­altԾանր փոր­ձու­թե­նէն ինչ­պէ՞ս դուրս ե­կաւ մեր եր­կի­րը: Ա­յո՛, փոր­ձու­թիւն էր զէն­քի մի­ջո­ցաւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ ազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րու լու­ծում պար­տադ­րե­լու խումբ մը հա­յոր­դի­նե­րու վտան­գա­ւոր գոր­ծո­ղու­թիւ­նը:

 

­Յու­սա­հա­տա­կան թէ այլ հո­գե­վի­ճա­կով ձեռ­նար­կո­ւած նման գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ըն­դու­նե­լի չե՛ն կրնար ըլ­լալ՝ նախ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը վտան­գե­լու, ա­պա ամ­բողջ ազ­գի նե­րաշ­խար­հին վրայ հա­յու ձեռ­քով հա­յու ա­րեան հե­ղու­մին ծան­րա­գոյն նստո­ւածք թող­նե­լուն պատ­ճա­ռով:
­Հա­մա­ձայն ենք ու կ­՛ընդգ­ծենք նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թին մէջ հնչած հաս­տա­տու­մը, թէ՝ «զէն­քով եւ բռնու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նում հար­ցեր չեն լու­ծո­ւե­լու»։

Այս փոր­ձու­թե­նէն ան­դին անց­նե­լու եւ երկ­րի հե­տա­գայ ըն­թաց­քը նշե­լու իշ­խա­նա­կան ա­ռա­ջին դրսե­ւո­րու­մը՝ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ե­լոյթն էր, զոր ան ու­նե­ցաւ «հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շեր­տե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի՝ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րի, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի, զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի, հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րի, ­Հան­րա­յին Խորհր­դի ան­դամ­նե­րի, ինչ­պէս նաեւ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի, ՀՀ օ­րէն­քով ստեղ­ծո­ւած մշտա­պէս գոր­ծող մար­մին­նե­րի ղե­կա­վար­նե­րի, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ հո­գե­ւոր դա­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի հետ»:

­Նա­խա­գա­հը գոհ էր, որ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան նո­ւա­զա­գոյն զո­հե­րով ու վնաս­նե­րով հաս­նիլ այս հանգ­րո­ւա­նի «հան­գու­ցա­լուծ­ման»՝ զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թեան:
Ան­շո՛ւշտ, ե­թէ նա­խա­գա­հին յի­շա­տա­կած դա­սա­կան հա­կա­դար­ձու­թեամբ՝ զի­նեալ­նե­րը ու­ժի մի­ջո­ցով չէ­զո­քաց­նե­լու քայ­լին դի­մո­ւէր, ա­պա զո­հե­րուն թի­ւը շատ ա­ւե­լի բարձր պի­տի ըլ­լար, եւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը իշ­խա­նու­թեանց հա­մար շա՜տ ա­ւե­լի ծանր կրնա­յին ըլ­լալ:

Ոս­տի­կա­նու­թեան շար­քե­րէն եր­կու զո­հե­րու պա­րա­գան ցա­ւով կ­՛ար­ձա­նագ­րենք եւ հա­զար ե­րա­նի կու տանք, որ ա­նոնք նա­հա­տա­կու­թեան պսա­կը շա­հէին Ար­ցա­խեան շար­ժու­մի տա­րի­նե­րուն բազ­մա­թիւ ոս­տի­կան­նե­րու նման, թշնա­միի դէմ կռի­ւի ըն­թաց­քին:
­Նա­խա­գա­հը «գրա­գէտ» գնա­հա­տեց ոս­տի­կա­նու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ գո­վե­լով ա­նոր «զսպո­ւա­ծու­թիւ­նը», ո­րուն վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը՝ ­Խո­րե­նա­ցիի ու ­Սա­րի ­Թա­ղի ցու­ցա­րար­նե­րուն ու լրագ­րող­նե­րուն վրայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած բիրտ յար­ձա­կում­նե՞րն էին ար­դեօք:

­Չէ՛, նա­խա­գա­հի ու­շադ­րու­թե­նէն չէ վրի­պած ա­նի­կա, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի ուշ, իր ե­լոյ­թին մէջ նա­խա­գա­հը կա­տա­րած է հե­տե­ւեալ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը. «Ես շնոր­հա­կալ եմ մեր լրագ­րող­նե­րին՝ ի­րենց անմ­նա­ցորդ աշ­խա­տան­քի հա­մար եւ ա­նա­րիւն հան­գու­ցա­լուծ­մա­նը նպաս­տե­լու հա­մար:

«Ես նաեւ նե­րո­ղու­թիւն եմ խնդրում մեր լրագ­րող­նե­րից, ­Յու­լի­սի 29ի՝ լոյս 30ի գի­շե­րո­ւայ դէպ­քե­րի հա­մար. սա մեր ա­մե­նաէա­կան բաց­թո­ղումն էր այս օ­րե­րի ըն­թաց­քում: ­Բո­լոր հե­տե­ւու­թիւն­ներն ան­շուշտ ա­րո­ւե­լու են: ­Ձեր նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը հայ­ցե­լով՝ միայն լրագ­րող­նե­րին, բայց ոչ ի­րա­ւա­պահ­նե­րին, խնդրում եմ մո­ռա­նալ այդ դէպ­քե­րի մա­սին, քա­նի որ ի­րօ՛ք վստահ եմ, որ այ­լեւս նման բան չի կրկնո­ւե­լու, եւ նաեւ ու­զում եմ, որ այդ դէպ­քերն այ­սու­հետ ան­գամ են­թա­գի­տակ­ցա­կան ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­նան ձեր ա­զատ գոր­ծե­լաո­ճի վրայ»:

Ար­դեօք ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու այս­պի­սի կո­պիտ ու բիրտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին նա­խա­գա­հա­կան նե­րո­ղու­թիւնն ու չկրկնե­լու խոս­տու­մը բա­ւա­րա՞ր են հանգս­տաց­նե­լու հա­մար մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­նե­րու կամ ընդ­հան­րա­պէս ժո­ղո­վուր­դին մտա­հո­գու­թիւնն ու զայ­րոյ­թը: Դ­ժո­ւա՛ր թէ։ Ի­րա­ւա­կան դաշ­տի վրայ իսկ, ինչ­պէս որ նա­խա­գա­հը կը պնդէ, թէ զի­նեալ­նե­րուն հան­դէպ պի­տի գոր­ծադ­րո­ւի օ­րէն­քը, նո՛յ­նը պէտք է ակն­կա­լո­ւի ոս­տի­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու զան­ցում­նե­րուն պա­րա­գա­յին:

­Նա­խա­գա­հը, կը թո­ւի, թէ անդ­րա­դար­ձած է այս ո՛չ բաղ­ձա­լի վի­ճա­կին տուն տո­ւող հիմ­նա­կան գոր­ծօն­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ իր բեր­նով կը հաս­տա­տէ, թէ «ե­կել է եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ժա­մա­նա­կը: Այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րի ամ­բող­ջա­կան վեր­լու­ծու­թիւ­նը դեռ եր­կար ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջի: ­Սա­կայն մի բան ակն­յա՛յտ է. ներ­-հա­յաս­տա­նեան հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քում անհ­րա­ժեշտ է ա­րա­գաց­նել ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րի գոր­ծըն­թա­ցը»:

­Նա­խա­գա­հի խօս­քին յա­ջորդ հա­տո­ւա­ծը՝ մա­տը իս­կա­կան վէր­քին վրայ դնե­լու ուղ­ղու­թեամբ կ­՛ըն­թա­նայ.
«­Հի­մա՝ հնչող քննա­դա­տու­թեան մա­սին: ­Խօսքս, ի հար­կէ, ընդգ­ծո­ւած ա­հա­բեկ­չա­կան ձե­ռագ­րով գոր­ծող, ի­րենց մտադ­րու­թիւն­նե­րը հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ սո­ցիա­լա­կան ար­դա­րու­թեան կո­չե­րի ներ­քոյ թաքց­նող զի­նեալ­նե­րի մա­սին չէ՛. խօսքս մեր ժո­ղովրդի մի հա­տո­ւա­ծի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րի մա­սին է: Ա­յո՛, ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեալ չեն: Ա­յո՛, ­Հա­յաս­տա­նում շատ թե­րի հար­ցեր եւ բարդ խնդիր­ներ կան: ­Մեր նպա­տա­կը դրանց լու­ծում­ներն ա­րա­գաց­նելն է:

«Այս փու­լում մեր նպա­տա­կը նաեւ ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան իշ­խա­նու­թիւն ձե­ւա­ւո­րելն է, որ­տեղ լու­ծում­նե­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը լի­նի լայն հա­մա­ձայ­նու­թեան դաշ­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ներ­քոյ: ­Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը հէնց դրա մա­սին էին, հէնց այդ­պի­սի իշ­խա­նու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լու հիմքն է դրո­ւել այդ բա­րե­փո­խում­նե­րով:

Ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րեն չգտած ինչ-որ մէ­կի՝ դէ­պի ա­թոռ սո­ղոս­կե­լու մա­սին չէ, այն քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հնա­րա­ւո­րինս լայն տե­ղա­բաշխ­ման եւ կի­սե­լու մա­սին է, ին­չի ինս­տի­տու­ցիո­նալ (կա­ռու­ցա­յին-Խմբ.) ողջ հէն­քը մենք ար­դէն իսկ ա­պա­հո­վել ենք: Վս­տա­հա­բար պնդում եմ, որ ըն­դա­մէ­նը ա­միս­ներ անց, մենք ու­նե­նա­լու ենք հէնց այդ­պի­սի՛ կա­ռա­վա­րու­թիւն, հէնց այդ­պի­սի՛ իշ­խա­նու­թիւն:
«­Մենք այդ ճա­նա­պար­հով ենք գնում, եւ այդ ճա­նա­պար­հը քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րի դե­րա­կա­տար­ման մա­սին է…»:

Այդ ճա­նա­պար­հը ա­ւե­լի ա­րագ կտրե­լու ժո­ղովր­դա­յին ակն­կա­լու­թիւ­նը կրնա՞յ ար­դա­րաց­նել նա­խա­գա­հը իր հե­տա­գայ ան­մի­ջա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով: Հն­չե­ցո­ւած խօս­քը կար­ծես ա­ռա­ւել յե­տաձ­գու­մը ար­դա­րաց­նե­լու կը մի­տի: Այ­սինքն՝ քիչ մըն ալ սպա­սե­ցէք, մին­չեւ որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը գոր­ծադ­րո­ւին եւ ա­մէն ինչ իր տե­ղը գտնէ:

Այս խոս­տու­մին հան­դէպ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան ա­մէն պատ­ճառ ու­նի ժո­ղո­վուր­դը, եւ կոտ­րե­լու հա­մար այդ անվս­տա­հու­թեան ամ­րու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հը պար­տա­ւոր է ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րու դի­մել, հա­ւատք ներշն­չող գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ շղթա­յա­զեր­ծել՝ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման, ան­պատ­ժե­լիու­թեան մթնո­լոր­տի վե­րաց­ման եւ կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը չհան­դուր­ժե­լու ուղ­ղու­թեամբ:
Ար­ցա­խի հար­ցով նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թը կը ջա­նայ ո­րոշ յստա­կու­թիւն տալ վեր­ջերս շրջա­գա­յող զրոյց­նե­րուն՝ հա­ւա­նա­կան զի­ջում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ:

«Եւս մի խնդրի անդ­րա­դառ­նամ, ո­րի մա­սին բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ մենք խօ­սել ենք: ­Խօսքս ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի եւ, այս­պէս ա­սած՝ «հո­ղեր յանձ­նե­լու» մա­սին է: Ար­դէն թե­րեւս ան­հա­շո­ւե­լի են մեր յստակ դիր­քո­րոշ­ման հրա­պա­րա­կա­յին հնչե­ցում­ներն ան­ձա՛մբ իմ կող­մից: Կրկ­նո՛ւմ եմ՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին միա­կող­մա­նի զի­ջում­ներ չե՛ն լի­նե­լու:

­Բա­ցառ­ւո՛ւմ է: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը եր­բե՛ք չի լի­նե­լու Ադր­բե­ջա­նի կազ­մում: ­Բա­ցառ­ւում է: ­Մէկ ան­գամ եւս կրկնում եմ՝ բա­ցառ­ւո՛ւմ է: Ես իմ ողջ գի­տակ­ցա­կան կեան­քը ի­րա­կա­նում նո­ւի­րել եմ այս խնդրին: Եւ իմ ժո­ղովր­դի հա­մար ըն­դու­նե­լի տար­բե­րա­կի հաս­նե­լու հա­մար մի՛շտ պատ­րաստ եմ ե­ղել զո­հա­բե­րել ոչ միայն ցան­կա­ցած պաշ­տօն, այ­լեւ կեանքս: ­Դա այդ­պէս է ե­ղել ե­րէկ, այդ­պէս է այ­սօր, այդ­պէս է լի­նե­լու վա­ղը»:

Ար­ցա­խը եր­բեք մաս պի­տի չկազ­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին: Ա­տի­կա յստա՛կ է: ­Բայց հո­ղա­յին զի­ջո՞ւմ… նա­խա­գա­հին խօս­քը չի բա­ցա­ռեր ա­տի­կա: Ու­րեմն՝ մենք կը շա­րու­նա­կենք մտա­հո­գո­ւիլ ու տագ­նա­պիլ. ի՞նչ հող կը յանձ­նենք, ին­չո՞ւ, ի՞նչ ի­րա­ւուն­քով:

Ա­բօ ­Պո­ղի­կեան