alt«­Բո­լորս ալ հայ ենք,- կ­՚ը­սենք, հայ­րե­նի­քը կը սի­րենք,
բայց հայ­րե­նի­քի սի­րոյն՝ զի­րար չենք սի­րեր»
Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեան

­Մար­դոց որ­քա­նով հա­յա­սէր ըլ­լալն ու չըլ­լա­լը դա­տե­լը մե­զի տրո­ւած չէ, սա­կայն երբ ա­նոնք սկսին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, հա­մայն­քի եւ հայ­

կա­կա­նու­թեան վնաս պատ­ճա­ռել, ա­նոնց դի­մաց լուռ մնա­լը կրկնա­կի ա­ւե­լի մեծ սխալ մըն է եւ վստահ ե­ղէք, որ աշ­խար­հի տա­րած­քին, ա­մէ՛ն տեղ ալ, գո­յու­թիւն ու­նի այդ մէ­կը. լսա՞ծ էք հայ­կա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի, կեդ­րո­նի կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը մա­սին, ուր կռիւ, հա­կա­ռա­կու­թիւն եւ «փոս փո­րել» գո­յու­թիւն չու­նե­նայ: ­Կար­ծեմ դժո­ւար թէ նման հաս­տա­տում մը կա­րե­նաք ձեր միտ­քը բե­րել, ո­րով­հե­տեւ այդ ախ­տը ար­դէն իսկ ան­ցած է մեր ա­րեան մէջ:

­Հայ­րե­նի­քը՝ մե՛ր ­Հա­յաս­տա­նը մէկ է, մեր թշնա­մի՛ն՝ թուր­քը մէկ է. մեր ազ­գի հան­դէպ կա­տա­րո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ ու յստակ է. ա­մէն բան յստակ է, սա­կայն մենք ենք, որ յստակ չենք:
­Մէկ հայ­րե­նի­քի ու բա­ցա­յայտ ա­նար­դա­րու­թեան դի­մաց գո­յու­թիւն ու­նին հա­րիւ­րա­ւոր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներ, հա­զա­րա­ւոր «փի­լի­սո­փայ գիտ­նա­կան»ներ եւ տաս­նեակ մը ի­րա­րու հետ կապ չու­նե­ցող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­ներ ու ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րում­ներ:
­Հայ­կա­կան բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ, բա­րե­գոր­ծա­կան բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ալ հաս­տա­տո­ւած ու հի­մո­ւած են յստակ նպա­տա­կի մը ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մը վրայ, ու եր­կար ժա­մա­նակ ա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դուած են նոյն այդ նպա­տա­կը հե­տապն­դե­լով ու ա­նոր ամ­րապնդ­ման հա­մար աշ­խա­տե­լով, սա­կայն այ­սօր հա­սած ենք այն աս­տի­ճա­նի, որ մար­դիկ ան­դամ կը դառ­նան այս կամ այն կազ­մա­կեր­պու­թեան կամ հաս­տա­տու­թեան՝ նոյ­նիսկ ա­ռանց տե­ղեակ ըլ­լա­լու, գա­ղա­փար ու­նե­նա­լու ա­նոր նպա­տակ­նե­րուն կամ հե­տապն­դած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին:
­Շատ մը կու­սակ­ցա­կան­նե­րու կէս լուրջ-կէս կա­տակ հարց տո­ւած եմ ա­նոնց պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն կամ քայ­լեր­գին մա­սին, ո­րոնց դի­մաց շա­տեր շո­ւա­րած մնա­ցած են: Այլ երկ­րի մէջ նոյ­նիսկ հան­դի­պած եմ ան­ձե­րու, ո­րոնք Ք­րիս­տա­փոր-­Ռոս­տոմ-­Զա­ւա­րեա­նը մէկ անձ կը կար­ծէին... ­Ռոս­տո­մը որ­պէս Ք­րիս­տա­փո­րի հօր ա­նու­նը կար­ծե­լով:
Այս օ­րե­րուս գրե­թէ ա­մէն տեղ է ո­րա­կը՝ մէկ կողմ ձգե­լով քա­նա­կին կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու աշ­խա­տանքն ու շեշ­տադ­րու­մը, շա­րու­նա­կե­լով դար­ձեալ ո­րակ քա­րո­զել:

Ա.- Ան­հա­տա­կա­նէն ա­ւե­լի
կա­րե­ւոր հա­ւա­քա­կա­նը

­Մեր շրջա­նակ­նե­րուն մէջ դժբախ­տա­բար կը պակ­սի այն գի­տակ­ցու­թիւ­նը, որ կա­տա­րո­ւած գործ մը, աշ­խա­տանք մը ո՛չ ուղ­ղո­ւած պէտք է ըլ­լայ ան­ձի մը շա­հե­րուն հա­մար, ո՛չ ան­ձի մը փառ­քին եւ ոչ ալ ան­ձի մը հա­ճե­լի թո­ւե­լու մի­տու­մով: ­Հաս­տա­տա­պէս քննա­դա­տե­լի է այն ե­րե­ւոյ­թը, որ այս կամ այն մար­դուն հա­ճոյ ե­րե­ւե­լու հա­մար, հա­ւա­քա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը որ­պէս գոր­ծիք օգ­տա­գոր­ծո­ւին:
­Յա­ճախ թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ՛ կու­սակ­ցու­թեան մէջ - եւ գրե­թէ ա­մէն տեղ - մար­դիկ ի­րենց անձ­նա­կան կեան­քը, սե­փա­կան հար­ցե­րը կը խառ­նեն ու կը շփո­թեն հա­ւա­քա­կան կեան­քին հետ: Բ­նա­կան է, որ մարդ չա­խոր­ժի եւ կամ հար­ցեր ու­նե­նայ ան­ձի մը հետ, սա­կայն այդ խնդիր­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ, կու­սակ­ցու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ բե­րե­լը ա­մօթ է մե­զի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ այդ­տեղ մենք չենք գոր­ծեր որ­պէս ­Սար­գիս, ­Լե­ւոն կամ ­Փա­նոս. թէ՛ ե­կե­ղե­ցին, թէ՛ կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի հա­մայն հա­յու­թեան եւ առ այդ կա­րե­լի չէ այդ­տեղ մեր անձ­նա­կան շա­հե­րուն հա­մե­մատ շար­ժիլ:
­Միշտ պէտք է գե­րա­դա­սել հա­ւա­քա­կա­նու­թեան շա­հե­րը: ­Տե­սա՞ծ էք ազ­գա­յին գոր­ծիչ մը, որ գիտ­նա­լով հան­դերձ, թէ իր շա­հե­րը պի­տի վնա­սո­ւին, սա­կայն ան­դին հա­յու­թեան շահ պի­տի ըլ­լայ, յանձն ա­ռած է ը­նել այդ մէ­կը: Եւ ճիշդ հոն է, որ կը կա­յա­նան իս­կա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու նո­ւի­րա­ծու­թիւ­նը. հոն՝ երբ գի­տես այս ին­չը ը­նե­լով ազ­գը պի­տի շա­հի, սա­կայն ա­թոռդ կրնայ վնա­սո­ւիլ, սա­կայն կը շա­րու­նա­կես այդ մէ­կը ի­րա­գոր­ծել: ­Մարդ չի կրնար իր անձ­նա­կան շա­հերն ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան շա­հե­րը ի­րա­րու հա­ւա­սար դի­տել. վստահ ե­ղէք, որ միշտ Ե­Սը կը յաղ­թէ այդ­պի­սի պա­րա­գա­նե­րուն:
Ա­ռի­թով մը գրած էի մար­դուն եւ գոր­ծին մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն դնե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին. անձ­նա­կան կեան­քիս մէջ ես կրնամ չսի­րել ­Սար­գի­սը, սա­կայն ե­թէ ­Սար­գի­սը ազ­գին օ­գուտ պի­տի տայ՝ իմ չսի­րելս այդ­տեղ ոչ մէկ ի­մաստ կրնայ ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ պէտք է կա՛մ անձ­նա­կան շա­հերն ու «սէր»ե­րը ի գործ դնենք, եւ կամ ալ ազ­գին շա­հե­րը ա­ռաջ քշենք:
Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ կու­սակ­ցու­թեան մէջ անձ­նա­կան շա­հե­րու փնտռտու­քի կամ «սի­րել»ու-«չսի­րել»ու պա­րա­գան բա­ցատ­րենք հե­տե­ւեալ ձե­ւով.-
­Մա­հա­մերձ հի­ւանդ մը պէտք է գոր­ծո­ղու­թեան սե­նեակ առ­նո­ւի, սա­կայն ա­նոր գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նակ­ցող բժիշկ­նե­րը ի­րա­րու հետ չեն խօ­սիր ու թշնա­մանք եւ ոխ կը կրեն ի­րենց սիր­տե­րուն մէջ ի­րա­րու հան­դէպ... Կր­նա՞ք ե­րե­ւա­կա­յել այդ հի­ւան­դի գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թացքն ու ապ­րե­լու եւ մեռ­նե­լու մի­ջեւ տա­րո­ւող պայ­քա­րը: ­Ձեզ­մէ շա­տեր հա­ւա­նա­բար ի­րենց միտ­քէն ար­դէն իսկ ը­սին, թէ այդ մէ­կը շատ վտան­գա­ւոր պի­տի ըլ­լար ու հի­ւան­դին բժշկո­ւի­լը գրե­թէ անհ­նար: Այդ­տեղ բժիշկ­նե­րը պէտք է մտա­ծեն կա՛մ հի­ւան­դի ա­ռող­ջու­թեան մա­սին եւ կամ ալ ի­րենց անձ­նա­կան հար­ցե­րուն մա­սին:
­Նոյն պա­րա­գան է այ­սօր մեր՝ հայ­կա­կան կեան­քէն ներս. շատ ան­գամ անձ­նա­կան շա­հե­րով ու հար­ցե­րով հե­տաքրք­րո­ւե­լով՝ կը մոռ­նանք մեր մա­հա­մեր­ձին՝ ազ­գին վի­ճա­կին մա­սին խոր­հե­լու:
Ե­թէ մէ­կը լաւ խմբա­գիր է, ազ­գա­յին գոր­ծիչ է, կա­տա­րեալ հայ­րե­նա­գէտ եւ կամ հայ­րե­նա­սէր է, ա­նոր «այս» կամ «այն» խում­բէն ըլ­լա­լը ի՞նչ կրնայ փո­խել ա­նոր ար­ժէ­քէն կամ ար­ժա­նիք­նե­րէն: Ար­դեօ՞ք ար­դար բան է մէ­կը դուրս ձգել ու ա­նոր տեղ բե­րել կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ա­ւե­լի տկար մը՝ պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ «ա­նոր» խում­բէն է. հոս ազ­գի շա­հե՞­րը կը հե­տապն­դո­ւին, թէ՞ անձ­նա­կան ման­րուք հա­շիւ­ներ են, որ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան:

Բ.- ­Խօս­քի եւ միտ­քի ա­զա­տու­թեան
այ­լան­դա­կո­ւած ձե­ւը

Դժ­բախ­տա­բար, հա­կա­ռակ որ խօս­քի եւ մտքի ա­զա­տու­թիւն քա­րո­զող ազգ մը ե­ղած ենք մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, մա­նա­ւանդ մա­մու­լի եւ գրա­կա­նու­թեան ճամ­բով, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այն­քան ալ խօս­քի եւ միտ­քի ա­զա­տու­թեան կողմ­նա­կից չենք: Դժ­բախ­տա­բար մեր մօտ հի­մա ար­դէն տա­րա­ծո­ւած է սխալ ու ան­տե­ղի այն հա­մո­զու­մը, մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վա­կան կեան­քե­րու մէջ, որ ե­թէ բա­րե­կամ մը բան մը ը­սաւ՝ պէտք է կողմ­նա­կից ըլ­լալ ա­նոր կար­ծի­քին, այ­լա­պէս փոքր քննա­դա­տու­թիւն մը դուռ կը բա­նայ այն կար­ծի­քին, որ այս մէ­կը «միւս» խում­բէն է...:
Աշ­խար­հի վրայ պէտք է գիտ­նանք, թէ բա­ցա­յայտ ի­րո­ղու­թիւն է, որ ե­թէ ես մէ­կուն կար­ծի­քին հա­մա­ձայն չեմ, այդ մէ­կը չի նշա­նա­կեր, թէ թշնա­միս է եւ կամ հա­կա­ռակ ենք ի­րա­րու, ո­րով­հե­տեւ ներ­կա­յիս գա­ղա­փար­նե­րու հա­կա­սու­թիւն­նե­րը որ­պէս թշնա­մու­թիւն­ներ կ­՚ո­րա­կո­ւին:
Դժ­բախ­տա­բար մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը եւս կրած են փո­փո­խու­թիւն­ներ: ­Կա­տա­րո­ւած սխա­լի մը դի­մաց, ներ­կա­յիս վստահ ե­ղէք, որ ա­մէ­նէն մօ­տիկ կար­ծո­ւած բա­րե­կա­մը ան­գամ պի­տի բամ­բա­սէ ու խօ­սի, սա­կայն մար­դիկ հա­սած են այն մա­կար­դա­կի, որ կը նախնտ­րեն մար­դիկ խօ­սին ի­րենց ե­տե­ւէն՝ քան ուղ­ղա­կի ի­րենց ե­րե­սին:
Ան­ցեա­լին, մեր պատ­մու­թեան մէջ ու­նե­ցած ենք շա­տեր, ո­րոնք ի­րենց ճշմար­տա­խօ­սու­թեանց հա­մար դա­տա­պար­տո­ւած են մա­հո­ւան: ­Մար­դիկ փոր­ձած են ա­նոնց վախց­նել մա­հո­ւան սար­սու­ռով, սա­կայն ա­նոնք ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սե­լէ դադ­րած չեն: Իսկ այս օ­րե­րուս ալ նոյն բանն է, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի:
Ճշ­մար­տու­թիւ­նը խօ­սիր, ցա­ւա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը մատ­նան­շէ եւ կը տես­նես, որ նոյն այդ ան­ցեա­լի պատ­կե­րը կը ստա­ցո­ւի։ ­Սա­կայն նոյն այդ միտ­քե­րը, ա­ռանց ա­նոնց ե­րե­սին ուղ­ղա­կի ը­սե­լու, ե­թէ բամ­բա­սե­լով ար­տա­յայ­տես՝ ա­նոնց հո­գը չըլ­լար... ու հա­կա­ռակ այս ի­րո­ղու­թեան, տա­կա­ւին շա­տեր կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւին՝ ը­սե­լով.- «Ա­ւե­լի լաւ է դի­մացս ը­սէ, քան ե­տե­ւէս խօ­սի...»: ­Դի­մացդ խօ­սի՝ թշնա­մի պի­տի տես­նես զինք, իսկ երբ բամ­բա­սէ քու ե­տե­ւէդ՝ երբ դուն հոն չես ու չես լսեր, ա­մե­նամ­տե­րիմ բա­րե­կամդ ան­գամ կրնայ ըլ­լալ...
Առ այդ՝ ըն­թեր­ցո­ղը ինք թող ո­րո­շէ. կեղ­ծա­ւո­րու­թեա՞մբ բա­րե­կա­մա­նալ, թէ՞ ճշմար­տա­խօ­սու­թեամբ թշնա­մի դառ­նալ:
Եւ ա­սոր պա­տաս­խա­նին հի­մա վրայ պի­տի որ զգաք աշ­խար­հի ար­ժէք­նե­րուն կա­մաց-կա­մաց ամ­բո­ջու­թեամբ հա­կա­ռա­կի դառ­նա­լը:
­Խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր եւ լաւ բան մըն է, սա­կայն մենք ա­նոր ի­մաս­տը եւս այլ ձե­ւով հասկ­ցող­նե­րէն ենք. խօս­քի եւ միտ­քի ա­զա­տու­թիւ­նը պէտք է, որ ըլ­լայ սրբագ­րու­թեան ու ուղ­ղե­լու հա­մար. ժո­ղո­վա­կան կեան­քի մէջ խօս­քի ա­զա­տու­թեամբ մարդ կրնայ մատ­նան­շել սխալ­նե­րը, ա­նոնց լու­ծում մը գտնե­լու մի­տու­մով, սա­կայն այ­սօր այդ ա­զա­տու­թիւ­նը եւս ստա­ցած է այլ ձեւ: ­Մար­դիկ խօս­քի եւ միտ­քի ա­զա­տու­թիւն կ­՚ո­րա­կեն շատ ան­գամ թշնա­մա­կան ցե­խար­ձա­կում­նե­րը, խօս­քի ա­զա­տու­թեան ճամ­բով կա­տա­րո­ւե­լիք սրբագ­րու­թիւն­նե­րը։
«Այս­պէ՛ս ը­րիք» կամ «այս­պէ՛ս կ­՚ը­նէք»ով չի կրնար ըլ­լալ: Սր­բագ­րում­նե­րը կ­՚ըլ­լան «այս­պէս ա­ւե­լի լաւ է», «ե­թէ այս­պէս ը­նենք՝ ա­ւե­լի ազ­գօ­գուտ է»: ­Միայն այս ձե­ւով է, որ հա­սա­րա­կու­թեան սխալ­նե­րը կրնան սրբագ­րո­ւիլ, այ­լա­պէս ա­ռանց տեղ հաս­նե­լու այ­սօ­րո­ւան նման կը շա­րու­նա­կո­ւին ցե­խար­ձա­կում­նե­րը:

Գ.- ­Դա­տել միայն սե­փա­կան
գա­ղա­փար­նե­րով ու կար­ծիք­նե­րով

«Ը­սի-ը­սաւ»ի մէջ, ե­թէ մրցա­նիշ մը ո­րո­շո­ւած ըլ­լար, վստահ ե­ղէք, որ յա­ւի­տեան ա­նոր ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կը տրո­ւէր մեր ազ­գին. իւ­րա­քան­չիւր ըն­թեր­ցող այ­սօ­րո­ւը­նէ սկսեալ թող մտա­ծէ ա­մէն օր, թէ պի­տի պա­տա­հի՞ օր մը, որ ինք չլսէ ու­րի­շի մա­սին բամ­բա­սանք կամ զրպար­տու­թիւն:
«Ը­սի-ը­սաւ»ի մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը բաժ­նո­ւի հիմ­նա­կան եր­կու մա­սե­րու. մաս­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն «ը­սի-ը­սաւ»ը հնա­րող­նե­րը, իսկ ա­նոնց դի­մաց «ը­սի-ը­սաւ»նե­րուն հա­ւա­տա­ցող­նե­րը: Հ­նա­րող­նե­րը ի՛նչ ճար­պի­կու­թեամբ ու սու­տի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած մաս­նա­գի­տու­թեամբ կը շա­րադ­րեն, ու չես գի­տեր ինչ­պէ՛ս ու­րիշ­ներ ալ յի­մա­րա­բար կը հա­ւա­տան այդ ը­սո­ւած­նե­րուն եւ ներ­կա­յիս գրե­թէ նման ման­կա­պար­տէ­զի ե­րե­ւոյթ­նե­րով է, որ կը յա­ռաջ­դի­մէ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը:
Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ դար­ձած ենք դիւ­րա­հա­ւատ հա­սա­րա­կու­թիւն մը, որ շատ ան­գամ դուրս գա­լով դիւ­րա­հա­ւա­տու­թե­նէն՝ կը մատ­նո­ւի յի­մա­րու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն եւ ը­սո­ւած­նե­րուն մի­ջեւ մեր միտքն ու բա­նա­կա­նու­թիւ­նը չեն, զորս կ­՚աշ­խատց­նենք, այլ՝ ոչ­խա­րի մեր հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը:
Մ­տա­ծող եւ բա­նաս­տեղծ Ք­րիս ­Ճե­մի կը գրէ.- «­Բամ­բա­սան­քէ ալ ա­ւե­լի մեծ յի­մա­րու­թիւն մը կայ. այն յի­մար­նե­րը, ո­րոնք կը բա­ւա­րա­րո­ւին բամ­բա­սան­քը լսե­լով»: Աս­տո­ւած մար­դուն տո­ւած է աչք, ա­կանջ, խելք եւ բա­նա­կա­նու­թիւն, որ­պէս­զի մարդ կա­րե­նայ ինքն իր ա­զատ կամ­քով կողմ­նո­րո­շուիլ: Եւ մարդ իր լսա­ծէն ա­ւե­լի պէտք է իր տե­սա­ծին եւ իմ հա­մո­զո­ւա­ծին հա­ւա­տայ, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ մարդ կը բա­ւա­րա­րո­ւի ու­րի­շին խօս­քով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու, այդ պա­րա­գա­յին վտան­գա­ւոր է այդ մար­դուն պա­րա­գան, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը միտ­քի ան­հա­սու­նու­թեան եւ տկա­րամտու­թեան նշան է, մա­նա­ւանդ ներ­կայ օ­րե­րուս, ուր կա­րե­լի չէ ոե­ւէ մէ­կուն բա­րե­ւին, ոչ ալ ժպիտ­նե­րուն հա­ւա­տալ:
­Մար­դոց մէջ դժբա­տա­բար վեր­ցած է ար­դար ըլ­լա­լու ե­րա­նե­լի շնորհ­քը, հաս­նե­լով այն­պի­սի աս­տի­ճա­նի, որ ե­թէ ներ­կա­յիս ապ­րող սուր­բեր գո­յու­թիւն ու­նե­նան, այն­պի­սի վար­պե­տու­թեամբ կրնան սու­տեր շա­րադ­րել, որ նոյ­նիսկ մար­դիկ կը հա­մո­զո­ւին, թէ եր­թա­լիք վայ­րը հաս­տատ դժոխ­քի բո­ցե­րուն մէջ է:
Ան­ցեա­լին բամ­բա­սանք­նե­րը տա­րա­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ լայն չէին, ինչ որ է այ­սօր: Այ­սօր այդ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի հե­ռա­ձայն­նե­րու, հա­մա­ցան­ցի եւ ար­դիա­կան զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով: Եւ հա­ւա­նա­բար այդ է պատ­ճա­ռը որ ան­ցեա­լին այն­քան ալ բամ­բա­սանք գո­յու­թիւն չու­նէր, ո­րով­հե­տեւ շրջա­նա­կի մը մէջ մէ­կը միւ­սը կը ճանչ­նար եւ բամ­բա­սան­քը որ­քան ալ որ ըլ­լար, այն­քան մեծ հա­ւա­տա­ցող­նե­րու խումբ մը կա­րե­լի չէր ըլ­լար գրա­ւել:
­Ներ­կա­յիս, դժբախ­տա­բար հե­ռա­ձայն­նե­րու ճամ­բով շա­տեր ի՜նչ լու­րեր, սու­տեր ու զրպար­տու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն ու­րիշ­նե­րու մա­սին, ու նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ լսո­ղը հա­ւա­նա­բար անձ­նա­պէս ծա­նօթ չէ ան­ձին՝ կոյր վստա­հու­թեամբ կը հա­ւա­տայ ա­նոր զրպար­տու­թիւն­նե­րուն եւ հոն է, որ կը սկսի իսկս­կան ցա­ւա­լի ու խո­ցե­լի ե­րե­ւոյ­թը:
­Մարդ չկայ, ո­րուն վրայ պի­տի չբամ­բա­սեն. յի­շե­ցէ՛ք... Ք­րիս­տոս նոյ­նիսկ կա­տա­րեալ ըլ­լա­լով զրպար­տե­ցին, բամ­բա­սե­ցին, մին­չեւ իսկ ծե­ծե­ցին ու խա­չե­ցին: Զր­պար­տու­թիւն հրա­պա­րա­կե­լէ ու հե­տե­ւորդ­ներ գտնե­լէ դիւ­րին բան գո­յու­թիւն չու­նի այս օ­րե­րուս. մենք ալ կրնանք մէկ հե­ռա­ձայ­նով ը­սել, որ «այ­սին­չը» իր քար­տու­ղա­րու­հիին հետ մարմ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թեան ըն­թաց­քին բռնե­ցինք...: ­Թող «այ­սինչ»ը որ­քան ու­զէ ժխտէ ու մեր­ժէ:
­Թող որ ա­մէն մարդ սկսի գոր­ծել բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ ոչ թէ բնազ­դով, ո­րով­հե­տեւ բո­լորս ալ ու­նինք խելք, աչք եւ ա­կանջ: Ա­կան­ջը կրնայ լսել հա­զար ու մէկ բան, սա­կայն պէտք է հա­սու­նու­թիւ­նը ու­նե­նալ զա­նա­զա­նե­լու հա­մար սխա­լը ճիշ­դէն, իսկ ե­թէ շա­րու­նա­կենք սխա­լը որ­պէս ճիշդ ըն­դու­նիլ, վա՜յ ե­կած է այն պա­րա­գա­յին մեր ազ­գի ճա­կա­տագ­րին: ­Մեր հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու նուի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը պէտք է վեր ըլ­լան «ը­սի-ը­սաւ»նե­րէն, այ­լա­պէս տու­նե­րու մէջ գա­ւաթ մը սուր­ճի շուրջ նստած բամ­բա­սող կի­նե­րէն բա­նով մը չենք տար­բե­րիր:
Իսկ ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կա­նը գի­տէ՞ք ուր է... որ ա­մէն բամ­բա­սող ընդ­հան­րա­պէս կը գոր­ծա­ծէ այս խօս­քը. «կ­՚ա­տեմ երբ մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն խօ­սի», եւ կամ՝ «ես չեմ կրնար մէջս պա­հել, պէտք է որ ը­սեմ ե­րեր­սին»... հոն է որ կը սկսի իս­կա­կան բամ­բա­սան­քը: Վս­տահ ե­ղէք այն խօս­քին, որ կ­՚ը­սէ. «­Շո­ղո­քորթ­նե­րը ծպտո­ւած գո­ղեր են, իսկ ի­րենց զո­հե­րը յի­մար­ներ»:

ԿԱՅԾԱԿ ԽԱՉԵՐ