­altԹուր­քիոյ մէջ ­Յու­լիս 15-16ին կա­տա­րո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձը անս­պառ նիւթ ստեղ­ծեց, եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ զբաղ պա­հել մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­ներն ու մա­մու­լը, մա­նա­ւանդ որ Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն գի­ծին վրայ «լա­րո­ւած վի­ճակ»

մը կը յա­մե­նայ՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ ա­պաս­տա­նած թուրք ծա­նօթ կրօ­նա­ւո­րը՝ ­Ֆեթ­հուլ­լա ­Կիւ­լէ­նը ­Թուր­քիոյ յանձ­նե­լու-չյանձ­նե­լու շուրջ «բա­նա­վէճ»ին պատ­ճա­ռով։

­Յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձին օրն ու ան­կէ ետք, նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի վե­րագրուած-ապա­հո­ված յաղ­թա­նա­կին մա­սին տրո­ւե­ցան բա­ւա­կան հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ, կա­տա­րո­ւե­ցան խայ­տաբ­ղէտ ու հա­ւա­տա­լի-ան­հա­ւա­տա­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք, ի շարս այլ բա­նե­րու, լու­սար­ձակ­նե­րը բա­ւա­կան շե­ղե­ցին հար­ցե­րու էու­թե­նէն, սա­կայն նաեւ բա­ցա­յայտ դար­ձու­ցին, որ ­Թուր­քիոյ եւ դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ եր­բեմն դրսե­ւո­րո­ւող հա­կադ­րու­թիւն­ներն ու բա­նա­վէ­ճե­րը եր­բեմն ու­նին գա­ւա­թի մէջ բե­մադ­րո­ւող փո­թո­րի­կի ե­րես մըն ալ, մինչ­դեռ էու­թեան մէջ, կա­պե­րը կը պահ­պա­նո­ւին ա­մուր կեր­պով։

Լ­րա­տու աղ­բիւր­նե­րէ տրո­ւե­ցան հա­կա­սա­կան պատ­կեր­ներ.-
­Մէկ կող­մէ՝ պատ­մո­ւե­ցաւ, որ բա­նա­կա­յին կարգ մը հրա­մա­նա­տար­նե­րու կող­մէ սար­քո­ւած փոր­ձը չյա­ջո­ղե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ Էր­տո­ղա­նի կող­քին կանգ­նող բա­նա­կա­յին­նե­րը գե­րա­կա­յու­թիւն կը վա­յե­լէին, ա­նոնք նա­խօ­րօք տե­ղե­կու­թիւն ու­նէին ըլ­լա­լի­քին մա­սին եւ ընդ­հան­րա­պէս պատ­րաստ էին. յե­ղաշր­ջա­կան քայ­լին իբ­րեւ պա­տաս­խան՝ Էր­տո­ղա­նի կո­չը զօ­րա­շար­ժի են­թար­կեց ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դը, որ ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը փրկե­լու», այ­սինքն՝ ընտ­րու­թեանց ճամ­բով հաս­տա­տո­ւած վար­չա­կարգ մը պաշտ­պա­նե­լու դրօ­շը պար­զած։

­Միւս կող­մէ՝ լու­րեր «սպրդե­ցան», որ յե­ղաշր­ջա­կան փոր­ձը ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն յա­ջող ճամ­բու մէջ էր, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ ձեր­բա­կա­լո­ւած էին յե­ղաշր­ջա­կան­նե­րուն կող­մէ, Էր­տո­ղան մին­չեւ իսկ օ­դա­նա­ւով մը ճամ­բայ ե­լած էր՝ ­Գեր­մա­նիա­յէն, Ի­րա­նէն կամ Ատր­պէյ­ճա­նէն ա­պաս­տան խնդրե­լու, սա­կայն մեր­ժու­մի հան­դի­պե­լով, փրկու­թիւն հայ­ցած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն, ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցած է էջք կա­տա­րե­լու Ին­ճիր­լի­քի օ­դա­կա­յա­կա­նը, մինչ այդ, ա­մե­րի­կեան օ­դու­ժը օգ­նու­թեան հա­սած է ­Պոլ­սոյ եւ Ան­գա­րա­յի մէջ յե­ղաշր­ջու­մը յա­ռաջ տա­նող­նե­րուն դէմ. զու­գա­հե­ռա­բար, պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թեան մը թրքա­կան կա­յա­նը սփռած է Էր­տո­ղա­նի կո­չը. ­Պո­լիս հաս­նե­լով՝ Էր­տո­ղան դար­ձաւ հե­րոս-ղե­կա­վա­րը ժո­ղովր­դա­յին յի­շեալ շար­ժու­մին. ան­կէ ետք, պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է։

­Տա­կա­ւի՛ն, շշուկ­ներ շրջան ը­րին, թէ Էր­տո­ղան ու հա­մա­խոհ­նե­րը ի­րե՛նք սար­քած են այս ա­րիւ­նա­լի բե­մադ­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րե­նան ա­ւե­լի՛ եւս ամ­րապն­դել ի­րենց բռնա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։

Ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ Էր­տո­ղան յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ եւ ան­մի­ջա­պէս ան­ցաւ հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նի։ ­Բազ­մա­հա­զար դա­տա­ւոր­ներ, զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ պաշ­տօ­նազր­կո­ւե­ցան, նա­խա­գա­հը ակ­նար­կու­թիւն ը­րաւ դա­ւա­դիր­նե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ պահ մը զայ­րաց­նե­լով ա­րեւ­մուտք­ցի դաշ­նա­կից-բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք յի­շե­ցու­ցին, որ մա­հա­պա­տիժ կի­րար­կող եր­կիր մը ի­րա­ւունք չու­նի մտա­ծե­լու Եւ­րո­պա­կան ­Հա­մայնք մտնե­լու մա­սին…։

Եւ, ան­շո՛ւշտ, յե­ղաշրջ­ման փոր­ձի ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ, Էր­տո­ղան եւ իր լծա­կից­նե­րը այս փոր­ձին ե­տին տե­սան ­Ֆեթ­հուլ­լա ­Կիւ­լէ­նը եւ ա­հա՝ բա­նա­վէճ մը ծայր տո­ւաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ու Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ. ­Թուր­քիա պնդեց, որ ընդ­դի­մա­դիր կրօ­նա­ւո­րը պէտք է ի­րեն յանձ­նո­ւի, որ­պէս­զի «ար­դար դա­տաս­տա­նի են­թար­կո­ւի», իսկ նա­խա­գահ Օ­պա­մա եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ բա­ցատ­րե­ցին, որ նախ շօ­շա­փե­լի փաստ կ’ու­զեն, յե­տոյ՝ նման քայ­լի մը հա­մար, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ կան օ­րէնք­ներ եւ դրու­թիւն­ներ, զորս կա­րե­լի չէ շրջան­ցել։

Ի­րա­կան պատ­կե­րին միւս բա­ժի­նը կազ­մո­ւե­ցաւ Էր­տո­ղա­նին սպառ­նա­ցող փոր­ձին մի­ջազ­գա­յին հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գու­մա­րով։ Ո­ւա­շինկ­թըն, եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­ներ, մին­չեւ իսկ ­Չի­նաս­տան եւ Մ.Ա.Կ. փու­թա­ցին զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու «ժո­ղովր­դա­վար» Էր­տո­ղա­նին ու ընտ­րեալ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը գլխա­ւո­րե­լու ա­նոր հան­գա­ման­քին։

­Ռու­սիոյ լռու­թիւ­նը կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւն ու հան­դի­սա­տե­սու­թիւն չի նշա­նա­կեր ան­շուշտ, մա­նա­ւանդ որ Ան­գա­րա-­Մոս­կո­ւա գի­ծին վրայ քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ձիւն­հա­լի նշան­ներ ե­րեւ­ցան, ի խնդիր ­Սու­րիոյ սահ­մա­նա­յին գօ­տիին մէջ ա­միս­ներ ա­ռաջ վար առ­նո­ւած ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւի տագ­նա­պին լուծ­ման (հոն ալ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ծի­ծա­ղե­լի զար­գա­ցում մը, երբ պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րան աշ­խար­հին լսցուց, որ այդ ա­րար­քին ե­տին կը կանգ­նէին ­Կիւ­լէ­նի մար­դի­կը)։ ­Տա­կա­ւին, թէ՛ Ան­գա­րա եւ թէ բա­րե­կամ­նե­րը, բա­ցա­յայտ կամ քո­ղար­կեալ բա­ռամ­թեր­քով, յա­ռաջ քշե­ցին այն՝ որ ­Թուր­քիա ի՛նք ալ զոհ է դա­ւա­դիր այն շար­ժում­նե­րուն, ո­րոնք կը սա­սա­նեն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, այ­սինքն՝ ե­ղա­ծը մէկ տար­բեր դրսե­ւո­րումն էր դրա­ցի եր­կիր­նե­րը ջլա­տող ոճ­րա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան… (նման պա­տառ կուլ տա­լու հա­մար բա­ւա­կան լայն կո­կորդ պէտք է)։

Այս բո­լո­րին մէջ ան­տե­սո­ւե­ցան կամ «մոռ­ցո­ւե­ցան» եր­կու բան. նախ այն՝ որ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան միայն ա­նու­նով եւ դի­մա­կով ժո­ղովր­դա­վար է, մինչ­դեռ ընդ­դի­մա­դիր­ներ ու ա­նոնց մա­մու­լը ա­մէն օր յա­րա­ճուն բռնա­դա­տու­թեանց են­թա­կայ են. երկ­րորդ՝ ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով կը գոր­ծակ­ցին ­Սու­րիան ու Ի­րա­քը (ին­չո՞ւ չէ նաեւ Ե­գիպ­տոսն ու այլ եր­կիր­ներ) պա­տու­հա­սող ոճ­րա­յին գոր­ծա­կալ խմբակ­նե­րուն հետ. իսկ քիւր­տե­րուն դէմ ­Թուր­քիոյ հե­տե­ւո­ղա­կան յար­ձա­կում­ներն ու ոճ­րա­յին ա­րարք­նե­րը եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թեան չեն կա­րօ­տիր՝ տա­րօ­րի­նակ այլ հա­կադ­րու­թիւն մը բե­մադ­րե­լով Ան­գա­րա­յի ու ա­նոր դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ. ­Թուր­քիա «ոճ­րա­գործ ա­հա­բե­կիչ­ներ» կը սե­պէ քրտա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք ան­դին կը ճա­կա­տին ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն դէմ ու ա­ջակ­ցու­թիւն կ­þըն­դու­նին ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից­նե­րէն…։

­Դէպ­քե­րուն ու յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թեանց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, մատ­նա­ցոյց ե­ղաւ այն, որ զի­նու­րա­կան յե­ղաշր­ջու­մի այս փոր­ձը բո­լո­րո­վին տար­բեր էր բա­նա­կա­յին­նե­րուն կող­մէ նա­խըն­թաց գո­նէ հինգ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ար­ձա­նագ­րո­ւած են հան­րա­պե­տա­կան՝ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ, սկսե­լով 1960էն։ ­Հա­ւա­նա­բար կ­þար­ժէ քա­նի մը բա­ռով յի­շեց­նել, որ բա­նա­կին նա­խըն­թաց բո­լոր մի­ջամ­տու­թիւն­ներն ալ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած են՝ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով այն նշա­նա­խօս­քե­րով, թէ բա­նա­կը պաշտ­պան է ու հե­տա­մուտ՝ քա­ղա­քա­կան կա­յու­նու­թեան, կրօնքն ու պե­տու­թիւ­նը ի­րար­մէ ան­ջատ տես­նե­լու քե­մա­լա­կան սկզբունք­նե­րուն եւ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, բար­գա­ւա­ճու­մի։

­Նա­խըն­թաց յե­ղաշր­ջում­նե­րու մէկ մա­սի օ­րե­րուն, կար նաեւ ա­րե­ւե­լեան՝ կար­միր կայս­րու­թեան ազ­դե­ցու­թե­նէն հե­ռու մնա­լու-պա­հո­ւե­լու նշա­նա­խօսքն ալ, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիա ՆԱԹՕի ան­դամ է ու եր­բեմն քա­ղա­քա­կան կարգ մը մար­դիկ ար­տօ­նեա­լէն ա­ւե­լի մեծ քայ­լեր ա­ռած են դէ­պի ­Մոս­կո­ւա (կամ՝ այդ­պէս ձե­ւա­ցու­ցած. Ա­րեւ­մուտ­քը այ­սօ­րո­ւան ­Ռու­սիան շատ ալ տար­բեր աչ­քով չի դի­տեր)։ ­Պատ­մա­կան այս հանգ­րո­ւա­նին, սա­կայն, նախ­կին ե­րե­ւոյթ­նե­րը գոյ չէին ու չեն. կը մնայ ­Կիւ­լէ­նի դէմ պար­զո­ւած դրօ­շը, որ, յա­մե­նայն­դէպս, ան­տե­սե­լի չէ։

Ո՞վ է, ի վեր­ջոյ, ­Կիւ­լէ­նը, որ եր­կար ա­տե­նէ ի վեր ինք­զինք աք­սո­րած է ­Թուր­քիա­յէն, ա­պաս­տան գտած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, բա­րե­սի­րա­կան-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ կը հո­վա­նա­ւո­րէ Եւ­րո­պա­յէն մին­չեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ստեղ­ծած է հա­մա­կիր­նե­րու ըն­դար­ձակ փա­ղանգ­ներ, մէկ խօս­քով՝ կրօ­նա­կան ներշն­չում­նե­րով ան­տե­սա­նե­լի կայս­րու­թիւն մը, որ ու­նի հո­վա­նա­ւոր­ներ…։

Ա­ռե­րե­ւոյթ, ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու մէջ ա­նոր բո­լոր գոր­ծե­րը օ­րի­նա­կա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ մնա­ցած են։ Ան ա­տե­նին սերտ գոր­ծա­կից մըն էր նոյ­նինքն Էր­տո­ղա­նի ու ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րուն. չմոռ­նանք, որ Էր­տո­ղան եւս իս­լա­մա­կան են­թա­հո­ղի վրայ կը գոր­ծէ, տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ բանտ ալ մտած է իր կրօ­նա­մոլ գոր­ծու­նէու­թեան ու գա­ղա­փար­նե­րուն հա­մար, բա­նա­կա­յին ղե­կա­վար­նե­րու եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու կող­մէ յա­ճախ մե­ղադ­րո­ւած է, որ կը ձգտի իս­լա­մա­կան գա­ղա­փար­նե­րու հի­մամբ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը, եւ ա­նով ալ կը բա­ցատ­րո­ւի ծայ­րա­յե­ղա­կան զի­նեալ-ոճ­րա­գործ խմբա­ւո­րում­նե­րու նկատ­մամբ ա­նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բա­րի ու ան­տե­սո­ղի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց հետ ուղ­ղա­կի ու ա­նուղ­ղա­կի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

­Վե­րա­դառ­նա­լով ­Կիւ­լէ­նի՝ ան իր հա­մա­խոհ­նե­րուն ու հե­տե­ւորդ­նե­րուն կող­մէ կը նկա­տո­ւի կրօ­նա­կան այն ա­ռաջ­նոր­դը՝ ­Մեհ­տին, որ ե­կած է վե­րա­կանգ­նե­լու իս­լա­մա­կան աշ­խար­հը (կ­՛ը­սո­ւի, թէ ան եր­բեմն ե­րա­զին մէջ զրոյց­ներ կ’ու­նե­նայ ­Մար­գա­րէին հետ ու ան­կէ պատ­գամ­ներ կը ստա­նայ…)։ ­Վեր­ջին ա­ւե­լի քան 10 տա­րի­նե­րուն, ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րը ներ­թա­փան­ցած են ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յին մէջ, բա­նա­լի դիր­քեր գրա­ւած են բա­նա­կին, պե­տա­կան բա­նա­լի սպա­սար­կու­թեանց, դա­տա­րա­նա­յին հա­մա­կար­գին, դպրոց­նե­րուն ու ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան կեան­քին մէջ, հե­տե­ւա­բար, ա­նոր ներշն­չու­մով, ե­թէ ոչ՝ ուղ­ղա­կի թե­լադ­րանք­նե­րով էր, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ այս փոր­ձը. հե­տե­ւա­բար, զայն կա­րե­լի չէ հա­մե­մա­տել նա­խորդ փոր­ձե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն հետ, հոգ չէ թէ ա­մէն ան­գամ ալ, յե­ղաշր­ջում­նե­րէն ետք, կա­տա­րո­ւած են զանգուա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ, պաշ­տօ­նազրկում­ներ եւ մա­հա­պա­տիժ­ներ։

­Մեն­տե­րէս մը եւ իր նա­խա­րար­նե­րը կա­խա­ղան հա­նո­ւե­ցան, չէ՞…։
­Վեր­ջա­պէս, պէտք չէ մոռ­նալ, որ Էր­տո­ղան ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ նման ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ կ­՛ուղ­ղէ ­Կիւ­լէ­նի ու ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րուն դէմ։ Էր­կե­նե­քո­նի նման ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ա­րա­րումն ալ ա­նոր վե­րագ­րո­ւե­ցաւ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, թէեւ օր մըն ալ ը­սո­ւե­ցաւ, որ նման շար­ժում եր­բեք գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած ­Թուր­քիոյ մէջ...

Բ­նա­կա­նա­բար կը ծա­գին «աս­կէ ետք ի՞նչ»ի պէս հար­ցում­ներ։
­Յայտ­նա­պէս, Էր­տո­ղան ա­րեւ­մուտք­ցի­նե­րու կող­մէ կը նկա­տո­ւի ա­ւե­լի վստա­հե­լի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, քան զինք փո­խա­րի­նե­լու միտ­քով ճամ­բայ ե­լած­նե­րը, այ­սինքն՝ դաշ­նա­կից­նե­րը տրա­մա­դիր են հան­դուր­ժե­լու թրքա­կան այժ­մու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բռնա­րարք­նե­րը, հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան՝ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ճնշե­լու վար­քա­գի­ծը, քիւր­տե­րը ա­հա­բե­կիչ­ներ նկա­տե­լու եւ զա­նոնք ան­հա­կակշիռ կեր­պով ջար­դե­լու քայ­լե­րը, մին­չեւ ան­գամ դրա­ցի եր­կիր­նե­րը պա­տու­հա­սող ոճ­րա­գործ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ ա­նոր հան­դուր­ժո­ղա­կան ու զօ­րակ­ցա­կան վար­մունք­նե­րը։

Եւ­րո­պա­յի հզօր­նե­րէն՝ ­Մեր­քէլ մին­չեւ իսկ պատ­րաստ է ըն­դու­նե­լու էր­տո­ղա­նեան ար­հա­մար­հան­քը (չէ՞ որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ­Գեր­մա­նիոյ ո­րո­շու­մէն ետք, Էր­տո­ղան քա­նիցս «բուռն հա­կա­դար­ձու­թիւն­ներ» ցու­ցա­բե­րեց, մին­չեւ իսկ չար­տօ­նեց, որ ­Մեր­քէլ ոտք դնէ Ին­ճիր­լի­քի խա­րիս­խը, ուր­կէ կը մեկ­նին ա­րեւ­մուտք­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն օ­դա­յին յար­ձա­կում­նե­րը՝ իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն դէմ…)։

­Մէկ խօս­քով՝ կրօ­նա­մո­լու­թեան տար­րե­րով զի­նո­ւած Էր­տո­ղան մը կը մնայ լաւ դաշ­նա­կից։ ­Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ ան վա­ղը ա­ւե­լի ծանր կեր­պով ճնշէ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը (ոչ միայն կիւ­լէ­նեան հո­սան­քը), շա­րու­նա­կէ ա­նոնց լու­ծար­քը եւ քիւր­տե­րու դէմ ա­րիւ­նա­լի ար­շա­ւանք­ներ՝ թուրք-պե­տա­կան ո­ճիր­նե­րու նոր ա­րարք­ներ ի­րա­կա­նաց­նէ, այդ բո­լո­րը պի­տի դի­տո­ւին «ընտ­րո­վի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գեր» պաշտ­պա­նո­ղի հան­գա­ման­քով։ ­Հա՞րկ է ար­ձա­նագ­րել, որ ­Սու­րիան ու Ի­րա­քը կո­ղոպ­տող ոճ­րա­յին խմբակ­նե­րը իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից ու­նին ­Թուր­քիան, ա­նոր ճամ­բով կը կա­տա­րեն սահ­ման­նե­րէն ան­դին՝ ի­րենց բուն տէ­րե­րուն թե­լադ­րանք­նե­րը, օ­րի­նակ՝ քա­րիւ­ղի ա­պօ­րի­նի ա­ռեւ­տու­րը, որ ար­դէն ու­նի իր ա­ղա­ղա­կող բայց քո­ղար­կո­ւած պատ­մու­թիւ­նը…։

Այ­սո­ւա­մե­նայ­նիւ, կա­րե­լի չէ ան­տե­սել միւս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը. այն՝ որ էր­տո­ղա­նեան բռնու­թիւն­ներն ու հա­կա­ռա­կորդ-մրցա­կից­նե­րուն դէմ կի­րար­կո­ւող խստու­թիւն­նե­րը կրնան ստեղ­ծել հետզ­հե­տէ ա­ճող հա­կա­դար­ձու­թիւն­ներ, այն­քան մը, որ ­Թուր­քիա ու ա­նով շա­հագր­գիռ­նե­րը վեր­յի­շեն քա­ղա­քա­կան ան­կա­յու­նու­թեան այն վի­ճակ­նե­րը, ո­րոնք կան­խած են (ՆԱԹՕի սերտ գոր­ծա­կից) զի­նու­րա­կան­նե­րու նա­խորդ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը. այ­սինքն՝ ­Թուր­քիոյ վի­ճա­կը դառ­նայ պայ­թու­ցիկ, են­թա­կայ՝ նա­՛եւ ար­տա­քին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու, հա­մա­ձայն այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հի ծա­նօթ զար­գա­ցում­նե­րուն ու նոր դրո­ւածք­նե­րուն։

­Նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը մեզ ա­կա­նա­տես դար­ձուց Ա­նո­ւար ­Սա­տաթ­նե­րու, ­Մու­պա­րաք­նե­րու, մին­չեւ ան­գամ Ից­հաք ­Ռա­պի­նի նման բա­րե­կամ-դաշ­նա­կից­նե­րու լու­ծար­քին, երբ ա­նոնց վե­րա­պա­հո­ւած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը վերջ գտաւ ու ա­նոնք դար­ձան փո­խա­րի­նե­լի։ Ալ ի՜նչ խօսք ­Լի­պիոյ ­Քա­զա­ֆիին, Ի­րա­քի ­Սատ­տամ ­Հիւ­սէյ­նին կամ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ­Քար­զա­յին նման «նախ­կին բա­րե­կամ­ներ»ու վի­ճա­կո­ւած տար­բեր ճա­կա­տա­գիր­նե­րուն մա­սին…։
Եւ ա­հա՛ թէ ո՛ւր կա­րել է գտնել ու­սա­նե­լի դա­սեր՝ վեր­ջին շար­ժու­մին լոյ­սին տակ։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ