altԱր­տա­քին ու­ժե­րու ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մի­ջամ­տու­թիւ­նը այն­քան ալ ուղ­ղո­ւած չէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ այն­պէս, ինչ­պէս կը փոր­ձեն ներ­կա­յաց­նել հա­կա­մար­տող ար­տա­քին ու­ժե­րը։ Ա­նի­կա ա­ռա­ւե­լա­բար ուղ­ղո­ւած է դէ­պի տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ ու­ժա­նիւ­թի հան­

քե­րու շա­հա­գործ­ման կամ կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու գոր­ծարկ­ման։

­Վեր­լու­ծա­բան­ներ կը նշեն, թէ ­Սու­րիոյ մէջ ա­մե­նա­դա­ժան բա­խում­նե­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նան այն­պի­սի վայ­րե­րու մէջ, ուր յետ-պա­տե­րազ­մեան շրջա­նին կը նա­խա­տե­սո­ւի նոր կա­զա­տար խո­ղո­վակ­ներ հաս­տա­տել՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նի քա­րիւղն ու կա­զը ար­տա­հա­նե­լու ար­տա­քին աշ­խարհ, մա­նա­ւանդ՝ Եւ­րո­պա։ ­Հե­տե­ւա­բար ար­տա­քին ու­ժե­րու պայ­քա­րի ողջ էու­թիւ­նը կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու լա­ւա­գոյն դիր­քե­րուն տի­րա­նա­լու պայ­քարն է։

Տն­տե­սա­գէտ­ներ ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի քար­տէ­սը նկա­տած են, որ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին միայն այն վայ­րե­րուն մէջ, ուր կը բա­նին կամ կը նա­խա­տե­սո­ւի բա­նեց­նել երկ­րի հիմ­նա­կան կա­զա­մուղ­ներն ու քա­րիւ­ղա­մուղ­նե­րը։

Երկ­րի եր­կու կա­րե­ւո­րա­գոյն քա­րիւ­ղա­տար խո­ղո­վակ­նե­րը կ­՚անց­նին ­Սու­րիոյ ­Մուն­պուճ եւ ­Պապ քա­ղաք­նե­րէն, ո­րոնք ­Հա­լէպ նա­հան­գին կը պատ­կա­նին։ Եր­կու քա­ղաք­նե­րու տա­րած­քէն կ­՚անց­նի այն կա­զա­տար խո­ղո­վա­կա­շա­րը, որ կազ եւ քա­րիւղ կը փո­խադ­րէ Ի­րա­քէն ­Սու­րիա, մին­չեւ Իտ­լիպ նա­հանգ։ ­Նոյն խո­ղո­վա­կա­շա­րը կ­՚անց­նի ­Հա­լէպ քա­ղա­քի տա­րած­քէն։

­Հե­տե­ւա­բար ա՛ն, որ կը տի­րէ ­Մուն­պու­ճին, իր հսկո­ղու­թեան տակ կ­՚առ­նէ ­Սու­րիոյ մէջ կա­զա­տար եւ քա­րիւ­ղա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու հա­մա­կար­գի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը։

­Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել ­Հա­լէպ նա­հան­գի ա­րեւմ­տեան շրջա­նի Իտ­լիպ քա­ղա­քին հա­մար. նման խո­ղո­վա­կա­շար մը կ­՚անց­նի նաեւ ­Սու­րիոյ ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի ­Տէր ­Զօր եւ ­Ռաք­քա քա­ղաք­նե­րէն։
Ի­րա­քէն մա­տա­կա­րա­րո­ւող քա­րիւ­ղի ա­ռա­ջին խո­ղո­վա­կա­շա­րը Ի­րա­քի ­Մու­սուլ քա­ղա­քէն կը հաս­նի ­Տէր ­Զօր՝ անց­նե­լով ­Սան­ճա­րի շրջա­նէն, իսկ երկ­րոր­դը՝ Ի­րա­քի ալ ­Քայմ քա­ղա­քէն դէ­պի ­Տէր ­Զօր։

­Թուր­քիա, ­Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը հրահ­րե­լով հան­դերձ, ցարդ չէ յա­ջո­ղած երկ­րի կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու հա­մա­կար­գին վրայ ա­նուղ­ղա­կի հսկո­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու իր նկրտում­նե­րուն մէջ, այ­դու­հան­դերձ ան կը ջա­նայ հաս­նիլ այդ հա­մա­կար­գին՝ ­Մուն­պու­ճի մէջ իր ազ­դե­ցու­թեան են­թա­կայ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­ներ տե­ղա­ւո­րե­լով, այն­պէս ինչ­պէս ը­րաւ ­Ճա­րապ­լու­սի մէջ, այդ­պէ­սով գէթ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նա­լով «կար­կան­դա­կէն իր բա­ժի­նը ստա­նա­լու»։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի այն ու­ժը, որ իր հսկո­ղու­թեան տակ կ­՚առ­նէ ­Հա­լէպ նա­հան­գը, կը տի­րէ կա­զա­տար եւ քա­րիւ­ղա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու հա­մա­կար­գի հիմ­նա­կան բա­ժի­նին։
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ­Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տը, ­Սու­րիոյ շա­րու­նա­կո­ւող հա­կա­մար­տու­թեան մէջ, կը դի­տար­կո­ւի որ­պէս ա­ռա­ւել ո­րո­շիչ դեր ու­նե­ցող ճա­կա­տա­մարտ։

Այս տո­ւեալ­նե­րու լոյ­սին տակ կա­րե­լի է ըմբռ­նել, թէ ին­չո՛ւ ­Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մող կող­մե­րուն մի­ջեւ ա­մե­նա­բուռն մար­տե­րը կ­՚ըն­թա­նան կա­զա­տար եւ քա­րիւ­ղա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու ա­ռանց­քա­յին կէ­տե­րուն վրայ, յատ­կա­պէս ­Ռաք­քա­յի, ­Տէր ­Զօ­րի, ­Հա­լէ­պի, Իտ­լի­պի, ­Մուն­պու­ճի, ­Հա­սի­չէի, Այն Ի­սա­յի, ­Պու­քա­մա­լի եւ ­Պա­պի մէջ։

Իր կար­գին ­Ռու­սաս­տան իր հսկո­ղու­թեան տակ կը փոր­ձէ պա­հել ­Հոմս քա­ղա­քը ընդգր­կող Ի­րան-Ի­րաք-­Սու­րիա կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու տա­րած­քը, ո­րուն հա­մար ա­մէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ ­Հոմ­սը զերծ պա­հե­լու ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան­նե­րու ազ­դե­ցու­թե­նէն։

­Սու­րիոյ հա­կա­մար­տու­թեան քար­տէ­սը ցոյց կու տայ, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը ի­րենց կար­գին կը ջա­նան հսկո­ղու­թեան տակ պա­հել ­Սու­րիոյ ա­րե­ւե­լեան շրջա­նը՝ աչ­քա­թող չը­նե­լով ռու­սա­մէտ Ի­րան-Ի­րաք-­Սու­րիա կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու ծրա­գի­րը, մինչ ­Ռու­սաս­տան ­Սու­րիոյ ա­րեւմ­տեան շրջա­նին մէջ կը փոր­ձէ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ՝ աչ­քա­թող չը­նե­լով դէ­պի Եւ­րո­պա կազ ար­տա­հա­նե­լու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւող կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րու հաս­տատ­ման ծրա­գի­րը այդ շրջա­նին մէջ։

Տն­տե­սա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ ցոյց կու տան նաեւ, որ Ա.Մ.Ն. կը ծրագ­րէ նոր կա­զա­տար խո­ղո­վակ­ներ հաս­տա­տել Ա­րա­բա­կան ծո­ցէն դէ­պի հիւ­սի­սա­յին Ի­րաք եւ ա­պա ­Սու­րիոյ հիւ­սի­սէն դէ­պի ­Թուր­քիա՝ Ի­րա­քի կազն ու քա­րիւ­ղը ար­տա­հա­նե­լու հա­մար դէ­պի Ա­րեւ­մուտք։ Այս վեր­ջի­նին ի­րա­գոր­ծու­մը ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի դառ­նար Ի­րաք-հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիա քրտա­կան անց­քի մը հաս­տա­տու­մով։

­Ռու­սաս­տան բնա­կա­նա­բար դէմ պի­տի ըլ­լար նման անց­քի մը հաս­տատ­ման, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն գնով պի­տի ջա­նար պա­հել ու­ժա­նիւ­թի իր գլխա­ւոր գնոր­դը՝ Եւ­րո­պան եւ ու­ժա­նիւ­թի եւ­րո­պա­կան շու­կա­յին մէջ մրցա­կից­ներ չու­նե­նալ։

Տն­տե­սա­կան այս մրցակ­ցու­թեան պատ­ճա­ռով՝ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը կ­՚առ­կա­խո­ւին, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը խա­փա­նո­ւին ու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի պի­տա­կին տակ ար­տա­քին ու­ժեր կ­՚եր­կա­րաձ­գեն ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը՝ ա­րիւ­նա­քամ դարձ­նե­լով տան­ջա­հար ժո­ղո­վուր­դը։

­Մինչ սու­րիա­կան բա­նակն ու պե­տու­թիւ­նը ի­րենց դաշ­նա­կից­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեամբ կը ջա­նան տա­րածք­ներ ա­զա­տագ­րել, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ միակ ու ճշմա­րիտ պայ­քա­րո­ղը մնա­լով, ո­րուն կող­քին վեր­ջերս թափ կու տան ազ­գա­յին հաշ­տու­թեան ծրա­գի­րին, մէ­կէ ա­ւե­լի վայ­րե­րու մէջ զի­նա­թա­փե­լով եւ դար­ձի բե­րե­լով ի­րենց հայ­րե­նի­քը վա­ճառ­քի հա­նած ու շա­հա­գոր­ծո­ւած զի­նեալ­նե­րը։

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»