Ս­տե­փան ­Մալ­խա­սեան կը հա­ւաս­տէ, թէ ժա­մա­նա­կին, «ազգ» եւ «լե­զու» բա­ռե­րը հա­մա­րո­ւած են հո­մա­նիշ։

­Հայ ազ­գին կը պատ­կա­նի ա՛ն, որ կը խօ­սի մեր լե­զուն մայ­րե­նի։ ­Մեր ­Մե­ծաս­քան­չը, մեր մես­րո­պեան լե­զուն խօ­սո­ղը հա՛յ է։
Ան­շուշտ ճշմա­րիտ է։ ­Սա­կայն, հա­զո­ւա­գիւտ են բա­ցար­ձակ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։ ­Քան­զի մենք ճան­չցանք հայ ծնած­ներ, ո­րոնք թէեւ հա­յե­րէն կը խօ­սէին, սա­կայն, հայ չէին։ ­Ճանչ­ցանք նաեւ թրքա­խօս հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք հոգ­ւով հա­յեր են կա­տա­ղի։
­Բայց հի­մա, բա­նը փո­խո­ւած է։ Ան­կա­րե­լի է հայ ըլ­լալ, հայ մնալ, ա­ռանց մեր լե­զո­ւին մայ­րե­նի։

***
Ճշ­մար­տու­թիւն­ներ կան, ո­րոնք պէտք է, որ կրկնո­ւին յա­ճախ։
Ա­նոնց­մէ մէկն է հե­տե­ւեա­լը.
- Ու­նինք եր­կու Ա­րա­րատ­ներ։ ­Մե­ծը եւ ­Փոք­րը։
Ու­նինք նաեւ լե­զո­ւա­կան եր­կու Ա­րա­րատ­ներ, ո­րոնք քա­րե­ղէն չեն, այլ ոս­կե­ղէն են ու հո­գի։ Ա­նոնք մեր լե­զու­ներն են։ ­Մեր ­Մեծ Ա­րա­րատն է գրա­բա­րը, իսկ փոքր Ա­րա­րատն է աշ­խար­հա­բա­րը։
Ամ­բող­ջա­կան հա­յը ա՛յն է, որ իր մէջ ու­նի թէ՛ քա­րե­ղէն, թէ՛ ոս­կե­ղէն ու ո­գե­ղէն Ա­րա­րատ­նե­րը։
Եւ այդ­պէս, մերձ է Աս­տու­ծոյ։

***
Ա­շա­կեր­տու­թեանս շրջա­նին, աշ­խար­հագ­րու­թեան ու­սու­ցի­չը ը­սաւ.
- ­Մեր այս Ե­րկիր մո­լո­րա­կը ինքն իր վրայ դառ­նա­լով՝ կը դառ­նայ Ա­րե­ւուն շուր­ջը, մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։
Այդ ճշմար­տու­թիւ­նը ին­ծի թո­ւե­ցաւ հրաշք մը մե­ծա­գոյն։
­Մեր Եր­կի­րը իր անկշ­ռե­լի ծան­րու­թիւ­նով կը դառ­նայ ե­ղեր ինքն իր վրայ եւ Ա­րե­ւուն ալ շուրջ։ Հ­րաշք ամ­բող­ջո­վին ա­նըմբռ­նե­լի։ ­Կը դառ­նայ դա­տար­կու­թեան մէջ, ու չի պա­տա­հիր ո­րե­ւէ ար­կա­ծի։ Ո­չինչ կը փլչի, ո­չինչ կ­’իյ­նայ, ու հրաշ­քը ան­թիւ դա­րե­րով կը շա­րու­նա­կո­ւի։
­Բայց երբ լրա­ցու­ցինք ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թիւ­նը, որ կը դա­սա­ւան­դո­ւէր գաղտ­նօ­րէն, տե­ղե­կա­ցայ ա­ւե­լի մեծ հրաշ­քի։ ­Հա­յե­րը, շրջա­պա­տո­ւած հրէշ­նե­րով եւ ճի­ւաղ­նե­րով, ա­ւե­լի քան բար­բա­րոս բո­րե­նի­նե­րով եւ քաղ­ցած գայ­լե­րով, կրցած են պա­հել ի­րենց գո­յու­թիւ­նը, ազ­գու­թիւնն ու լե­զուն։ ­Մինչ­դեռ բազ­մա­թիւ ու­րիշ ժո­ղո­վուրդ­ներ հա­լած-հա­տած են միան­գա­մընդ­միշտ։
Ա­ռա­ջի­նը ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թիւնն է Աս­տու­ծոյ։
Երկ­րոր­դը յաղ­թա­նակն է ­Հա­յու­թեան։ ­Հո­գե­կան յաղ­թա­նա­կը, որ մե­ծա­գոյնն է։

***
Ա­յո՛, «փոքր ա­ծու» ենք, բայց պա­րու­նա­կու­թեամբ մեծ ենք։ ­Մեր ա­ծուն ու­նի հա­զա­րան վար­դեր ու հա­զա­րան սո­խակ­ներ եւ տա­կա­ւին բիւր գործ գե­ղե­ցիկ։
­Չու­նինք ա­թո­մա­կան ռումբ, բայց ու­նինք ա­թո­մա­կան ու­ժեր, ո­րոնք են մեր լե­զուն (մին ա­մե­նա­հաս­տա­տուն­նե­րէն), մեր ո­ճե­րը (ա­մէ­նէն ինք­նա­տիպ­նե­րէն), մեր մես­րո­պեան սե­փա­կան սուրբ այ­բու­բե­նը (որ միւս­նե­րուն հետ բաղ­դա­տե­լով լա­ւա­գոյնն է)։ Եւ մեր գեղջ­կա­կան ա­րուեստ­նե­րը (ո­րոնք պեր­ճա­գոյնն են աշ­խար­հի)։ Եւ մեր ազ­գա­յին դիւ­ցազ­նա­վէ­պը (որ ա­մէ­նէն մարդ­կա­յինն է)։ Եւ ար­հեստ­ներ (ո­րոնք բարձ­րա­ցած են խո­րան­նե­րուն մէջ ա­րո­ւես­տի)։
***
­Ժո­ղո­վուր­դի մը լե­զուն իր ո­գին է, որ պէտք չէ ցնդի։ ­Վա՜յ այն ժո­ղո­վուր­դին, որ կը մնայ ա­ռանց ո­գիի։ ­Դա­տա­պար­տո­ւած է կոր­չե­լու։ ­Ժո­ղո­վուրդ­ներ կան, ո­րոնք կը հա­լին հա­րե­ւան­նե­րու մէջ. կան ալ ո­րոնք կը հատ­նին ձու­լո­ւե­լով օ­տար աշ­խար­հի բնիկ­նե­րուն խառ­նո­ւած։ ­Տես­նո­ւա՞ծ բան է, որ ժո­ղո­վուրդ մը օ­տար երկ­րի մէջ, նոյ­նիսկ հա­մա­խումբ ապ­րե­լով եւ, մա՛­նա­ւանդ, տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ նոյն կրօն­քը ու­նե­նա­լով՝ կա­րե­նայ պա­հել իր ազ­գա­յին ու հո­գե­կան դի­մա­գիծն ու նկա­րը։ ­Քիչ մը կա­նուխ կամ քիչ մը ուշ պի­տի չքա­նայ։

***
Ո­գին ան­նիւթ ըլ­լա­լով՝ սա­կայն կը սի­րէ իր սե­փա­կան նիւ­թը, որ հողն է հայ­րե­նի։ ­Լեռ­ներն ու լի­ճե­րը, գե­տե­րը, գիւ­ղե­րը, քա­ղաք­նե­րը հայ­րե­նի։ Ա­յո՛, հո­ղը եւ հո­գի­նե­րը՝ մշա­կո­ւած հայ­կա­կա­նու­թեամբ։

***
­Հա­րուստ պե­տու­թիւն­նե­րը յա­ճախ կը յու­զո­ւին, տես­նե­լով կարգ մը ա­նա­սուն­ներ ան­հե­տա­նա­լու վտան­գին մէջ։ Կ’ար­գի­լեն որ­սոր­դու­թիւ­նը, ջար­դը ա­մէն կար­գի։
Այդ շա­հա­մոլ­նե­րը ին­չո՞ւ չեն յու­զո­ւիր, երբ կը տես­նեն, որ մարդ­կու­թեան ա­մէ­նէն ազ­նիւ մէկ մա­սը, ­Հա­յու­թիւ­նը, ան­հե­տա­նա­լու վտան­գին մէջ է։

***
­Լե­զուն ա­րո­ւեստ է։ ­Լե­զուն գի­տու­թիւն է։ Կ­րօն է։
Իր լե­զուն չգիտ­ցո­ղը, երբ մա՛­նա­ւանդ մայր է կամ գրող՝ ա­նա­րո­ւեստ է, ան­գէտ է, անկ­րօն է։
­Մե­ծաս­քանչ մայ­րե­նի լե­զուն սի­րել, սեր­տել, սոր­վիլ. ա՛յս է հայ մայ­րի­կին, հայ գրո­ղին ա­ւագ ա­ռա­քի­նու­թիւնն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ հան­դէպ հա­յու­թեան։ ­Հայ­րե­նի­քին, հա­յե­րէ­նին։

Ն­շան ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան - «Ա­զատ Օր», 5-9-1972
­Սիւ­նա­կը կը պատ­րաս­տէ ՄԻՆՍԱՐ