէն շատ քիչ հա­յե­րէն խօ­սած էր: ­Պոլ­սոյ Ե­սա­յեան վար­ժա­րա­նին մէջ ­Կար­պիս ­Հո­րա­սան­ջեանն էր ու­սու­ցիչս, ուղ­ղագ­րու­թեան դա­սին շատ լաւ էի, բայց ու­սու­ցի­չը միշտ ին­ծի ցած գնա­հա­տա­կան կու տար, քա­նի որ հա­յե­րէն չէի խօ­սեր: Ես ալ, ի հար­կէ, ա­տոր դէմ այդ­պէս կ­՛ար­ձա­գան­գէի: Այդ­պի­սի ­Լեռ­նա մը կար ­Հա­յաս­տան գա­լէն ա­ռաջ:

… «­Պոհ­չայ պատ­րի­ջան»ը, «­Շեհ­րի­յէ» փի­լա­ւը, ­Հա­թա­յի թա­պու­լէն, չոր­ցու­ցած պատ­րի­ջա­նով տոլ­ման, ո­րոնց հա­մար կ­՛ու­շա­թա­փո­ւէր ­Սե­ւա­կը եւ ո­րոնց մա­սին չէին գի­տեր ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
«­Սե­ւա­կը ճա­շեր, աղ­ցան­ներ կը սի­րէր պատ­րաս­տել եւ ու­տել: ­Մայ­րիկս եւ տա­տիկս ու­տե­լի­քի հար­ցով իմ ուղ­ղոր­դող­ներս են: ­Հայ­րիկս քաղց­րա­ւե­նիք կը պատ­րաս­տէր, համ­տե­սե­լու հա­մար մար­դիկ մեր տուն կու գա­յին, բայց այդ ա­մէնն ալ յան­կարծ կտրո­ւե­ցաւ… Ա­յո՛, դա­նա­կի պէս: 5 տա­րի ո­չինչ կրցայ ը­նել:

­Սե­ւա­կին մա­հէն 5 տա­րի անց գտայ ցա­ւը յաղ­թա­հա­րե­լու բա­նա­ձե­ւը: Կ­՛ու­զէին սպան­նե՞լ, ես այն­պի­սի բան մը կ’ը­նեմ, որ միշտ կ’ապ­րեց­նեմ ­Սե­ւա­կը: Օ­րի­նակ` մայ­րի­կիս տոլ­ման, տա­տիս փի­լա­ւը, ­Սե­ւա­կին սի­րած քաղց­րա­ւե­նի­քը ը­նե­լով…

«Լ­սէք այն ձայ­նը, որ մին­չեւ այ­սօր ե­ղած է ձեր մէջ, բայց դուք չլսե­լու տո­ւած էք զայն: Ե­կող լոյ­սը տե­սէք, կը խնդրեմ: Ե­կէք ­Հա­յաս­տան… »։