Վերահսկուողէն անձեւ քաոսի անցումի նախադրեալները կը յուշէին ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք արձանագրուեցան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, անցեալ օրերուն:
Համաձայնեցուած զինադուլը անպայման պիտի ընդհատուէր, ռուս-ամերիկեան ո՛չ միայն յայտարարողական, այլ նաեւ գետնի վրայ ռազմական միջնորդաւորուած երեւոյթով, անուղղակի, ըստ էութեան ուղղակի, բախումներու հետեւանքով:
Ամբողջ խնդիրը կը կեդրոնանար այն պահանջին վրայ, որ անընդհատ ռուսերը կ՛արծարծէին` տարանջատել ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Դէպքերը այնպէս կ՛ընթանային, որ հակակառավարական ուժերու գրոհներու պահերուն մշուշ կը ստեղծուէր զինեալ տարրերու ինքնութեան վրայ, անոնց պատկանած կազմակերպութիւններուն առումով:
Իրադրութիւնները կը յուշէին, որ ՏԱՀԵՇ-ը տակաւին իբրեւ գործիք գործառոյթ ունէր իրականացնելիք` արգելակելու համար կառավարական ուժերու յառաջխաղացքը կամ անոնց կողմէ ռազմավարական նոր գօտիներ նուաճելու գործընթացը:
Ռուսական կործանիչներու գործողութիւնները կեդրոնացան Հալէպ քաղաքին վրայ` շրջանը ամբողջ մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ ազդեցութենէն:
Փաստօրէն ամիսներ առաջ ռուսական զինուժին կողմէ յայտարարուած սուրիական տարածքներէ հեռանալու յայտարարութիւնը այս ձեւով արմատապէս եւ գործնապէս չեղեալ կը նկատուէր: Ռուսերը կը շարունակեն վերահսկել սուրիական ծովեզերքը իրենց ռազմանաւերով, Դամասկոսը, ռազմավարական այլ կարեւոր տարածքներ եւ հիմա ալ որոշած են ՏԱՀԵՇ-էն մաքրել սուրիական կարեւորագոյն քաղաքը:
Լափիրինթոսային իրավիճակ ստեղծուած է այս առումով: Մէկ կողմէ Անգարան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կ՛ուզէ ստեղծել անվտանգութեան գօտի, կը ներխուժէ Ճարապլոս եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմելու պատրուակով չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ քիւրտերու դէմ. միւս կողմէ` Ուաշինկթընը թոյլ չի տար, որ Անգարան անարգել իրականացնէ իր զինուորաքաղաքական առաջադրանքը. ան թէ՛ կը զսպէ քիւրտերուն յառաջխաղացքը եւ թէ՛ միաժամանակ քրտական խաղաթուղթը կ՛օգտագործէ Թուրքիոյ դէմ:
Մինչ Մոսկուան մերձեցման եւ թէկուզ կարճաժամկէտ համաձայնութիւններով կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մուտքը Սուրիա. ասոր փոխարէն Անգարան կը համաձայնի Մոսկուայի հետ, որ վերջինը կեդրոնանայ Հալէպի վրայ:
Պատահական չէ, որ Անգարան համեմատաբար գէթ առ երեւոյթ աւելի կրաւորական պահուածք ունէր վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Եւ նոյնքան պատահական չէ, որ Անգարայի մօտ կանգնած զինեալ խմբաւորումներ իբրեւ քաղաքական առաջադրանք յայտարարած էին Սուրիոյ ապառուսականացման եւ ապաիրանացման կարգախօսը` այս անձեւ քաոսի ստեղծման ծրագիրին տալու համար դիմադրութեան շարժումի ծխածածկոյթ:
Երեւոյթները կը յուշեն, որ զինեալ ընդդիմութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տարանջատումը այս հանգրուանին պիտի չըլլայ: Այլ` ՏԱՀԵՇ-ը գործիքաւորելու վարքագիծը պիտի շարունակուի որոշ ժամանակի համար:
Ամէնէն մշուշոտ դերը Անգարային կը վերաբերի: Մէկ կողմէ Մոսկուայի հետ մերձեցած Անգարան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին պիտի շարունակէ ներառել քիւրտերը:
Ահա այստեղ է նաեւ, որ տարանջատումը յստակացնելու պահանջներ պէտք է դրուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անհաշտ պատերազմ յայտարարողներու կողմէ: Անգարայի խաղը այս երկկողմանի լարախաղացութեամբ շուտով կը սպառի: Հակառակ մերձեցումներուն եւ հակառակ ներխուժման արտօնութիւններուն, Անգարայէն զատ ոչ մէկ ուժ իբրեւ ահաբեկչական միաւորներ կը նոյնացնէ ՏԱՀԵՇ-ն ու քիւրտերը:
Բարդ մեկնաբանելի այս իրավիճակը կը նշէ մէկ պարզ իրողութիւն: Ստեղծման ընթացքի մէջ է անձեւ քաոս, որ գուցէ վերջնական ծրագիրի իրականացման համար անհրաժեշտ հանգրուան է:
Շ.Գ. «Ազդակ»