altԱյժմ, երբ ­Հի­լը­րի Ք­լին­թըն եւ ­Տա­նըլտ Թ­րամփ ընտ­րած են փոխ-նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նի ի­րենց թեկ­նա­ծու­նե­րը, հայ դե­մոկ­րատ­նե­րը կը պնդեն, որ ծե­րա­կու­տա­կան ­Թիմ ­Քէյն ա­ւե­լի լաւ դիր­քո­րո­շում ու­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­

րեալ, իսկ հան­րա­պե­տա­կան հա­յե­րը կը պնդեն, որ այս հար­ցով կը նա­խընտ­րեն նա­հան­գա­պետ ­Մայք ­Փէն­սը: ­Սա­կայն, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է հարց տալ, թէ այդ ի՞նչ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի:

­Ռիչ­մըն­տի քա­ղա­քա­պետ եւ ­Վիր­ճի­նիոյ նա­հան­գա­պետ ե­ղած տա­րի­նե­րուն, ­Թիմ ­Քէյն ա­ջակ­ցած է հայ­կա­կան տար­բեր հար­ցե­րու, այդ շար­քին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին: Իբ­րեւ ծե­րա­կու­տա­կան, ան չէ հո­վա­նա­ւո­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը, սա­կայն կողմ քո­ւէար­կած է ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ Ապ­րիլ 2014ին՝ միայն ­Թուր­քիոյ մա­սին բո­լոր յի­շա­տա­կում­նե­րը բա­նա­ձե­ւէն հա­նե­լու պա­հան­ջէն ետք: Ան կը փա­փա­քէր ըն­դու­նիլ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռանց ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րե­լու…: ­Ծե­րա­կու­տա­կան ­Քէյն նաեւ չէ ա­ջակ­ցած ներ­կա­յիս քննար­կո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին:

2014ին, ծե­րա­կու­տա­կան ­Քէյն ստա­ցած է մի­ջակ նիշ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ ան՝
- Պն­դած է, որ մեղ­մաց­նեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւին բնա­գի­րը, նախ­քան ա­տոր օգ­տին քո­ւէար­կե­լը.
- Ե­լոյթ չէ ու­նե­ցած ­Ծե­րա­կոյ­տի մէջ՝ ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան.
- ­Չէ մաս­նակ­ցած ­Քա­փի­թո­լի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան.
- ­Չէ հո­վա­նա­ւո­րած ­Հա­յի­թիի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­տա­ռա­պատ­ման ո­րո­շու­մը:

­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի փոխ-նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նի թեկ­նա­ծուն՝ Ին­տիա­նա­յի նա­հան­գա­պետ ­Փէնս եւս փո­փո­խա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նե­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ, երբ ­Քոնկ­րէ­սի ե­րես­փո­խան էր 2001էն 2013: Իբ­րեւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ, ան 2005ին քո­ւէար­կեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի օգ­տին, սա­կայն դէմ քո­ւէար­կեց 2007 եւ 2010 թո­ւա­կան­նե­րուն՝ մտա­հո­գո­ւած, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը կրնայ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վրայ: 2012ին, ­Քոնկ­րէ­սէն ներս իր վեր­ջին տա­րին, ­Փէնս ստա­ցաւ մի­ջակ նիշ՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ:

Ս­տո­րեւ՝ ներ­կա­յա­ցո­ւած են հա­տո­ւած­ներ քոնկ­րէ­սա­կան ­Փէն­սի ե­լոյ­թէն, ար­տա­սա­նուած ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ, 4 ­Մարտ 2010ին.
«.... ­Կը կար­ծեմ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին, եւ այդ եր­բեք պէտք չէ մոռ­ցո­ւի...: Այն փաս­տը, որ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն քրիս­տո­նեայ սպան­նո­ւած է, ին­ծի հա­մար այդ կո­րուս­տը կը դառ­նայ ա­ւե­լի անձ­նա­կան»:

­Քոնկ­րէ­սա­կան ­Փէնս կը շա­րու­նա­կէ.- «­Թէեւ մենք եր­բեք պետք չէ մոռ­նանք այս ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կոր­սուած կեան­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին դառ­նա­ցած կեան­քե­րը, ցա­ւօք սա­կայն, ես չեմ կրնար ա­ջակ­ցիլ այս բա­նա­ձե­ւին...: ­Հի­մա ժա­մա­նա­կը չէ այս ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քոնկ­րէ­սին հա­մար այս հար­ցով զբա­ղե­լու...: ­Թուր­քիա ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր է Ի­րա­քի եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ մեր շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րուն: Ա­նոնք կը կի­սեն մեր շա­հե­րը մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ…: Ես այ­սօր յար­գան­քով կանգ­նած եմ այս բա­նա­ձե­ւին ընդ­դի­մա­ցող­նե­րու շար­քին, սա­կայն խոր յար­գանք կը տա­ծեմ նկատ­մամբ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք այս ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ են եւ ա­նոնց, ո­րոնք մե­զի կը հե­տե­ւին, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դին ձայ­նը լսե­լի դառ­նայ այս հար­ցով:

­Թէեւ ես չեմ կրնար ա­ջակ­ցիլ այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման, սա­կայն ա­նոնք գո­նէ թող գիտ­նան, որ այս ա­մե­րի­կա­ցին կը հասկ­նայ ի­րենց կո­րուս­տը, կը ճանչ­նայ տա­րի­ներ ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած այդ ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ իր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք տա­կա­ւին կը կրեն այն բե­ռը, որ, ըստ էու­թեան, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր: Ես կոչ կ­՛ը­նեմ իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս՝ դէմ քո­ւէար­կել այս բա­նա­ձե­ւին….»:

­Ծա­նօ­թա­նա­լով այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ եր­կու թեկ­նա­ծու­նե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն, պէտք է հա­շո­ւի առ­նել, որ՝
1. ­Փոխ-նա­խա­գահ­նե­րը չեն ո­րո­շեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, այլ՝ նա­խա­գահ­նե­րը…
2. ­Կա­րիք չկայ վի­ճե­լու, թէ ո՞ր թեկ­նա­ծուն կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, քա­նի որ այդ բազ­միցս ճանչ­ցո­ւած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ.
ա) 1951ին պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղթ ներ­կա­յա­ցուած է մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան.
բ) 1981ին նա­խա­գահ ­Ռա­նըլտ ­Ռե­կըն նա­խա­գա­հա­կան Հռ­չա­կա­գիր ստո­րագ­րած է.
գ) ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը եր­կու բա­նա­ձեւ ըն­դու­նած է՝ 1975 եւ 1984 թո­ւա­կան­նե­րուն:
­Հե­տե­ւա­բար, այ­սու­հե­տեւ հա­յե­րը պէտք է ձգտին ոչ թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, այլ՝ ար­դա­րու­թեան: ­Թեկ­նա­ծու­նե­րու դիր­քո­րո­շու­մը այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր է միայն այն պա­րա­գա­յին, ե­թէ ա­նոնք ան­ցեա­լին հեր­քած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կամ խոս­տա­ցած են ճանչ­նալ զայն, բայց դրժած են ի­րենց խոս­տու­մը…

­Սա­կայն, կան հա­յե­րը յու­զող շարք մը այլ կա­րե­ւոր հար­ցեր, ո­րոնք պէտք է քննար­կո­ւին քա­ղա­քա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու հետ, ա­տոնք են՝ ա­ջակ­ցու­թիւն Ար­ցա­խի, ճնշում ­Թուր­քիոյ վրայ՝ հա­յե­րու բռնագ­րա­ւո­ւած սե­փա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու պա­հան­ջով, ա­մե­րի­կեան ա­ւե­լի մեծ ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թեան տրա­մադ­րում ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, ո­րա­կա­ւոր ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու պե­տա­կան աշ­խա­տան­քի ըն­դու­նում, ինչ­պէս նաեւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւում ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ:

­Ցա­ւօք, ան­կախ հար­ցե­րու բնոյ­թէն, եր­բեք չես կրնար վստահ ըլ­լալ, որ նա­խա­գա­հի եւ փոխ-նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րը կը յի­շեն եւ կը կա­տա­րեն քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին տո­ւած ի­րենց խոս­տում­նե­րը՝ ընտ­րո­ւե­լէ եւ յար­մա­րա­ւէտ տե­ղա­ւո­րո­ւե­լէ ետք Ս­պի­տակ ­Տան մէջ…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»