altՈչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի մէկ քա­ղա­քը միւ­սին դէմ թշնա­մա­կան կե­ցո­ւածք ու­նի, այ­լեւ միեւ­նոյն քա­ղա­քին եր­կու թա­ղա­մա­սե­րը, միեւ­նոյն փո­ղո­ցին եր­կու դրա­ցի­նե­րը, միեւ­նոյն տան եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րը, միեւ­նոյն գոր­ծին եր­կու ըն­կեր­նե­րը։ ­Քա­նի՜-քա­նի՜ ան­գամ­ներ

խոր­հած եմ, որ ե­թէ ես ալ եր­կու­քի բաժ­նո­ւէի, մէկ կէսս պի­տի կռո­ւէր միւս կէ­սիս հետ**։

Տ. ԳԱՄՊՈՒՐՕՂԼՈՒ (­Հել­լէն ա­կա­դե­մա­կան)
Պէտք է ըն­դու­նիլ.- ­Յոյ­նե­րուն հետ բաղ­դա­տե­լով՝ ի­տա­լա­ցի­նե­րը ե­րա­խայ են ձեռ­քի շար­ժում­նե­րու մէջ։ Երբ բա­րե­կամս՝ ­Մար­մա­տիւք ­Թոմփ­սըն (հե­ղի­նա­կի մէկ պատ­մո­ւած­քին հե­րո­սը) կ­՚ը­սէր, թէ ­Լոն­տո­նի մէջ ան­շարժ բա­զու­կը կը սկսի շար­ժիլ ­Քա­լէի մէջ, որ­պէս­զի ­Թո­րի­նօ հաս­նե­լուն՝ սկսի դառ­նալ պտու­տա­կի պէս, կը մոռ­նար ­Յու­նաս­տա­նը։ ­Յու­նաս­տան կար­ծէք եր­կիր մըն է խուլ-համր­նե­րու, ո­րոնք դար­ձած են շա­տա­խօս։

Ո­չինչ կայ հոն, որ շար­ժու­մով չի բնո­րո­շո­ւիր։ Բ­թա­մա­տի եւ ցու­ցա­մա­տի շար­ժում մը կայ՝ ծաղ­րո­ւած ա­մու­սին մը մատ­նան­շե­լու հա­մար, կամ՝ ձեռ­քի կողմ­նա­կի շար­ժու­մը մը՝ ը­սե­լու հա­մար, որ պի­տի ճամ­բոր­դէ։ Ու այս մար­դի­կը, ո­րոնց հա­մար նշա­նը երկ­րորդ լե­զու մըն է, եր­բեք ա­ռի­թը չեն փախց­ներ խա­չակն­քե­լու մէկ ան­գամ, եր­կու ան­գամ, ե­րեք ան­գամ եւ ե­րե­քէն ալ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ՝ շո­գե­նաւ, կա­ռա­խումբ կամ օ­դա­նաւ նստե­լէ կամ ուռ­կան­նե­րը ջու­րը նե­տե­լէ ա­ռաջ։ (Եւ սա­կայն երբ ճամ­բայ ե­լած ա­տե­նը իբ­րեւ ճամ­բու ըն­կեր ե­կե­ղե­ցա­կա­նի մը հան­դի­պին, կ­՚ը­նեն գաղտ­նի շար­ժու­մը մը, չար աչ­քէ խու­սա­փե­լու հա­մար, վասն­զի նման բան լաւ նշան մը չէ՝ այս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ)։

Իմ առ­ջեւս յոյն մը, որ անգ­լե­րէն չէր գի­տեր, ա­մե­րի­կա­ցիի մը հետ ժա­մադ­րո­ւե­լու հա­մար, ա­նոր երկն­ցուց 3 մատ­ներ, աջ ձեռ­քով զար­կաւ ձախ թե­ւի ար­մու­կին, յե­տոյ իր ա­փե­րով թե­թեւ մը շար­ժեց կուրծ­քը՝ կաթ տա­լու ձե­ւով, հասկն­ցե­լու հա­մար, որ կը սպա­սէ ի­րեն ժա­մը 3ին, փո­ղո­ցին ան­կիւ­նը, կաթ­նա­վա­ճա­ռա­տան մօ­տը։ Ա­մե­րի­կա­ցին շատ լաւ հասկ­ցաւ ա­ռա­ջին եր­կու նշան­նե­րը, բայց եր­րոր­դը չհասկ­նա­լով՝ ի զուր սպա­սեց ա­նոր, մէ­կուն մէջ այն տու­նե­րուն, ուր ըն­կե­րա­կից­ներ չպակ­սե­ցան ի­րեն։

Կայ նմա­նա­պէս գլխու շար­ժու­մը, երբ «ա­յո՛» պի­տի ը­սես՝ նէ մը ար­տա­սա­նե­լով եւ գլուխդ ձախ աջ շար­ժե­լով, կամ «ոչ» մը՝ օ­խի ը­սե­լով ու գլուխդ հաս­տա­տա­կան նշա­նով մը վեր վար ը­նե­լով։
Ու­րեմն կայ ձեռ­քի շար­ժում­նե­րու այ­բու­բեն մը, զոր սա­կայն պէտք է սոր­վիլ զգու­շու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ ­Գար­գա­սո­նի մէջ ձրի շար­ժում մը կրնայ սուղ վճա­րո­ւիլ Ս­պար­տա­յի մէջ։ ­Մէ­կու մը ձեռք եր­կա­րե­լը՝ ա­փին հինգ մատ­նե­րը բա­ցած, բան մը չի նշա­նա­կեր։ Է՜, երբ փո­ղո­ցին մէջ ը­րի այս շար­ժու­մը շո­ֆէօ­րի մը, որ պի­տի կոխկռ­տէր զիս, քիչ մնաց ստա­նա­յի ապ­տակ մը։ Ո­րով­հե­տեւ ա­սի­կա ծան­րա­գոյն նա­խա­տինք­նե­րէն մէկն է։ Ե­թէ եր­կու ձեռ­քերդ այդ­պէս երկնց­նես, կա­ցու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի կը ծան­րա­նայ։ Իսկ ծան­րա­գո՛յն կա­ցու­թիւ­նը կը ստեղ­ծո­ւի, ե­թէ գե­տի­նը նստիս եւ ձեռ­քե­րուդ հետ ոտ­քերդ ալ այդ­պէս երկնց­նես։

Եւ յե­տոյ, ու­շադ­րու­թի՜ւն ... ­Ձեռ­քի շար­ժում մը, որ Ա­թէն­քի մէջ հե­տե­ւանք­ներ չ­’ու­նե­նար, կրնայ փոր­ձան­քի մատ­նել ձեզ ­Փաթ­րա­սի մէջ։ Կղ­զի­նե­րու մէջ խնդի­րը շատ ա­ւե­լի կը բար­դա­նայ։ Կ­րե­տա­ցի­նե­րը, ո­րոնց հա­մար Կ­րե­տէն աշ­խար­հի պորտն է, կա­տակ կամ խտիղ (կը­տըք) չեն վերց­ներ։ ­Մա­տով՝ Կ­րե­տա­ցիի մը քթին կամ առ­նա­կա­նու­թեան նշա­նը ե­ղող պե­խին դպի­լը հա­ւա­սար է մա­հավճ­ռի։

Պէ՞տք է ը­սեմ, որ օ­տա­րա­կա­նը եր­բեք նման ար­հա­մար­հան­քի մը նշա­ւակ չի դառ­նար։ ­Վասն­զի օ­տա­րա­կա­նը նո­ւի­րա­կան է, այս բա­ռին հին ժա­մա­նակ­նե­րու ի­մաս­տով։ ­Յար­գե­լի ան­ծա­նօթ մըն է ան, ո­րուն պէտք է օգ­նել։
Ա­մէ­նէն կռո­ւա­զան գիւ­ղա­ցին իսկ իր սե­նեա­կը կու­տայ օ­տա­րա­կա­նին, որ­պէս­զի գի­շե­րէ հոն։ Եւ ե­թէ կռիւ պի­տի ը­նէ, այդ կռի­ւը պի­տի պայ­թի գլխուն ու­րիշ գիւ­ղա­ցիի մը, որ իր մօ­տը չէր հիւ­րըն­կա­լած օ­տա­րա­կա­նը։

Հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, հե­տե­ւա­բար, թէ ին­չո՞ւ յոյ­նե­րը դիւ­րու­թեամբ կը կռո­ւին ի­րա­րու հետ։ ­Փո­ղո­ցին մէջ կամ սրճա­րա­նը ա­մէն առ­թիւ եւ ա­ռանց ա­ռի­թի ալ կը բռնկին վէ­ճեր, ո­րուն ել­քը միայն ­Պի­թիան պի­տի կրնար գու­շա­կել։ Ա­սոր հա­մար է, որ գրե­թէ ա­մէն օր, Ա­թէն­քի օ­րա­թեր­թե­րուն մէջ լոյս կը տես­նէ ոս­տի­կա­նա­կան զե­կոյց մը, ո­րուն նա­խա­բա­նը միեւ­նոյնն է միշտ.- «Կ­ռուե­ցան ե­րէկ եւ վի­րա­ւո­րո­ւե­լով մե­ռան՝ անն­շան պատ­ճառ­նե­րով» (ա­սի­ման­տոս ա­ֆոր­մի)։ Ու կը յա­ջոր­դեն երկ­վե­ցեակ մը կամ կէս երկ­վե­ցեակ ա­նուն­ներ։

Յոյ­նե­րը հա­ճոյք կ­’առ­նեն բարդ բան մը ա­ւե­լի բար­դաց­նե­լէն նաեւ ի­րենց լե­զո­ւին մէջ։ ­Կայ ժո­ղովր­դա­կան լե­զուն, սա­հուն գրուած լե­զուն եւ գրա­կան լե­զուն, այն­պէս որ յա­ճախ եր­կու, նոյ­նիսկ ե­րեք ձեւ կայ նոյն բա­ռը ը­սե­լու հա­մար։ ­Չոր­րորդն է հին յու­նա­րէ­նը, զոր ոչ ոք կը հասկ­նայ։ Ե­թէ ­Սոկ­րատ Ա­թէնք գար նո­րէն, թարգ­մա­նի մը պէտք պի­տի ու­նե­նար։ Իմ կար­գիս ջա­նա­ցի յա­ռաջ­դի­մել օ­րա­կան 3-4 բառ սոր­վե­լով, բայց հա­շո­ւե­ցի, որ այս ձե­ւով յու­նա­րէն պի­տի կրնամ խօ­սիլ 1990ին։ ­Չեմ կաս­կա­ծիր, որ այն ա­տեն բա­րե­կամ­ներս պի­տի այ­ցե­լեն գե­րեզ­մանս, չգիտ­ցած բա­ռերս ալ հոն սոր­վեց­նե­լու հա­մար...

Յա­ճախ հարց տո­ւած եմ ես ին­ծի, թէ յոյ­նե­րը ե՞րբ կը քնա­նան, քա­նի որ մին­չեւ առ­տո­ւան ժա­մը 4ը նստած կ­’ըլ­լան թա­վեր­նա­յի մը սե­ղա­նին շուր­ջը եւ ժա­մը 8ին ալ կ­’եր­թան ի­րենց գոր­ծին,- գրա­սե­նեակ, օ­րի­նա­կի հա­մար, ուր սուրճ կը խմեն ա­մէն կէս ժա­մը ան­գամ մը։ ­Քա­նի կը հե­ռա­նաք, այն­քան ա­ւե­լի քիչ կը քնա­նան։ Ի­րաք­լիո­նի մէջ, օ­րի­նա­կի հա­մար, առ­տո­ւան ժա­մը հին­գին տե­սայ լա­րա­խա­ղաց մը, որ գե­տի­նը շա­րո­ւած շի­շե­րու վրան կը քա­լէր եւ կը պա­հէր իր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Ար­հես­տը այս է ան­շուշտ, խոր­հե­ցայ, բայց զար­մա­ցայ, որ գործ պի­տի բռնէր եօ­թը կէս անց։ Օ­դին թե­թե­ւու­թի՞ւնն է, թէ՞ գի­շեր­նե­րու պայ­ծա­ռու­թիւ­նը։ Կ­րե­տէի մէջ, ես ալ եր­բեմն ու­նե­ցայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ կ­՚արթն­նամ քնա­նա­լէ ա­ռաջ...

Գիւ­ղե­րու մէջ ոս­տի­կան մը կար­գի կը դնէ եր­թե­ւե­կը, նա­ւա­մա­տոյ­ցին դէ­մը, քա­ռու­ղիի մը վրայ խո­շոր հո­վա­նո­ցի մը տա­կը կե­ցած։ Կ­՚անց­նին օ­րա­կան 8000 մար­դիկ, 5 ինք­նա­շարժ եւ 4000 է­ջեր,- այն­քա՜ն շատ է այս հնա­զանդ ու մտա­խոհ ա­նա­սուն­նե­րուն թի­ւը կղզի­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ։ Ի­րի­կունն ալ կը ծալ­լէ հո­վա­նո­ցը եւ կը դնէ պա­տին առ­ջեւ։

Կայ նաեւ կար­միր լոյ­սը։ Ար­դար ըլ­լամ ը­սե­լու հա­մար, որ Ա­թէն­քի մէջ մար­դիկ շատ ա­ւեի կար­գա­պահ են այս լոյ­սին առ­ջեւ, քան թէ ­Փա­րի­զի շո­ֆէօր­նե­րը՝ կլաք­սո­նի գոր­ծա­ծու­թեան մէջ։ Ս­կիզ­բը դժո­ւար էր, բայց հի­մա ա­մէն ինչ կար­գին է։ Ա­թե­նա­կան նո­րու­թիւն է լու­սա­ւոր ան­ցոր­դի մը նկա­րը, որ երբ կա­նաչ է, կը նշա­նա­կէ «ան­ցէք», իսկ երբ կար­միր է՝ «կե­ցէք»։ Այս երկ­գոյն ան­ցորդ­նե­րը ու­նին ի­րենց ա­նուն­նե­րը,- կա­նա­չին հա­մար՝ Ղ­րի­ղո­րի (որ կը գոր­ծա­ծո­ւի «շուտ ը­րէ» ի­մաս­տով) եւ կար­մի­րին հա­մար՝ Ս­թա­մա­թի (ու­րիշ ա­նուն մը, որ ը­սել է նաեւ «կե­ցիր»)։

Կայ կղզիին ազ­նո­ւա­կան դա­սա­կար­գը։ ­Դա­սա­կար­գը ա­նոնց, որ կը բնա­կին ծո­վին առ­ջե­ւը փռո­ւած ամ­փի­թատ­րո­նին բար­ձուն­քը, սպի­տակ ու վար­դա­գոյն տու­նե­րու մէջ։ Կ­՚ը­սեն՝ ­Փա­փա­տո­փու­լո­սին տու­նը, ­Մի­խա­յի­լի­տի­սին տու­նը, ­Ցիմ­պար­տէ­լի­սին տու­նը։ Ա­ռանց մաս­նա­յատ­կու­թեան ազ­նո­ւա­պե­տա­կան դա­սա­կարգ մը, քա­նի որ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծը կ­՚ը­սէ, թէ «ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան ոչ մէկ տիտ­ղոս կայ»։ Ան­գամ մը, ան­ցեա­լին մէջ, գա­հա­ժա­ռանգ իշ­խան ­Կոնս­տան­դի­նը կո­չեր էին Ս­պար­տա­յի ­Դուքս. սի­րուն էր, բայց այն­քան աղ­մուկ հա­նեց, որ օ­րո­ւան մը կեանք ու­նե­ցաւ միայն։ ­Յու­նա­կան միակ ազ­նո­ւա­պե­տա­կան դա­սա­կար­գը, վե­նե­տի­կեան ծա­գու­մով, կը գտնէք ­Յո­նիա­կան կղզի­նե­րուն (­Գոր­ֆու, ­Զան­թէ) մէջ, ուր «բա­րի լոյս, տէր իմ»ին կ­՚ը­սեն՝ «­Քա­լի­մե­րա ­Քոն­թէ» (­Կոմս)։

Կղ­զիին տի­կին­նե­րը շատ հիւր կ­՚ըն­դու­նին։ Ի­րենց տօ­նախմ­բու­թեան օ­րը՝ տու­նը բաց է։ Այս ըն­դու­նե­լու­թեանց հա­մար կ­՚ընտ­րեն գրա­գէտ­նե­րը, ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը, անդր­ծո­վեայ փոք­րիկ ­Նիար­խոս­նե­րը, դե­րա­սա­նու­հի­նե­րը։ Ա­նոնց ցոյց կու­տան նկար­նե­րը ի­րենց պե­խա­ւոր, միա­կա­նի, սպիա­ցած դէմ­քե­րով նա­խա­հայ­րե­րուն, ո­րոնք հարս­տա­ցած են ծո­վա­հէ­նու­թեամբ եւ մա­շած՝ Ան­կա­խու­թեան հա­մար մղուած կռիւ­նե­րով։ Ո­րով­հե­տեւ այդ ան­կա­խու­թեան հա­մար եւ թուր­քին դէմ ա­նոնք պար­պած են ոս­կեդրամ­նե­րով լե­ցո­ւած ի­րենց ամ­բար­նե­րը։

Բո­լոր այս տի­կին­նե­րը կը խօ­սին կոտր­տած ֆրան­սե­րէն մը, անգ­լե­րէ­նով խառ­նո­ւած, որ­պէս­զի պա­հեն ի­րենց բարձ­րու­թիւ­նը։
- Watch your step, cher Monsieur,- ը­սաւ ին­ծի տի­կին ­Ցիմ­պար­տէ­լիս իր բնա­կա­րա­նին սան­դու­ղէն վեր ե­լած ա­տենս։
Բո­լորն ալ փա­րի­զու­հի­ներ են, մին­չեւ ծայ­րը ի­րենց ե­ղունգ­նե­րուն, ո­րոնք յա­ճախ եր­կար են։

- Երբ ­Փա­րիզ գամ միշտ ­Մէօ­րիս կ­՚իջ­նեմ, այն­քան գործ­նա­կան է, ա­տամ­նա­բոյժս ալ քովն է, գի­տէ՞ք, Անտ­րէ ­Մո­րո­ւա­յին ալ ա­տա­ման­բոյժն է...
Ֆի­զի­քա­պէս բաժ­նո­ւած՝ մէ­կը միւ­սէն ա­ւե­լի ընտ­րեալ եր­կու հա­զար կտո­րի, ­Յու­նաս­տան, թե­րեւս աշ­խար­հիս վրայ միակ եր­կիրն է, ո­րուն ութ մի­լիոն բնա­կիչ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն տաս­նը­վեց մի­լիոն հո­գի, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն մէկ յոյն իր մէ­ջը կը կրէ ու­րիշ յոյն մը, ո­րուն հետ կռո­ւի մէջ է յա­ւի­տե­նա­պէս։

Բար­կա­ցոտ եւ հան­դարտ, լռա­կեաց եւ շա­տա­խօս, հպարտ իր լոյ­սով, բայց «Մ­ռայլ ­Կի­րա­կի»ի նման մե­լա­մաղ­ձոտ եր­գե­րով տա­րո­ւած, աշ­խա­տա­սէր եւ ծոյլ, հնա­դա­րեան ող­բեր­գու­թեան երկր­պա­գու, բայց նաեւ պու­զու­քիի քաղցր գե­րու­թեան անձ­նա­տուր, հա­ճոյ­քով վի­ճա­բա­նող փի­լի­սո­փա­յա­կան հար­ցե­րու մա­սին, բայց նաեւ նոյն­քան հա­ճոյ­քով գնող կար­միր օ­դագն­դակ մը, սի­կա­րէ­թին ծայ­րո­վը զայն պայ­թեց­նե­լու հա­մար (մէ­կը միւ­սը չ­՚ար­գի­լեր ան­շուշտ), հա­ւա­տա­ցեալ եւ հե­թա­նոս, պար­զա­կեր եւ որկ­րա­մոլ,- յոյն մը, միեւ­նոյն օ­րո­ւան մէջ յա­ջոր­դա­բար կը ներ­կա­յաց­նէ բո­լոր ա­սոնք։ Եւ հասկ­նա­լի է, որ այս աս­տի­ճան կրկնո­ւած մարդ մը չի կրնար պարզ կեանք մը ու­նե­նալ։

Ան­կա­խու­թեան հա­մար մղո­ւած կա­տա­ղի կռի­ւէ մը ետք յա­ջո­ղած ըլ­լա­լով ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց երկ­րին միու­թիւ­նը, յոյ­նե­րը կար­ծէք մո­լեգ­նօ­րէն կը ջա­նան քան­դել զայն, գէթ խօ­սակ­ցու­թեան մէջ։ Ա­թէ­նա­ցի­նե­րը կը ծաղ­րեն ­Բե­լո­բո­նէս­ցի­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կար­գին մեղ­մօ­րէն կը քաշք­շեն ­Մա­կե­դո­նա­ցի­նե­րը, ը­սե­լով մա­նա­ւանդ, որ ­Մեծն Ա­ղեք­սանդ­րէն ի վեր ­Մա­կե­դո­նիան մէկ մեծ մարդ միայն տո­ւած է երկ­րին, այն ալ վար­չա­պետ ­Գա­րա­ման­լիսն է։
Բայց ա­սոնց բո­լո­րը կը միա­նան ի­րա­րու, սոթ­տո­ւած թե­ւե­րով իյ­նա­լու հա­մար Կ­րե­տա­ցի­նե­րուն վրայ, ո­րոնք, ա­մէ­նուն ալ հա­կա­ռա­կե­լու ի­րենց բնու­թեամբ, ընդ­դի­մադ­րու­թեան մէջ կ­’ապ­րին ու կը մեռ­նին եր­ջան­կօ­րէն։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ցա­մա­քա­մա­սի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը յե­տա­դէմ մար­դոց տեղ կը դնեն կղզե­ցի­նե­րը, իսկ այս վեր­ջին­ներն ալ կ­’ը­սեն, թէ միւս­նե­րը ապ­րիլ չեն գի­տեր։ ­Մարդ եր­բեմն հարց կու­տայ, թէ ի՞նչ պի­տի պա­տա­հէր, ե­թէ ծո­վը ի­րար­մէ բաժ­նած­ չըլ­լար զա­նոնք։

Քա­ղա­քէ քա­ղաք ալ այն է, ինչ որ է կղզիէ կղզի։ Ար­ղո­սը չի սի­րեր ­Նաֆփ­լիո­նը (12 քի­լո­մեթր հե­ռու) եւ ­Փաթ­րա­սը կը ծաղ­րէ ­Գա­լա­մա­թան։ Բա­ժան­ման այս հո­գե­բա­նու­թիւ­նը կը ծաղ­կի նաեւ քա­ղաք­նե­րու մէջ թա­ղէ թաղ, հաս­նե­լու հա­մար մին­չեւ ըն­տա­նե­կան յար­կե­րը, ուր մթնո­լոր­տը կը ծան­րա­նայ յա­ճախ։ Ա­ւան­դու­թիւ­նը կ­՚ու­զէ, որ եղ­բայր­նե­րը չամուս­նա­նան՝ մին­չեւ որ ի­րենց քո­յրե­րը ա­մուս­նա­ցած չըլ­լան։ Ու կը պա­տա­հի, որ մէ­կու մը սխա­լը դառ­նայ հա­ւա­քա­կան յան­ցանք։ Ե­թէ քոյ­րե­րէն մէ­կը ա­մուս­նա­նա­լէն ա­ռաջ ու­նե­նայ սի­րա­կան մը, բնա­կան է որ ա­նոր եղ­բայ­րը, մօ­րեղ­բայ­րը կամ հայ­րը նկա­տո­ւի եղ­ջիւ­րա­ւոր, իսկ հոս այս հան­գա­ման­քը կա­տակ չի վերց­ներ։

Այս կա­ցու­թեան մէջ դժո­ւար է գտնել հա­սա­րա­կաց հաշ­տա­րա­րը։ ­Մե­զի թո­ւե­ցաւ, որ քա­ղա­քակըր­թու­թեան օր­րան Կ­րե­տէն, ­Մի­նո­սի հետ ու­նին այդ­պէս ըլ­լա­լու ա­ռաջ­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։
Ար­դէն Կ­րե­տա­ցի­նե­րու ներ­քին հա­մո­զումն է, որ Կ­րե­տէն աշ­խար­հին կեդ­րոնն է եւ ի­րենց զի­րենք կը նկա­տեն միակ յոյ­նե­րը, ճշմա­րիտ յոյ­նե­րը եւ միւս յոյ­նե­րը կը դնեն օ­տա­րա­կան­նե­րու տեղ։

Երբ հե­տա­գա­յի թա­գա­ւոր իշ­խան Եոր­կիո­սը, որ օս­մա­նեան լու­ծէն ա­զա­տո­ւած Կ­րե­տէի բարձր քո­մի­սէրն էր, ա­զա­տագ­րու­մէն յե­տոյ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կղզին այ­ցե­լեց, գնաց Ս­քա­ֆիա գա­ւա­ռի Աս­քի­ֆու գիւ­ղը։ Ի­րեն թե­լադ­րո­ւած էր քա­նի մը խօսք ը­սել ըմ­բոստ­նե­րու խում­բի մը պետ ­Մա­նու­սա­քաս ա­նու­նով մէ­կու մը։ ­Վեր­ջին պա­հուն, սա­կայն յի­շո­ղու­թիւ­նը դա­ւա­ճա­նեց ի­րեն եւ շատ ան­կեղ­ծօ­րէն խոս­տո­վա­նե­ցաւ քա­փէ­թա­նին, թէ ճշդիւ չէր յի­շեր իր այ­ցե­լու­թեան բուն նպա­տա­կը։
- ­Բա­ցատ­րեմ ձե­զի, պա­տաս­խա­նեց ­Մա­նու­սա­քաս։ Աշ­խար­հը ­Յու­նաս­տանն է, ­Յու­նաս­տա­նը Կ­րե­տէն է, Կ­րե­տէն Ս­քա­ֆիան է, Ս­քա­ֆիան Աս­քի­ֆուն է, իսկ Աս­քի­ֆուն ալ ե՛ս եմ...

Այս պատ­մու­թիւ­նը պէտք է միտք պա­հել, երբ Կ­րե­տէ կը գտնո­ւիք։ ­Չորս գա­ւառ­նե­րէն ա­մէն մէ­կը ինք­զին­քը կը նկա­տէ գե­րա­դաս եւ միակ ար­ժէ­քա­ւո­րը։ Բ­նիկ ­Խա­նիա­ցի շո­ֆէօր ­Մա­նո­լին, զոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տրա­մադ­րած էր մե­զի, ծա­նօ­թա­ցուց ին­ծի մթնո­լոր­տը։ Երբ կը գո­վէի ­Ռէ­թիմ­նո­յի գիւ­ղա­ցի­նե­րուն ազ­նո­ւու­թիւ­նը, ո­րոնք ու­զօ հրամ­ցու­ցին ին­ծի, երբ ինք պէն­զին կ­’առ­նէր, ­Մա­նո­լի ը­սաւ.

- ­Հիւ­րա­սի­րել չեն գի­տեր։ ­Խա­նիա­յի մէջ գառ­նու­կի խո­րո­վա­ծը պատ­րաստ էր ար­դէն։
Ա­մէն մարդ գի­տէ, որ յոյ­նին մօտ ասպն­ջա­կա­նու­թիւ­նը երկ­րորդ բնու­թիւն է։ ­Կա­րե­լի է ը­սել, որ Կ­րե­տա­ցի­նե­րուն մօտ ա­տի­կա կը դառ­նայ ա­ռա­ջին բնու­թիւն։ Այն­քա՜ն հա­ճոյ­քով եւ ձրիօ­րէն ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կը մա­տու­ցա­նեն ա­նոնք։
Բա­ժան-բա­ժան, յոյ­նե­րը այդ­պէս ալ կը մնան մին­չեւ իսկ սրճա­րա­նին մէջ։ ­Կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ը­սել, թէ սուրճ խմե­լու ութ մի­լիոն ե­ղա­նակ կայ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։

Ա­թէն­քի ա­մէն մէկ սրճա­րա­նին մէջ, սպա­սեակ­նե­րը գի­տեն ի­րենց սո­վո­րա­կան յա­ճա­խորդ­նե­րուն սուր­ճին չա­փը։ ­Կայ պրն. Ան­տո­նո­փու­լո­սին սուր­ճը եւ սուր­ճը պրն. Խ­րի­սի­քո­սին։ Հս­կայ բայց ան­գիր ցանկ մը, որ կը սկսի ա­ռանց շա­քա­րի սուր­ճէն ու կ­’եր­թայ շա­քա­րով սուր­ճին, անց­նե­լով սուր­ճը շա­տէն՝ հաս­նե­լու հա­մար թե­թեւ սուր­ճին, ա­նոր կէս-կէ­սին, ե­ռա­ցա­ծին՝ ա­ռանց վրա­յի խա­ւին եւ ոչ-ե­ռա­ցա­ծին՝ խա­ւը վրան։

- ­Պէտք է ձկնորս­նե­րը տես­նէք, ը­սին ին­ծի։ ­Բայց ան­մի­ջա­պէս ճշդե­ցին, թէ ­Յու­նաս­տան ձկնորս­նե­րու եր­կիր մըն ալ չէ։ Եւ ե­թէ նա­ւա­տէ­րը բառ մըն է, որ կը գոր­ծա­ծո­ւի առ­ջե­ւը հա­րուստ եւ ե­տե­ւը յոյն բա­ռե­րը ա­ւելց­նե­լով, ­Յու­նաս­տա­նը նա­ւա­տէր­նե­րու եր­կիր մըն ալ չէ։ ­Յու­նաս­տա­նը Ատ­տի­կէն չէ։ ­Բե­լո­բո­նէ­զը ­Յու­նաս­տա­նը չէ։ ­Յու­նաս­տա­նը Կ­րե­տէն չէ։ ­Մէկ խօս­քով ա­ւե­լի հեշտ է գիտ­նալ, թէ ի՛նչ չէ ­Յու­նաս­տա­նը, քան գիտ­նալ թէ ի՛նչ է...

...Եւ սա­կայն, ա­յո՛։ ­Յու­նաս­տա­նը պաշ­տե­լի եր­կիր մըն է, զոր թու­րիզ­մը տա­կա­ւին չէ ա­պա­կա­նած եւ եր­բեք պի­տի չա­պա­կա­նէ բո­լո­րո­վին, ո­րով­հե­տեւ գի­տէ ան ա­մէն մէկ զբօ­սաշր­ջի­կը դարձ­նել որ­դեգ­րո­ւած յոյն մը։ Եր­կիր մը, ուր ամ­րան ճիշդ մէջ­տե­ղը տա­կա­ւին կը գտնո­ւին ա­մա­յի ծո­վե­զեք­ներ եւ ա­մա­յի կղզի­ներ։ Եր­կիր մը մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու, ո­րոնք հոն կը վե­րա­դառ­նան ձուկ որ­սա­լու հա­մար եւ եր­կիր մը ձկնորս­նե­րու, ո­րոնք վա­ղը պի­տի մեկ­նին ­Յու­նաս­տա­նէն, մի­լիա­ռա­տէր­ներ դառ­նա­լու հա­մար։ Եր­կիր մը, որ ծած­կե­լով յա­ճախ իր թշո­ւա­ռու­թիւն­նե­րը լոյ­սի քո­ղի մը տակ, կը կի­րար­կէ ինք­նա­բուխ կեր­պով եւ աշ­խար­հին պէս հին, ­Յու­նաս­տա­նին պէս հին ա­րուեստ մը,- ապ­րե­լո՛ւ ա­րո­ւես­տը։

*) ­Յօ­դո­ւա­ծը հրա­տա­րա­կո­ւած է ­Կա­րօ ­Գէոր­գեա­նի «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­գիր­քը» շար­քին 1962ի հա­տո­րին մէջ՝ «Եր­գի­ծանք-ծի­ծաղ» գլու­խին տակ եւ հե­ղի­նա­կին մա­սին հե­տե­ւեալ ծա­նօ­թագ­րու­թեամբ.- ­Փիէր ­Տա­նի­նօ ժա­մա­նա­կի ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան լա­ւա­գոյն եր­գի­ծա­բան­նե­րէն կը նկա­տո­ւի։ Ու­նի բազ­մա­թիւ զո­ւարթ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ։

Ան­ցեալ ա­մառ այ­ցե­լած էր ­Յու­նաս­տան եւ վե­րա­դար­ձին, «­Ֆի­կա­րօ»ի մէջ, ստո­րագ­րեց սրամ­տու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ե­րեք յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնց հրա­տա­րա­կու­թեան առ­թիւ՝ նե­րա­ծա­կա­նին մէջ կ­’ը­սէ, թէ դա­րե­րու ըն­թաց­քին այն­քա՜ն այ­ցե­լու­ներ ե­ղած են այս եր­կի­րը եւ տո­ւած են ի­րենց գե­ղա­գի­տա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ ի­րեն հա­մար այդ ուղ­ղու­թեամբ գրե­լիք բան չէ մնա­ցած։ Ու կ­՚ա­ւելց­նէ.- «­Յու­նաս­տա­նը, ո­րու մա­սին կը գրեմ, ու­ղե­ցոյց­նե­րու ­Յու­նաս­տա­նը չէ, այլ այն ­Յու­նաս­տա­նը, զոր կը սի­րեմ եւ իմ ա­մէ­նէն ան­կեղծ փա­փաքս է սիրց­նել զայն»։ «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­գիր­քը» նաեւ կը նշէ, թէ «կու­տանք հա­տո­ւած­ներ այդ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն այն­քան, որ­քան կը նե­րեն մեր է­ջե­րը»։

**) «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­գիր­քը» դի­տել կու տայ, որ խո­րագ­րին տակ «այս փոքր մէջ­բե­րու­մը մենք դրինք այս թարգ­մա­նու­թեան գլու­խը,- ­Փիէր ­Տա­նի­նո­յի գրա­ծին վրայ չկայ։ Վս­տա­հօ­րէն չէր գի­տեր, այ­լա­պէս ինք դրած կ­’ըլ­լար,- այն­քա՜ն կը պատ­շա­ճի իր գրո­ւած­քի մէկ մա­սով ար­ծար­ծած նիւ­թին»։

Գ­րեց ՓԻԷՐ ՏԱՆԻՆՕ*