alt25 տա­րի ա­ռաջ, ազ­գո­վին ձեռ­նար­կե­ցինք ան­սո­վոր ու ան­նա­խա­տե­սե­լի ճամ­բոր­դու­թեան մը. ով­կիա­նո­սին մէջ լո­ղա­լու պէս բան մը՝ լո­ղալ չգիտ­ցող ան­փորձ մար­դուն հա­մար, որ պար­զա­պէս միայն ձեռք-ոտք շար­ժել գի­տէր։
 

Յան­կարծ, մեր քա­ղա­քա­կան այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը շրջա­փո­խո­ւե­ցաւ եւ վե­րար­ժե­ւո­րե­ցինք հին ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ մեր կա­պե­րը։

­Յան­կարծ մեր դի­մաց կը պար­զո­ւէին ժա­մա­նա­կա­կից վա­ւե­րա­կա­նու­թեան համն ու հո­տը տա­րա­ծող նոր հա­շո­ւեկ­շիռ­ներ, կաս­կա­ծե­լի ո­րա­կով տո­ւեալ­ներ, տպա­ւո­րիչ, բայց խա­խուտ բաց­թո­ղում­ներ, ո­րոնք ծնած ու մեծ­ցու­ցած էին մեր ժո­ղո­վուր­դի ու յա­րա­կից այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու սե­րունդ­նե­րը։

­Մար­դիկ՝ ո­րոնց­մէ շա­տեր, անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին յան­դուգն նա­խա­տե­սում­նե­րով, նո­ւա­զա­գոյն կաս­կա­ծը չկրցան ու­նե­նալ ի­րենց ապ­րած քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար։ ­Նոր բա­նի մա­սին խօ­սե­լու հա­մար նախ հին շու­քե­րը պէտք է մաք­րել։ Ա­նոնց ա­նուն պէտք է տալ, որ­պէս­զի հի­նի եւ նո­րի հա­շիւ­նե­րը միան­գա­մընդ­միշտ փակուին։

Իսկ նոր պատ­մու­թիւ­նը. ինչ­պէ՞ս պի­տի փո­խա­րի­նէր հի­նը. ինչ­պէ՞ս պի­տի գրուէր աս­կէ վերջ։ ­Կը փո­խո­ւէին գի­րե­րը, բա­ռե­րը, նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը, պար­բե­րու­թիւն­նե­րը, լման է­ջեր։ ­Կը փո­խո­ւէր նաեւ պատ­մու­թիւ­նը։ ­Կը փո­խո­ւէին կրթու­թիւ­նը, տաս­նա­մեակ­նե­րու լո­զունգ­նե­րը, պատ­մու­թեան թե­լադ­րանք­ներն ու խրա­մա­տո­ւած ու­ղե­ցոյց­նե­րը։

­Կը փոխուէին քա­ղա­քա­կան հին մար­դոց նկա­րագրա­յին այ­լա­մեր­ժու­թիւն­ներն ու կը ծնէր նոր այ­լա­մեր­ժու­թիւն մը, հիւ­սո­ւած հին կլասթ­նոս­թի ու նոր ձե­ւա­ւո­րո­ւող փե­րեսթ­րոյ­քա­յի այժ­մէա­կա­նու­թեան պատ­մու­ճա­նը զգե­ցած մե­թո­թա­բա­նու­թեամբ մը, որ սկիզ­բը՝ վստա­հա­բար պի­տի դժո­ւա­րա­նար զա­նա­զա­նե­լու զար­գա­ցող տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, որ հի­նը ժխտե­լու, հի­նը դրժե­լու սկզբուն­քով՝ նոր կեան­քի մը խոս­տո­վա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւէր եւ կը փոր­ձէր իր եւ իր ազ­գի նոր նկա­րա­գի­րը կազ­մա­ւո­րել, միա­սին մեծ­նա­լով, միա­սին մեծց­նե­լով ձե­ւա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րու հա­մընդ­հա­նուր ո­լորտ մը։

­Յան­կարծ հա­սուն­ցաւ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը՝ իբ­րեւ ազ­գի մը ա­մէ­նէն թան­կա­գին դրա­մագ­լու­խը։
Ի՞նչ կը մտա­ծէինք ե­րէկ, եւ ի՞նչ կը մտա­ծենք այ­սօր՝ վա­ղո­ւան հա­մար։ ­Կը մեծ­նանք եւ կը փո­խո­ւինք, բայց ո­՛ե­ւէ մէ­կու պար­տա­կան չենք։
Ան­կա­խու­թիւն մը, որ հա­մա­քա­ղա­քա­ցիա­կան նո­րա­նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ կը բե­րէր իր հետ, եւ ոչ թէ հեշտ ու ե­րա­զա­յին կեանք մը։

­Հա­յաս­տա­նը բնա­կան ու բնա­կա­նոն երկ­րի մը նմանց­նե­լու հե­ռան­կա­րը եր­կի­րը կը վե­րա­ծէր իր նկա­րին ցո­լա­ցու­մը յատ­կան­շող նոյ­նան­ման կեր­պա­րի մը։ ­Նոր մար­տահ­րա­ւէր ու նոր գրաւ։ Ի՞նչ գու­շա­կել եւ ի՞նչ չգու­շա­կել։
­Տա­րօ­րի­նակ խաչ­մե­րու­կի մը առ­ջեւ կը գտնո­ւինք։ Փնտ­ռո­ւա­ծը՝ ի­րա­պաշ­տու­թիւնն է։
Ան­կա­խու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րէն ծնող ակն­կա­լու­թիւ­նը՝ հայ մար­դոց տո­ւաւ այն հրա­շա­լի բա­նը, որ կը փնտռէին եւ տա­րի­նե­րէ ի վեր չէին գտներ։ ­Գա­ղա­փա­րի մտայ­նու­թեան փո­փո­խու­թիւ­նը, որ մեզ ա­ւե­լի ի­մաս­տուն պի­տի դարձ­նէր։

Ուս­տի քա­ղա­քա­կա­նա­պէս նոր շուն­չով ու ո­գիով վե­րամ­շա­կո­ւող մի­ջա­վայ­րի մը շրջա­գի­ծէն ներս, պէտք է ձեռ­նար­կուէին հո­լո­վու­թա­յին կշռոյ­թով ու նոր չա­փա­նիշ­նե­րով զար­գաց­ման ու բիւ­րե­ղաց­ման թի­րախ­ներ, զու­գա­հե­ռա­բար նաեւ ճշդո­րո­շո­ւէին նոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բա­րե­փո­խե­լու հանգ­րո­ւա­նա­յին ժամ­կէտ­ներ։ ­Մէկ խօս­քով՝ ազ­գո­վին որ­դեգ­րո­ւէր գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան նոր «քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն» մը, որ պի­տի յար­գէր մի­ջազ­գա­յին վա­ւե­րա­կան պայ­մա­նա­գիր­նե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տանն ալ, բնա­կա­նոն նոր ըն­թացք­նե­րու պատ­շա­ճե­ցու­մով մաս կազ­մէր ազ­գե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­տա­նի­քի ամ­բող­ջա­կան կա­ռոյ­ցին։

Այս նոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը յու­շէր, թէ խորհր­դա­յին միա­կող­մա­նի հա­մա­կար­գի եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու քա­րոզ­չու­թիւ­նը վերջ կը գտնէր ու կը սկսէր քա­րոզ­չա­կան այ­լաբ­նոյթ նոր ար­շաւ մը, տար­բեր ու տար­բե­րո­ւած սկզբուն­քա­յին մեկ­նա­կէտ­նե­րով, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան՝ օր ու նոր հար­ցա­կան­նե­րով եւ ո­րա­կա­յին բնո­րո­շում­նե­րով։ ­Նոր վստա­հու­թեան դի­մա­գիծ մը, որ կը մեր­ժէր իր նոր հա­մա­կար­գը։

­Հի­մա, մեր ճա­կա­տա­գի­րը ո­րո՞ւ պի­տի կա­պէինք։ ­Սո­վե­տի օ­րով՝ մար­դոց հա­մա­տա­րած ար­ժէք­նե­րը միայն իշ­խա­նու­թեան կը պատ­կա­նէին ու միայն ի­րենց գնա­հա­տու­մով ու չա­փա­նիշ­նե­րով կրնա­յին դրսե­ւո­րո­ւիլ։ Աս­կէ ետք, ար­ժէք­նե­րու նոր հա­մա­կար­գը ի՞նչ ձե­ւով պի­տի վե­րար­ժե­ւո­րո­ւէր, պի­տի վե­րա­դա­սա­ւո­րո­ւէր՝ մեր ան­կա­խա­ցած նոր բա­ցո­ւող կեան­քին մէջ։ ­Կը փո­խո­ւէին մա­նա­ւանդ՝ աշ­խար­հա­տե­սա­կան մեր հար­ցե­րը եւ հար­ցե­րու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ըն­կա­լե­լու ե­ղա­նա­կը։ Տ­րա­մա­բա­նու­թիւ­նը չենք կրնար ծա­փա­հա­րել, ե­թէ ոչ ո՞ւր մնաց մեր ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը։
Ան­կա­խու­թիւն՝ ա­ռանց փո­փո­խու­թեան, ան­կա­խու­թիւն՝ ա­ռանց նո­ւա­ճու­մի ու յաղ­թա­նա­կի չ­՚ըլ­լար։ ­Յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նի մը պէտք է անց­նիլ, որ­պէս­զի մար­դոց ե­րազ­ներն ալ վրէժ լու­ծե­լու ա­ռիթ չու­նե­նան։

Ան­կա­խու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ե­ղան մար­դիկ ու շրջա­նակ­ներ, ո­րոնք շփո­թա­հար ի­րա­պաշ­տու­թեամբ մտա­բե­րե­ցին.- ­Խորհր­դա­յին օ­րե­րուն, երբ մէ­կը ան­կա­խու­թիւն կը բա­ցա­գան­չէր, ո­մանք քո­ղար­կո­ւած կեր­պով կը յու­զո­ւէին, կը ծա­փա­հա­րէին, ո­մանք հո­գե­պէս խռո­ված ի­րենց աչ­քե­րը ար­ցուն­քով կը լե­ցո­ւէին, ա­ւե­լի զգա­յուն­նե­րուն ալ կո­կոր­դը կը սեղ­մո­ւէր ար­ցուն­քը զսպե­լու փափ­կան­կա­տու­թեամբ։ ­Քա­ղա­քա­կան ալծ­հայ­մէր՝ ե­րէկ եւ այ­սօր, հա­մե­մո­ւած ազ­գա­յին ինք­նա­սի­րու­թեամբ։

Իսկ հի­մա։ ­Կար­ծես ա­ւե­լի զուսպ ենք. կը բա­ւա­րա­րո­ւինք գաղտ­նի, կամ չդրսե­ւո­րո­ւող հպար­տու­թեամբ մտա­հո­գո­ւե­լու։ ­Կեան­քի ո­րա­կը հե­տե­ւանք է ազ­գի մը մտա­յին ո­րա­կի կա­րո­ղու­թեան։
­Գի­տենք բո­լորս, որ ան­կա­խու­թիւ­նը դիւ­րին բան չէ։ Ան­կա­խու­թեան հաս­նե­լու հա­մար զա­նա­զան տա­րօ­րի­նակ հանգրուան­նե­րէ պէտք է անց­նիլ։ ­Պա­տեր, բարձր պա­տեր կան։ Եր­բեմն, այդ պա­տե­րը պէտք է ճեղ­քել, եր­բեմն ալ պէտք է փլել, խոր­տա­կել, տա­պա­լել։ Այդ ձե­ւով կու­գայ ան­կա­խու­թեան հա­սու­նու­թիւ­նը, հա­սու­նա­ցու­մը, զայն նո­ւա­ճե­լէ ետք, պար­տադ­րո­ւող յայտ­նի թէ ան­յայտ սրա­ծայր բե­ւեռ­նե­րով։

­Հա­յե­րը ու­շի-ու­շով հե­տե­ւե­ցան այս մեծ հրա­ւէ­րին։ Ա­մէն ին­չին մէջ ար­դէն՝ միշտ ա­ւե­լի լա­ւը եւ միշտ ա­ւե­լի գէ­շը կայ։ Անցնող 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ մեծ­ցանք այն­քան, որ­քան կ­’ար­տօ­նէին մե­զի ան­կա­խու­թեան 25 տա­րի­նե­րը։ Ո՛չ ա­ւե­լի, ո՛չ պա­կաս։ ­Թե­րեւս զգու­շա­ցանք, որ չմեռ­նի ան­կա­խու­թեան բո­վան­դա­կա­յին մե­նաշ­նոր­հի հռչա­կը։ ­Թե­րեւս ո­րով­հե­տեւ ու­զե­ցինք մե­զի պէս ու մե­զի հետ ան­կա­խա­ցած այլ եր­կիր­նե­րու նման ներ­դաշ­նա­կել ­Կով­կա­սեան պատ­մագրու­թեան ա­ռաս­պե­լը։ Բռ­նա­տի­րու­թիւ­նը պարտուած էր, նոր էջ մը կը բա­ցո­ւէր։

­Բայց ան­կա­խու­թիւ­նը միայն ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­ներ չէին, այլ շա­րու­նա­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւն մը։ ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը՝ ինք­նա­ճա­նա­չում կը բնո­րո­շէ, ինք­զինք ու շուր­ջին­նե­րը դար­ձեալ ճանչ­նալ կը նշա­նա­կէ, եր­բեմն մէկ ակ­նար­կով՝ ուղ­ղա­կի­՛օ­րէն, եր­բեմն ալ՝ կողմ­նա­կի, յա­րա­կից նա­յո­ւած­քով մը, ա­նուղ­ղա­կի­՛օ­րէն։ ­Մին­չեւ որ դի­մա­գի­ծը ազ­գա­յին պատ­մու­ճան կրէ եւ հպար­տու­թիւն զգանք մեր պատ­մա­կան ծա­գու­մին հա­մար։ ­Հի­նի եւ նո­րի հիաս­թա­փեց­նող բա­նե­րը պէտք էր զտել։

Իս­կոյն մեր եր­կու­քու­կէս տաս­նա­մեա­կը խճո­ղո­ւե­ցաւ ու­րիշ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ։ Մ­տա­յին-մտա­ւո­րա­կան ու­րիշ ար­ժէք­ներ յա­ռաջ քշո­ւե­ցան, տեղ-տեղ ալ փո­խա­րի­նո­ւե­ցան, մին­չեւ որ լաւ հասկ­նանք, թէ ան­կա­խու­թիւ­նը ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան բո­լո­րին կը պատ­կա­նի եւ պէտք է պա­հէ իր նկա­րա­գի­րը։ Ար­դէն ան­կա­խու­թիւ­նը զար­մա­նա­լի ու տա­րօ­րի­նակ բան է։

­Պատ­մու­թեան եր­թը վերջ չու­նի։ Եւ պատ­մու­թեան ի­րա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը բնաւ չի յայտ­նո­ւիր, բնաւ չի յայտ­նա­բե­րո­ւիր։ (­Կը ստանձ­նեմ այս վար­կա­ծին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը)։
Չ­մոռ­նաք. ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­յին բռնա­տի­րու­թեան վար­չա­կարգ մըն էր, որ այ­լեւս չէր յաղ­թեր։ ­Հի­մա՝ ան­ցեա­լի փայ­տեայ ո­ճը, միակ­տուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը պար­տադ­րած ու պար­տադ­րո­ւած ճնշու­մը, գրա­կա­նու­թեան գրե­լա­ձե­ւը, բա­նա­ւոր խօ­սե­լա­ձե­ւը, յայտ­նի թէ քո­ղար­կո­ւած ա­ռօ­րեան՝ էջ կը դարձ­նէին։

Ար­դի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն բարդ հանգ­րո­ւա­նին առ­ջեւ կը գտնուէինք։ ­Հին ամ­րոց մը կը տա­պա­լէր, նո­րը պէտք է կա­ռու­ցո­ւէր։ ­Մե­նաշ­նորհ­նե­րը պէտք չէ յաղ­թէին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։ ­Նոր ամ­րո­ցին հա­մար ա­մուր շի­նա­նիւթ պէտք էր։ ­Նոր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը դի­մա­գիծ պէտք է ստա­նար։ ­Բայց ինչ­պէ՞ս կ­’ըլ­լար այս նոր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը. զգա­ցու­մո՞վ, խիղ­ճո՞վ։ Ե­կէք պար­զաց­նենք. եր­կու­քո՛վ ալ կ­’ըլ­լայ, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րե­րու կա­րի­քը պո­ռո­տա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ եւ սո­փես­տա­կան վեր­լու­ծում­նե­րէ ա­ւե­լին կը պա­հան­ջէր, քա­նի պէտք էր հա­ւատք ու­նե­նալ ոչ միայն ա­ռա­ւել, այլ նաեւ նո­ւազ բա­նե­րու հա­մար ալ։

Եւ այս­պէս, փո­խո­ւե­ցաւ շատ բան։ ­Յա­մա­ռօ­րէն չփո­խո­ւե­ցաւ սա­կայն օ­տա­րա­մուտ բա­ռե­րու եւ ա­սոյթ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, կար­ծես այդ բա­ռե­րով մին­չեւ այ­սօր, ա­ւե­լի ճիշդ, կամ ուղ­ղա­միտ ըմբռնու­մով իւ­րա­քան­չիւ­րը կ­’ար­տա­յայ­տէր իր դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­ւան­դա­կան կրթու­թիւնն ու լե­զո­ւամ­շա­կու­թա­յին մտո­րում­նե­րը։ Այս մէ­կը, ան­կա­խու­թե­նէն վերջ՝ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ցան­կին մէջ գրան­ցո­ւած չէր։ ­Կը թո­ւի, թէ հմտա­ցած լե­զո­ւա­գէտ ա­կա­դե­մի­կոս­նե­րու լայն ժպի­տով խոս­տում­նե­րը նո­ւա­ճում­նե­րու ոս­կեայ տետ­րին մէջ ալ ար­ձա­նագ­րո­ւած չէին։ ­Մե՜ղք։

Ինչ որ սո­վե­տի օ­րով հա­յու ձեռ­քով ու հան­ճա­րով կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ, օգ­տա­կար մնաց մեր հայ­րե­նի­քին։ Եւ այս լա­ւա­տես ժա­ռան­գու­թե­նէն կազ­մա­ւո­րո­ւած մտա­ծումն ու զգա­ցու­մը, իր քա­ղա­քա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան ի­մաս­տով, ար­ժա­նի տեղ կը գրա­ւեն մեր պատ­մագ­րու­թեան մէջ։ ­Թո՛ղ այդ­պէս ըլ­լայ. թո՛ղ այդ­պէս մնայ։ Ե­կէ՛ք չշփո­թենք ան­ցեա­լը ներ­կա­յին հետ։ Ե­կէք, նա­խաեղ­բայ­րաս­պան կռիւ­նե­րու նոր դուռ չբա­նանք։ ­Հա­սա­րա­կաց տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ յար­մա­րիլ ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ եւ բա­նանք կաթ­սան, որ­պէս­զի շո­գին դուրս ել­լէ։ Ե­կէք, պատ­մու­թիւ­նը կար­դանք ցած ձայ­նով եւ ոչ թէ յո­խոր­տա­լից աղմ­կա­րա­րու­թեամբ։ Ար­դէն թո­քե­րը սպա­ռե­լու չափ ինք­զինք գո­վեր­գող­նե­րու շրջա­նը ան­ցած էր։ Այ­լեւս ­Լե­նին, Ս­թա­լին, ­Մարքս դադ­րած էին լայն զան­գո­ւած­նե­րուն ի­րենց պատ­գամ­նե­րը ներշն­չե­լէ։

­Յետ խորհր­դա­յին ա­ռա­ջին շրջա­նէն իսկ՝ մի­տում­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը վերջ գտաւ ու նոր մեկ­նա­կէ­տով, նոր սկզբունք­նե­րով ու թի­րախ­նե­րով ձեռ­նար­կո­ւե­ցան պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռու­ցումն ու կազ­մա­ւո­րու­մը ա­րագ թա­փով, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով ու հե­ռան­կար­նե­րով։ ­Հին բա­ռե­րը մա­շե­ցան ան­գութ ժա­մա­նա­կին մէջ եւ փո­խա­րինուե­ցան ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաստ­նե­րով։

­Հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր ի­րա­կա­նու­թեան ու ճշմար­տու­թեան նոր հանգրուա­նի մը տա­րած­քին առ­ջեւ։ Ան­կա­խու­թեան նո­րա­տունկ ծա­ռը պի­տի ջրո­ւէր ա­ռատ ու մա­քուր ջու­րով, հի­նին վրայ նո­րի պատուաս­տու­մով, ա­նոր խառ­նուր­դէն քա­ղո­ւե­լիք հա­մեղ նոր պտու­ղի մը ա­խոր­ժա­կով։ Ան­կա­խու­թիւ­նը ազ­գի նոր զա­ւակ­ներ պի­տի ձե­ւա­ւո­րէր։

Աշ­խար­հի ամ­բող­ջա­տի­րա­կան բո­լոր վար­չա­կար­գե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են օր մը չքա­նա­լու։ Ո­րե­ւէ բռնու­թիւն ու բռնա­տի­րու­թիւն ի վի­ճա­կի չէ ար­գի­լե­լու՝ ա­զատ զգա­ցող մար­դոց, որ ներշն­չու­մով ի­րենց նա­յո­ւած­քը ուղ­ղեն դէ­պի ա­պա­գայ։ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը ծնի ու կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի հին վար­չա­կար­գե­րու վրայ հաս­տա­տո­ւած փոր­ձա­ռու­թեամբ, ժո­ղո­վուր­դը նոր կեան­քի նա­խա­պատ­րաս­տե­լու հա­մար։

­Թե­րեւս, ու­րիշ բա­նե­րու ա­ռըն­թեր, այս մէկն ալ ուշ չէր, նոր ե­կող եր­կա­թեայ սե­րուն­դի մը հա­մար։ ­Խե­լա­ցու­թիւն չէ պնդել գա­ղա­փար­նե­րու վրայ, ո­րոնց սխալ ըլ­լա­լը փաս­տո­ւե­ցաւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին։ Ան­գի­տու­թեան վար­կա­ծը ինք­զինք չ­’ար­դա­րաց­ներ, քա­նի պատ­մու­թեան մէջ մե­ծա­գոյն ազ­գա­յին վնաստ­նե­րը կը կու­տա­կո­ւին ի­րա­րու վրայ ժա­մա­նա­կին մէջ, եւ ծա­նօթ կը դառ­նան ա­ւե­լի ուշ, երբ այ­լեւս շատ ուշ կ­’ըլ­լայ։

­Հի­մա, երբ 25ա­մեա­կը կը յի­շեց­նէ, թէ այս հանգ­րո­ւանն ալ բո­լո­րե­լու վրայ ենք, հարց տանք կրկին ան­գամ.- Ի՞նչ տե­սակ հայ­րե­նիք մը կ­’ու­զենք։ Ի՞նչ տե­սակ ան­կա­խու­թիւն մը կ­’ու­զենք։ ­Չէ­զո՞ք ան­կա­խու­թիւն մը։
­Մեր նոր ներ­կան՝ հին ներ­կա­յի վե­րա­դա՞րձն էր։ ­Տե­սա՞կ մը։ Ս­տո­րագ­նա­հատուած, թէ գեր-գնա­հա­տո­ւած։
Ան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քը միայն աշ­խար­հագ­րա­կան դիրք չէ, միայն հետք չէ. նաեւ ու մա­նա­ւանդ գա­ղա­փար է, քա­ղա­քա­կան մշա­կոյթ է։

­Հի­մա որ այ­լեւս ան­մե­ղու­թեան տա­րի­նե­րը վերջ գտան, ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վեր­ջա­նայ ազ­գա­յին մեր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան սահ­մա­նին գի­ծը։ Ի­րօք, ի՞նչ է ազ­գի ու ժո­ղո­վուր­դի սահ­մա­նը։ Ի՞նչ կը պա­տա­հի, ե­թէ ժո­ղո­վուր­դէ մը իր ի­տէա­լը վերց­նես եւ մնա­ցեալ գա­ղա­փա­րա­կան բո­լոր բո­վան­դա­կա­յին ի­մաստ­նե­րը չէ­զո­քա­նան։ ­Պէտք է պնդենք այն բա­նե­րուն հա­մար, որ այ­սօր կ­’ան­տե­սո­ւին։
­Թե­րեւս, շատ մը ը­սե­լիք­ներ կան, որ այս պա­հուս իմ ու­շադ­րու­թե­նէն կը վրի­պին, կամ ալ՝ շատ պատ­շաճ չէ ներ­կայ գրու­թեան մէջ ա­պա­տես­լա­կա­նա­ցած հար­ցեր ար­ծար­ծե­լու, այս շար­ժուն ու յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հին մէջ։
­Գի­տենք, որ պատ­մու­թիւ­նը կը դաշ­նակ­ցի վճռա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն հետ։ ­Կը ճանչ­նանք այդ բնո­րո­շու­մը։ Ազ­գի քա­ղա­քակր­թա­կան ժա­ռան­գու­թե­նէն կու­գայ։

Ուս­տի՝ անհ­րա­ժեշտ է հայ­րե­նի­քէն ներս վե­րաբ­նա­կեց­նել ար­դա­րու­թիւ­նը եւ միան­գամ ընդ­միշտ վա­նել խա­ւա­րամ­տու­թիւ­նը։ ­Հա­ւա­տա­ցէք, այս մէ­կը ազ­գա­յին մնա­յուն ար­ժէք­նե­րու վե­րա­հաս­տա­տու­մով կ­’ըլ­լայ, ի՛նչ ալ ըլ­լան ա­նոր գինն ու փրկա­գի­նը, ո­րով­հե­տեւ յա­ճա­խոր­դա­յին շա­հա­դի­տու­թիւն­նե­րու գո­հա­ցում տո­ւող ընդ­յա­տա­կեայ մի­տում­նե­րով չի բա­րե­լա­ւո­ւիր երկ­րի մը թա­փան­ցիկ ըլ­լա­լու կո­չո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­տոնք ժա­մա­նա­կա­ւոր պա­տո­ւաստ­ներ են, որ թո­ւա­կա­նի ա­ւարտ կ­’ու­նե­նան, ուս­տի եւ՝ վերջ։
­Մա­քուր օդ. պա­տու­հան­նե­րը բա­ցէք։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փակ ա­կումբ­ներ չեն, մա­նա­ւանդ պա­տե­րազ­մի շրջա­նին։ ­Նաեւ՝ պա­տե­րազ­մէն վերջ։

­Շատ մեծ ի­մաս­տու­թիւն չ­’ու­զեր հաս­տա­տե­լու հա­մար, որ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու մէջ, լա­ւե­րուն քով վնա­սա­կար­ներն ալ կը վխտան։ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն­նե­րը, երբ կը բա­րե­փո­խո­ւին, թո՛ղ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը չտան, թէ ա­նոնք պի­տի սրբագ­րեն երկ­րի մը, պե­տու­թեան մը, բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րը, նոյ­նիսկ ա­նոնք, ո­րոնք ­Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն ալ չեն յա­ռա­ջա­նար։ Ս­խալ­նե­րը ի­մաս­տու­թիւն կը բե­րեն ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց հո­ղը կը մարմ­նա­ւո­րեն։
Այս ի­մաս­տով ալ, երբ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» բա­ռը մեծ դիւ­րու­թեամբ կը գոր­ծա­ծեն, մէջս այն հա­մո­զու­մը կը գո­յա­նայ, թէ գէշ բան մը պի­տի պա­տա­հի։ ­Քա­րոզ­չու­թիւ­նը իր կար­ծի­քը կը պար­տադ­րէ։
­Յար­գե­լի ըն­թեր­ցող, յանդգ­նու­թեան ան­գի­տու­թիւ­նը չ­’օ­րի­նա­կա­նաց­ներ ազ­գա­յին տագ­նապ­նե­րու ծա­ւա­լէն յա­ռա­ջա­ցող քա­ղա­քա­կան այ­լա­մեր­ժու­թիւ­նը, ոչ ալ ազ­գա­յին մնա­յուն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ։

­Լաւ ի­մա­նանք բո­լորս. ­Հա­յաս­տա­նը մեր բո­լո­րին պա­տաս­խանն է, նոյ­նիսկ երբ մեր ­Հա­յաս­տա­նը յա­ճախ թե­լէ մը կը կա­խո­ւի։
Ե­կէ՛ք, յա­ռա­ջա­նանք լուռ եղ­բայ­րու­թեամբ։ ­Ժա­մա­նա­կա­կից հար­ցե­րը թո­ւա­կան չու­նին, ոչ ալ սկիզբ ու վերջ։ ­Մենք է, որ կը ճշդենք ա­նոր սկիզ­բը, մի­ջու­կը եւ վեր­ջը։ Լ­ռու­թեան օ­րէն­քը ի­մաս­տու­թեան վե­րա­ծենք։
­Հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան քայ­լեր առ­նե­լը կա­րե­ւոր է՝ հա­կա­յի­շո­ղու­թեան դէմ։ ­Յի­շո­ղու­թեան ա­ռաս­պե­լը այն է, որ կը սպսենք. այ­սինքն՝ յի­շո­ղու­թեան մղձա­ւան­ջը, ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն ազ­գա­յին նա­խա­պա­շա­րու­մի։

­Սե­րունդ­նե­րու վե­րար­տադ­րու­թեան հար­ցին մէջ՝ փո­խանց­ման ժա­մա­նակ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եր­բեք լրջու­թեամբ չվա­րո­ւե­ցան։ ­Հե­ռան­կա­րա­յին թի­րախ­ներ ու­նե­ցող ներշն­չող ու ներշն­չո­ւող մար­դիկ պակ­սե­ցան։ ­Թե­րեւս չփնտռե­ցինք։ ­Մա­շած­նե­րուն ու ա­ղա­ւա­ղո­ւած­նե­րուն բազ­կա­թոռ­ներ տո­ւինք։ ­Հի­մա՝ այդ ընտ­րան­քին հե­տե­ւանք­նե­րը կը կրենք շեշ­տա­կիօ­րէն։ ­Լաւ է ընտ­րե­լու ի­մաս­տու­թիւն ու­նե­նալ եւ ճի՛շ­դը զա­նա­զա­նել։

­Մեր կեան­քին մէջ ցա­ւա­լի պատ­մու­թիւն­ներ ան­հա­մար են, մօ­տիկ ան­ցեա­լին, թէ այ­սօ՛ր։ Այդ ալ գո­յա­պաշ­տա­կան մեր լուրջ հար­ցե­րէն մէկն է։
­Ժա­մա­նա­կը ա­մէն ինչ չի բու­ժեր եւ ան­ցեա­լին հետ բա­խու­մը միշտ ալ առ­կայ պի­տի մնայ, քա­նի յա­ճախ հա­մա­ձայն կ­’ըլ­լանք ան­հա­մա­ձայն բա­նե­րու մա­սին։
­Մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող տես­լա­կա­նը շատ եր­կար է։ ­Քար­տէս մը՝ ո­րուն վրայ ա­նուն­ներ ու «կէ­տիկ»ներ պէտք է նշենք, քա­ղա­քա­կան ի­րա­տե­սու­թեամբ։ ­Հար­ցը այն­քան ալ պարզ չէ։ Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը մար­զէ մեր միտ­քը։

­Քար­տէ­սին վրայ տեղ ու­նե­նա­լու ար­ժէ­քը լաւ պէտք է հասկ­նանք եւ ա­ւե­լի լաւ պէտք է հասկց­նենք։ Բ­նա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը մեզ պէտք է ա­ռաջ­նոր­դէ, քա­նի ­Հայ­րե­նի­քը հոս էր, հոս է, եւ հոս պէտք է ըլ­լայ...։
Ա­հա՛, հա­շո­ւի առ­նո­ւե­լիք ընտ­րանք մը դէ­պի ե­րա­զա­յին աշ­խարհ­ներ, որ­պէս­զի նոր աշ­խար­հի մը դրօ­շը պար­զո­ւի։
Երբ որ չես գի­տեր, թէ ո՛ւր կ­’եր­թաս, բո­լոր ճամ­բա­նե­րը նոյն տե­ղը կը տա­նին։

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ