altԳ­րա­կան-գրա­պատ­մա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ շրջա­բե­րող տե­ղե­կան­քի մեր պա­հեստ­նե­րուն մէջ, հարկ է ըն­դու­նիլ, յա­ճախ բաց մը կը կազ­մէ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի «Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղը» գոր­ծը:

­Խո­րա­պէս սի­րե­լի եւ ար­ժէ­քա­ւոր՝ իբր գոր­ծիչ եւ իբր գրա­գէտ-մտա­ւո­րա­կան, հայ վիշ­տի եւ պայ­քա­րի եր­գի­չը ա­ւե­լի ծա­նօթ է մե­զի, ա­ւե­լի սեր­տո­ւած՝ իր հոծ վաս­տա­կին այլ ե­րես­նե­րով - պա­տում, ինք­նա­պա­տում, վէպ, պատ­մագ­րա­կան փոր­ձեր, շատ ժո­ղովր­դա­կան «Ա­զա­տու­թեան ­Ճա­նա­պար­հին»էն՝ մին­չեւ «Իմ ­Բան­տը», «Իմ ­Գիր­քը», մին­չեւ «Լ­ռու­թիւ­նը», «­Րաֆ­ֆի» եւ «Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան», թո­ւե­լու հա­մար գլխա­ւոր­նե­րը:
Ին­ծի հա­մար անձ­նա­պէս, կը խոս­տո­վա­նիմ, «Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղը» հա­յե­րէն իր բնագ­րով կար­դա­լու հա­մար, պէտք ե­ղաւ ապ­րիլ գրգի­ռը... զայն թարգ­մա­նո­ւած տես­նե­լու նո՛յն ­Զո­ւի­ցե­րիա երկ­րի ե­րեք պաշ­տօ­նա­կան լե­զու­նե­րէն մէ­կուն` ֆրան­սե­րէ­նի: ­Թարգ­մա­նու­թեան ըն­թեր­ցու­մը դրդեց բարձ­րա­նալ մին­չեւ բնա­գի­րը, Աւ. Ա­հա­րո­նեա­նի ամ­բող­ջա­կան գոր­ծի ծա­նօթ հրա­տա­րա­կու­թեան գ. հա­տո­րին մէջ:

ԳՈՐԾԻ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄ

«Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղը», գրո­ւած նա­մա­կա­նիի ձե­ւով, կը ցո­լաց­նէ մաս մը ե­րի­տա­սարդ Ա­հա­րո­նեա­նի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րու կեան­քի փոր­ձա­ռու­թե­նէն, ­Լօ­զա­նի մեր­ձա­կայ յա­ջոր­դա­կան եր­կու գիւ­ղե­րու մէջ: ­Ժա­մա­նա­կի սո­վո­րոյ­թը՝ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար՝ տե­ղա­ցի­նե­րու բնա­կա­րա­նի մէջ սե­նեակ վար­ձե­լու եւ ա­նոնց հետ կե­ցու­թիւն բաժ­նե­լու, մե­ծա­պէս օգ­նած են ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նա­կին՝ հոծ ու հա­րուստ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ամ­բա­րե­լու եւ զա­նոնք յղե­լու ­Թիֆ­լի­սի «­Մուրճ»ին (1902-1904): Ա­ւե­լի ուշ՝ 1912ին է, որ յօ­դո­ւա­ծա­շար­քը, ո­րոշ չա­փով վե­րա­նա­յո­ւած, պի­տի ար­ժա­նա­նայ հա­տո­րով ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թեան մը, դար­ձեալ ­Թիֆ­լիս:
­Գոր­ծին յօ­դո­ւած-գլուխ­նե­րը, ինչ­պէս ը­սի՝ յա­ջոր­դա­կան նա­մակ­նե­րու ձե­ւի տակ, հաս­ցէա­տէր ու­նին պայ­մա­նա­կան «ըն­կեր» մը, եւ կը կրեն «­Ղուր­բաթ-­Հա­րուն» ստո­րագ­րու­թիւ­նը: ­Բո­լոր նա­մակ­նե­րուն տակ ե­րեւ­ցող նա­մա­կա­գի­րի այս ա­նու­նին մէջ՝ կը ճանչ­նանք «պան­դուխտ» բա­ռի բար­բա­ռա­յին հա­մար­ժէք մը, ինչ­պէս եւ, ան­շուշտ, Ա­հա­րոն անձ­նա­նու­նի գա­ւա­ռա­կան մէկ տար­բե­րա­կը:

ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ

­Գոր­ծի խոր­քը կը կա­յաց­նէ, նախ, մե­թո­տիկ ներ­կա­յա­ցում մը ­Զո­ւի­ցե­րիոյ գա­ւա­ռա­կան շրջան­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին. նոր կեանք մը, պահ մը շլա­ցու­ցիչ՝ կեն­սագ­րու­թեան ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րը Իգ­տիր ու էջ­միա­ծին, ա­պա ­Թիֆ­լիս ապ­րած ե­րի­տա­սարդ հա­յաս­տան­ցիին հա­մար: ­Սա­կայն, բո­լո­րո­վին նոր աշ­խար­հի մը տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն յորդ հո­սան­քին մէջ իսկ, այդ շլա­ցու­մը կու­րա­ցում չէ բնաւ: Ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան ու­սա­նո­ղը՝ ար­դէն խո­րա­պէս յանձ­նա­ռու մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ՝ այդ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին, ա­նոնց հիւ­սո­ւած ու նոր մի­ջա­վայ­րի պայ­ծառ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հրմշտող, բրտօ­րէն ա­նոր հա­կադ­րո­ւող, ա­մէն­ժա­մեայ յա­ճա­խան­քի պէս կ­՛ապ­րի յի­շա­տակ-ներ­կա­յու­թիւ­նը իր ե­տին թո­ղած ի­րա­կա­նու­թեան՝ հայ ­Գա­ւա­ռին, հայ ­Գիւ­ղին, ա­նոնց յե­տամ­նա­ցու­թեան, թշո­ւա­ռու­թեան՝ բո­լո՛ր տե­սան­կիւն­նե­րէ - տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա-կեն­ցա­ղա­յին, մարդ­կա­յին-հո­գե­բա­նա­կան...: Եւ նոյն­քա՛ն մտա­սե­ւե­ռեալ՝ հրա­մա­յա­կանն ու կա­րե­լիու­թիւ­նը յե­ղա­փո­խե­լու այդ թշո­ւա­ռու­թիւ­նը, բա­րե­փո­խե­լու ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ան­բաղ­ձա­լի ներ­կան...:
Այդ­քան ցնցիչ հա­կադ­րու­թեան մը պատ­կե­րու­մին մէջ, Ա. Ա­հա­րո­նեան հասկ­նա­լիօ­րէն կը մոռ­նայ, գո­նէ պահ մը կ­՛ան­տե­սէ զար­գա­ցած այս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տնտե­սա­կան հի­մե­րը, ո­րոնք չեն դադ­րիր ըլ­լա­լէ դրա­մա­տի­րա­կան: ­Պար­զա­պէս, երբ կը խօ­սո­ւի ­Զո­ւի­ցե­րիոյ, այ­սինքն ի­րա­ւա­կան սան­ձում­նե­րով սան­ձո­ւած դրա­մա­տի­րա­կան զար­գա­ցեալ եր­կիր-վար­չա­կար­գի մը մա­սին, եւ երբ խոր­քի նկար ու­նինք միջ­նա­դա­րեան-ա­ւա­տա­կան վի­ճակ ապ­րող Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի գա­ւառ­ներ,- ան­տե­ղի պի­տի նկա­տո­ւէր, եւ ար­դա­րօ­րէ՛ն, զբա­ղիլ դա­սա­կար­գա­յին կար­գե­րու ըստ էու­թեան քննա­դա­տու­թեամբ :

... ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻ ԲՆԱՇԽԱՐՀԷՆ

­Մեզ գրա­ւող, միան­գա­մայն եւ շշմեց­նող ա­ռա­ջին յատ­կու­թիւ­նը Ա­հա­րո­նեա­նի գոր­ծին, ու­րեմն, հա­կադ­րա­բար ­Զո­ւի­ցե­րիա­կան «գիւ­ղի» զար­գա­ցած, բար­գա­ւաճ վի­ճա­կին,- հայ գա­ւա­ռի, հայ­կա­կան բնաշ­խար­հի ի­րա­կան կա­ցու­թեան պատ­կե­րումն է, ի­րա­կա­նու­թիւն՝ որ իր նախ­նա­կա­նու­թեամբ, թշո­ւա­ռու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցէ ա­մէ­նէն «ի­րա­պաշտ» գիւ­ղա­գիր­նե­րու պատ­կե­րում­նե՛րն ան­գամ: ­Ճիշդ է, Ա­հա­րո­նեա­նի գիւ­ղագ­րա­կան պատ­կեր­ներն ու պատ­մո­ւածք­նե­րը, նաեւ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան տի­րա­կան եր­կը բա­ւա­կան վար­ժե­ցու­ցած էին մեզ այս մութ գոյ­նե­րուն. բայց «Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղը», հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ար­դէն շեշ­տո­ւած տրա­մա­բա­նու­թեան մը մէ­ջէն, ա­ւե­լի եւս ցայ­տուն կը դարձ­նէ թշո­ւառ ­Գէորգ-­Ղե­ղօ­նե­րու եւ հո­ղա­տէր ­Սա­քօ­նե­րու ար­դէն առ­գոյ այդ հա­կադ­րու­թիւ­նը:

ԵՒ ԱՆՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ...

Երկ­րորդ շեշ­տե­լին՝ «զո­ւի­ցե­րիա­կան» այս նա­մա­կա­նիի բո­լոր է­ջե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած, ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան գոր­ծի­չին մօտ վճռա­կան, հրա­մա­յա­կան գի­տակ­ցու­թիւնն է, յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ յե­ղա­փո­խե­լու հայ­րե­նի տխուր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Ձգ­տու­մը՝ զայն ներ­կայ յա­ռա­ջա­դէմ ըն­կե­րու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րով չա­փե­լու, ա­նոնց բարձ­րու­թեան հասց­նե­լու:
Այս ա­ռա­ջադ­րան­քը, Ա­հա­րո­նեա­նի մօտ, չ­՛անց­նիր ան­մի­ջա­կան-ար­մա­տա­կան յե­ղաշր­ջու­մի ըն­թաց­քէ մը. ան լրիւ օ­տար ու հե­ռու կը մնայ՝ փան­ջու­նիա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու խառ­նափնթո­րու­թե­նէ, ո­րուն կը հա­կէին «յա­ւե­լեալ ար­ժէք»ի կրկնա­բան ճա­ռա­խօս­նե­րը (եւ որ՝ ի վեր­ջոյ՝ յան­գե­ցաւ խորհր­դա­յին թե­րաճ հա­մա­կար­գին, դա­տա­պար­տո­ւած մնա­լու թե­րաճ ու սնանկ՝ յատ­կա­պէս գիւ­ղատն­տե­սու­թեան մէջ): Ա­հա­րո­նեա­նի հա­մար, աշ­խա­տան­քա­յին յայ­տա­գի­րը յա­մառ, հե­տե­ւո­ղա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու, հա­մընդ­հա­նուր բա­րե­կար­գու­մի յայ­տա­գիր է, որ կ­՛ընդգր­կէ հա­յու­թեան զոյգ թե­ւե­րը, յատ­կա­պէս ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման առն­չու­մով ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հսկայ ճի­գին: ­Նա­մա­կա­նին այս բո­լո­րի բա­ցա­յայտ ներ­կա­յաց­ման վայ­րը չէ, բայց ա­նոր ամ­բողջ եր­կայն­քին՝ տո­ղա­տա­կի ըն­թեր­ցու­մով՝ այդ կրկնակ ձգտու­մին ընդ­հա­նուր գի­ծե­րը ըն­կա­լե­լի են դիւ­րաւ...

...ՈՐ՝ ԴԵՌ ԱՆԿԱՏԱՐ՝ ԿԸ ՄՆԱՅ ՈՒԺԻ ՄԷՋ...

Ա­պա, կ­՛այ­ցո­ւինք ան­խու­սա­փե­լի անդ­րա­դար­ձէն՝ որ այ­սօր, ա­ւե­լի քան դար մը ետք, դեռ որ­քա՛ն նախ­նա­կան, որ­քա՛ն ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րով կաշ­կան­դո­ւած կը մնան հայ­րե­նի մեր եր­կի­րը, ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գը, ա­ռա­ջըն­թա­ցի մեր ազ­գա­յին-պե­տա­կան մե­քե­նան: Որ­քա՜ն հե­ռու է մե­րօ­րեայ հայ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը դեռ «Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղի» տես­լա­կա­նէն (Ա­սի­կա ը­սո­ւած՝ ա­ռանց ան­գի­տա­նա­լու ժա­մա­նա­կի թա­ւալ­քով ա­ռա­ջա­ցած բո­լոր հասկ­նա­լի, յա­ճախ ալ ան­խու­սա­փե­լի փո­խա­կեր­պում­ներ): Որ­քա՛ն մեծ թիւ ու համ­րանք կը կազ­մեն, շա՜տ բարձ­րե­րը բազ­մած՝ հա­ւա­քա­կան շա­հի ան­տար­բեր, ա­պա եւ մա­կա­բոյծ ու պա­տե­հա­պաշտ ան­հատ­ներ, նոյ­նիսկ ամ­բողջ «զու­գա­հեռ» հա­մա­կարգ մը, ճանչ­ցող միայն սե­փա­կան պա­րար­տաց­ման հրա­մա­յա­կա­նը: ­Զան­գո­ւած­ներ թշո­ւա­ռաց­նող, յու­սա­հա­տու­թեան մղող. մթագ­նող հայ­րե­նի վա­ղոր­դայն­նե­րու հո­րի­զո­նը, ար­դէն ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն են­թա­կայ՝ երկ­րա-քա­ղա­քա­կան մեր դա­ժան մի­ջա­վայ­րի ծա­նօթ սպառ­նա­լիք­նե­րուն...:
Ան­շուշտ որ չեն պակ­սիր այ­սօր նաեւ Ա­հա­րո­նեան-գոր­ծիչ­ներ, գա­ղա­փա­րա­պաշտ ու դրա­պաշտ միան­գա­մայն, ե՛ւ հայ­րե­նի գոր­ծի դաշ­տե­րուն մէջ, ե՛ւ յանձ­նա­ռու Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին: Ո­րոնք հո­գեմ­տա­ւոր ի­րենց հա­յեացք­նե­րով լրիւ հա­ղորդ են այդ տես­լա­կա­նին, ա­նոր ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին: Ա­հա­րո­նեա­նա­կան այս գի­տակ­ցու­թեան յստակ ար­ձա­գան­գը կը գտնէի, այս յօ­դո­ւա­ծի ա­ռա­ջին տո­ղե­րը ար­դէն գրած, հայ­րե­նի մա­մու­լի մէկ հա­ղոր­դու­մին մէջ, ուր տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ զար­գաց­ման նա­խա­րար ­Դա­ւիթ ­Լո­քեան՝ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րի իր մէկ ներ­կա­յաց­ման ծի­րին մէջ՝ կ­՛ը­նէր այն­քան դի­պուկ բնո­րո­շում­ներ. ուղ­ղա­կի խոս­տո­վա­նե­լով, նաեւ, թէ՝ ի­րեն հա­մար Ա­հա­րո­նեա­նի այս գոր­ծը «սե­ղա­նի գիրք» է, եւ թէ՝ ինք իբր ու­ղե­ցոյց ու­նի «Շ­ւէյ­ցա­րա­կան գիւ­ղի ե­րա­զան­քը»:

* * *

­Քա­նի մը նշում ալ՝ գոր­ծի ներ­կայ ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեան մա­սին: ­Թարգ­մա­նիչ-խմբա­գիր զո­ւի­ցե­րիա­հայ ­Սե­ւան ­Յա­րու­թիւ­նեան, իր նա­խա­բա­նին մէջ, նախ­քան գոր­ծի պատ­շաճ թա­փան­ցու­մով վեր­լու­ծու­մը կա­տա­րե­լը, կը յայտ­նէ, որ ա­նոր բնա­գի­րին ծա­նօ­թա­ցեր էր ա­ւար­տա­կան աշ­խա­տան­քի մը առ­թիւ, երբ ու­սա­նո­ղու­հի էր ­Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նը: Եւ ա­ռա­ջին իսկ հան­դի­պու­մին՝ տպա­ւո­րո­ւեր էր գոր­ծի բազ­մա­կող­մա­նի շա­հե­կա­նու­թե­նէն: ­Նաեւ անդ­րա­դար­ձեր՝ թարգ­մա­նու­թեան պա­րա­գա­յին ա­նոր խա­ղա­լիք կրկնակ դե­րին. նախ՝ ֆրան­սա­խօս աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նել նա­խորդ դա­րաս­կիզ­բի հա­յու­թեան յա­ռաջ­դի­մա­կան տար­րե­րու վե­րած­նա­կան հա­կում­ներն ու տես­լա­կա­նը. ա­պա եւ բե­րել հա­րա­զատ, թան­կա­գին վկա­յու­թիւն մը՝ նոյն ժա­մա­նակ­նե­րու զո­ւի­ցե­րիա­կան ի­րա­կա­նու­թեան եւ յատ­կա­պէս երկ­րի գա­ւա­ռա­կան շրջան­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին ու կա­ցու­թեան մա­սին: ­Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու գու­մար մը, ո­րուն՝ զար­գա­ցեալ օ­տա­րա­կա­նի մը կող­մէ հրամ­ցո­ւած ըլ­լա­լը՝ յա­ւե­լեալ ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ՝ զայն պի­տի դարձ­նէր ա­ւե­լի եւս շա­հե­կան:
­Կա­րե­լի է ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ը­սել, որ հե­տա­զօ­տող թարգ­ման­չու­հիին այս զոյգ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը լրիւ կ­՛ար­դա­րա­նան, եւ սահ­մա­նո­ւած են ի­րա­կա­նա­նա­լու ան­պայ­ման:
Չ­հա­շո­ւած դեռ եր­րորդ նպաս­տը, այն՝ որ նշե­ցի սկիզ­բը.- ­Թարգ­մա­նո­ւած գոր­ծի գո­յու­թեան փաս­տով՝ մղել հայ մշա­կո­ւած խա­ւը վե­րա­դառ­նա­լու Ա­հա­րո­նեա­նի վաս­տա­կին եւ ճանչ­նալ կա­րե­ւոր, ճա­ռա­գայ­թուն այս եր­կը - իր բնա­գի­րով իսկ: ­Միան­գա­մայն թօ­թա­փե­լով մեր մէջ հա­մա­ճա­րա­կա­յին դար­ձած ծու­լու­թիւն մը, մեր­ժում մը՝ գնա­հա­տե­լու հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­ներ, մա­նա­ւանդ սե­փա­կան­նե­րը, այն­քան կեն­սա­կան՝ ինք­նա­ճա­նա­չու­մի հա­մար...:

հա­յե­րէ­նէ ֆրան­սե­րէն թարգմ.՝ ­Սե­ւան ­Յա­րու­թիւ­նեան

­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան