Ար­ցա­խի մուտ­քին, ան­ցագ­րե­րու ստուգ­ման կէ­տէն ա­ռաջ, ե­թէ ձախ թե­քո­ւիք եւ շա­րու­նա­կէք հո­ղէ ճա­նա­պար­հով, մօտ մէկ ժամ քշե­լէ ետք կը հաս­նիք ­Հակ գիւ­ղը։ ­Պատ­մա­կան այս գիւ­ղը ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի վե­րաբ­նա­կե­ցո­ւած հա­մայնք­նե­րէն մէկն է։ ­Հա­կը ­Քա­շա­թա­ղի այն քիչ գիւ­ղե­րէն էր, որ մնա­ցած էր հայ­կա­կան՝ մին­չեւ 1918 թո­ւա­կա­նը, դի­մադ­րե­լով բռնի հա­յա­թափ­ման բո­լոր փոր­ձե­րուն։ 1918ին, նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան «աս­կեար»նե­րը յա­ջո­ղե­ցան հե­ռաց­նել ­Հա­կի

հա­յե­րը ի­րենց պա­պե­նա­կան բնա­կա­վայ­րէն եւ հե­տա­գա­յին շրջա­նը կցո­ւե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նին։ ­Հա­կը ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ 75 տա­րի յե­տոյ եւ այ­սօր ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Քա­շա­թա­ղի վար­չա­կան շրջա­նի գիւ­ղե­րէն մէկն է։

29 Օ­գոս­տո­սին, «­Թու­ֆէն­քեան ­Հիմ­նադ­րամ»ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, խումբ մը ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար­նե­րու եւ յայտ­նի գրող Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեա­նի հետ մեկ­նե­ցանք ­Հակ, ծա­նօ­թա­նա­լու գիւ­ղի կա­րիք­նե­րուն եւ մաս­նակ­ցե­լու 39 ե­րե­խա­նե­րու մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ ­Գիւղ տա­նող ճա­նա­պար­հը ա­ւե­լի քան անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ էր՝ քար­քա­րոտ եւ փո­սե­րով լե­ցուն, բայց շրջա­նի բնու­թեան ար­տա­կարգ գե­ղեց­կու­թիւ­նը մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը շե­ղէր խոր­տու­բորտ ճամ­բա­յէն։ Իսկ ա­մէն ան­գամ, երբ ճա­նա­պար­հին կը հան­դի­պէինք հայ­կա­կան հին յու­շար­ձա­նի մը, ար­դէն ամ­բող­ջու­թեամբ կը կլա­նո­ւէինք ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան այս շրջա­նը վե­րա­կանգ­նե­լու գա­ղա­փա­րով ու կը մոռ­նա­յինք փո­սերն ու քա­րե­րը։

­Հակ հա­սանք կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4ին եւ ան­մի­ջա­պէս ուղ­ղո­ւե­ցանք ­Սուրբ ­Մի­նաս Ե­կե­ղե­ցի, ուր հա­ւա­քո­ւած էին 39 ե­րե­խա­ներ՝ ­Հա­կէն եւ ­Բեր­ձո­րի ման­կա­տու­նէն, պատ­րաստ՝ հայ քրիս­տո­նեայ մկրտո­ւե­լու։ 1673ին կա­ռու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Մի­նաս ե­կե­ղե­ցին ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը վե­րա­ծած էին ա­խո­ռի, բայց ­Հա­կի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք, կի­սա­փուլ եւ հրդե­հո­ւած այս ա­ղօ­թա­վայ­րը 2009ին վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ «­Թու­ֆէն­քեան ­Հիմ­նադ­րամ»ի ջան­քե­րով։

Ե­րե­խա­նե­րը մկրտե­լու հա­մար ­Սուրբ ­Մի­նաս ե­կած էր նաեւ Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի մաս­նա­կից ­Տէր ­Յով­հան­նէս ­Քա­հա­նան, որ իր ըն­տա­նի­քին հետ տա­րի­նե­րով մնա­ցած էր ­Գան­ձա­սա­րի վանք ու մաս­նակ­ցած վան­քի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն եւ յե­տոյ՝ ­Սուրբ ­Դա­դի վան­քի ա­զա­տագ­րու­թեան կռի­ւին։ ­Բո­լորս ալ լե­ցո­ւած էինք հպար­տու­թեամբ ու ան­բա­ցատ­րե­լի յոյ­զե­րով, մա­նա­ւանդ երբ այ­ցե­լու­նե­րուս կնքա­հայ­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւն տրո­ւե­ցաւ եւ այս­պէս՝ ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րու վրայ, վե­րա­նո­րո­գո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­զա­տա­մար­տիկ քա­հա­նա­յի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ մաս­նա­կից ե­ղանք 39 փոք­րիկ­նե­րու ­Սուրբ ­Միւ­ռո­նով օ­ծու­մին։

­Յայտ­նա­պէս յու­զո­ւած էր ա­մե­րի­կա­հայ գրող Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեա­նը։ Ա­ռա­ջին ան­գամ էր, որ Ար­ցախ կ­՛այ­ցե­լէր եւ ա­մէն ինչ կը դի­տէր գրո­ղի հե­տաքրք­րա­սէր աչ­քե­րով։ Ք­րիս ծա­նօ­թա­ցաւ Ան­տոն Աբ­գա­րեա­նին, ա­նոր յղի կնոջ՝ Ա­րեգ­նա­զին եւ ա­նոնց նոր մկրտո­ւած ե­րեք ե­րե­խա­նե­րուն։ Ան­տոն պատ­մեց, որ Ապ­րի­լին, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մը սկսաւ, ան ե­րե­խա­նե­րը վստա­հե­ցաւ իր կնոջ ու մօր եւ կա­մա­ւոր մեկ­նե­ցաւ ճա­կատ՝ պաշտ­պա­նե­լու հայ­րե­նի հո­ղը։ 20 օր շա­րու­նակ մնաց խրա­մատ­նե­րուն մէջ, դի­մադ­րե­լով ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն։

- Իսկ ե­րե­խա­ներդ, կինդ, մայրդ ի՞նչ ը­րին,- հարց տո­ւաւ Ք­րիս։
- Ն­րանք էլ գիւ­ղը պա­հե­ցին, մեր բոս­տա­նը մշա­կե­ցին, ա­նա­սուն­նե­րին կե­րակ­րե­ցին։ Ի՞նչ ա­նէին, սա մեր հայ­րե­նիքն է, մենք գնա­լու տեղ չու­նենք,- պա­տաս­խա­նեց Ան­տոն։
Ք­րիս եր­կար զրու­ցեց Ան­տո­նի եւ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն հետ։ ­Բայց ար­դէն ուշ էր եւ մենք պէտք է հաս­նէինք Ս­տե­փա­նա­կերտ։ ­Յա­ջորդ օր եր­կար ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն ու­նէինք, դէ­պի ­Հադ­րութ, Ա­ռա­ջա­մուղ եւ Իշ­խա­նա­ձոր։
Այդ մա­սին՝ յա­ջորդ նա­մա­կով։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ