Նախորդ գրառումով ենթադրած էի, որ հողեր յանձնելու մասին շրջանառուող զրոյցին լրջացումն էր Սասնայ Ծռերու ընդվզումին պատճառը, նաեւ զինեալ գործողութեան մղիչը: Ամէն արարքի մէջ անպայմա՚ն տրամաբանութիւն փնտռողներ օրին կասկածեցան
նոյնիսկ, որ ատիկա առանձնակի, մեկուսի գործողութիւն մը չէր կրնար եղած ըլլալ: Կը կասկածէին, թէ Սասնայ Ծռերու առած քայլին պիտի հետեւի պալատական յեղաշրջում մը այնպէս, ինչպէս պատահած էր 1998ին, առաջին նախագահի՝ Լ.Տ.Պետրոսեանի ժամանակ, երբ ան տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն՝ հակուած էր խաղաղութեան դիմաց ազատագրուած հողերը ազերիին յանձնելու ընտրանքին եւ հրատարակած՝ «Պատերա՞զմ, թէ ՞ խաղաղութիւն» տխրահռչակ յօդուածը...:
Ոմանց այս կասկածը պարզապէս կ՚արձանագրեմ ու կ՚անցնիմ:
Բարացուցական է , որ Սասնայ Ծռերու արարքին ստեղծած խռովայոյզ օրերու ամբողջ տեւողութեան խոշոր բացակաները եղան երկրի կառավարական կազմը, Ազգային Ժողովը եւ այն կուսակցութիւնները, որոնք սանկ-նանկ առնչուած են իշխանութիւններուն:
Կ՚ենթադրուի, թէ պատգամաւորները ժողովուրդին ներկայացուցիչներն են, իսկ կուսակցութիւններուն առաքելութիւնն է միջնորդի դեր կատարել՝ իրենց հետեւորդներուն ու պետութեան միջեւ:
Ո՞ւր էին անոնք:
Չհաշուած աննշան բացառութիւնները, որոնք մշտապէս հրապարակի վրայ աղմկող ընդդիմադիրներ են, մնացեալները չուզեցին կամ չհամարձակեցան զիրենք ընտրող ցուցարարներուն մէջ ըլլալ, չափաւորելու համար անոնց քաղաքացիական արիութիւնը, ի հարկին ուղղելու զանոնք, մեղմելու անոնց կիրքը, եւ այլն:
Ինչպէ՞ս կ՚արդարացուի անոնց բացակայութիւնը:
Կ՚ըսուի, թէ մահամերձ Ռոստոմի արտասանած վերջին ու բազմիմաստ բառերը եղած են՝ «Խե՜ղճ Ժողովուրդ»...:
Մեծ յեղափոխականին երկու բառերու մէջ խտացուցած իր ժողովուրդին խոր ճանաչողութիւնը անգամ մը եւս կը ցոլանար այդ օրերուն: Ի Հայաստան, պետականութեան պայմաններու մէջ ընդվզած հայ բազմութիւններ առանց առաջնորդի եւ... կամակոր սփիւռք:
Խորհրդարանական համակարգին խորապէս համոզուած ըլլալով հանդերձ, մարդ ակամայ հարց կու տայ ինքզինքին, թէ բացակայ այս տարրերո՞վ պիտի արդիւնաւորուի, ըստ նոր սահմանադրութեան, նախագահականէն խորհրդարանական համակարգի անցումը...:
Երեւի, պիտի կիրարկուի Մաօ Ցէ Թունկին վերագրուած խօսքը, թէ... խնձորին «խնձորութիւնը» հասկնալու համար պէտք է խածնել զայն:
Խնդիրն այն է սակայն , որ հասկցուելիք-փորձուելիքը խնձորը չէ, այլ՝ երկրի մը համակարգը:
Ինչեւէ...
Անցնինք:
Խռովայոյզ այդ օրերը դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ ձգուեցաւ ոստիկանութեան, որ ցոյցերու-երթերու մասնակից քաղաքացիներու հետ վարուեցաւ ինչպէս ինք կը կարծէր կամ կը հաւատար, որ պէտք է վարուի. այսինքն վարուեցաւ այնպէս , ինչպէս որ կը վարուին լկտի խուլիկաններ զսպելու պարագային:
Գիտենք, որ ոստիկանութիւնը երկրի մը ուժական անհրաժեշտ կառոյցն է: Աւելորդ է նաեւ ըսել, որ ուժը կը գործածուի լաւ կամ վատ, օգտակար կամ վնասակար նպատակի: Վայ եկեր է, եթէ ոստիկանը քաղաքացիներու դէմ կամայականօրէն գործածելու իրաւունքը կու տայ ինքզինքին, իբրեւ ուժ՝ իրեն վստահուած ձեռքի մահակը կամ մէջքին ատրճանակ կրելու լիազօրութիւնը: Այդ գործիքները կարգ-կանոնի պահպանման համար են: Ոստիկանին հաւատարմութիւնը օրէնքին հանդէպ է, ոչ թէ իշխողնեու եւ անոր նուիրուածութիւնը ի պաշտպանութիւն քաղաքացիներուն է: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ թեմա է եւ դուրս կ՚իյնայ այս քննարկումէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դժուար լուծելին հանրայայտ ու դաժան այն իրականութիւնն է, որ երկրին մէջ ձեւաւորուած է կառավարման այնպիսի համակարգ, ուր պետութիւն-իշխանութիւն-մենաշնորհեալ հարստապետութիւն իրարու ագուցուած-ընդելուզուած են, իրարմով կը սնանին:
Բարեշրջումի եղանակով այս եռեակի հանգոյցը քակելու օրինական-սահմանադրական ճամբան անխուսափելիօրէն պիտի անցնի վերոյիշեալներու՝ իշխողներու եւ մենաշնորհեալներու բովէն, քանի որ անոնց ձեռքն է, յունական ասոյթով՝ «ե՚ւ դանակը, ե՚ւ սեխը»: Կը նշանակէ, թէ այդ մարդիկը բնական ճանապարհով երբեք տեղի պիտի չտան, պիտի չտկարանան որեւէ փորձի դիմաց, որ իրենցմէ պիտի խլէ իշխանութիւնը եւ վայելած առանձնաշնորհումը:
Չունենանք միամտութիւնը, որ աստուածային տնօրինութեամբ հոգեփոխութիւն կը կրեն անոնք, մեղայի կու գան, իրենց վայելած դիրքերը կը զիջին:
Զանոնք տկարացնելու որեւէ փորձ ուժգին դիմադրութեան պիտի հանդիպի անպայման՝ իշխանութեան բոլո՜ր, բոլո՜ր օղակներու մէջ, քանի գիտեն անոնք, որ իրենց տկարութիւնը ենթակայ պիտի դարձնէ զիրենք հաշուետուութեան, ապօրէն միջոցներով դիզուած հարստութիւնը ազգին վերադարձնելու պարտադրանքի, պատիժի:
Ուրեմն ո՞ւր է ելքը.
Յեղափոխութի՞ւն:
Անշուշտ՝ ո՚չ:
Յեղափոխութիւնը յաջողած պահուն իսկ կը մեռնի եւ կը ծնի շահագործող նոր ցեցեր:
Միակ ապաւէնն ու արդիւնաւորը սահմանադրական կարգն է եւ օրէնքին ուժը ու անոր խստագոյնս կիրարկումը, որուն համար կարիքը կար թերեւս, որ երկիրն ու հասարակութիւնը ցնցումներու ենթարկուէին:
Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը եւ Սասնայ Ծռերու արկածախնդրական ու անհեռանկար գործողութիւնը իրենց բացասական հետեւանքներով հանդերձ, ցնցեցին հասարակութիւնը եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձուցին յետադարձ ուժով օրէնքի խստագոյն գործադրութիւնը՝ ներքին ցեցերու, չարաշահող մենաշնորհեալներու նկատմամբ:
Սպասելի է, որ հիմա ընելիք ունենան դաշնակցական նախարարները: Սակայն՝ զգոյշ: Անհրաժեշտ է ընդդիմանալ՝ հասարակութեան մէջ աճած քաղաքացիական արիութիւնը ճզմելու որեւէ փորձի:
Քաղաքացիական արիութեամբ օժտուած հասարակութիւնն է գլխաւոր յենարանը այն պայքարին , որ օրէնքի ուժով պիտի մղուի (պէտք է մղուի) ներքին ցեցերու դէմ:
Յաջորդին կը վերջացնեմ ըսելիքս...:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթէնք, 8-11 Օգոստոս 2016