altԱմ­րան ար­ձա­կուրդ­նե­րու ա­ւար­տին եւ աշ­խա­տան­քա­յին ա­ռօ­րեա­յի վե­րա­դար­ձին հետ, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը սկսի կեդ­րո­նաց­նե­լու գա­ղու­թա­յին մեր կազ­մա­կերպ կեան­քի ազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վրայ՝ իր դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րուն բար­ւոք լու­ծում­ներ

տա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։
Օ­րա­կար­գի հար­ցե­րը նո՛յնն են ան­շուշտ.

- ­Հայ ըն­տա­նի­քի ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին եւ տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րուն պահ­պա­նու­մը՝ այ­լա­սեր­ման եւ օ­տա­րաց­ման հո­սանք­նե­րուն դէմ պայ­քա­րի մեր զէն­քե­րը նո­րո­գե­լով եւ զար­գաց­նե­լով,

- ­Հայ դպրոց-ե­կե­ղե­ցի-ա­կումբ ե­ռան­կիւ­նով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած հա­յե­ցի կեան­քի աշ­խու­ժու­թեան ա­պա­հո­վու­մը՝ հա­յա­շունչ մի­ջա­վայ­րի ու ըն­կե­րա­յին ա­ռողջ մթնո­լոր­տի մէջ ա­զատ ու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռե­լով մեր զա­ւակ­նե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն,

- ­Հայ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեամբ եւ ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով նո­րա­հաս սե­րուն­դին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու եւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի վե­րա­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը,

- ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դի­մա­գի­ծը կո­փե­լու մար­տահրա­ւէ­րը՝ մի­ջազ­գա­յին խռո­վա­յոյզ վե­րի­վայ­րում­նե­րու մէջ ան­գամ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րո­ւան նո­ւա­ճու­մը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան վե­րա­ծե­լով։
­Թէեւ օ­րա­կար­գը նո՛յնն է, բայց շատ բան փո­խո­ւած է լու­ծում­նե­րու ա­ռու­մով։

Որ­քան ալ նոյ­նը ըլ­լայ ազ­գա­յին մեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ կռո­ւան­նե­րուն ա­ռա­ւել աշ­խու­ժաց­ման եւ բա­րե­կարգ­ման օ­րա­կար­գը, փո­խո­ւող ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ փո­խո­ւած են նաեւ մեր գա­ղու­թի ազ­գա­յին-կազ­մա­կեր­պա­կան հո­գե­րուն եւ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն պա­հան­ջած լու­ծում­նե­րը։

­Նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հետ հասկ­նա­լի լե­զո­ւով խօ­սե­լու, ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հին հա­ղոր­դա­կից մնա­լու հար­կադ­րան­քը ճի­տին պարտքն է ու կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն եւ նո­ւի­րեալ գոր­ծիչ­նե­րուն – ­վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լան ա­նոնք թէ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ, հո­գե­ւո­րա­կան հո­վիւ թէ ու­սու­ցիչ, խմբա­գիր թէ վա­րիչ, անձ­նո­ւէր միու­թե­նա­կան թէ հո­գա­տար թա­ղա­կան։

­Միա­ժա­մա­նակ՝ ժա­մա­նա­կի եւ կեան­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու եւ մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ ու ար­հես­տա­վար­ժա­կան գի­տե­լիք­նե­րով գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը որ­քան ալ ան­խու­սա­փե­լի ըլ­լան, մտա­հան պէտք չէ ը­նել, որ հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րի բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ ալ մեր յա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րէն եւ գոր­ծիչ­նե­րէն ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր կը պա­հան­ջո­ւի ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան ո­գի, վառ ու ճա­ռա­գայ­թող հա­յե­ցի շունչ եւ դի­մա­գիծ, այ­լեւ՝ ա­նանձ­նա­կան անս­պառ նո­ւի­րու­մով օժ­տո­ւած յա­ռա­ջա­պահ­ներ։

Ինչ­պէս որ Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին տաս­նօ­րեա­կին տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մին նո­ւի­րո­ւած թղթակ­ցու­թիւ­նը կը յու­շէ, տա­րո­ւան ըն­թաց­քին թա­փո­ւած հա­ւա­քա­կան մեր ճի­գե­րուն եւ զո­հա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ար­գա­սի­քը մենք կ­՚ըմ­բոշխ­նենք ա­մա­ռը՝ բա­նա­կու­մին, երբ կրտսեր թէ ե­րէց մեր պա­տա­նի­նե­րուն կը յա­ջո­ղինք տրա­մադ­րել հա­յե­ցի եւ հա­յա­խօս հա­ւա­քա­կան ա­ռօ­րեայ՝ հա­մա­պա­տաս­խան ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին, ազ­գա­յին թէ քա­ղա­քա­կան ար­ժէք­նե­րով յա­գե­ցած ջերմ մթնո­լոր­տով։

­Վե­րա­մուտ է դար­ձեալ եւ հանգս­տա­ցած ու նո­րո­գո­ւած թա­փով մենք վերս­տին կը լա­րենք մեր ու­ժե­րը՝ ազ­գա­յին միեւ­նոյն օ­րա­կար­գին նո­րո­վի լու­ծում­ներ գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։