Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն երկու օր առաջ` Յուլիս 13ին, Պոլսոյ Սապանչի համալսարանի փրոֆեսոր Հալիլ Պերքթայ պատասխանած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Սպանիոյ խոշորագոյն «էլ Փայիս» թերթին ներկայացուցած վեց գրաւոր
հարցերուն: Սակայն երբ «էլ Փայիս»ը չհրապարակեց անոր պատասխանները, դոկտ. Պերքթայը որոշեց Օգոստոս 15ին իր հարցազրոյցը տեղադրել թրքական «Սերպեսթիյէթ» կայքին մէջ` «Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ ցեղասպանութիւն` յեղաշրջումով կամ առանց անոր» վերնագիրով:
Ազատամիտ թուրք մտաւորական Փրոֆ. Պերքթայ յայտնած է «էլ Փայիս» թերթին, որ 2002էն սկսեալ ինք բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իբրեւ «օսմանեան հայերու գրեթէ ամբողջական բնաջնջում եւ ոչնչացում»: Դոկտ. Պերքթայ խոստովանեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր անկեղծ տեսակէտներուն համար, «մանաւանդ 2002էն առաջ եւ նոյնիսկ անկէ ետք (թէեւ այլեւս ո՛չ կառավարութեան կողմէ), ինծի պէս մարդոց վրայ եղած է հսկայական ծաւալի ոչ-պաշտօնական, անօրինական ճնշում, շանթաժ, սպառնալիքներ կամ այլ տեսակի հոգեբանական ահաբեկչութիւն, որուն ես եւ միւսները ստիպուած եղած ենք դիմակայելու»:
Պատասխանելով «էլ Փայիս»ի այն հարցին, թէ «ինչո՞ւ Թուրքիան կը հրաժարի վերանայելէ անցեալը»,- դոկտ. Պերքթայ պատասխանած է. «դեռ 1980ականներուն եւ 90ականներուն… անցեալի ժխտողականութիւնը հիմնուած էր Unionismին կամ աթաթուրքիզմին նկատմամբ նախնիներու պաշտամունքին կամ գաղափարական նուիրուածութեան վրայ:
Այն, ինչ տեղի ունեցաւ հայերու հետ 1915 թուականին, կը դիտարկուէր իբրեւ սեւ բիծ՝ թուրք ազգայնականութեան համար: Բացի այդ, քանի որ անիկա չէր իրագործուած քեմալական հանրապետութեան կողմէ կամ անոր ներքոյ, քանի որ հանրապետութիւնը ժառանգած էր հայերէն ցեղական մաքրազտումներով իւրացուած տարածքին պատասխանատւութիւնը, անիկա իր բնոյթով անթոյլատրելի կեղտ էր քեմալական յեղափոխութեան բաղձալի անբասիր օրինականութեան համար: Ուստի, թապու (արգելք) դրուեցաւ անոր վրայ. անիկա դարձաւ արգիլուած եւ անքննարկելի:
Միայն այստեղ ու այնտեղ, մասնաւորապէս արտերկրի մէջ ապրող եւ աշխատող քանի մը մտաւորականներ խօսեցան ատոր մասին. ձայն բարբառոյ յանապատի»: Փրոֆ. Պերքթայ աւելցուցած է.- 2000էն սկսեալ «ամէն ինչ սկսաւ փոխուիլ»` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսող թուրք մտաւորականներու թիւի աճին հետ կապուած:
Դոկտ. Պերքթայի հարցազրոյցին առաւել հետաքրքրական հատուածը այն է, ուր ան կը նշէ պատճառը, թէ ինչո՛ւ թրքական կառավարութիւնը չի փափաքիր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.- «Թուրքիոյ կառավարութիւնը չի գիտեր, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եթէ անոնք ըսեն, որ այո՛, ասիկա ցեղասպանութիւն էր: Ի՞նչ պիտի ընէ կամ ի՞նչ պիտի պահանջէ Հայաստանը: Արդեօք ան կը պատրաստուի պահանջելո՞ւ նիւթական հատուցում կամ նոյնիսկ հողե՞րը:
Ատիկա այն է, ինչ կ՝ըսեն բոլոր հայ արմատական ազգայնամոլ դաշնակցականները: Ինչպէս անոնք կ՝արտայայտուին` երեք Rեր` (անգլերէնով` Recognition, Reparation, Restitution) ճանաչում, հատուցում, վերականգնում (հողերու): Ի հարկէ, վերջինը ո՛չ մէկ թրքական կառավարութիւն հնարաւոր է, որ կարենայ զիջիլ: Ուստի, շատ հաւանական է, որ որեւէ քայլ ձեռնարկելէ առաջ, անոնք պիտի ուզեն իմանալ Հայաստանի մտադրութիւններուն մասին: Միւս կողմէ, քանի դեռ Հայաստանը կը շարունակէ չբանալ իր խաղաքարտերը, ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութիւն դեռ երկար կը տեւէ»:
Ճրոֆեսորին վերոնշեալ յայտարարութեան ուշադիր ընթերցումը ցոյց կու տայ, որ ան կը կարծէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ հողերուն վերադարձը Հայաստանին հնարաւոր չէ, սակայն չի բացառեր հատուցումները: Իմ կարծիքով, մինչ հայերը իրաւացիօրէն կը պահանջեն իրենց պատմական հողերը, անոնք պատրաստ են հատուցումը ընդունելու իբրեւ նախնական քայլ:
Փրոֆ. Պերքթայի պատասխաններուն մէջ թերեւս առաւել վիճայարոյց տեսակէտը անոր բացատրութիւնն է, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան կը հրաժարի առերեսուելէ իր կեղտոտ անցեալին հետ.- «Բախուելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առանձնայատուկ մարտահրաւէրին, թրքական հասարակութեան լայն հատուածները, ինչպէս նաեւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը շարունակեն հարցնել.- Ինչո՞ւ մենք: Իսկ ինչո՞ւ միայն մենք:
Արդեօք միւս բոլոր պետութիւններէն եւս կը պահանջե՞ն քաւել իրենց անցեալի մեղքերը այսպիսի խստութեամբ, թէ՞ միայն Թուրքիայէն: Իսկ ի՞նչ պիտի ըսէք այն մասին, թէ ի՞նչ ըրին «անոնք» առաջին հերթին «մեր» հետ: Եթէ մենք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արդեօք անոնք, երբեւէ, թէկուզ թեթեւակիօրէն պիտի ճանչնա՞ն Կրետէի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ կամ Սերպիայի մահմետական թուրքերու ողբերգական վիճակը: Ո՞վ ձայն կը բարձրացնէ թուրքերու համար: Արդեօք մենք որեւէ բարեկամ ունի՞նք աշխարհի մէջ»:
Թէեւ ես համաձայն չեմ փրոֆ. Պերքթայի որոշ բացատրութիւններուն հետ, սակայն չեմ կրնար ակնկալել, որ ան ինծի պէս պէտք է միեւնոյն դիրքորոշումը ունենայ հայկական հարցերուն վերաբերեալ: Ի վերջոյ ան թուրք է, բայց արդարամիտ թուրք, ինչը չենք կրնար ըսել թուրք ղեկավարներու եւ թրքական հասարակութեան լայն հատուածներուն մասին, որոնք մինչ օրս կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը…
Փրոֆ. Պերքթայը մեծ վտանգի դիմած է՝ հրապարակելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր պատասխանները համացանցի վրայ, յատկապէս յուլիսեան յեղաշրջման փորձէն ետք՝ երկրին մէջ ներկայիս տիրող դաժան մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, երբ տասնեակ հազարաւոր անմեղ թուրք քաղաքացիներ ձերբակալուած եւ նետուած են բանտեր…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «Քալիֆորնիա Քուրիըր»