Անց­նող Ապ­րիլ ամ­սուն, ­Թա­լի­շի խրա­մատ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, հե­ռա­դի­տա­կով ին­ծի ցոյց տո­ւին դի­մա­ցը բլու­րի մը վրայ գտնո­ւող գիւղ մը, ո­րուն ծայ­րը՝ կար­միր տա­նի­քով տուն մը: «­Դա ­Շա­հէն ­Մեղ­րեա­նի բնա­կա­րանն է»,- ը­սին:

«­Դի­մա­ցը» ը­սո­ւա­ծը Ար­ցա­խի ­Շա­հու­մեան շրջանն էր, իսկ գիւ­ղը՝ ­Շա­հէն Մեղ­րեա­նի ծննդա­վայր ­Գիւ­լիս­տա­նը: ­Շա­հու­մեա­նի շրջա­նը այ­սօր կը մնայ բռնագ­րա­ւո­ւած՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ:
Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով, 25 տա­րի ա­ռաջ, հա­յու­թեան ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման հար­ցը մտաւ նոր փուլ՝ հո­ղա­հա­ւա­քի գոր­ծըն­թա­ցով:

Անց­նող դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին ար­դէն, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը (յատ­կա­պէս Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճամ­բով) մշա­կած եւ զար­գա­ցու­ցած էր հա­յա­հա­ւա­քի եւ հո­ղա­հա­ւա­քի ոչ միայն գա­ղա­փար­նե­րը, այ­լեւ զա­նոնք գործ­նա­կա­նաց­նե­լու մի­ջոց­նե­րը: ­Բո­լորս ալ շատ լաւ կը գի­տակ­ցէինք, թէ հո­ղը չի տրո­ւիր: ­Հո­ղին կա­րե­լի է վե­րա­տի­րա­նալ: Եւ կա­րե­լի է վե­րա­տի­րա­նալ՝ միայն ա­րիւ­նո՛վ:

Այդ ա­րեան գի­նը վճա­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մին հա­մար: Իսկ այս ա­զա­տագ­րու­մին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր քա­ղա­քա­կան փու­լե­րէն մէ­կը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչա­կումն էր, 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին: Օ­րին այս քայ­լը առ­նո­ւե­ցաւ ամ­բող­ջո­վին հա­մա­հունչ Խ. ­Միու­թեան օ­րէնսդ­րու­թեան: ­Տար­բեր խօս­քով՝ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը կ­՛ամ­բող­ջաց­նէ այն օ­րի­նա­կան պայ­մա­նը, որ կ­՛ամ­րապն­դէ մեր ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս:

Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը ան­գամ մը եւս մե­զի ցոյց տո­ւաւ այն պարզ ճշմար­տու­թիւ­նը, զոր ար­դէն գի­տէինք.- ­Հո­ղը կը պաշտ­պա­նո­ւի զէնք-զի­նամ­թեր­քով, կռի­ւով, ա­րիւ­նով:
1994էն ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­ցան բազ­մա­թիւ փու­լե­րէ: ­Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ, աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նող մե­ծե­րը յա­ճախ ան­ձա՛մբ փոր­ձե­ցին ճնշում բա­նեց­նել հայ­կա­կան կող­մին վրայ (­Քի Ո­ւեսթ, եւ այլն), «հող՝ խա­ղա­ղու­թեան դի­մաց» տա­րա­զը պար­տադ­րե­լու հա­մար:

Այս բո­լոր փոր­ձե­րը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նո­ւե­ցան այն պարզ պատ­ճա­ռով, որ հա­յու­թեան հա­մար հո­ղը են­թա­կայ չէ սա­կար­կու­թեան: ­Հո­ղը, հո­ղա­մա­սը, տա­րած­քը, ի՛նչ ա­նուն կ­՛ու­զէք տո­ւէք, ա­սոնք հայ­րե­նի­քի՛ն մաս կը կազ­մեն, ա­նո՛ր մաս­նիկն են:
Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք, երբ ա՛լ ա­ւե­լի ցայ­տուն կեր­պով ե­րե­ւան ե­կան ­Հա­յաս­տա­նը կա­ռա­վա­րող հա­մա­կար­գին թե­րու­թիւն­ներն ու թե­րա­ցում­նե­րը, հող «տալ-չտա­լու» խնդի­րը սկսաւ անլր­ջա­նա­լու:

Բազ­մա­թիւ մի­ջա­վայ­րե­րէ ու յատ­կա­պէս ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէ ներս սկսան լսո­ւե­լու հո­ղա­յին հար­ցով «ան­զի­ջո­ղու­թեան» ձայ­ներ՝ ոչ թէ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լու, այլ սոսկ Հ.Հ. վար­չա­կար­գը քննա­դա­տե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ: ­Ժո­ղովր­դա­յին լե­զո­ւով, ը­սո­ւա­ծին «ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը» այն էր, որ «հա­սէք ժո­ղո­վուրդ, ա­սոնք հո­ղե­րը պի­տի տան, ար­դէն հա­մա­ձայ­նե­լու վրայ են. մէջ­տեղ ի­ջէք, որ ար­գելք ըլ­լանք»:

Եւ սա վտան­գա­ւոր ե­րե­ւոյթ է, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը դուրս կը հա­նէ իր լրջու­թեան բուն շրջա­գի­ծէն ու զայն կը վե­րա­ծէ ներ­քին քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի զէն­քի, շա­հա­գոր­ծու­մի խա­ղա­քար­տի:
Երբ մեր երկ­րի ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը կը վե­րա­ծենք ներ­քին պայ­քա­րի դրա­մագ­լու­խի, կը նշա­նա­կէ, թէ կը հարուա­ծենք նոյ­նինքն այդ ա­պա­հո­վու­թեան խա­րիս­խը:

Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 1 ­Սեպ­տեմ­բե­րին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Ար­ցա­խի «ան­կա­խու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ ար­ժէք­ներ են եւ են­թա­կայ չեն շա­հար­կում­նե­րի ու սա­կար­կու­թեան: ­Մեզ հա­մար չկայ վե­րա­դարձ ան­ցեա­լին: Իւ­րա­քան­չիւր նման փորձ յղի է ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով եւ դա­տա­պար­տո­ւած է ձա­խող­ման»:

Փաս­տա­բա­նա­կան ա­մէ­նէն փայ­լուն, կամ ա­մէ­նէն ի­տէա­լա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է ու­նե­նալ Հ.Հ. քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման այս 25ա­մեայ հա­մա­կար­գը պաշտ­պա­նել կա­րե­նա­լու հա­մար: Գ­րե­թէ ան­կա­րե­լի ա­ռա­քե­լու­թիւն մը…:
Սա՝ իր կար­գին:
Բայց կա­րե­լի չէ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան, ա­պա­հո­վա­կան ու մա­հու-կե­նաց խնդիր մը հա­կաիշ­խա­նա­կան պայ­քա­րի շա­հա­գործ­ման խա­ղա­քար­տի վե­րա­ծել ան­կախ ան­կէ, թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի՛նչ ո­րակ կը ներ­կա­յաց­նեն:

Քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան ցու­ցա­նի­շը պի­տի ըլ­լայ այն, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­կիր­ներ կամ ընդ­դի­մա­դիր­ներ, բո­լո՛րս, հա­յու­թեան բո­լոր հատուած­ներն ու հո­սանք­նե­րը, մէկ բան միա­հա­մուռ կեր­պով, նե­րա­ռեալ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ պար­տա­ւոր ենք յստա­կաց­նե­լու մեր թշնա­մի­նե­րուն, որ՝
- Ա­ռա­ջի՛ն, Ար­ցա­խի կա­պակ­ցու­թեամբ կը մեր­ժենք ո­րե­ւէ հո­ղա­յին զի­ջում, ո­րով­հե­տեւ այդ հո­ղե­րը մեր հայ­րե­նի­քին մաս կը կազ­մեն, հե­տե­ւա­բար սա­կար­կե­լի չեն:

- Երկ­րո՛րդ, ժո­ղովր­դա­յին այս կե­ցո­ւած­քով ամ­րապն­դել հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դիր­քե­րը Ար­ցա­խի հար­ցով բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին, մա­նա­ւանդ այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ հար­ցը սոսկ «հո­ղա­յին» չէ, այլ՝ հա­յու­թեան հայ­րե­նիք ­Հա­յաս­տա­նի ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թեան եւ գո­յու­թեան ե­րաշ­խի­քի խնդիրն է: Եւ այդ ե­րաշ­խի­քին տնօ­րի­նու­մը միա՛յն հա­յու­թեան կը պատ­կա­նի:

- Եր­րո՛րդ, ան­դա­դար յի­շեց­նել Ատր­պէյ­ճա­նին, որ ինք տա­կա­ւին բռնագ­րա­ւած կը պա­հէ հա­յա­պատ­կան ­Շա­հու­մեա­նի շրջա­նը, ի շարս այլ տա­րածք­նե­րու, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի գո­յա­տե­ւու­մին ու ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար բա­նա­լի կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն: Այս կէ­տը լաւ ըմբռ­նե­լու հա­մար, ան­պայ­ման կա­րիք չկայ ­Թա­լի­շի խրա­մատ­նե­րէն հե­ռա­դի­տա­կով հան­դի­պա­կաց կող­մին նա­յե­լու:

Հիմ­նա­կա­նին մէջ այս ե­րեք կէ­տե­րուն մէջ կը խտա­նայ այն հան­գա­ման­քը, որ Ար­ցա­խը հայ­կա­կան պե­տու­թեան ա­րե­ւե­լեան դար­պասն է: Եւ ինչ­պէս ո­րե­ւէ դար­պաս, զայն պար­տա­ւոր ենք պա­հե­լու ա­նա­ռիկ, ան­կախ մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ո­րա­կէն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ