­altՀա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Գի­նոա­կա­տե­միան (շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միան) ­Սեպ­տե­մեր 3ին ճա­կա­տագ­րա­կան ընտ­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րէ: Ո՞ր ժա­պա­ւէ­նը պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նը՝ «Օս­կա­րի» 89րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան: Ե­րեք ժա­պա­ւէն­ներ դի­

մում ներ­կա­յա­ցու­ցած են Ա­կա­դե­միա­յի մօտ, ո­րոնց կար­գին ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նը: Այս տա­րի ընտ­րու­թիւ­նը դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­կա­դե­միա­յին հա­մար:

­Հա­յաս­տա­նէն բե­մադ­րիչ ­Դա­ւիթ ­Սա­ֆա­րեան՝ իր «28:94 տե­ղա­կան ժա­մա­նա­կով» ժա­պա­ւէ­նով եւ ­Ռու­սիա­յէն ­Սա­րիկ Անդ­րէա­սեան՝ «Երկ­րա­շարժ» ժա­պա­ւէ­նով (ո­րու նիւթն է 1988ի ա­ղէ­տա­լի երկ­րա­շար­ժը) նոյն­պէս դի­մած եւ յա­ւակ­նորդ են Օս­կա­րի մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցո­ւե­լու: ­Ճիշդ է, որ ե­րեք ժա­պա­ւէն­ներն ալ բարձր ո­րա­կի գոր­ծեր են, այ­սու­հան­դերձ հարցն այն է, թէ ո՞ր մէ­կը պէտք է ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նէ: Ե­րե­քէն եր­կու­քը ա­մէ­նէն ա­ւե­լի խօ­սո­ւած եւ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը գրա­ւող են՝ Ար­ցա­խէն «­Վեր­ջին բնա­կի­չը», որ ա­րո­ւես­տի գործ է եւ ­Ռու­սիա­յէն «Երկ­րա­շար­ժը»:

­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի նա­խորդ ժա­պա­ւէ­նը՝ «­Թե­ւա­նիկ»ը բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ, ո­րոնց կար­գին ­Չի­նաս­տան, Ի­տա­լիա, ­Ռու­մա­նիա, ­Լե­հաս­տան, ­Ռու­սիա եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ: ­Մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց եւ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ մրցա­նակ­նե­րով: ­Նաեւ՝ «­Թե­ւա­նի­կը» իբ­րեւ թեկ­նա­ծու նշա­նա­կո­ւած է Կ­լեն­տէյ­լի ­Շար­ժա­պատ­կե­րի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Փա­ռա­տօ­նին եւ ­Պեր­լի­նի International Filmmaker Festival of World Cinema փա­ռա­տօ­նին:

­Շար­ժան­կա­րը ա­րո­ւես­տի կա­րե­ւոր ձեւ մը ըլ­լա­լէ ան­դին, ժո­ղովր­դա­յին հա­ճոյ­քի ձեւ է եւ բազ­մու­թիւն­նե­րը դաս­տիա­րա­կե­լու զօ­րա­ւոր մի­ջոց: ­Բե­մադ­րիչ ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեան Ար­ցա­խէն է: Իր ման­կու­թեան ­Ջի­ւան լսած է կեան­քի տաս­նեակ պատ­մու­թիւն­ներ իր ըն­տա­նի­քի եւ իր գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րու տա­ժա­նա­գին ապ­րում­նե­րէն: ­Միշտ ալ ե­րա­զած է, որ օր մը ժա­պա­ւէն մը պատ­րաս­տէ իր ծննդա­վայ­րին մա­սին:

­Ջի­ւան ժա­պա­ւէն պատ­րաս­տե­լու իր ե­րա­զը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է՝ դառ­նա­լով տա­ղան­դա­ւոր բե­մադ­րիչ եւ մա­նա­ւանդ կրցած է իր գոր­ծե­րով աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նել իր հայ­րե­նի­քին՝ Ար­ցա­խի վրայ:

­Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն ­Ջի­ւան ստեղ­ծա­գոր­ծած է՝ պատ­րաս­տե­լով բազ­մա­թիւ վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­ներ եւ կարճ ժա­պա­ւէն­ներ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խը ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ աշ­խար­հի շար­ժան­կա­րի քար­տէ­սին վրայ Ար­ցա­խին տե­ղը ա­պա­հո­վե­լու:

Ար­ցա­խի վրայ այս տա­րո­ւան Ապ­րի­լի յար­ձա­կում­նե­րէ ետք, աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­կան ջան­քե­րով կը փոր­ձէ թշնա­միին վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տել, նկար­ներ եւ տե­սաե­րիզ­ներ տե­ղադ­րե­լով հա­մա­ցան­ցի վրայ: ­Ջի­ւա­նի գոր­ծը ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, մա­նա­ւանդ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րուն ար­ձա­գան­գին տակ:

Ար­ցա­խի խա­ղա­ղու­թիւնն ու բար­գա­ւա­ճու­մը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր են ­Ջի­ւա­նին հա­մար: Իր վեր­ջին ժա­պա­ւէ­նը՝ «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» շատ զօ­րա­ւոր պատ­գամ մը կը փո­խան­ցէ թէ՝ ան­կախ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն, պա­տե­րազ­մը չի կրնար կոր­ծա­նել մար­դոց մի­ջեւ մտե­րիմ ու սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:
Այս­պի­սի բա­ցա­ռիկ ար­տադ­րու­թիւն մը տես­նել ­Հա­յաս­տա­նէն՝ կը նշա­նա­կէ, թէ ­Ջի­ւանն ու իր աշ­խա­տա­կից­նե­րը շատ կա­րող եւ տա­ղան­դա­ւոր սե­րուն­դի մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են: ­Նաեւ՝ ա­նոնք լու­սա­ւոր ա­պա­գայ մը կը բա­ցա­յա­տեն հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րին հա­մար:

­Բո­լոր բե­մադ­րիչ­նե­րուն կը մաղ­թենք յա­ջո­ղու­թիւն ի­րենց ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն մէջ: ­Բո­լորս խան­դա­վառ ենք, որ ­Հա­յաս­տան պի­տի կա­րե­նայ իր շար­ժան­կա­րով ներ­կա­յա­նալ Օս­կա­րի Ա­կա­դե­միա­յի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ:

­Ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դէմ յան­դի­ման, Ար­ցա­խէն ժա­պա­ւէն մը վստա­հա­բար ա­մէ­նէն յար­մա­րը պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նե­լու Օս­կա­րի մրցոյ­թին: ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեան բազ­մու­թիւն­նե­րը հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լու իր փոր­ձը սկսաւ «­Թե­ւա­նիկ» ֆիլ­մով: Այժմ ան կը գտնո­ւի այն հա­ւա­նա­կա­նու­թեան եզ­րին, որ ծա­նօթ դառ­նայ Օս­կա­րի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­ռի­թով, Ա­կա­դե­միա­յին, որ «կը ճանչ­նայ եւ կը գնա­հա­տէ գե­րա­զան­ցու­թիւ­նը շար­ժա­բա­նու­թեան ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մէջ» Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ:

ԱՏՐԻՆԷ ՄԻՐԶԱՅԵԱՆ*

*Ատ­րի­նէ ­Միր­զա­յեան ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն է (executive producer)։