­altՍի­րոս կղզիի ի­րենց հանգստա­վայ­րէն վա­ղը Ա­թէնք կը վե­րա­դառ­նան Ար­ցա­խէն հիւ­րա­բար ­­Յու­նաս­տան այ­ցի ե­կած 23 հայ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը։

 

 

Ար­դէն ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեայ ա­ւան­դու­թիւն է, որ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ինչ­պէս նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց եւ Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ա­մէն ա­մառ ­­Յու­նաս­տան կը հրա­ւի­րո­ւին եւ ­­Սի­րոս կղզիի կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լո­ւին Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տին զո­հո­ւած հա­յոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն ե­րե­խա­նե­րը։

Այս տա­րո­ւան մեր փոք­րիկ հիւ­րե­րուն պա­րա­գա­յին յատ­կա­պէս յու­զիչ է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ա­նոնք զա­ւակ­ներն ու ան­մի­ջա­կան հա­րա­զատ­ներն են հայ­կա­կան բա­նա­կի այն քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք Ապ­րիլ 2016ի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն զոհ գա­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի նա­խա­յար­ձակ­ման գրո­հին ու թշնա­մա­կան ա­նարգ ո­ճիր­նե­րուն։

Ա­թէն­քի հա­յու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջի օ­րե­րուն ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նայ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րուն ­­Ֆիք­սի, ­­Գա­րէա­յի եւ ­­Գո­քի­նիոյ մէջ, ­­Շա­բաթ օ­րէն սկսեալ:

Ան­շուշտ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ ­­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնն ու Ա­թէն­քի ­­Խա­ծի­քի­րիա­քոս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ի­րենց ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նին Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րու ա­մե­նա­մեայ այ­ցե­լու­թեան այս ա­ւան­դու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, նման բազ­մա­ծախս եւ աշ­խա­տա­տար ար­ձա­կուրդ մը հնա­րա­ւոր դարձ­նե­լու լուրջ յանձ­նա­ռու­թեանց տակ մտնե­լու ա­ռու­մով։

­­Նոյն­պէս կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, որ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րուն ­­Յու­նաս­տան այ­ցը եւ ար­ձա­կուր­դը տա­րո­ւէ տա­րի ա­ւե­լիով կ­­՚ամ­րապն­դեն ո­գե­ղէն կամր­ջու­մը ոչ միայն ­­Յու­նաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բա­րե­սիրտ մար­դոց ու հո­գա­տար կազ­մա­կեր­պու­թեանց մի­ջեւ, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ հա­յոց ազ­գա­յին միաս­նու­թիւ­նը ար­մա­տա­ւո­րե­լու ա­ռու­մով, յու­նա­հա­յու­թեան եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան մի­ջեւ՝ ա­ւե­լիով շօ­շա­փե­լի դարձ­նե­լով հո­գե­հա­րա­զա­տու­թիւ­նը։

­­Վարձ­քը կա­տա՛ր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին եւ բո­լոր այն կա­մա­ւոր­նե­րուն այս հա­յա­նո­ւէր ու հայ­րե­նա­նո­ւէր նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րենց ժա­մա­նակն ու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ան­հա­տոյց նո­ւի­րա­բե­րող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։
­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հպարտ է եւ ա­մե­նայն սրտով զօ­րա­վիգ՝ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րուն նման հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ հո­գա­տար կանգ­նե­լու այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան։

Ազ­գո­վին այն­քա՜ն պարտք ենք մեր հայ­րե­նի­քին ա­րե­ւե­լեան դար­պա­սը պահ­պա­նող ար­ցա­խա­հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս 1988էն աս­դին յա­նուն Ազ­գի եւ ­­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան ի­րենց գե­րա­գոյ­նը՝ կեա՛ն­քը ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րող ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն։
Ա­նոնց որ­բա­ցած զա­ւակ­նե­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս Ազ­գի՛ն ու ­­Հայ­րե­նի­քի՛ն զա­ւակ­ներն են։

Այդ մեծ պարտ­քին ազ­գո­վին տէր կանգ­նե­լու յու­նա­հա­յոց պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­ւաս­տի­քը կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի ա­մէն ա­մառ՝ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րը ­­Յու­նաս­տա­նի հո­ղին վրայ հիւ­րա­սի­րե­լով։
Ապ­րի՜ն Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րը։

«Ա.Օ.»