Արձակուրդի մի քանի օրերը Յունաստան անցնելու համար, Աթէնքի օդանաւակայանը կը հասնիմ, առաւօտ մը։ Առաջին տպաւորութիւն.- Մաքրութիւն, կարգ-կանոն, ճշդապահութիւն։
Մաքսատան պաշտօնեայ մը, որ հաւանաբար բեռնակիր մըն է, իր ծառայութիւնը կ’առաջարկէ.
- Թոյլ կուտա՞ք, որ ձեր պայուսակները փոխադրեմ։
Վարձատրութիւն մը կ’առաջարկեմ ու... կը մերժէ՜, ժպտելով.
- Շնորհաակալ եմ, հարկ չկա՜յ։
Հայկ չկա՞յ։ Բաւական լաւ կը ճանչնամ երբեմնի Յունաստանը, ուր ոչ թէ պայուսակ մը, այլ յաճախ թուղթի կտոր մը տեղէն չէր շարժեր, առանց «նուէր»ի...
Մի քանի վայրկեանէն, ամէն գործ կը վերջանայ... Անցագրի քննութիւն, պայուսակ կամ օտար դրամ...
Յոյն բարեկամ մը կը գանգատէր.
- Ժամ մըն է կօշիկ ներկող մը կը փնտռեմ, եւ չկա՜յ։ Տարիներ առաջ, ոտքերուս կը պլլուէին ներկարարները՝ «քիրիոս, քիրիոս» պոռալով.
- Բողկավաճառ մըն ալ չտեսայ,- կ’աւելցնէ տիկին մը։ Ուր են կոկորդ պատռելով բոկեղ ծախող տղաքը, մեծերը...
- Ամէնքը իրենց գործերը ունին հիմա, եւ եթէ քիչ մը դժգոհին, կ’ելլեն Արեւմտեան Գերմանիա կ’երթան, աշխատելու... կը պատասխանէ տեղացի մը։
Աթէնք մեծցա՜ծ է, աւելի գեղեցկացած, ու կը տարածուի դէպի շրջակայքը։ Լիկապիթոսի եւ Ակրոպոլիսի բարձրունքներէն հեթանոս աստուածներ կը զգացնե՜ն կարծէք իրենց ներկայութիւնը... Պատմութիւնը, առասպելները քարացած, հնութիւններու մէջ «կը խօսին» եւ այցելուները կը հրաւիրեն վերապրելու քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի այս անզուգական օրրանին՝ Աթէնքի փառքը...
Այս մթնոլորտին մէջ, անվիճելի կը նկատուի՝ նոր ժամանակներու հելլէն մեծ բանաստեղծ Փալամասի մտածումը.
- Ստեղծագործ Ոգին կը ճառագայթէ՝ նոյնիսկ հողին տակ։
Աթէնքի թանգարանները լեցուն են, այս մտածումը փաստող զմայլելի հնութիւններով։ Ստեղծագործ Ոգին, Միտքը կը վերապրին, արդարեւ, բարբարոսներու նախճիրներէն...
Մեծագոյն գոհունակութիւնն է այս հաստատումը, որ Աթէնք, իր շքեղ հնութիւններով եւ ծաղկող վերածնունդով, կ’ընծայէ այցելուին։
Արագիլը բոյն կը շինէ...
Էվրոս գետը (նախկին Մարիցան) կը բաժնէ Թրակիան երկուքի, արեւելեան մասը Թուրքիոյ կը պատկանի, արեւմտեանը՝ Յունաստանի։
Մեծ մասամբ մշակուած են դաշտերը յունական Թրակիոյ մէջ, իսկ դիմացը՝ թուրքերը հանգիստ կը ձգեն գորտերն ու օձերը... ճախճախուտներու մէջ։
Արագիլը կը թափառի երկու կողմերուն վրայ, մարդոցմէ աւելի բախտաւոր, իրեն համար արուեստական սահման գոյութիւն չունի...
Թրակիա՜... ժողովուրդներու պատմական ճամբայ մը, ուրկէ անցեր են նաեւ Արմէնները, Հայութիւնը ամբողջացնելով Նայիրեան աշխարհին մէջ։
Այս գետին մօտ գտնուող փոքր քաղաքները ունեցած են հայ բնակիչներ, որոնց թիւը անհամեմատ կերպով բազմացաւ, Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք։ Հիմա, մնացեր են փոքրաթիւ հայեր միայն։ Դպրոց, եկեղեցի ընդհանրապէս փակ, եւ եկեղեցին կը բացուի միայն, մասնաւոր օրերու...
Եւ սակայն, հայը կը շինէ՜...
- Ասիկա մեր նոր տունը պիտի ըլլայ,- կ’ըսէ վաղեմի ծանօթ մը եւ ցոյց կուտայ կիսաւարտ շէնք մը, բարձրահայեաց, որուն առջեւ կը բացուին, հեռո՜ւն, թրքական եւ նոյնիսկ պուլկարական սահմանները...
- Մեր նոր տո՜ւնը պիտի ըլլայ...,- կ’ըսէ գոհունակութեամբ։
Իսկ այցելուն կը խորհի, թէ քանի՞ հայ մնացեր է այս հողերուն վրայ, որպէսզի հայ տունը արդարանայ, իր բարձահայեաց դիրքով... առանց ծաղկող հայ կեանքի, ազգային վերելքի...
Ճամբուս վրայ կը տեսնեմ բերդերու աւերակներ, բիւզանդական կամ հռոմէական շրջաններէ մնացած, որոնք կը տիրեն տակաւին իրենց ամայի շրջապատին։
Արագիլ մը կեցած է բերդի մը աւերակներուն վրայ, եւ իր բոյնով ու ձագերով, կեանքի ներկայութիւնը կը զգացնէ, անտարբեր՝ ժամանակի հարուածներուն ու քանդումին։
Տեղ-տեղ, մեր հայրենակիցներն ալ, իրենց նօսրացող շրջապատին մէջ, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը ամրացնել, ժամանակէն քանդուող՝ հայկական երբեմնի «բերդերուն» վրայ...
ԳԻՍԱՒՈՐ - Պոսթըն
«Ազատ Օր», 9-9-1972 եւ 11-9-1972
Սիւնակը կը պատրաստէ ՄԻՆՍԱՐ