­­altՏօն ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէ ետք, հան­դէս­նե­րէ ու հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ , պահ մը կրկին կեդ­րո­նա­նանք ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 25 ա­մեա­կին վրայ եւ հա­րե­ւան­ցի խորհր­դա­ծենք, թէ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ե­լե­ւէջ­նե­րու բո­վէն անց­նե­լէ վերջ, ինչ­պի­սի՛

պատ­կեր կը պար­զէ այ­սօր հայ­րե­նի կեան­քը:
­Յուշ մը. տա­րի­ներ ա­ռաջ էր, 1960ա­կա­նի կէ­սե­րուն, օ­րո­ւան Ս­փիւռ­քի հետ կա­պի կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էր բա­նաս­տեղծ-ման­կա­վարժ Մ. Իշ­խան: ­Վե­րա­դար­ձին՝ դի­մե­ցինք ի­րեն, որ ­Հա­յաս­տա­նէն քա­ղած իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին զե­կոյ­ցով մը հան­դէս գայ հան­րա­յին հա­ւա­քի մը ՝ ­Պէյ­րու­թի ­Հա­յա­շէն թա­ղա­մա­սին մէջ: «Եր­կա­թէ վա­րա­գոյր»-ի օ­րեր էին, մենք՝ ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ:

­Մե­զի հա­մար սրբու­թիւն սրբոց էր հայ­րե­նի­քը, ո­րուն մա­սին կը լսէինք-կը կար­դա­յինք սա­կայն, թէ ան կը տա­ռա­պէր բռնա­կալ վար­չա­կար­գի տակ, բռնի ռու­սաց­ման կ­‘են­թար­կո­ւէր: Ա­ռի­թը ներ­կա­յա­ցած էր ա­հա, որ ա­կա­նա­տե­սի հա­ւաս­տի վկա­յու­թիւ­նը ու­նե­նանք Մ. Իշ­խա­նին: ­Մեր­ժեց : «Դ­րախ­տէ չվե­րա­դար­ձայ , ոչ ալ դժոխ­քէ , այլ՝ հայ­րե­նի­քէս, խառն զգա­ցում­նե­րով: ­Տե­սայ դրա­կանն ու ժխտա­կա­նը: ­Հայ­րե­նիքս դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մէջ կը տապլտ­կի, բայց նաեւ քայլ առ քայլ կը կա­ռու­ցո­ւի: ­Խօ­սիմ դրա­կա­նի մա­սին, շա­տե­րու հա­մար ա­տի­կա պի­տի նշա­նա­կէ գով­քը վար­չա­կար­գին: Ժխ­տա­կա­նը շեշ­տեմ, հայ­րե­նի­քի հան­դէպ զգա­ցում­նե­րը պի­տի պղտո­րին»: (­Չա­կեր­տո­ւա­ծը իմ շա­րադ­րանքն է, մեր­ժու­մի միտք բա­նին՝ Մ. Իշ­խա­նին) :

Այդ օ­րե­րուն չհա­մո­զո­ւե­ցանք: Տ­րո­ւած պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու­թե­նէ ա­նըն­դու­նե­լի խու­սա­փում հա­մա­րե­ցինք:
Այդ թո­ւա­կա­նէն տա­րի­ներ յա­ջոր­դած են ի­րա­րու: ­Տա­րի­նե­րուն հետ, թէ’ մի­ջազ­գա­յին եւ թէ’ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ դրա­կան ու ժխտա­կան անդ­րա­դարձ­նե­րով շրջա­դար­ձա­յին ե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կից վկա­ներ ե­ղանք:

Եր­կա­թէ վա­րա­գոյր եւ բռնա­կալ վար­չա­կարգ չկան այ­լես: ­Կայ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեամբ վե­րան­կա­խա­ցած հայ­րե­նիք , ո­րու 25 տա­րի­նե­րու ան­ցած ու­ղին մէկ տո­ղի մէջ բնո­րո­շել ե­թէ փոր­ձենք, զար­մա­նա­լի պի­տի չըլ­լայ, որ կրկնենք կէս դար ա­ռաջ ը­սո­ւա­ծը. «­Հայ­րե­նիքս դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մէջ կը տապլտ­կի, բայց նաեւ քայլ առ քայլ կը կա­ռու­ցո­ւի...»:
Անց­նող այս քա­ռորդ դա­րու յատ­կա­պէս ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, կաս­կած չկայ, որ մեր ա­ծո­ւին մէջ ան­նա­խըն­թաց խի­զա­խու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցան «ա­րու­թեան գոր­ծեր» , իսկ պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան մար­զին մէջ՝ յաղ­թա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ՝ «ար­ժա­նի գի­րի ու յի­շա­տա­կու­թեան»:

­Հե­րո­սա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ նշա­նա­կա­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մուտ­քի բա­ժի­նին դի­մաց 25ա­մեա­կի հա­շո­ւեկ­շի­ռը ու­նի նաեւ ել­քի բա­ժի­նը, որ տխուր է, չի’ պատ­շա­ճիր յաղ­թա­պանծ մուտ­քի բա­ժի­նին, նոյ­նիսկ ա­մօ­թա­լի իր հետ­քը կը թո­ղու ա­նոր վրայ: Ս­թափ ըն­թեր­ցո­ղին ար­դէն ծա­նօթ ե­ղած պի­տի ըլ­լայ հա­շո­ւեկ­շի­ռին ամ­բող­ջու­թիւ­նը, ո­րուն պայ­ծառ բա­ժի­նին պան­ծաց­ման հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը , ինչ­պէս նաեւ տխու­րին ու ա­մօ­թա­լիին վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րը ըստ հնա­րա­ւո­րի հան­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նեն ար­դէն խմբա­գիր­նե­րը եւ ար­հես­տա­վարժ յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րը: ­Մենք շա­րու­նա­կենք սկսո­ւած այս հա­րե­ւան­ցի խորհր­դա­ծու­թիւ­նը:

­Մեր պատ­մա­հայ­րը՝ Մ. ­Խո­րե­նա­ցին, երբ 5-րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն հպար­տու­թեամբ կ­‘ար­ձա­նագ­րէր «ա­րու­թեան գոր­ծե­րու» յի­շա­տա­կու­թիւ­նը , ­Հա­յաս­տան կը պար­զէր անմ­խի­թար ու ան­յոյս պատ­կեր մը: Ոչ միայն կորսն­ցու­ցած էր ան­կա­խու­թիւնն ու պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ ան եր­կու­քի բաժ­նո­ւե­լով վե­րա­ծո­ւած էր նա­հանգ­նե­րու ՝ բիւ­զան­դա­կան ու պարս­կա­կան կայս­րու­թեանց պատ­կա­նող եւ են­թա­կայ՝ մէ­կուն դա­ւա­նա­բա­նա­կան ճնշում­նե­րուն եւ միւ­սին կրօ­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րուն...: Ան­յու­սօ­րէն անմ­խի­թար այդ կա­ցու­թեան մէջն իսկ պատ­մա­հայ­րը կ­‘ո­գե­կո­չէր «ա­րու­թեան գոր­ծե­րը», ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց­մով էր, որ մեր «փոքր ա­ծուն» տո­կա­ցած էր ան­ցեա­լին, ա­նոնց ո­գեշնչ­մամբ պի­տի տո­կար, պի­տի չընկ­ճո­ւէր նաեւ հե­տա­գայ դա­րե­րուն, որ­քան ալ դժխեմ ըլ­լա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րը:

­Մեր պատ­մա­հայ­րը բնա­կա­նա­բար չէր կրնար ան­տար­բեր մնալ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի նե­րազ­գա­յին կեան­քի տխուր ու գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ ե­րե­ւոյթ­նե­րու դի­մաց , ո­րոնց հա­մար ալ ան ու­նի նաեւ ող­բի , «ող­բամ»-նե­րու շա­րան մը, որ սա­կայն ինչ­պէս ան­ցեա­լի մէջ, նաեւ ներ­կա­յիս կը յի­շո­ւի յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րու կող­մէ՝ մի­՛այն մաս­նա­կի, յու­սա­հա­տա­կան յա­տո՛ւկ ե­րե­ւոյթ­նե­րու եւ տխուր ե­ղե­լու­թեանց պա­րա­գա­նե­րուն: Ո­րե­ւէ ա­տեն ա­նի­կա եր­բե՛ք չոր­դեգ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ բնո­րո­շի­չը մեր ճա­կա­տագ­րին, նոյ­նիսկ այն­պի­սի պա­հե­րուն, ուր ազ­գը կը գտնո­ւէր ե­ղե­րա­կա­նօ­րէն տա­ռա­պա­լի եւ խո­րա­պէս ող­բա­լի պայ­ման­նե­րու մէջ: ­Մենք կառ­չած մնա­ցինք միւ­սին՝ «ա­րու­թեան գոր­ծե­րուն», ո­րով­հե­տեւ ցե­ղա­յին մեր բնազ­դը կը յու­շէր, որ ա­նոնց­մո՛վ միայն կ’ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի մեր տո­կու­նու­թիւ­նը դա­րե­րու եր­կայն­քին, ա­նոնց­մո՛վ կ’ամ­րա­նան ազ­գի նկա­րագ­րա­յի ն հիմ­նա­սիւ­նե­րը ու հո­գե­կեր­տո­ւած­քին ներք­նա­յար­կե­րը:

Ան­ցեալ պատ­մու­թեան ու ներ­կայ ժա­մա­նա­կի բո­լո­րո­վին տար­բեր յատ­կա­նի­շերն ու ան­հա­մա­տե­ղե­լի եզ­րե­րը չան­տե­սե­լով հան­դերձ՝ պի­տի ըն­դու­նինք, որ հի­մակ ալ կը գտնո­ւինք ա­րու­թեան գոր­ծե­րու հպար­տու­թեան եւ «ող­բամ»­՛ի ներ­հակ հո­գե­վի­ճակ­նե­րու մէջ:

­Վե­րան­կա­խաց­ման տա­րե­դար­ձի օ­րը, Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ հայ­կա­կան բա­նա­կի յաղ­թա­պանծ տո­ղանց­քը հաս­տա­տեց ե­րաշ­խի­քը ա­րու­թեան գոր­ծե­րուն՝ ներ­կա­յի մէջ թէ ա­պա­գա­յի, եւ ան­շուշտ՝ հպար­տու­թիւ­նը պա­տեց մեր ողջ էու­թիւ­նը:

­Սա­կայն...
Ան­գամ մը եւս կրկնենք բազ­միցս բարձ­րա­ձայ­նուա­ծը, թէ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը , կեն­սա­մա­կար­դա­կի ա­ռու­մով, բա­րիք ե­ղաւ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւի մար­դոց հա­մար: Ա­նոնց բե­րաւ իշ­խա­նու­թիւն, ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն, ա­նար­գել չա­րա­շա­հե­լու-հարս­տա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն: ­Մինչ շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն բա­ժին հա­նեց ար­տա­գաղ­թը, ըն­տա­նի­քի տարտղ­նու­մը, չքա­ւո­րու­թիւ­նը, պա­տառ մը հա­ցի հա­մար նո­ւաս­տա­ցու­մը, ­Մարտ 1-ի սպան­դը, քա­ղա­քա­կան հա­լա­ծանք­նե­րը եւ այլն:

Այն աս­տի­ճան, որ գտնո­ւե­ցան հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շար­ժու­մը սե­փա­կան պե­տու­թեան դէմ անհ­նա­զան­դու­թեան ա­ռի­թի վե­րա­ծե­լու փոր­ձու­թիւ­նը ո­րո­ճա­ցին: ­Թարմ է տա­կա­ւին «­Սաս­նայ ծռեր»-ու սայ­թա­քու­մը, ա­նի­րա­ւու­թեանց դէմ ցա­սու­մի հե­տե­ւանք՝ զի­նեալ ա­նըն­դու­նե­լի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը: Եւ ար­ձա­նագ­րել, որ այս մո­լո­րանք­նե­րը ու­նե­ցան կրքոտ հե­տե­ւորդ­ներ՝ ոչ-ար­հա­մար­հե­լի թի­ւե­րով...:

­Նո­րերս կա­տա­րո­ւած հար­ցա­խոյ­զէ մը յայտ­նի դար­ձաւ, որ հայ­րե­նի բնակ­չու­թեան 71% հա­մե­մա­տու­թիւ­նը հա­մո­զո­ւած է, թէ կեան­քի ո­րա­կը ա­ւե­լի «լաւն էր» սո­վե­տի ժա­մա­նակ , քան հի­մա: ­Հոս, «կեան­քի ո­րա­կը» կ­‘են­թադ­րէ ոչ միայն ապ­րուս­տի խնդի­րը, այ­լեւ կ­‘ընդգր­կէ մշա­կոյ­թի, կրթու­թեան, գի­տու­թեան, ա­րո­ւես­տի, մար­զա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րը: (Են­թադ­րե­լի է, որ հար­ցա­խոյ­զին մաս­նակ­ցած չըլ­լայ գէթ մին­չեւ 35 տա­րե­կան սե­րուն­դը, քա­նի որ ա­նի­կա ծնած կամ գի­տա­կից չէր սո­վե­տի օ­րե­րուն, որ­պէս­զի «վա­յե­լած» ըլ­լար ա­նոր «բա­րիք­նե­րը»):

Ազ­գա­յին հպար­տու­թեան կող­քին ա­հա նաեւ ող­բեր­գա­կա­նը. 25 տա­րի­նե­րու ան­կա­խու­թե­նէն վերջ՝ սո­վե­տի կա­րօ­տախ­տը:
­Հայ­րե­նի բնակ­չու­թեան ան­կա­խու­թե­նէն կրած հիաս­թա­փու­թիւ­նը, ո­րու հե­տե­ւան­քովն ալ դա­րե­րու ըն­թաց­քին բիւ­րե­ղա­ցո­ւած վեհ գա­ղա­փար­նե­րու կտրուկ ար­ժեզր­կու­մը իս­կա­կան ա­ղէտ են մեր ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին հա­մար:

Իբ­րեւ օ­րահ­րա­ման ու ան­յե­տաձ­գե­լի ազ­գա­յին մեծ օ­րա­կարգ ՝ անհ­րա­ժեշտ են վճռա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար հա­ւատ­քը այն բա­ցար­ձակ ճշմար­տու­թեան, թէ ան­կա­խու­թիւ­նը ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք է, իսկ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ ազ­գի կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան գե­րա­գոյն մա­կար­դա­կը: Ան­կախ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ ազ­գա­յին պե­տու­թեան հո­վա­նիին տակ միայն ազ­գե­րը կրնան ծաղ­կիլ եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լիար­ժէք կա­տա­րել:
Ե­թէ այդ­պէս է, հա­պա ին­չո՞ւ հա­կա­ռա­կը պա­տա­հե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին: ­Հար­ցու­մը պա­տաս­խա­նո­ւած է ար­դէն վե­րը:

­Մեր պատ­մա­հօր գրչա­կի­ցը՝ Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցին, ի­րա­ւամբ կ­‘ը­սէ, թէ եր­կա­թը կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել բա­րի կամ չար նպա­տակ­նե­րու: Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ բա­րիին ու չա­րին հե­ղի­նա­կը եր­կա­թը չէ , այլ գոր­ծա­ծո­ղը...:
25-ա­մեա­կին , ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­կան վեր­նա­խա­ւին , ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ ծայր ա­ռած նո­րա­գոյն խմո­րում­նե­րը են­թադ­րել կու տան, թէ հայ­րե­նի­քը հետզ­հե­տէ պի­տի մտնէ ա­ւե­լի յու­սա­տու նոր փու­լի մէջ:
­Մինչ այդ, եւ ընդ­միշտ, ինչ որ ալ ըլ­լան պայ­ման­նե­րը , ազ­գո­վին կառ­չած պի­տի մնանք 25-ա­մեա­կի ա­րու­թեան գոր­ծե­րուն, քա­նի որ ա­նոնք են հիմ­նա­քա­րե­րը ազ­գա­յին մեր հո­գե­կեր­տո­ւած­քին , միա­ժա­մա­նակ ա­նոնք են ե­րաշ­խի­քը՝ «ող­բամ»նե­րու չքաց­ման:

Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան