altՈչ շատ հե­ռու ան­ցեա­լին ին­ծի հա­մար պատ­մա­գի­տա­կան ի­մաս­տով նո­րու­թիւն էր Ուր­ֆա­յի մօ­տա­կայ­քը գտնո­ւող ­Կէօ­պեք­լի ­Թե­փէի (հայ­կա­կան` ­Պոր­տա­սար) ա­ռեղ­ծուա­ծին բա­ցա­յայ­տու­մը:

Սկ­սեալ 1994 թո­ւա­կա­նէն, գեր­մա­նա­ցի հնա­գէտ Ք­լաուս Շ­միտթ եւ իր ար­շա­ւա­խում­բը Ուր­ֆա քա­ղա­քէն ոչ շատ հե­ռու գտնո­ւող այդ բլու­րին վրայ նա­խա­ձեռ­նե­ցին հնա­գի­տա­կան լայ­նա­ծա­ւալ պե­ղում­նե­րու, ո­րոնք մին­չեւ հի­մա ալ չեն ա­ւար­տած, եւ ո­րոնք ի­րենց ար­դիւնք­նե­րով օ­րէ օր ա­ւե­լի եւս կը զար­մաց­նեն մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­մու­թեամբ հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը:
Ի՞նչ բա­ցա­յայ­տե­ցին հնա­գէտ­նե­րը այդ բլու­րին վրայ:

Ինչ որ գիտ­նա­կան­նե­րը հաս­տա­տե­ցին այն էր, որ գտնո­ւա­ծը հսկա­յա­կան օ­ղա­կա­ձեւ կա­ռոյց­նե­րու շարք մըն էր, ա­ւե­լի հին, քան ­Մի­ջա­գետ­քի հին կայս­րու­թիւն­նե­րու կամ Ե­գիպ­տո­սի փա­րա­ւոն­նե­րու քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րուն կա­ռու­ցած­նե­րը. գո­նէ 10 հա­զար տա­րի ա­ւե­լի հին, քան ե­գիպ­տա­կան բուր­գե­րը: ­Պե­ղում­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, որ 12 հա­զար տա­րո­ւան պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող այս կա­ռոյց­նե­րը ուշ քա­րէ դա­րու կա­ռոյց­ներ են, այն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն, երբ մարդ­կու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէր ան­ցած քա­ղա­քակրթու­թեան սանդ­ղա­կին վրայ գտնո­ւող կա­րե­ւոր փուլ մը, որ հո­ղա­գոր­ծու­թեան փուլն էր: Եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ նաեւ, որ գտնո­ւած կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­լի­րը զայն կա­ռու­ցող­նե­րուն կող­մէ օգ­տա­գոր­ծո­ւած է բա­ցա­ռա­պէս կրօ­նա­կան-հո­գե­ւոր նպա­տակ­նե­րու հա­մար:

Գտ­նո­ւած հնա­գի­տա­կան վայ­րը կը յե­ղաշր­ջէր մինչ այդ տա­րա­ծուած տե­սու­թիւ­նը մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­մու­թեան շուրջ: ­Մին­չեւ այդ պա­հը տա­րա­ծո­ւած էր այն միտ­քը, որ մար­դոց մէջ կրօ­նա­կան-հո­գե­ւոր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը զար­գա­ցած են եւ կրօ­նա­կան բնոյ­թի կա­ռոյց­նե­րը հաս­տա­տո­ւած այն ժա­մա­նակ, երբ ան­ցու­մը կա­տա­րո­ւած է հա­ւա­քող-որ­սոր­դի կար­գա­վի­ճա­կէն նստա­կեաց կար­գա­վի­ճա­կին, այ­սինքն` հո­ղա­գոր­ծու­թեան, մինչ­դեռ ­Կէօ­պեք­լի ­Թե­փէի յայտ­նա­գոր­ծու­մը ցոյց տո­ւաւ, որ այդ հա­մա­լի­րը կա­ռու­ցող­նե­րը տա­կա­ւին կը գտնո­ւէին հա­ւա­քող-որ­սոր­դի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ: ­Հա­մա­լի­րը իր հսկա­յա­կան տա­րո­ղու­թեամբ կը նա­խոր­դէ ­Նէո­լի­թեան յե­ղա­փո­խու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, կա­ւա­գոր­ծու­թիւ­նը, մե­տա­ղա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ նոյ­նիսկ ա­նի­ւի գիւ­տը:

­Թէ քա­րէ դա­րու մար­դը իր հա­ւա­քող-որ­սոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով եւ նախ­նա­կան դա­րէ գոր­ծիք­նե­րով ինչ­պէ՞՛ս կա­ռու­ցած է այդ­պի­սի հսկա­յա­կան կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի վայր, սա կը մնայ պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ա­ռեղ­ծո­ւած­նե­րէն մէ­կը: Յս­տակ է սա­կայն, որ կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի այս վայ­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւած է այս մար­դոց նախ­նի­նե­րու հո­գի­նե­րուն պաշ­տա­մուն­քին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ­տեղ գտնո­ւած են այդ մար­դոց մա­հա­ցած հա­րա­զատ­նե­րուն գան­կե­րը: ­Նաեւ, հսկա­յա­կան այս հա­մա­լի­րին քա­րէ կո­թո­ղա­յին սիւ­նե­րուն վրայ փո­րագ­րո­ւած կեն­դա­նա­կան կեր­պար­նե­րը ա­պա­ցոյց են նախ­նա­կան փոր­ձե­րուն` ա­նա­սուն­նե­րու ըն­տա­նե­ցու­մին:

Այս յայտ­նա­գոր­ծու­մով, ու­րեմն, ա­պա­ցոյց չպա­հան­ջող ձե­ւով կը հաս­տա­տո­ւի, որ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ա­ռա­ջին օր­րա­նը Ուր­ֆա­յի մօտ գտնո­ւող ­Պոր­տա­սարն է: Այս հար­ցը հա­յա­գի­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ալ շատ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ ­Պոր­տա­սա­րի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը` ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կը եւ ան­կէ դէ­պի հա­րաւ, կը զու­գա­դի­պի հնդեւ­րո­պա­կան նա­խա­հայ­րե­նի­քի դիր­քին…

­Մին­չեւ նախ­նա­դար կա­տա­րուած պատ­մա­կան այս յե­տա­դարձ ակ­նար­կին զու­գա­հեռ ե­թէ նա­յինք պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին Ուր­ֆա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թեան, կը նկա­տենք, որ այս քա­ղա­քը` պատ­մա­կան Ե­դե­սիան, ե­ղած է քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու հան­դիպ­ման վայր` ա­րե­ւե­լեան եւ ա­րեւմ­տեան մշա­կոյթ­նե­րուն մի­ջեւ, ա­սո­րա­կան եւ հա­մա­մարդ­կա­յին դպրու­թեան կեդ­րոն, ա­ռանց ո­րուն մեր մեծ սուր­բը` ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց պի­տի չկա­րե­նար հայ գի­րե­րու գիւ­տը կա­տա­րել:

Ա­հա­ւա­սիկ հին աշ­խար­հի դպրու­թեան այս կեդ­րո­նին, քա­ղա­քակրթու­թիւն­նե­րու օր­րան հայ­կա­կան Ե­դե­սիոյ վի­ճա­կո­ւած էր նաեւ իր ծանր բա­ժի­նը կրե­լու 20րդ ­դա­րու սկիզ­բի մեծ ող­բեր­գու­թեան` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ: Ոչ թէ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ո­ճի­րին ոչ­խա­րի պէս զոհ եր­թա­լու ա­ռու­մով, այլ դիւ­ցազ­նօ­րէն ոճ­րա­յին այդ ծրա­գի­րին դէմ դնե­լու ա­ռու­մով:

Ուր­ֆան ­Վա­նի, ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րի, ­Մու­սա ­Լե­րան, ­Տա­րօ­նի աշ­խար­հի եւ այլ շրջան­նե­րու նման այն քիչ շրջան­նե­րէն էր, որ 1915ին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ հե­րո­սա­կան պայ­քա­րի դրօշ բարձ­րա­ցուց թրքա­կան եա­թա­ղա­նին դէմ: ­Դիւ­ցազ­նա­կան պայ­քար մը, որ սկսաւ 29 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915ին եւ տե­ւեց մօտ մէկ ա­միս: Ինչ­պէ՞ս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան այս մար­դի­կը աշ­խար­հագ­րա­կան շրջա­նի մը մէջ, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կղզիա­ցած էր հայ­կա­կան միւս շրջան­նե­րէն:

Ա­սոր գաղտ­նի­քը մենք կը գտնենք Ուր­ֆա­յի հե­րո­սա­մար­տի ան­զու­գա­կան ղե­կա­վար Մկր­տիչ Եօթ­նեղ­բայ­րեա­նի եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն յե­ղա­փո­խա­կան նկա­րա­գի­րին մէջ: Մկրտիչ Եօթ­նեղ­բայ­րեա­նը, այս բնա­ծին յե­ղա­փո­խա­կա­նը եւ ան­զու­գա­կան ղե­կա­վա­րը, սկիզ­բէն ալ գի­տակ­ցած էր, որ պէտք էր շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պել ա­պա­գայ ար­հա­ւիր­քին դէմ դնե­լու հա­մար: ­Գաղտ­նի կեր­պով ղե­կա­վա­րած էր քա­ղա­քին զէնք հասց­նե­լու աշ­խա­տան­քը, ո­րուն շնոր­հիւ Ուր­ֆա­յի հա­յու­թիւ­նը ո՛չ ը­սաւ ոչն­չաց­ման ո­րո­շու­մին:

Ա­յո՛, հե­րո­սա­մար­տը ող­բեր­գա­կան վախ­ճան ու­նե­ցաւ, բայց դիւ­ցազ­նա­կան Ուր­ֆա­յի ըմ­բոստ ձայ­նը հի­մա եւ առ­յա­ւէտ պի­տի մնայ դրոշ­մո­ւած մեր սրտե­րուն մէջ: Ուր­ֆան` քա­ղա­քակր­թու­թեան այս ա­ռա­ջին բնօր­րա­նը, մե­զի` հա­յե­րուս հա­մար ե­ղաւ նաեւ հե­րոս­ներ ու յե­ղա­փո­խա­կան­ներ ար­տադ­րող վայր: ­Դիւ­ցա­զուն­ներ, ո­րոնք ար­հա­մար­հե­ցին մա­հը` յա­նուն ար­ժա­նա­պա­տիւ գո­յու­թեան:
Այ­սօր կը յի­շենք 101 տա­րի ա­ռաջ հա­յոց պատ­մու­թեան փառ­քի է­ջե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցած Ուր­ֆա­յի հե­րո­սա­մար­տին սխրանք­նե­րը:
­Փա՜ռք դիւ­ցազ­նա­կան հայ­կա­կան Ուր­ֆա­յի նա­հա­տակ­նե­րուն, մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ա­ռա­ջին բնօր­րա­նին:

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ