­altԿը տօ­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման 25ա­մեա­կը։

 

 

Կը նշենք 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի դա­րա­կազ­միկ հան­րա­քո­ւէին տա­րե­դար­ձը՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն ձայն տա­լով ի­րա­րու եւ ուխ­տե­լով Ա­րա­րա­տին, որ «Սր­բա­զան լեռ, պի­տի հաս­նի՛նք կա­տա­րիդ»։

­Չենք կրնար ան­տե­սել, որ ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը կը տօ­նենք դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ` խառն մտա­ծում­նե­րով ու անձ­կու­թեան հո­գե­րով ծան­րա­բեռն մթնո­լոր­տի մը մէջ։
Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը եւ ­Յու­լի­սեան «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ու յու­սա­հա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը մթագ­նե­ցին հա­յաշ­խար­հի հո­րի­զո­նը։
21րդ ­դա­րուն եւս ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը զրկո­ւած կը մնան ազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին տար­րա­կան ե­րաշ­խի­քէ։

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրո­հը, հա­կա­ռակ որ ճզմո­ւե­ցաւ իր սաղ­մին մէջ, յա­մե­նայն­դէպս ա­հա­զան­գի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ եւ սթա­փե­ցուց հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը՝ շեշ­տե­լով, որ ի­րա­ւունք չու­նինք ան­պատ­րաստ գտնո­ւե­լու Ար­ցա­խի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին սպառ­նա­ցող վտան­գին դէմ յան­դի­ման։

Իսկ սե­փա­կան երկ­րի իշ­խա­նու­թեան դէմ զէնք բարձ­րաց­նե­լու «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ուն յու­սա­հա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ներ­քին գա­լա­րու­մի մատ­նող հա­կա­սու­թիւն­ներն ու հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու եւ մեր պե­տա­կան տու­նը կար­գի բե­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տե­լով։

Ա­հա՛ այ­սօ­րի­նակ անձ­կու­թեան մէջ կը տօ­նենք ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 25ա­մեա­կը՝ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միաս­նու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին տէր կանգ­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լով։
Ա­յո՛, կը վե­րա­նո­րո­գենք պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու մեր ազ­գա­յին վճռա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ 25 տա­րո­ւան կեն­սա­փոր­ձով մեր սե­րունդ­նե­րը ի­րենց հեր­թին ամ­րագ­րե­ցին, որ ան­կա­խու­թիւ­նը ան­փո­խա­րի­նե­լի՛ կռո­ւանն է ոե­ւէ ազ­գի, յատ­կա­պէս մեր փոքր ա­ծո­ւի ա­զատ ապ­րե­լու եւ հա­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մի ար­ժա­նա­նա­լու անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին նո­ւի­րա­գործ­ման։

1988ի Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շղթա­յա­զեր­ծու­մէն մին­չեւ 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը` հայ­րե­նի հա­յու­թեան հետ ողջ մեր ժո­ղո­վուր­դը օր­հա­սա­կան տա­րո­ղու­թեամբ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ կրցաւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս դի­մագ­րա­ւել։ ­Յա­նուն Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման` հա­զա­րա­ւոր­նե­րու ա­րիւն նո­ւի­րա­բե­րեց մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս­զի անտեղիտալիօրէն տէր կանգ­նի իր ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ գե­րա­գոյն շա­հե­րուն։

­Նոյն­քան ծանր փոր­ձու­թիւն­ներ հայ ժո­ղո­վուր­դը դի­մագ­րա­ւեց իր ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման սի­րոյն։ ­Վայ­րի հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան բազ­մա­պի­սի խոր­շակ­նե­րուն դի­մա­ցաւ, ծայ­րա­յեղ թշո­ւա­ռաց­ման ու աղ­քա­տաց­ման մութ ու ցուրտ գի­շեր­նե­րը հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ ան­ցուց, հայ­րե­նի­քը պար­պող ար­տա­գաղ­թի կոր­ծա­նա­րար ա­լի­քէն վե­րապ­րե­ցաւ, բայց ոչ մէկ պա­րա­գա­յի նա­հան­ջեց ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու իր ընտ­րան­քէն, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ` Ար­ցա­խը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­նարգ լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւած տես­նե­լու իր վճռա­կա­նու­թե­նէն։

Զր­կանք­նե­րու եւ փոր­ձու­թեանց այդ­քա՜ն դժո­ւա­րին ճա­նա­պարհ կտրած ­Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նի են լիար­ժէք ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան։ ­Կան­խիկ վճա­րած են վե­րան­կա­խաց­ման գի­նը եւ հար­կադ­րո­ւած չեն ո­րե­ւէ տուրք, յատ­կա­պէս յա­ւե­լեա՜լ տուրք վճա­րե­լու։
­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րը նո­ւա­ճե­լու պայ­քա­րին ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի՛քն է ան­կա­խու­թիւ­նը, որ չի կրնար պա­տանդ վեր­ցո­ւիլ ո­րե­ւէ ու­ժի, յատ­կա­պէս սե­փա­կան երկ­րի իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։

­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 25 տա­րի­նե­րը, բա­զում զրկանք եւ տա­ռա­պանք յաղ­թա­հա­րե­լու գնով, ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ռազ­մի դաշ­տե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ կո­փե­ցին ան­փո­խա­րի­նե­լին ա­մէն կար­գի թշնա­միի դէմ պաշտ­պա­նե­լու, նոյ­նիսկ ներ­քին ցե­ցե­րու չա­րի­քէն ձեր­բա­զա­տե­լու պայ­քա­րու­նակ ո­գին։
Ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը կը տօ­նենք ա­հա ա՛յս վճռա­կա­նու­թեամբ՝ ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան հա­սու­նաց­ման ճամ­բով հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման ա­ռաջ­նոր­դե­լու, ներ­կայ ա­րա­տա­ւոր վար­չա­կար­գէն ձեր­բա­զա­տե­լու եւ սե­փա­կան ու­ժե­րով հզօ­րաց­նե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ։