­altՄեր թեր­թի ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն ստա­ցո­ւած հե­տա­գայ յօ­դո­ւա­ծը լոյս կ­՚ըն­ծա­յենք ա­կա­մայ ու­շա­ցու­մով եւ յա­ջոր­դա­կան ե­րեք հա­մար­նե­րով:

 

 

­Հա­յու­թիւ­նը սրտատ­րոփ հե­տե­ւե­ցաւ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան, որ­մէ քա­ջա­լե­րո­ւած եւ ի զօ­րակ­ցու­թիւն ա­նոր՝ հայ զան­գո­ւած­ներ ա­ռա­ջին օ­րէն ըմ­բոս­տաց­ման շար­ժու­մի մը սկսան իշ­խա­նու­թեանց դէմ:
­Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, զի­նեալ իր բնոյ­թով եւ մա­նա­ւանդ հայ զան­գո­ւած­նե­րու բա­ցա­յայտ նե­ցու­կը ու­նե­նա­լու իր հան­գա­ման­քով, կը ներ­կա­յաց­նէր ծան­րակ­շիռ հան­գա­մանք, նոյն­քան ծան­րակ­շիռ հե­տե­ւանք­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, ո­րուն հա­մար ալ նա­խա­մե­ծար էր պա­հել «ոս­կի լռու­թիւն», որ­պէս­զի զի­նեալ ա­րարքն ու ըմ­բոս­տու­թեան փոր­ձը յանձ­նան­ձո­ւէին ձեռն­հա­սու­թեամբ, հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ. որ­պէս­զի նաեւ ա­ռաջքն առ­նո­ւէր յա­ւե­լեալ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ու նե­րազ­գա­յին պա­ռակ­տու­մի խո­րաց­ման:

Դ­ժո­ւար չէր գի­տակ­ցիլ, որ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու վտան­գա­ւոր գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­հա­բեկ­չու­թեան հետ հա­մե­մա­տե­լու եւ զա­նոնք ա­հա­բե­կիչ նկա­տե­լու մո­լո­րան­քը, հա­կազ­դե­ցու­թեան բնա­կան օ­րէն­քով, դուռ պի­տի բա­նար ա­նոնց ա­րար­քը հե­րո­սու­թիւն հա­մա­րե­լու մո­լո­րան­քին՝ հա­սա­րա­կու­թեան մը կող­մէ, որ բո­լո­րիս ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր ան­կա­խու­թեան բա­րիք­ներ չէ վա­յե­լած (բա­ցի...ար­տա­գաղ­թե­լու ի­րա­ւուն­քէն), խոր­թա­ցած է պե­տու­թե­նէն եւ հիաս­թա­փո­ւած՝ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կա­մա­կոր ու զիկ­զա­կող վեր­նա­խա­ւէն:
Ըստ իս՝ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ ա­հա­բեկ­չու­թիւն հա­մա­րել:

Այս կամ այն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու տո­ւած ո­րա­կում­նե­րը չեն, որ կը ճշդեն ա­րար­քին էու­թիւ­նը, այլ զան­գո­ւած­նե­րու ըն­կա­լումն է, որ կու տայ ա­նոր տե­սա­կա­րար ու իս­կա­կան ար­ժե­չա­փը: Ս­փիւռ­քի ու հա­յաս­տա­նեան գրա­ւոր թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լի յօ­դո­ւած­նե­րուն, գրա­ռում­նե­րուն կամ հար­ցազ­րոյց­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րը դժո­ւար թէ հան­դի­պէին «ա­հա­բե­կիչ­ներ», «ա­հա­բեկ­չու­թիւն» բա­ռե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մին, նոյ­նիսկ ա­նոնց կող­մէ, ո­րոնք էա­պէս ու հիմ­նա­կա­նօ­րէն դէմ էին ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ընտ­րած զի­նեալ ա­րար­քի մի­ջո­ցա­ռու­մին, մղու­մին ու տրա­մա­բա­նու­թեան:

­Կա­րե­լի չէ նաեւ ոս­տի­կա­նա­տան գրա­ւու­մը հե­րո­սու­թիւն հա­մա­րել, որ­քան ալ, ինչ­պէս որ կ­՚ի­մա­ցո­ւի, գրա­ւող­նե­րուն մէջ գտնո­ւած ըլ­լան այլ ճա­կա­տի վրայ ար­դէն իսկ հե­րո­սու­թիւ­նը նո­ւա­ճած յայտ­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: Ա­ռանց հա­շո­ւար­կի առ­նո­ւած ցա­սու­մի ծայ­րա­յեղ քայլ մըն էր ա­նոն­ցը, իբ­րեւ հե­տե­ւանք իշ­խա­նու­թեանց կա­մա­կա­յու­թեանց ու չա­րա­շա­հու­թեանց, ո­րոնց յաղ­թա­հար­ման հա­մար ցոյց տրո­ւած ու բազ­միցս փոր­ձո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան ճամ­բան ու բա­րո­յա­խօ­սա­կան յոր­դոր­նե­րը տա­րի­նե­րէ ի վեր յան­կեր­գի մը նման կրկնո­ւած էին ու ա­մուլ մնա­ցած՝ միա­ժա­մա­նակ ամ­լաց­նե­լով ա­մէն յոյս եւ պա­տան­դի վի­ճա­կին մատ­նած՝ եր­կիրն ու հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

­Պա­տան­դի այդ վի­ճա­կին ելք մը տա­լու յոյ­սով՝ ճա­րա­հատ մար­դոց գե­րա­գոյն, այ­լեւ վտան­գա­ւոր փորձ մըն էր ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ա­րար­քը:
«Ա­հա­բեկ­չու­թի՞ւն», թէ՞ «հե­րո­սու­թիւն» շփո­թը կը յա­ռա­ջա­նայ՝ «պատ­ճառ»ի եւ «հե­տե­ւանք»ի յա­րա­բե­րա­կան գնա­հա­տու­մին ընդ­մէ­ջէն: Բ­նա­կան է, որ «շան գլու­խը» կը գտնո­ւի պատ­ճա­ռին մէջ եւ ոչ՝ հե­տե­ւան­քին : ­Բայց այս պա­րա­գա­յին՝ հե­տե­ւան­քին, այ­սինքն՝ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան յա­ռա­ջաց­նե­լիք ա­ւե­րը կրնար ան­դառ­նա­լիօ­րէն այն­քան ա­ղէ­տա­լի ըլ­լալ ազ­գին հա­մար, որ ա­նի­կա եր­բեք պի­տի չար­դա­րա­ցո­ւէր պատ­ճա­ռին, այ­սինքն իշ­խա­նու­թեանց կա­մա­կա­յու­թեանց ու չա­րա­շա­հում­նե­րու գոր­ծած ա­ւե­րին հետ հա­մե­մա­տած...:

Այս­քան պարզ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ վտան­գի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը չու­նէի՞ն ար­դեօք ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րը:
Վս­տա­հա­բա՛ր ու­նէին:
­Բայց կան պա­հեր, երբ ներ­կայ կամ մօ­տա­լուտ չա­րի­քի դի­մաց ա­րիւնդ յան­կարծ շրջան կ­՚ը­նէ ե­րակ­նե­րուդ մէջ, անզս­պե­լի ցա­սու­մը կը տի­րա­պե­տէ էու­թիւնդ եւ ը­նե­լիք­նե­րուդ ուղ­ղու­թիւ­նը ինքն է, որ կը ճշդէ:

Կ­՚են­թադ­րեմ, թէ ցա­սու­մի այդ տե­սակ պա­հու մէջ ե­ղած պի­տի ըլ­լան ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րը, երբ ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րը Ատր­պէյ­ճա­նին վե­րա­դաձ­նե­լու մա­սին շրջող զրոյց­նե­րը հետզ­հե­տէ սկսած էին լուրջ հան­գա­մանք առ­նել...
­Դեռ ը­սե­լիք ու­նիմ: ­Կը շա­րու­նա­կեմ:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­թէնք, 8-11 Օ­գոս­տոս 2016