altԱյս բա­ռե­րով կը բնո­րո­շէ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ներ­կայ պա­հու սուր հրա­մա­յա­կա­նը։
Օ­գոս­տոս 1ի իր յայ­տա­րա­րու­թեամբ, պր. նա­խա­գա­հը կը հա­ւաս­տիաց­նէ, որ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է երկ­րէն

ներս «դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու (պե­տա­կան) օ­րա­կար­գը» «բազ­մա­պա­տիկ ա­րա­գու­թեամբ» ա­ռաջ տա­նե­լու։

Պր. նա­խա­գա­հը նաեւ կը վստա­հեց­նէ հան­րու­թիւ­նը , որ ինք «այդ մա­սին շատ ա­ւե­լի ման­րա­մասն» պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ ­Նա­խա­գա­հա­կան այս հա­ւաս­տի­քը հա­ցի պէս կեն­սա­կան է այ­սօր եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան լսո­ղու­թիւ­նը այ­սօր լա­րո­ւած է դէ­պի այդ ա­ւե­տա­բեր ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը։
Երկ­րին սպառ­նա­ցող հսկայ վտան­գը շրջան­ցե­լէ ետք, պր. նա­խա­գա­հին այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը վերս­տին կը բա­նայ ա­կե­րը յոյ­սի եւ այս մէ­կը այն­պի­սի վրդով ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, ուր խօս­քե­րը լայ­նօ­րէն կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ու­ժը եւ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիա­կան դաշ­տը ին­կած է ան­ծայր շփո­թի մէջ։

Այ­սօր փաս­տը այն է, որ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մէկ ամ­բողջ զան­գո­ւած - հա­ւա­նա­բար երկ­րի մե­ծա­մաս­նու­թիւ՛­նը - այժմ կը զգայ բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­զօր՝ ինք­նիր կեան­քի տնտե­սա­կան (եւ հե­տե­ւա­բար՝ ըն­կե­րա­յի՛ն) մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու։
Այս կա­ցու­թեան մէջ, յու­սադ­րող ա­մէն խօսք պե­տու­թեան ա­ռա­ջին դէմ­քին իսկ կող­մէ իս­կա­կան օրհ­նու­թիւն մըն է, բայց նաեւ՝ ո­րո­գա՛յթ մը միա­ժա­մա­նակ։ Ան կրնայ փոյ­թով վե­րա­կանգ­նել երկ­րին կոտ­րո­ւած կո­րո­վը եւ նոր սկիզբ հան­դի­սա­նալ մեր երկ­րի ա­նի­րա­ւո­ւած մար­դուն։ ­Բայց նաեւ ան կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել նոր եւ ճա­կա­տագ­րա­կան յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու, ե­թէ շօ­շա­փե­լի եւ ո­րո­շիչ քայ­լեր չյա­ջոր­դեն նա­խա­գա­հա­կան հա­ւաս­տիք­նե­րուն։

­Պէտք է սրտանց ող­ջու­նել պր. նա­խա­գա­հի յայ­տա­րա­րու­թեան հաս­տա­տում­նե­րը երկ­րի կա­յու­նու­թեան եւ օ­րէն­քի խոս­տա­ցո­ւած գե­րա­կա­յու­թեան մա­սին։ Այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ անս­պա­սե­լիօ­րէն ծայր ա­ռած այս ար­կա­ծախնդ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը - ո­րուն ե­տին՝ վստա­հա­բար ի­րենց «գու­նա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թիւն»ը կը փոր­ձէին նիւ­թել ար­տա­քին ու­ժե­րը... - ի վեր­ջոյ կա­սե­ցո­ւե­ցաւ իշ­խա­նու­թեան եւ «զի­նեալ խումբ»ի փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ինք­նին ցոյց կու տայ, որ մեր ազ­գի հա­ւա­քա­կան բնազդ­նե­րը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ սուր են եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ պայ­ծա՛ռ։

­Բայց այս­տեղ կանգ պէտք է առ­նէ պար­ծան­քի եւ ինք­նաշնոր­հա­ւոր­ման մեր փոր­ձու­թիւ­նը, քա­նի որ մեծ մար­տահրա­ւէ­րը մեր առ­ջեւն է դեռ։
­Հար­ցե­րը չեն լու­ծո­ւած։ Ա­նոնք շատ հե­ռու են լու­ծո­ւած ըլ­լա­լէ։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դի գի­տակ­ցու­թեան մէջ դեռ չպայ­թած ա­կան­ներ կան, ո­րոնք պատ­րաստ են պայ­թե­լու եւ պայ­թե­լու այն իսկ պա­հուն, երբ մեր եր­կի­րը կը դի­մագ­րա­ւէ ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­ներ։

­Թող այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ ազ­դա­րա­րու­թիւն հան­դի­սա­նայ ամ­բողջ ազ­գին եւ յատ­կա­պէս երկ­րի իշ­խա­նու­թեան՝ ան­յա­պաղ գոր­ծի անց­նե­լու եւ խի­զախ ու շի­նիչ քայ­լեր առ­նե­լու։
Եւ ճա­կա­տագ­րա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ, այդ քայ­լե­րը կրնան առ­նո­ւիլ միայն իշ­խա­նու­թեան կող­մէ։ ­Պատ­մու­թիւ­նը ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան ու­սե­րուն վրայ դրած է այդ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ու­զեն կամ չու­զեն՝ այս իշ­խա­նու­թեան գոր­ծիչ­ներն են, որ պի­տի հար­թեն այս ստի­պո­ղա­կան ճա­նա­պար­հը։

«Դ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րի օ­րա­կար­գը», ո­րուն կ­՛ակ­նար­կէ պր. նա­խա­գա­հը, այն իսկ օ­րա­կարգն է, ուր թա­ղո­ւած է այս հրէ­շին գլու­խը։ ­Բո­լոր ցու­ցա­նիշ­նե­րը ցոյց կու տան, որ երկ­րի տնտե­սու­թեան հսկայ մէկ շեր­տը ա­ռե­ւան­գո­ւած կը մնայ խորհր­դա­յին կար­գե­րէն վե­րապ­րած մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գին կող­մէ, ո­րուն ա­ղի­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը երկ­րի տնտե­սու­թեան հա­մար շա­րու­նա­կա­բար մատ­նա­ցոյց ը­րած ենք այս սիւ­նակ­նե­րէն։

Երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը իւ­րա­ցո­ւած է սա­կա­ւա­պե­տա­կան (oligarchic) խում­բի մը կող­մէ եւ պե­տու­թեան ձեռ­քէն խլո­ւած են տնտե­սա­կան ազ­դու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լու բա­նա­լի­նե­րը։ Այս տնտե­սա­կար­գը ինք­նա­բե­րա­բար կը ծա­ռա­յէ խումբ մը շա­հա­տէ­րե­րու, ո­րոնք կը շա­հա­գոր­ծեն երկ­րի ու­ժա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­ռանց սա­կայն կա­րե­լի դարձ­նե­լու ե­կա­մու­տի հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­բաշ­խու­մը (income redistribution) տնտե­սու­թեան մէջ եւ ա­ռանց ծնունդ տա­լու ա­ռողջ վե­րա-ներդ­րու­մա­յին (re-investment) դրա­մա­հոս­քե­րու։

Այս տնտե­սա­կար­գը չի ծնիր նոր աշ­խա­տա­տե­ղեր այն չա­փով, որ ան պի­տի ծնէր ա­զատ մրցակ­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ։ Ան չի կրնար հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան հետ ա­ռողջ հա­մար­կում (integration) ա­ռաջ բե­րել, որ նա­խա­պայ­մանն իսկ է մեր երկ­րի տնտե­սու­թեան ար­դիա­կանց­ման։

Ան չի կրնար խթա­նել կո­րո­վի եւ ինք­նավս­տահ հա­սա­րա­կու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու պատ­մա­կան գոր­ծը, քա­նի որ ան չի կրնար ա­պա­հո­վել երկ­րէն ներս մի­ջին դա­սա­կար­գի մը կազ­մա­ւոր­ման գոր­ծը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ան կը ստի­պէ, որ աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը գաղ­թէ. ­Կը ստի­պէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջին դա­սա­կար­գը - այ­սինքն՝ երկ­րի ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ բա­նա­լի՛ն - կազ­մա­ւո­րո­ւի… երկ­րէն դուրս՝ ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ եւ այ­լուր։ Եւ ի շահ օ­տար տնտե­սու­թեանց եւ ազ­գու­թեա՛նց։

­Հե­տե­ւա՛ն­քը այս բո­լո­րին։ ­Մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը - ե­թէ ա­րա­գօ­րէն եւ հիմ­նո­վին չվնա­սա­զեր­ծո­ւի - պի­տի տե­ւա­բար սնու­ցա­նէ երկ­րէն զան­գո­ւա­ծա­յին փա­խուս­տի հո­գե­բա­նու­թիւ­նը մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ։ Եւ կամ պի­տի սնու­ցա­նէ ինք­նիր երկ­րին մէջ, ինք­նիր զա­ւակ­նե­րու աչ­քին՝ ծանր խղճմտան­քով ապ­րող, ինք­նիր հո­ղէն ա­մէն օր օ­տա­րո­ւած, տե­ւա­բար յու­սա­հատ եւ տե­ւա­բար ի­րա­ւազր­կո­ւած քա­ղա­քա­ցի՛ն։

Ին­չու՞ ըն­դու­նիլ այս կրկնա­պէս նա­հան­ջա­կան կար­գա­վի­ճա­կը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ այս ան­հե­թեթ բան­տը ըն­դու­նե­լու եր­բեք պէտք չու­նինք։ ­Կա­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կը գտնո­ւի մեր եր­կի­րը, անշր­ջե­լի չէ։ Այս ծուռ դար­ձած ա­նի­ւը կա­րե­լի՛ է ա­րա­գօ­րէն շրջել եւ եր­կի­րը վե­րա­դարձ­նել իր տա­րե­րա­յին (dynamic) կշռոյ­թին եւ այդ կշռոյ­թը իր ի­մաս­տու­թեամբ զի­նող մեր ժո­ղո­վուր­դի՛ն։ Եւ այդ մեծ յե­ղաշր­ջու­մէն ան­պայ­ման կը շա­հին բո­լո­րը անխ­տիր։ ­Նե­րա­ռեալ ա­նո՛նք՝ ո­րոնք լրջօ­րէն շա­հագրգ­ռո­ւած են ի­րենց ձեռ­նե­րէ­ցու­թեամբ բար­ձունք­ներ նո­ւա­ճե­լու երկ­րի տնտե­սու­թեան խա­ղա­դաշ­տին մէջ։ Պր. նա­խա­գա­հի յի­շած «դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը» այս լոյ­սի տակ միայն կրնայ իս­կա­պէս ի­մաս­տա­ւո­րո­ւիլ։ Այ­լա­պէս ան կը մնայ մե­ռեալ տառ մեզ ա­ւե­լի եւս խրե­լով այս ո­ղոր­մե­լի ճախ­ճա­խու­տին մէջ։

«Դ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րի օ­րա­կար­գը» կրնայ յոյս ներշն­չել միայն այն ա­տեն, երբ իշ­խա­նու­թիւ­նը ան­կեղ­ծօ­րէն եւ վճռա­կա­նօ­րէն քա­շէ կար­միր գի­ծը իր սահ­մա­նադ­րա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան եւ մե­նաշ­նոր­հի տէ­րե­րուն մի­ջեւ։ ­Քա­ղա­քա­կան կամք, այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ա­ռա­ջին հեր­թին, կը նշա­նա­կէ միան­գա­մընդ­միշտ կտրել պոր­տա­կա­պը իշ­խա­նու­թեան եւ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գին մի­ջեւ եւ ա­զատ ար­ձա­կել մեծ կա­լա­նա­ւո­րը՝ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի՛ն։

­Քա­նի որ ե­կած է ժա­մա­նա­կը եց­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րէն ան­դին անց­նե­լու եւ հա­մար­ձա­կօ­րէն ու հպար­տօ­րէն եւ յե­ղա­փո­խա­կան մտա­տե­սի­լո՛վ մտնե­լու յա­ջորդ քսան­հին­գա­մեա­կի դռնե­րէն ներս։
Ե­կած է ժա­մա­նա­կը մեր եր­կի­րը վե­րա­դարձ­նե­լու իր ի­րա­ւա­տի­րոջ։
Ե­կած է ժա­մա­նա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դը լիի­րաւ կար­գա­վի­ճա­կով բաժ­նե­տէր ը­նե­լու իր հայ­րե­նի­քին։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ