«Հայքը Հայկ Նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Հայկ Խաչատրեան,
«Արտաշէս» պատմավէպ,
Հայաստան, 20րդ դար
Հայաստան եւ սփիւռքներ, քաղաքական եւ մարդորսական ճապկումներով, հայերէնի մոռացումը, լքումը եւ արհամարհանքը դարձած են ազգակերտման եւ ապագայի տեսակէտէ այլեւս տիրականօրէն վնասակար գործնապաշտութիւն:
«Էսթէպլիշմընթ»ները այս իրողութիւնը բարձիթողի կ’ընեն դիրքապաշտական խաբէութեամբ:
Ամբոխավարական ճառով կը յիշուին եւ կը փառաւորուին օտարախօսներ եւ օտարագիրներ: Անոնց «ծագում»ը կը համարուի ազգին տրուած բարենիշ, մանաւանդ երբ անոնք պատիւ կ’ընեն յիշելու… որ «հայ» են: Փոխառութեամբ կը պճնենք մեր ազգային բովանդակութենէ զուրկ սնափառութիւնը:
Ո՞վ կը հաշուէ բոլոր անոնք, որոնք օտարախօս եւ օտարագիր դառնալով՝ խզուած են իրենց «ծագում»էն անգամ, երբ յիշողութիւնը պահած բացառութիւններէն անդին գտնուող զանգուածը հաւկուրութեամբ չենք տեսներ:
Եթէ կարելի ըլլայ վիճակագրութիւն կազմել եւ խօսիլ տոկոսներով, այն ատեն մեր ճառերը ինքնախաբէութեան յուզումներ չեն ըլլար, կը դառնանք իրատես:
Քանի մը անգամ առիթ եղած է յիշելու անցեալ դարու հայրենի գրող Հայկ Խաչատրեանի «Արտաշէս» պատմավէպը: Գրողները մարդու, ազգի հոգիի, անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հայելի են, եթէ ուզենք նայիլ այդ հայելիին մէջ, փոխանակ բաւարարուելու որպէս ցուցասրահի ապրանք զանոնք գործածելու բան չնշանակող իրարանցումներով: Այդ հայելին մեր գնած եւ վարձած շպարները կը ջնջէ, եթէ իմաստութիւնը ունենանք առանց անոնց կեղծիքին ապրելու:
Օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը մեր պատմութեան չափ հին են, խոր արմատներ ունին: Հայկ Խաչատրեանի վէպին մէջ կը յիշուի Արտաշէս Արքայի իշխանութենէն անջատ թագաւորութիւն հիմնած հայածնունդ արքան, որուն արքունիքին մէջ պարթեւերէն կը խօսուէր: Հայոց արքայի սպարապետը պատերազմով վերջ կու տայ իշխանութեամբ եւ լեզուով անհարազատ «թագաւորութեան»: Անոր արքունիքը, կիները եւ զաւակները կը բերուին Հայաստան, որպէսզի հայախօս դառնան:
Գիրքը պէտք է գտնել եւ կարդալ:
Անուններու եւ դրուագներու յիշեցումը գրքունակ պիտի ըլլար: Անոնք կը մոռցուին երբ ընթերցումը ուրիշի տպաւորութիւններէն պատառիկներ կը հասնին մեր գիտակցութեան: Եթէ հասնին:
Կարեւոր է գրական երկէն, այս պարագային «Արտաշէս» վէպէն բխած պատգամը, որ մեզի կ’ընկերանայ, երբ անոր մէջ կը տեսնենք եւ կը լսենք մենք մեզ, մեր ընկերութիւնը եւ մեր ժամանակը: Այդ պատգամը իմանալու համար, իմաստասէրի ըսածին պէս, «հարցերուն պէտք է մերձենալ մերկ եւ միամիտ հոգիով (Հայտէկկէր), այսինքն թօթափելով անհարազատութիւններու բորբոսը, որ ամէն օր կ’աճի համաշխարհայնացման մէջ եւ երբ սպառողական ընկերութեան անձնատուր կ’ըլլանք՝ ենթարկուելով, մեր իսկ ընտրութեամբ, մեր ինքնութեան կորուստի ճնշումներուն:
Ի՞նչ բերած է մեր ազգին մեզ վարակած բազմատեսակ օտարախօսութիւնը:
Մեր համրանքը եւ մեր իմացական ներուժը տարած եւ թափած է օտարներու աւազանները:
Բացառութիւններ յիշելով՝ իրականութիւնները կը վարագուրենք:
Օտարախօսութեան եւ ազգային լեզուի մոռացման հետեւանքով՝ մեր կորուստներու գնահատումը չենք ուզած եւ չենք ուզեր ընել: Օտարախօս դառնալով՝ հայ մնալու եւ ազգին ծառայելու ճիգ ընողներ եղած են եւ կան. բացառութիւններ: Բայց ի՞նչ է համեմատութիւնը անոնց, որոնք երբեմն կը յիշեն եւ կ’ըսեն թէ իրենց մեծ-հայրը հայ էր: Դեռ կ’ըսեն՝ թէ իրենք «հայ ամերիկացի», «հայ ֆրանսացի» են, դեռ չլսեցինք, բայց պիտի գայ օրը, երբ պիտի ըսենք, թէ «հայ թուրք» ենք:
Ուրիշներ այդ յիշողութիւնն անգամ չունին:
Ասկէ առաջ խօսած եմ Իտալիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ եղած հայ եկեղեցիներու մասին: Հոն հայեր չկան, կան հայ սուրբեր եւ հրաշագործ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձան, «սան Կրկորիօ արմէնօ»...
«Արտաշէս» պատմավէպին մէջ, սպարապետը՝ պատասխանելով արքայի հարցումին, թէ ո՞ւր կը գտնուին Հայաստանի սահմանները, կ’ըսէ.- «Հայքը Հայկ Նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Այդ «եզրեր»էն անդին հաւաքաբար տարբեր լեզուներ խօսողները, պարթեւերէն, յունարէն, կամ ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, տարբեր ժողովուրդներու համրանքին վրայ պիտի գումարուին:
Եթէ ազատագրուի բռնագրաւուած թրքախօս կամ քրտախօս դարձած Արեւմտահայաստանը, կրկին հայոց հայրենիք ըլլալու համար, հոն պիտի խօսուի հայերէն, հայեր հոն պիտի հաստատուին: Հողի հայացման համար ազգի լեզուն կը ճշդէ սեփականութեան սահման:
Հայաստանի սահմանը կը գծուի հայախօսութեամբ, կ’ըսէ հայոց սպարապետը: «Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Եթէ այդպէս է «հայրենիք-երկրի» սահմանը, պէտք է խօսիլ նաեւ այն մասին, թէ՝ ինչպէ՞ս կը գծուի աշխարհասփիւռ հայութեան ինքնութեան սահմանը:
Դեռ «զգացումով հայ» ըլլալու ընտանեկան ժառանգութիւն պահողներ կան, բայց բացառութիւնները, քարոզչական մանր շահախնդրութիւններու տուրք տալով, ճշմարտութիւնները պէտք չէ որ վարագուրեն: Այդ բացառութիւնները մինչեւ ե՞րբ այդպէս կրնան մնալ: Իսկ բացառութիւններով ազգ կը պահուի՞:
Հայաստանի սահմանները կը գծուին հայախօսութեամբ:
Սփիւռքներու հայ ըլլալու կամ չըլլալու սահմանը ինչպէ՞ս կը գծուի:
Արտաշէս Արքային սպարապետը այսօր չկայ, չկայ զինք փոխարինողը, որ պատերազմ յայտարարէ եւ օտարախօս հայկական թագաւորութիւնը քանդէ, օտարախօսները բերէ Հայաստան, որպէսզի հայախօս դառնան: Եթէ չկայ սպարապետը, եթէ զինու զօրութեամբ այդ կարելի չէ ընել, միթէ՞ անկարելի է զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպել, որպէսզի «երկրի եզրերուն» տիրութիւն ըլլայ, այսինքն՝ հայու հողին վրայ բնակին հայախօս հայեր:
Հնդկաստանի մէջ կային հայեր, ունէին եկեղեցի, ճեմարան, առաջին հայկական թերթը հոն հրատարակուեցաւ: Ո՞ւր են այդ հայերը: Անոնց ինքնութեան եզրերու սահմանաքարերը չդիմացան ժամանակի հարթող գլանի աւերին: Ո՞վ կրնայ ճշդել, հնդկական ովկիանոսին մէջ գտնուող «հայկական ծագում»ները: Կամ Իտալիոյ Փուլիա շրջանին մէջ Նիկեֆոր կայսեր բնակեցուցած հայերը ո՞ւր են հիմա:
Սփիւռքը ժամանակաւոր պէտք էր ըլլար: Սփիւռքը չի կրնար տեւել որպէս ազգի հատուած: Եթէ թիւերու լեզուով ուսումնասիրութիւն կատարուի, եթէ այդ կարելի ըլլար ընել, Հայաստանի եւ սփիւռքներու ղեկավարութիւնները կրնային կողմնորոշուիլ եւ առաջնորդել:
Մեր պատմութեան հանգուցային պահերէն մին կ’ապրինք: Հայրենալքում-արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը ազգաքանդ ընթացք են: Ազգի եւ Հայաստանի «եզրեր»ու վերականգնումը այսօր տեղի պէտք է ունենայ: Ուշացումը անվերադարձ աղէտ է:
Արտաշէս Արքայի սպարապետը այսօր պէտք է ըլլայ ազգի հարազատ ղեկավարութիւնը, զոր ո՛չ սակաւապետութեան եւ ոչ ալ «էսթէպլիշմընթ»ներու հետ պէտք է շփոթել:
Հարազատ ղեկավարութիւն, որ կ’առաջնորդուի պարզ իմաստութեամբ. «Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Այդպէ՛ս է նաեւ սփիւռքներու ինքնութեան պարագան՝ տոկալու եւ տեւելու համար, որ ինքնանպատակ չէ, պէտք չէ ըլլայ: Նպատակը հայոց հայրենիքի «եզրեր»ու պաշտպանութիւն-բնակեցման յանձնառութիւնն է, որ շաբաթավերջի ճաշկերոյթ կամ ճառ չէ, փող-թմբուկի երգիչներու խլացնող աղմկարարութիւն:
Այդ պաշտպանութիւն-բնակեցումով հարկ է չափել ճառերու ուժը, զգացումները, սէրերը, լուսապսակները:
Այս արդէն իսկական ազգային գաղափարախօսութեամբ գործող «ղեկավարում»ի հարց է եւ ընդարմացումը թօթափող ազգային ողջմտութեամբ պահանջատէր զանգուածի:
Եւ ստրկացումը մերժող իրաւ մտաւորականութեան, որ զանգուածին ըսէ, թէ ի՛նչ է հայրենիքը եւ ի՛նչ է ազգը: Ինչո՞ւ կարգախօս չդարձնել հայոց արքայի սպարապետին խօսքը.
- «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Հակառակ զգացական ճառերու՝ սփիւռքները հայու հայրենիք չեն, օտարման տանող գնացքներու սպասման սրահներ են:
Ֆրանսան երէկ մեծ շուքով տօնեց տարեդարձը աւելի քան երկու դար առաջ տեղի ունեցած իր Մեծ Յեղափոխութեան, որուն ծնունդ տուած էին իր մեծ մտաւորականներուն գաղափարները:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ