altՍ­տո­րեւ՝ լոյս կ­՛ըն­ծա­յենք հե­տաքրք­րա­կան գրու­թիւն մը, որ կը նկա­րագ­րէ, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թէ­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գոր­ծի լծո­ւած է՝ որ­բե­րը թրքաց­նե­լով: Այս գծով, ա­ռաջ­նա­հերթ դեր խա­ղա­ցած է ­Հա­լի­տէ Է­տիպ ա­նու­նով ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յող-գոր­ծիչ մը, որ ե­

ղած է ­Թա­լէաթ ­Փա­շա­յի կա­մա­կա­տա­րը:
­Հա­լի­տէ Է­տիպ Ա­տի­վար Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քե­րու, եւ մա­նա­ւանդ պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ճե­մալ ­Փա­շա­յի սերտ գոր­ծա­կից­նե­րէն մէկն է, որ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն ­Պո­լի­սէն ան­ցաւ ­Լի­բա­նան եւ ­Սու­րիա, ուր թրքա­կան հան­րա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման քո­ղին տակ թաք­նո­ւե­լով՝ լծո­ւե­ցաւ ան­դուլ աշ­խա­տան­քի, որ­պէս­զի ամ­բող­ջաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­րեւմ­տա­հայ հա­տո­ւա­ծին դա­հիճ­նե­րուն գոր­ծը՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հայ որ­բե­րը թրքաց­նե­լով։

­Հի­մա ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք։
Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, երբ բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ ­Թուր­քիա պար­տու­թեան կը մատ­նո­ւէր իր դաշ­նա­կից ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին, պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ճե­մալ ­Փա­շա կը լծո­ւէր աշ­խա­տան­քի, որ­պէս­զի բա­րե­կար­գէր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ու յատ­կա­պէս ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան հան­րա­յին վար­ժա­րան­նե­րը։
­Հի­մա մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը ար­դա­րօ­րէն կրնան հարց տալ, թէ պա­տե­րազ­մա­կան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րը - այն ալ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն - ու­րիշ գործ չու­նէ՞ր վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցով զբա­ղե­լէ ա­ւե­լի։
Այս հար­ցու­մը իր պա­տաս­խա­նը ու­նի, երբ լա­ւա­պէս սեր­տենք ու հասկ­նանք ­Ճե­մա­լի եւ ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րուն հե­տապն­դած նպա­տա­կը, եւ ուր ամ­բող­ջու­թեամբ ե­րե­ւան կ­՛ել­լէ ­Հա­լի­տէ Է­տի­պի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

­Հա­լի­տէ Է­տիպ Ա­տի­վա­րի հա­յավ­նաս գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր ե­րես­նե­րը անհ­րա­ժեշտ ու­շադ­րու­թեան չեն ար­ժա­նա­ցած։ Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րուն, ա­պա՝ ­Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի այս սերտ գոր­ծա­կից թրքու­հիին ու­նե­ցած ա­հա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին եւ ա­նոր յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ որ­բու­հի­ներն ու որ­բե­րը թրքաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին, բա­ւա­կա­նա­չափ կեր­պով լու­սար­ձա­կի տակ չէ բե­րո­ւած։
­Բայց տե­ղէ մը սկսե­լու հա­մար ա­ռիթ­ներ բնաւ չեն պակ­սիր ու ա­հա ա­տոնց­մէ մին ներ­կա­յա­ցաւ, երբ բա­րե­կա­մի մը մի­ջո­ցով յա­ջո­ղե­ցանք ­Պո­լի­սէն ձեռք ձգել թուրք լրագ­րող ­Մու­րատ ­Պար­տաք­ճըի կող­մէ խմբագ­րո­ւած գիր­քը, ո­րուն մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին դա­հիճ ­Թա­լէաթ ­Փա­շա­յի օ­րա­տետ­րը, ա­նոր ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտնո­ւած նա­մակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­լէա­թի կնոջ հետ եր­կա­րա­պա­տում հար­ցազ­րոյց մը։ 2008ին լոյս տե­սած այս գիր­քին խո­րա­գիրն է՝ «­Թա­լաաթ ­Փա­շա­նըն Էվ­րա­քի ­Մեթ­րու­քէ­սի»։ ­Գիր­քին բո­վան­դա­կած հռչա­կա­ւոր ցան­կե­րուն մա­սին այլ ա­ռի­թով պի­տի անդ­րա­դառ­նանք՝ թարգ­մա­նե­լով եւ ներ­կա­յաց­նե­լով ո­րոշ բաղ­դա­տա­կան­ներ եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րէն բռնա­գաղ­թո­ւած ա­րեւմ­տա­հայ զան­գո­ւած­նե­րու թի­ւին եւ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու, գիւ­ղե­րու եւ ա­ւան­նե­րու մէջ ստի­պո­ղա­բար ա­նոնց լքած բնա­կա­րան­նե­րու, ար­տե­րու, պար­տէզ­նե­րու, ա­մա­րա­նոց­նե­րու եւ այլ կա­լո­ւած­նե­րու ցան­կե­րուն մէջ նշո­ւած թի­ւե­րուն շուրջ։

­Մու­րատ ­Պար­տաք­ճը թուրք լրագ­րող մըն է, որ յստակ է, թէ ո­րոշ կա­պեր ու­նի ­Թուր­քիոյ գաղտ­նի սպա­սա­րու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք մերթ ընդ մերթ պա­տո­ւէր­ներ կը կա­տա­րեն լրագ­րող­նե­րու, ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու, գրա­գէտ­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու, որ­պէս­զի ո­րոշ փաս­տա­թուղ­թե­րու, վա­ւե­րա­թուղ­թե­րու թէ աղ­բիւր­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ ջրեն ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ խե­ղա­թիւ­րո­ւած եւ չա­րա­փո­խո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­լով հան­րու­թեան։ ­Պար­տաք­ճը ­Թա­լէա­թի օ­րա­տետ­րը եւ նա­մակ­նե­րու տրցա­կը ձեռք ձգած է ա­նոր կնոջ՝ ­Խէյ­րիէ ­Թա­լէաթ ­Պաֆ­րա­լիէն եւ այլ Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րէ։ Այս գիր­քին եր­րորդ բաժ­նին մէջ ան մէկ­տե­ղած է տաս­նեօ­թը նա­մակ­ներ եւ հե­ռա­գիր­ներ, ո­րոնց տասն­վե­ցը կ­՚առն­չո­ւին ­Թա­լէա­թի։ ­Մէ­կը միայն եւ ա­նի­կա շար­քին ա­ռա­ջի­նը հրա­տա­րա­կո­ւած է՝ նա­մակ մըն է, զոր ­Հա­լի­տէ Է­տիպ Ա­տի­վար 1 ­Մարտ 1917ին ­Պէյ­րու­թէն, ա­ւե­լի ճշգրիտ ըլ­լա­լու հա­մար՝ Այն­թու­րա ­Քո­լէ­ճէն, գրած է Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած ­Ճա­ւիտ ­Պէ­յին։ ­Նա­մա­կին մէջ ­Հա­լի­տէ Է­տիպ կը նկա­րագ­րէ իր տե­սած­նե­րը՝ ­Սու­րիոյ մէջ, ուր ան հան­դի­պած է հայ որ­բու­հի­նե­րու, որ­բե­րու, կի­նե­րու եւ տա­րեց­նե­րու, «ո­րոնք ա­ղա­չած ու պա­ղա­տած են, թէ եր­կու ա­մի­սէ ի վեր զինք ան­համ­բեր կը սպա­սէին։ ­Ճե­մալ փա­շան եւ ձեզ միայն կը սի­րենք։ ­Մե­զի հա­մար ճար մը գտէք»,- կը գրէ ­Հա­լի­տէ Է­տիպ նա­մա­կին մէջ՝ իր խօս­քե­րը վե­րագ­րե­լով հայ որ­բե­րուն եւ բե­կոր­նե­րուն, ո­րոնք ապ­րե­լու ի­րենց միակ յոյ­սը կը նկա­տեն ե­ղեր ­Հա­լի­տէ Է­տի­պը եւ ­Ճե­մալ ­Փա­շան։

­Ճա­ւիտ ­Պէ­յի ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին սկիզ­բը՝ ­Մու­րատ ­Պար­տագ­ճը գրած է շա­փօ մը, ո­րուն մէջ կ­՛ը­սէ, թէ «­Հա­լի­տէ Է­տի­պին մեք­թու­պուն­տա­քի ա­պարթ­լը ի­ֆա­տե­լե­րի, սա­նաթ­ճը քի­շի­լիի­նի վէ րո­ման­ճի­լիի­նա վեր­մէք կե­րեք­տիր»։ Երբ նա­մա­կին թարգ­մա­նու­թիւ­նը հե­տա­գայ տո­ղե­րուն մէջ կար­դանք, ան­մի­ջա­պէս պի­տի նկա­տէք, թէ ­Մու­րատ ­Պար­տագ­ճը ի՛նչ ը­սել կ­՛ու­զէ, երբ կը գրէ, թէ «­Հա­լի­տէ Է­տի­պի նա­մա­կին մէջ չա­փա­զան­ցո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րը պէտք է վե­րագ­րել ա­նոր ռո­ման­թիկ նկա­րագ­րին եւ ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հի մը ըլ­լա­լուն»։
­Բայց ­Հա­լի­տէ Է­տիպ ի՞նչ գրած է նա­մա­կին մէջ, որ ­Մու­րատ ­Պար­տագ­ճը կը փոր­ձէ զա­նոնք վե­րագ­րել ա­նոր ռո­ման­թիկ նկա­րագ­րին։ Չ­մոռ­նանք, որ ­Հա­լի­տէ Է­տիպ 1917ին պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար եւ թրքա­կան չոր­րորդ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար ­Ճե­մալ ­Փա­շա­յին կող­մէ ­Լի­բա­նան եւ ­Սու­րիա ա­ռա­քո­ւե­ցաւ՝ թրքա­կան հան­րա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ աշ­խա­տե­լու եւ զա­նոնք վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Ա­սի­կա է ­Մու­րատ ­Պար­տագ­ճըի եւ տար­բեր հա­մայ­նա­գի­տա­րան­նե­րու մէջ ­Հա­լի­տէ Է­տի­պի մա­սին ներ­կա­յա­ցո­ւած կեն­սագ­րա­կան գրու­թիւն­նե­րուն մէջ նշո­ւա­ծը։ Ու հոս ալ թաք­նո­ւած է շան գլու­խը։

Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք։
­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, երբ թուր­քե­րը կը պար­տո­ւէին բո­լոր ճա­կատ­նե­րու վրայ՝ ի­րենց դաշ­նա­կից ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին, ու հա­մա­տա­րած յու­սալ­քու­թեան, ա­նօ­թու­թեան, սպա­նու­թիւն­նե­րու, գաղ­թի, տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու եւ կո­տո­րած­նե­րու քաո­սին մէջ, պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ճե­մալ ­Փա­շա ու­րիշ մտա­հո­գու­թիւն չու­նէ՞ր, բա­ցի ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան հան­րա­յին վար­ժա­րան­նե­րու բա­րե­կար­գու­մէն։
Ու­նէ՛ր։ Եւ այդ ալ ինչ­պէ՜ս։ ­Հայ որ­բու­հի­նե­րը եւ որ­բե­րը թրքաց­նե­լու աշ­խա­տան­քը, եւ ո­րուն հա­մար ­Հա­լի­տէ Է­տիպ Ա­տի­վար ­Լի­բա­նան եւ ­Սու­րիա ե­կաւ։ ­Նա­մա­կին մէջ ալ երբ այս թրքու­հին կը խօ­սի իր ցա­ւե­րուն մա­սին՝ ի տես հայ որ­բուկ­նե­րուն կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն, վկա­յու­թիւնն է, թէ ինք պի­տի ա­զա­տէր զա­նոնք տա­ռա­պա­լից դժող­քէն։ Այ­սինքն՝ զա­նոնք պի­տի թրքաց­նէր։
Եւ ա­հա նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը.

­Յար­գե­լի ­Ճա­ւիտ ­Պէյ,
­Նախ կը շնոր­հա­ւո­րեմ նոր տա­րին, ա­պա՝ ձեր նոր պաշ­տօ­նը։ Երբ ­Դա­մաս­կոս կը գտնո­ւէի, նոյ­նիսկ ­Թա­լէաթ փա­շա­յին մտե­րիմ բա­րե­կամ­նե­րէն ­Ճե­մալ փա­շա­յէն ին­ծի հա­սած հե­ռագ­րին չհա­ւա­տա­ցի այս տե­ղե­կու­թեան։ ­Սու­րիոյ տա­րած­քին բո­լոր նա­հան­գա­պետ­նե­րուն հետ իմ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուս ըն­թաց­քին պնդե­ցի.- «­Ճա­ւիտ պէյ չի կրնար ըն­դու­նիլ նման պաշ­տօն մը»։ ­Սա­կայն ե­րէկ ­Պո­լի­սէն ժա­մա­նած բա­րե­կա­մի մը՝ ­Մու­հիտ­տին պէ­յին այն խօս­քէն ետք, թէ՝«չոր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ­Ճա­ւիտ պէյ ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նեց», լու­րին հա­ւա­տա­ցի։ ­Բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ալ մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար այս պաշ­տօ­նին ստանձ­նու­մը կ­՛ե­րե­ւի բախ­տա­բեր հա­մա­րած էք։ Աս­տո­ւած ձեզ յա­ջողց­նէ։ ­Մեր ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ա­ւե­լի ա­զա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ ձեր այս պաշ­տօ­նին ստանձ­նու­մը։

Իսկ ես ալ վեր­ջա­պէս ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վուն եւ ­Լի­բա­նա­նի հա­յող հին վան­քի մը բաց նրբանցք­նե­րուն մէջ վա­նա­կա­նի մը կեան­քը կ­՛ապ­րիմ։ Իս­կա­պէս չեմ գի­տեր, թէ կեանքս ինչ­պէս կ­՛անց­նի։ ­Ցե­րեկն ու գի­շե­րը ի­րա­րու խառ­նո­ւած են։ ­Չորս վար­ժա­րան միա­ժա­մա­նակ բայց տար­բեր վայ­րե­րու մէջ բա­նա­լու հե­տե­ւան­քով՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը վերջ չու­նին։ Ար­դէն երբ ա­նոնք ա­ւար­տին, իս­կա­պէս սրտնե­ղու­թեան կը մատ­նո­ւիմ։
­Սու­րիա գա­ցի իս­կա­պէս չա­փա­զանց ծանր օ­րե­րով լե­ցուն ժա­մա­նա­կի մը մէջ։ Ա­սոր հա­մար ալ ­Սու­րիան եւ սու­րիա­ցի­նե­րը շատ սի­րե­ցի։ ­Հա­ւա­տա­ցէ՛ք այս­քան ազ­նիւ, այս­քան կա­տա­րեալ եւ գե­ղե­ցիկ եր­կիր մը ցարդ տե­սած չէի։ ­Հիա­նա­լի մար­դոց, սի­րե­լի մար­դոց աչ­քե­րուն նման գի­շե­րա­յին հո­րի­զո­նը, լեռ­նե­րը եւ ծո­վը մար­դուս սիր­տը կը լաց­նեն։ Ա­մե­նայն­դէպս, այս եր­կի­րը, այս օ­րե­րուն այս եր­կի­րը բո­լո­րը կը լաց­նէ։

Ի­րենց ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը ձեռք ձգած եւ ­Ճե­մալ ­Փա­շա­յին ու Աս­տու­ծոյ ա­նուն­նե­րով եր­դում ը­նող հա­յեր կը գտնո­ւին ­Սու­րիոյ տա­րած­քին։ Դպ­րո­ցին կից գտնո­ւող շէն­քին մէջ եւ բազ­մա­թիւ հա­յեր կան։ ­Դաշ­տե­րուն մէջ խոտ ու­տե­լով, ո­մանք ի­րենց մայ­րե­րը, ո­մանք ի­րենց հայ­րե­րը, բազ­մա­թիւ ու­րիշ­ներ ալ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կորսնց­նե­լէ ետք՝ այս կող­մե­րը հա­սած են։ Ա­ւե­լի ճիշ­դը ե­թէ կ­՛ու­զէք, ­Ճե­մալ փա­շա զի­րենք հոս բե­րել տո­ւած է։ ­Քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն քիչ մը ու­տե­լիք ստա­նա­լով՝ ի­րենց գո­յու­թիւ­նը կը քաշք­շեն։ Այս ան­բախտ­նե­րուն հետ շփո­ւե­լով՝ ան­մի­ջա­պէս զի­րար սի­րե­ցինք։ Ե­րե­խա­նե­րուն եւ կի­նե­րուն հետ ան­ջա­տա­բար կը զբա­ղիմ։ Ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար դա­սա­րան մը բա­ցինք եւ ա­նոնք սկսան յա­ճա­խել։

­Ռու­սաս­տան ապ­րող թուրք ու­սուց­չու­հի մը, որ հետս ­Սու­րիա բե­րի, մեծ նո­ւի­րու­մով այս փոք­րիկ­նե­րուն հետ կ­՛աշ­խա­տի։ Իր մայ­րը ա­նօ­թու­թե­նէն մե­ռած, իսկ հայրն ալ իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ սպան­նո­ւած տաս­ներ­կու տա­րե­կան հայ պար­մա­նու­հի մը հա­սաւ եւ մեր մօտ ա­պաս­տան գտաւ։ Ան ու­նի մեծ աչ­քեր եւ մնա­յուն կեր­պով շուրջս կը դառ­նայ։ ­Տե­ղի ան­տե­ղի ձեռքս կը համ­բու­րէ եւ կու լայ։­Պար­տէ­զին մէջ այլ ա­ղէտ մըն ալ կայ։ Իր ման­չը իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ սպան­նո­ւի­լը տես­նե­լով՝ մէ­կէն ի մէկ լե­զուն կա­պո­ւած կին մը, ոչ մէկ լուր ու­նի, թէ իր միւս զա­ւա­կը եւ ա­մու­սի­նը ո՞ւր կը գտնո­ւին։ Ոտ­քե­րը բո­պիկ, աչ­քե­րը՝ թախ­ծոտ, ձեռ­քի նշան­նե­րով կը փոր­ձէ հասկց­նել իր ապ­րած ցաւն ու տա­ռա­պան­քը։ Իսկ գի­շեր­ներն ալ , եր­բեմն գլու­խը եր­կու ձեռ­քե­րուն մէջ ա­ռած՝ կ­՛օ­րօ­րո­ւի ու կու լայ։

­Ցե­րեկ­նե­րը, երբ սե­նեա­կիս մէջ, գրա­սե­ղա­նիս դի­մաց նստած կը գրեմ, պար­տէ­զէն լա­ցու­կո­ցի ձայ­ներ կը լսեմ։ Երբ դէ­պի պա­տու­հան կը վա­զեմ, կը տես­նեմ նոյն կի­նը, որ թե­ւե­րը ան­յու­սօ­րէն կը շար­ժէ եւ կը հա­նէ այն ձայ­նը, զոր իր զա­ւա­կը հա­նած է, երբ փամ­փուշ­տը ա­նոր կուրծ­քը ծա­կած է։ Ա­հա այս ան­բախտ­նե­րէն հա­րիւր­նե­րով, հա­զար­նե­րով կան ­Սու­րիոյ մէջ։ Որ­բա­նոց­նե­րը ա­նօ­թի որ­բե­րով լե­ցուն են։
­Հա­յե­րը ին­ծի կ­՛ը­սեն.- «­Քու ­Սու­րիա գալդ եր­կու ա­մի­սէ ի վեր ան­համ­բեր կը սպա­սէինք։ ­Մե­զի հա­մար ճար մը գտիր ­Հա­լի­տէ ­Հա­նըմ։ Աշ­խար­հի մէջ միայն ­Ճե­մալ ­Փա­շան եւ քեզ կը սի­րենք»։ Ուր որ եր­թամ, նոյն տե­սա­րա­նը կը պար­զո­ւի։ ­Դա­մաս­կո­սի հին եւ նեղ­լիկ թա­ղե­րը տա­րին զիս, որ­պէս­զի ա­կա­նա­տես ըլ­լամ հա­յե­րուն ապ­րած տա­ռա­պան­քին։ ­Կի­ներ եւ տղա­մար­դիկ պատ­մե­ցին ի­րենց պատ­մու­թիւն­նե­րը։ ­Յան­կարծ տղա­մարդ մը, որ լուռ մնա­ցած էր, գլու­խը ա­փե­րուն մէջ սեղ­մեց եւ բարձ­րա­ձայն լա­լու սկսաւ։

­Նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնա՞յ ար­դեօք այս մար­դոց տա­ռա­պան­քը թե­թեւց­նել։ ­Կամ՝ ա­նոնց ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դարձ­նել։ Ե­թէ ես կա­րե­նա­յի, կեան­քիս գնով այս տգեղ եւ ան­տա­նե­լի կա­ցու­թիւ­նը կը փո­խէի։ ­Բայց ես ո՞վ եմ որ։ ­Ծի­ծա­ղե­լի ըլ­լա­լու չափ փոք­րու­թիւն մը։
Այս ե­րե­կոյ լու­սի­նը փայ­լուն է եւ մեր ապ­րած վան­քին պար­տէ­զին մէջ գտնո­ւող ար­մա­ւի ծա­ռե­րուն տակ գոր­տե­րը մին­չեւ լոյս կը կռկռան։ Ես ալ չեմ խոր­հիր, որ այս նա­մա­կիս բո­վան­դա­կու­թիւ­նը մեր նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան պի­տի ար­ժա­նա­նայ։
­Գի­շեր բա­րի։

ԱՐՄԵՆԱԿ