Հար­կաւ դուք ալ ձեր դաս­տա­կին վրայ կը կրէք ժա­մա­ցոյց մը: Ես միշտ հա­ւա­տա­ցած եմ, որ մարդ չի կրնար բնա­կա­նոն կեանք մը ապ­րիլ, ե­թէ իր վրայ ժա­մա­ցոյց մը չու­նի, թէեւ միշտ զար­ման­քով հան­դի­պած եմ մար­դոց, ո­րոնք ժա­մա­ցոյց չու­նին ի­րենց վրայ, ու ե­թէ պէտք ըլ­լայ, շուր­ջին­նե­րուն կը հարց­նեն, թէ ժա­մը

քա­նի՞ է: ­Ժա­մա­ցոյց ը­սո­ւած գոր­ծի­քին այն­քան ա­ժան տե­սակ­նե­րը կան, որ մարդ այ­լեւս կը զար­մա­նայ ժա­մա­ցոյց չու­նե­ցող­նե­րուն վրայ: Ար­դեօք հար­ցը դրա­մա­կան խնդիր չէ՞, ու­րի՞շ ազ­դակ մը մար­դի­կը կը մղէ ժա­մա­ցոյց չկրե­լու:

­Դուք ա­նոնց­մէ չէք: ­Ձեր դաս­տա­կին վրայ ժա­մա­ցոյց մը կայ: Այ­լեւս պի­տի չհարց­նեմ, թէ մէկ օ­րո­ւան մէջ քա­նի՞ ան­գամ կը նա­յիք այդ ժա­մա­ցոյ­ցին: ­Միայն թէ պի­տի հարց­նեմ, որ ա­մէն ան­գամ որ կը նա­յիք ձեր ժա­մա­ցոյ­ցին, ար­դեօք ժա­մա­ցոյ­ցին եր­կու սլաք­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ՞ք, կ­՛անդ­րա­դառ­նա՞ք, թէ այդ եր­կու սլաք­նե­րուն շնոր­հիւ է, որ դուք կը հասկ­նաք, թէ ժա­մը քա­նի՛ է: Այս եր­կու սլաք­նե­րէն մէկն իսկ ե­թէ պակ­սի, ե­թէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը չկա­տա­րէ, ձեր ժա­մա­ցոյ­ցը ա­նօ­գուտ կը դառ­նայ: ­Դուք բնաւ անդ­րա­դար­ձա՞ծ էք այդ պարզ ճշմար­տու­թեան:

­Գի­տեմ` պի­տի պա­տաս­խա­նէք, որ ա­յո՛, այս խնդրին անդ­րա­դար­ձած էք, երբ ձեր ժա­մա­ցոյ­ցը աւ­րո­ւած է: ­Կը պա­տա­հի: ­Մէյ մըն ալ կը նա­յիք, որ ձեր ժա­մա­ցոյ­ցը կանգ ա­ռած է, սլաք­նե­րը ան­շար­ժա­ցած են, կամ՝ սլաք­նե­րէն մէ­կը ին­կած է տե­ղէն ու գործ չի տես­ներ: Այն ա­տեն է ա­հա­ւա­սիկ, որ կ­՛անդ­րա­դառ­նաք, թէ ինչ­պի­սի՜ պա­րա­պու­թիւն մը կը ստեղ­ծո­ւի, ե­թէ ժա­մա­ցոյ­ցին սլաք­նե­րը գործ չտես­նեն:
­Բայց նպա­տակս այս­քան պարզ ճշմար­տու­թեան մը մա­սին խօ­սիլ չէ: Ես պար­զա­պէս պի­տի ու­զեմ ե­րե­ւա­կա­յել, թէ մեր կեան­քին մէջ ին­չե՜ր կը պա­տա­հէին, ե­թէ դէմ յան­դի­ման գա­յինք ան­հե­թե­թու­թիւն­նե­րու հետ:

­Տեղ մը կար­դա­ցած եմ, որ «Ան­հե­թե­թի ­Թատ­րոն»ի նշա­նա­ւոր հա­յազ­գի թա­տե­րա­գիր Ար­թիւր Ա­տա­մո­վին թա­տե­րա­խա­ղե­րէն մէ­կուն մէջ բե­մին վրայ դրո­ւած է մեծ ժա­մա­ցոյց մը, որ սլաք­ներ չու­նի: Ինք­նին ան­հե­թեթ է ան­շուշտ բե­մին վրայ դնել սլաք չու­նե­ցող ժա­մա­ցոյց մը, բայց ա­ւե­լի ան­հե­թե­թը կայ: ­Թա­տե­րա­խա­ղին մէջ դե­րա­կա­տար­նե­րը յա­ճախ կը նա­յին սլաք չու­նե­ցող այդ ժա­մա­ցոյ­ցին ու ճիշդ ժա­մը կը տես­նեն: ­Հո՛ս ա­հա­ւա­սիկ ի­րա­րու հետ ժա­մադ­րո­ւած են եր­կու ան­հե­թե­թու­թիւն­ներ: Ու­րիշ հե­ղի­նակ մըն ալ, ո՜վ գի­տէ, ինչ­պի­սի ան­հե­թե­թու­թիւն­ներ կրնայ բե­մադ­րել մե­զի, ան­հե­թե­թու­թիւն­ներ, ո­րոնք կրնա­յին պա­տա­հիլ, բայց չեն պա­տա­հիր, ու այդ պատ­ճա­ռաւ ալ գա­ղա­փար չենք ու­նե­նար ա­նոնց մա­սին:

Օ­րի­նա­կի հա­մար, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք քսան յար­կա­նի փա­ռա­ւոր շէնք մը, ո­րուն քսան յար­կե­րուն մի­ջեւ ո՛չ սան­դուխ կայ, ո՛չ վե­րե­լակ: Այս­պի­սի շէնք մը կրնա՞յ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ: Ո՛չ ան­շուշտ: Ո՛չ թէ քսան, այլ եր­կու յար­կա­նի շէնք մը ան­գամ ու­նի իր սան­դու­խը: ­Սան­դուխ չու­նե­ցող բազ­մա­յարկ շէն­քը ան­հե­թե­թու­թեան խորհր­դան­շան մըն է: ­Ծաղ­րան­կար մըն է: ­Բայց ոե­ւէ մէ­կը բնաւ կը մտա­ծէ՞, թէ բազ­մա­յարկ իր շէն­քը կրնար ստեղ­ծո­ւած ըլ­լալ ա­ռանց սան­դու­խի եւ բա­րե­բախ­տա­բար այդ­պէս ստեղ­ծո­ւած չէ:
Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք փա­ռա­ւոր շէնք մը, որ ո՛չ դուռ ու­նի, ո՛չ ալ պա­տու­հան: Այդ շէն­քէն ներս մտնե­լու կա­րե­լիու­թիւն չու­նիք: Այս­պի­սի շէնք մը կրնա՞յ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ: Ո՛չ: Ար­դէն ո՛չ մէ­կը պի­տի մտա­ծէր դուռ ու պա­տու­հան չու­նե­ցող շէն­քի մը մա­սին, ե­թէ մէ­կը չյի­շեց­նէր, թէ շէն­քը կրնար շի­նո­ւած ըլ­լալ ա­ռանց դրան ու պա­տու­հա­նի:

­Բայց Ար­թիւր Ա­տա­մո­վին թա­տե­րա­խա­ղը, զոր յի­շե­ցինք վե­րը, միայն սլաք չու­նե­ցող ժա­մա­ցոյ­ցի ան­հե­թե­թու­թեան մը մա­սին չի խօ­սիր: Ան կը խօ­սի երկ­րորդ ան­հե­թե­թու­թեան մը մա­սին եւս: ­Մար­դիկ սլաք չու­նե­ցող այդ ժա­մա­ցոյ­ցին կը նա­յին ու ճիշդ ժա­մը կը տես­նեն: Այս ալ ու­րիշ ան­հե­թե­թու­թիւն մըն է:
­Հի­մա պի­տի ար­ժէ, որ ե­րե­ւա­կա­յենք ու­րիշ ան­հե­թե­թու­թիւն­ներ ալ, որ­պէս­զի տես­նենք, թէ բա­րե­բախ­տա­բար մեր կեան­քը կը ծփայ ո՛չ թէ ան­հե­թե­թու­թեան վրայ, այլ` տրա­մա­բա­նա­կա­նին վրայ:
Օ­րի­նակ` ժա­մա­ցոյց մը, ո­րուն եր­կու սլաք­ներն ալ պզտիկ են ու ի­րա­րու հա­ւա­սար:
­Կամ ժա­մա­ցոյց մը, ո­րուն վրայ տա­սը ժամ կայ, փո­խա­նակ` տաս­ներ­կու­քի:
­Կամ` սե­ղան մը, որ միայն եր­կու ոտք ու­նի:
­Կամ` հա­յե­լի մը, ո­րուն մէջ երբ կը նա­յինք, ու­րի­շի մը դէմ­քը կը տես­նենք:

Ար­թիւր Ա­տա­մո­վէն ա­ռաջ ու­րիշ հե­ղի­նակ մըն ալ կայ, որ գրած է ան­հե­թե­թին մա­սին: Ա­սի­կա անգ­լիա­ցի նշա­նա­ւոր բա­նաս­տեղծ ու գրա­գէտ Օս­քար Ո­ւայլտն է, ո­րուն ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր գոր­ծը ա­նոր ա­մէ­նէն ան­հե­թեթ վէպն է՝ «­Տո­րիան Կ­րէ­յին դի­ման­կա­րը»: ­Տո­րիան Կ­րէյ վա­յե­լուչ ե­րի­տա­սարդ մըն է, այն­քա՜ն վա­յե­լուչ, որ ­Պա­սիլ ­Հալ­վըրտ ա­նուն նկա­րիչ մը կ­՛ու­զէ ա­նոր դի­ման­կա­րը շի­նել: ­Դի­ման­կա­րը հրա­շա­լիք մըն է, բայց ­Տո­րիան Կ­րէյ կը մտա­ծէ, որ իր վա­յել­չու­թե­նէն բան մը պի­տի չմնայ մօտ ա­տե­նէն, պի­տի ծե­րա­նայ, պի­տի տգեղ­նայ: ­Կը մաղ­թէ, որ իր դի­ման­կա­րին մէ­ջի­նը ծե­րա­նայ, ա­տոր փո­խա­րէն` ինք ան­փո­փոխ մնայ: Իր մաղ­թան­քը կ­՛ըն­դու­նո­ւի: Այն վայր­կեա­նէն ան­դին դի­ման­կա­րի մէ­ջի ­Տո­րիանն է, որ յա­ւէտ կը մնայ ան­փո­փոխ:

Ան­հե­թե­թի գրա­կա­նու­թեան մա­սին խօ­սե­լու ըն­թաց­քին պէտք է յի­շեմ իմ գրա­կա­նու­թիւ­նը: Ան­ցեա­լին, ու­րիշ նմա­նօ­րի­նակ պատ­մո­ւածք­նե­րու կար­գին, գրած եմ «­Դա­ւի­թեա­նին մնա­ցեալ օ­րե­րը» ա­նուն պատ­մուածք մը, որ ան­հե­թե­թին յի­շե­ցումն է: Գ­նէլ ­Դաւ­թեան օր մըն ալ կը նշմա­րէ, որ օ­րե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի շուտ անց­նիլ սկսած են: ­Չո­րեք­շաբ­թին Ե­րեք­շաբ­թիէն ա­ւե­լի շուտ կ­՛անց­նի, այդ­պէս նաեւ` միւս օ­րե­րը, ու ­Դա­ւի­թեան այ­լեւս չի հաս­նիր իր գոր­ծե­րուն, ա­մէն օր օ­րը գի­շեր կ­՛ըլ­լայ ան­հա­սա­նե­լի ա­րա­գու­թեամբ: Գ­նէլ ­Դա­ւի­թեան կը վա­զէ ու կը վա­զէ հաս­նե­լու հա­մար ժա­մա­նա­կին, որ իր­մէ կը փախ­չի:
Ան­հե­թե՞թ է, թէ՞ ոչ:

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ