­altՍու­րիան ե­ղած է մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան տա­րաբ­նոյթ դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն 2011ի «քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազմ»ի սկիզ­բէն ի վեր: ­Զա­նա­զան հա­կա­մար­տող կող­մե­րէն են ­Հըզ­պալ­լան, Ի­րա­նը, «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը (ԻԼԻՊ), Իս­րա­յէ­

լը, ­Յոր­դա­նա­նը, քիւրտ զի­նեալ­նե­րը, ­Լի­բա­նա­նը, ­Քա­թա­րը, ­Ռու­սիան, ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան, այ­լա­զան ա­հա­բե­կիչ­ներ աշ­խար­հի չորս կող­մէն, ­Սու­րիան, սու­րիա­կան ընդ­դի­մա­դիր խում­բե­րը, ­Թուր­քիան, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը եւ ՆԱԹՕի այլ պե­տու­թիւն­ներ:

­Վեր­ջին չա­րա­գու­շակ զար­գա­ցու­մը թրքա­կան ներ­խու­ժումն էր ­Սու­րիոյ սահ­մա­նա­մերձ ­Ճա­րապ­լուս քա­ղա­քը, որ գրա­ւո­ւած էր ԻԼԻ­Պի կող­մէ: ­Սա­կայն, հա­կա­ռակ թրքա­կան ծա­նու­ցու­մին, ­Թուր­քիոյ զի­նու­ժը ­Սու­րիա չէր ներ­խու­ժած ԻԼԻ­Պը դուրս մղե­լու հա­մար, իսկ ա­մե­րի­կեան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ­Ճա­րապ­լու­սի վրայ ռում­բեր չեն նե­տած թրքա­կան զօր­քե­րուն յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար` ըստ ­Գո­լոմ­պիա­յի հա­մալ­սա­րա­նի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու­սում­նա­րա­նի խա­ղա­ղա­շի­նու­թեան եւ ի­րա­ւունք­նե­րու ծրա­գի­րի ղե­կա­վար ­Տէյ­վիտ ­Ֆի­լիփ­սի: ­Ֆի­լիփս, իբ­րեւ ա­ւագ խորհր­դա­կա­նի եւ ար­տա­քին հար­ցե­րով մաս­նա­գէ­տի, աշ­խա­տած է Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քին մէջ՝ նա­խա­գահ­ներ Ք­լին­թը­նի, ­Պու­շի եւ Օ­պա­մա­յի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ:

­Թուր­քիոյ իս­կա­կան ծրա­գիր­ներն էին կան­խել ­Սու­րիոյ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան հա­տո­ւա­ծին YPGի («­Ժո­ղովր­դա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ջո­կատ­ներ») քիւրտ զի­նեալ­նե­րու հե­տա­գայ յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը, ո­րոնք ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­մե­նավս­տա­հե­լի ռազ­մա­կան դաշ­նա­կից­ներն էին ԻԼԻ­Պի դէմ պայ­քա­րին ժա­մա­նակ, մինչ­դեռ Էր­տո­ղա­նը ա­նոնց կ­՝ա­նո­ւա­նէ YPGի «ա­հա­բե­կիչ­ներ»:
­Ֆի­լիփ­սը Huffington Postի իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ բա­ցա­յայ­տած է, որ «թրքա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն վա­յե­լող իս­լա­մա­կան­նե­րը եր­բեք չեն բա­խած ԻԼԻ­Պի հետ, այս­պէս կո­չո­ւած՝ ­Ճա­րապ­լու­սի հա­մար մղո­ւող մար­տին:

­Ներ­խու­ժու­մէն ա­ռաջ, Ան­գա­րան գոր­ծար­քի մէջ մտած է «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» հետ: ­Դի­մադ­րե­լու փո­խա­րէն՝ ԻԼԻ­Պի զի­նո­ւած ու­ժե­րը պար­զա­պէս փո­խած են ի­րենց հան­դեր­ձան­քը «սու­րիա­կան ա­զատ բա­նակ»ի (FSA) հա­մազ­գես­տով: ­Ճա­րապ­լու­սը ԻԼԻ­Պէն «ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ» գրե­թէ ա­ռանց կրա­կո­ցի»: ԻԼԻ­Պը, նախ­քան թրքա­կան ու­ժե­րու ներ­խու­ժու­մը, ­Ճա­րապ­լու­սէն տար­հա­նած էր բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ չէր ու­զեր, որ «խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը ճանչ­նա­յին FSAի ան­դամ­նե­րու հան­դեր­ձան­քով ԻԼԻ­Պի աշ­խոյժ զի­նեալ­նե­րը»,- գրած է ­Ֆի­լիփս:
«­Զար­մա­նա­լի չէ, որ Էր­տո­ղա­նը եւ ԻԼԻ­Պը գոր­ծարք կնքած են:

ԻԼԻ­Պը եւ Էր­տո­ղա­նի Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կից են»,- կը պնդէ ­Ֆի­լիփս, քա­նի որ եր­կուքն ալ «Իս­լամ Եղ­բայր­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ճիւ­ղերն են: Չ­նա­յած պաշ­տօ­նա­կան հեր­քում­նե­րուն` մեծ թի­ւով ա­պա­ցոյց­ներ կան, որ ­Թուր­քիան 2014 թո­ւա­կա­նէն ի վեր զէնք եւ դրա­մա­կան ու կազ­մա­կերպ­չա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րած է իս­լա­մա­կան­նե­րուն ­Սու­րիոյ մէջ: ­Թուր­քիան նաեւ նիւ­թա­պէս ա­պա­հո­ված է «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը` փո­խադ­րե­լով ա­նոր քա­րիւ­ղը եւ զայն վա­ճա­ռե­լով մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ: Ա­մէն ա­միս մօտ 500 իս­լա­մա­կան զի­նեալ­ներ կը շա­րու­նա­կեն ­Թուր­քիա­յէն տա­րան­ցիկ ճա­նա­պար­հով փո­խադ­րո­ւիլ ­Սու­րիա»:

­Թուրք ղե­կա­վար­նե­րը ա­մէ­նե­ւին չեն թաքց­ներ ի­րենց ի­րա­կան նպա­տա­կը: Էր­տո­ղա­նը յայ­տա­րա­րած է, որ կը ձգտի հե­տապն­դե­լու YPGին եւ «մեր երկ­րին սպառ­նա­ցող ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րուն»: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեւ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լուն խոս­տա­ցած է, որ Ան­գա­րան պի­տի ը­նէ «անհ­րա­ժեշտ ա­մէն ինչ», որ­պէս­զի քիւրտ զի­նեալ­նե­րը հե­ռու պա­հէ ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն:
Ո­ւա­շինկ­թը­նը գոհ չէ ­Թուր­քիոյ սխալ ուղ­ղու­թեամբ ըն­թա­ցող ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ­Սու­րիոյ հիւ­սի­սը: ­Փեն­թա­կո­նի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար Պ­րետ ­Մագ­կըրգ ը­սած է CNNին.- «­Թուր­քե­րուն եր­բեք չէ հե­տաքրք­րած ­Ճա­րապ­լու­սը` մին­չեւ քիւր­տե­րը ու­զե­ցին հաս­նիլ այն­տեղ»:

Թր­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րը քիւր­տե­րու վրայ ­Մագ­կըրգ ա­նո­ւա­նած է «ա­նըն­դու­նե­լի եւ խոր մտա­հո­գու­թեան աղ­բիւր» ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­մար:
Veterans Todayի խմբա­գի­րը եւս խստօ­րէն քննա­դա­տած է թրքա­կան ներ­խու­ժու­մը ­Սու­րիա, ինչ­պէս ար­տա­ցո­լո­ւած է ա­նոր ծաղ­րա­կան բա­ցատ­րու­թեան մէջ. «Թր­քա­կան զօր­քե­րը, ո­րոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ ե­ղած են ­Սու­րիոյ մէջ ԻԼԻ­Պի հան­դեր­ձան­քով, պար­զա­պէս գա­ցած էին տուն` ­Թուր­քիա, լաւ լոգ­ցած, սափ­րո­ւած, հա­գած ի­րենց թրքա­կան հա­մազ­գես­տը, ա­պա՝ վե­րա­դար­ձած ­Սու­րիա»:

­Սու­րիա­ցի զի­նեալ ­Սաա­տէտ­տին ­Սո­մաան, որ միա­ցած էր թրքա­կան ներ­խուժ­ման ­Սու­րիոյ մէջ, իր հիաս­թա­փու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տած է «­Նիւ Եորք ­Թայմզ»ին` ԻԼԻ­Պի եւ ­Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան փո­խա­րէն քիւր­տե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ մո­լո­րու­թեամբ ներ­քա­շո­ւե­լու հա­մար: «­Բո­լո­րը կը հե­տապն­դեն ի­րենց սե­փա­կան շա­հե­րը, այլ ոչ թէ ­Սու­րիոյ»,- դժգո­հած է ­Սո­մաան:

«­Նիւ Եորք ­Թայմզ»ի յօ­դո­ւա­ծին մէջ կ­՝ընդգ­ծո­ւի, որ ապս­տամբ խում­բե­րը ներ­քին պայ­քար­նե­րու պատ­ճա­ռով «կրնան ու­ժեղ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կո­ւիլ, որ ա­նոնք, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին թրքա­կան կամ ա­մե­րի­կեան գոր­ծա­կալ­ներ են, իսկ վա­տա­գոյն պա­րա­գա­յին` ԻԼԻ­Պի դաշ­նա­կից­ներ»: ­Բա­ցի այդ, «­Թուր­քիոյ օ­դա­յին հա­րո­ւած­նե­րէն սպան­նո­ւած էին 35 խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ քիւրտ զի­նեալ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող գիւ­ղե­րու մէջ:

Իսկ հա­մա­ցան­ցի վրայ տե­ղադ­րո­ւած տե­սա­հո­լո­վա­կէն կ­՝ե­րե­ւէր, թէ ինչ­պէս ապս­տամբ­նե­րը ոտ­քե­րով կը հա­րո­ւա­ծէին քրտա­կան զի­նեալ­նե­րու բան­տար­կեալ­նե­րը»: Ո­րոշ զի­նեալ­ներ, ո­րոնք ու­ղեկ­ցած էին թրքա­կան զօր­քե­րուն ­Սու­րիա ներ­խուժ­ման ժա­մա­նակ, ինչ­պէս ­Նու­րըտ­տին ալ-­Զին­քի ան­դամ­նե­րը, «մե­ղադ­րո­ւե­ցան «Ալ-­Քա­՛ի­տա»ի հետ առն­չու­թիւն ու­նե­ցող խում­բե­րուն հետ կա­պեր ու­նե­նա­լուն մէջ եւ խստօ­րէն դա­տա­պար­տո­ւե­ցան, երբ խումբ մը զի­նեալ­ներ տե­սագ­րած էին ի­րենց կող­մէն ե­րի­տա­սարդ բան­տար­կեա­լի գլխա­տու­մը…. Ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Ճա­րապ­լու­սի գոր­ծո­ղու­թեան կը վկա­յէ, որ ա­նոնք բո­լո­րո­վին չէին մե­կու­սա­ցո­ւեր, առ­նուազն ­Թուր­քիոյ կող­մէ»:

­Տէյ­վիտ ­Ֆի­լիփս եզ­րա­փա­կած է Huffington Postի իր մեր­կաց­նող յօ­դուա­ծը՝ չա­րա­գու­շակ կան­խա­տե­սու­մով. «­Սու­րիան պի­տի ըլ­լայ Էր­տո­ղա­նի Ո­ւա­թըր­լուն: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք չէ ինք­զինք շղթա­յէ ­Թուր­քիոյ խոր­տա­կո­ւող նա­ւուն»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»