Նախորդ գրառումովս կ‘ըսէի .- «Սպասելի է, որ հիմա ընելիք ունենան դաշնակցական նախարարները»:
Կը միանամ Հ.Յ.Դ.ի այն անդամներուն, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց կուսակցութեան մասնակցութիւնը Հ.Հ.ի կառավարական
կազմին, անպայմանօրէն իրեն յատուկ դրոշմը պէտք է թողու կառավարման աշխատանքներուն վրայ: Այդպէս եղած է միշտ, յատուկ դրոշմ կրած է Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ բոլոր հանգրուաններուն եւ ծաւալած գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ:
Խոստովանինք, որ նախորդ գործակցութենէն մնացած ամէնէն յատկանշական հետքը Հ.Յ.Դ.ին խզումը եղաւ նախարարական գործընկերութենէն՝ Հայաստան-Թուրքիա ծանօթ արձանագրութեանց պատճառով, ինչը տակաւին չեղեալ չէ յայտարարուած, այլ պարզապէս առկախուած է Թուրքիոյ կողմէ:
Թերեւս այն ժամանակ նախապատուութիւնը կը խլէին սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան գործօնի վերածելու եւ այլ խնդիրներ:
Այսօր սակայն, կ’ենթադրեմ, թէ Ղարաբաղեան հարցին առնչուող դիւանագիտական ոչ-հայանպաստ նորագոյն զարգացումները, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կացութեան աւելի վատթարացումը, ինչպէս նաեւ Սասնայ Ծռերու զինեալ գործողութեան գտած ընդունելութիւնը քաղաքացիներու լուրջ հատուածի մը կողմէ եւ այդ հատուածին աշխուժացումը երկիրը հասցուցած են այնպիսի աստիճանի, ուր առաջնահերթ ու անյետաձգելի կը դառնայ պետութեան հետ սերտաճած մենաշնորհեալներուն հաշուետուութիւն պարտադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս տեսակէտէն, յանդուգն ու վճռական նախաձեռնութիւններով ի’ր ու իր կուսակցութեան վրայ դրուած գրաւը արդարացնելու ծանրագոյն պարտականութիւնը յատկապէս կ‘իյնայ ուսերուն վրայ տնտեսական նոր նախարարին, որ ուղղամտութեամբ ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է, տեսլականով առաջնորդուող քաղաքական գործիչ է, նաեւ զերծ է՝ ասեկոսէներու, ըսի-ըսաւ բամբասանքներու, սուտ-իրաւ «մեղքերու» բեռէն, ինչը իրեն կու տայ անկաշկանդ գործելու յանդգնութիւն:
Մենաշնորհեալ այդ մարդոց ուժը, միաժամանակ տկարութիւնը կը գտնուին իրենց դիզած հարստութեանց մէջ:
Ի՜նչ խօսք, որ այդ ուժին պիտի չտիրանային անոնք, եթէ իրենց գործակից-շահակից չունենային այն պաշտօնատարները, որոնք ստանձնած են երկրի տնտեսական ոլորտին վրայ վերահսկելու պարտականութիւնը: Այս կը նշանակէ, թէ ներկայ պայմաններու մէջ, դժուար թէ կարելի ըլլայ անաչառ հետաքննութիւնը՝ բացայայտելու համար այդ մարդոց տկարութիւնը. Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ դրամագլուխով տէր դարձան իրենց այժմու հարստութեան, ստացուածքներուն:
Կա՛յ հետաքննութեան օրէնքի ուժը, կա՛յ նաեւ հաշուետուութեան պարտադրանքը, բայց հաւանաբար տեղի վրայ դժուար է գտնել անկաշառ, անկողմնակալ եւ այդպիսի խոր հետաքննութեան փորձառութիւնը ունեցող քաջ հետաքննիչներ: Ահա հոս, այս կէտին, իմաստակ մը (wise guy) համարուելու գնով, անկարելի է դիմանալ յիշեցումի կարգով ցուցմունք կատարելու փորձութեան, թէ՝ ի հարկին պէտք է դիմուի միջազգային վարկանիշով auditingի համապատասխան օտար հաստատութեանց...: Օրէնքին յենած եւ հասարակութեան նեցուկը վայելող նման քայլի մը դժուար թէ որեւէ հեղինակութիւն կարենայ ընդդիմանալ, երբ մանաւանդ գործադրուելիք այդ որոշումը յայտարարուի, հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ:
Այլապէս, մենաշնորհները սահմանափակելու նպատակով մշակուած ու մշակուելիք նոր օրէնքները թերեւս նոր յարդարանքներ բերեն հիներուն վրայ, բայց կ‘ենթադրեմ, թէ ի վերջոյ այդ նորերն ալ ենթակայ պիտի դառնան նախկիններու ճակատագրին, օրէնսգիրքը պիտի զարդարեն պարզապէս:
Այս տողերը գրողը կ’անդրադառնայ, թէ նման յանդուգն քայլ մը յօդուած գրելու չի նմանիր: Անիկա խոչընդոտներով ու վտանգներով լեցուն ականապատուած ճամբայէ մը պիտի անցնի: Սակայն նոյնպէս վտանգաւոր է քաղաքացիական ընդվզումը, կամ՝ արտագաղթը: Ի վերջոյ արմատական միջոցառումներով արմատական փոփոխութիւններու սկիզբ մը պէտք է դրուի, որպէսզի Հայաստանի մէջ հաստատուի օրէնքի, իրաւունքի ու արդարութեան գերիշխանութիւնը եւ Հայաստանի ընկերային կարգուսարքի, ռազմաքաղաքական ու ազգագրական ապագան երաշխաւորուի:
«Հայաստանը Պէյրութի չվերածելու» Հ.Հ. նախագահի ուղերձին զգուշացումը ապահովաբար ուղղուած չէր Ժիրայր Սէֆիլեանի սոսկական անձին ու անոր քանի մը ընկերներուն, այլ անիկա, կ‘ենթադրեմ, թէ յղում մըն էր հետզհետէ աճող ու վտանգաւոր քաղաքացիական տրամադրութեան մը, որու չքացման համար, նոյնինքն նախագահը կը համարէր, որ «անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւնների գործընթացը...»:
Սխալ պիտի ըլլայ՝ բիրտ ուժի ապաւինած՝ անտեսել-արհամարհել հասարակութեան մէջ սողոսկած վտանգաւոր այդ տրամադրութիւնը:
Այդ տրամադրութիւնը յառաջացնող պատճառներուն յաղթահարումն է ճիշդ ու արդիւնաւոր ուղին:
Հ.Հ. նախագահին խոստացած ու հովանաւորած «արմատական փոփոխութիւնները» անպայման կ‘իրականանան, այդ ճամբուն վրայ բոլոր գոյ խոչընդոտները կը հարթուին, ականները կը չէզոքացուին, պայմանաւ սակայն, որ հասարակութեան մէջ նորովի վերայայտնուած քաղաքացիական արիութիւնը իբրեւ դաշնակից օգտագործուի նոր Հայաստանի կերտումին համար, ոչ թէ անիկա նկատուի իբրեւ խոչընդոտ ու չէզոքացուելիք սպառնալիք:
Ականապատուած այդ ճամբուն մէջ մտնելու ու անիկա ականազերծելու քաջութեամբը պիտի դրոշմուի իշխանութեան հետ Հ.Յ.Դ.ի գործակցութիւնը:
Դատապարտելի է անշուշտ Սասնայ Ծռերու զինեալ գործողութիւնը սեփական հայրենիքի սրտին վրայ:
Նոյնպէս, երիցս դատապարտելի են՝ սեփական հայրենիքի հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ 25 տարիներէ ի վեր անարգել շարունակուող չարաշահումները, որոնք պատճառ դարձան Սասնայ Ծռերու յուսահատական արարքին:
Որեւէ պարագայի, վարագոյրը ընդմիշտ իջած պէտք է մնայ Սասնայ Ծռերու զինեալ գործողութեան վրայ:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթէնք, 8-11 Օգոստոս 2016