altԱ­միս­ներ ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի օ­րե­րուն, երբ Ե­րե­ւան ապ­րող ըն­կե­րոջս՝ ­Գէոր­գին հետ հե­ռա­ձայ­նով կը քննար­կէինք օ­րո­ւան խնդի­րը, մտա­հո­գիչ հար­ցում մը ծա­գե­ցաւ մեր միտ­քե­րուն մէջ: Ան­կեղ­ծօ­րէն,

օ­րին այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հա­մար քիչ մը ան­հա­ւա­տա­լի, կամ առ­նո­ւազն՝ ոչ-ըն­կա­լե­լի էր այդ հար­ցադ­րու­մը («կ­՛ըլ­լա՞յ մը…»), որ հե­տե­ւեալն էր. ար­տա­քին ու­ժե­րը պի­տի ու­զե՞ն այս բա­րե­փո­խո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թեան վրայ կա­ռու­ցո­ւե­լիք նոր տե­սա­կի ­Հա­յաս­տա­նը:

­Կաս­կա­ծէ վեր է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը ինք­զինք սպա­ռած է ու անհրա­ժեշտ է բա­րե­կար­գել զայն: Այս ախ­տա­ճա­նա­չու­մը յան­գե­ցաւ լու­ծու­մի մը՝ բա­րե­փո­խել երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը այն ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ կա­րե­լի ըլ­լայ ամ­բողջ հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի նե­րու­ժը, կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել երկ­րի ու­ժե­ղաց­ման հա­մար: Ս­տեղ­ծել այն­պի­սի հա­մա­կարգ մը, որ խմբա­յին կա­ռա­վա­րու­մով (կա­ռա­վա­րու­թեամբ) ղե­կա­վա­րո­ւի, եւ ոչ թէ այն­պի­սի դրո­ւած­քով մը, ուր ան­հա­տը (այս պա­րա­գա­յին նա­խա­գահ մը, ոե­ւէ՛ նա­խա­գահ) ըլ­լայ վեր­ջին խօս­քը ը­սո­ղը: ­Հա­մա­կարգ մը, ուր ընդ­դի­մու­թիւ­նը ե՛ւս ու­նե­նայ լծակ­ներ, ազ­դե­լու հա­մար գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան առ­նե­լիք քայ­լե­րուն վրայ: ­Հա­մա­կարգ մը, ուր յստա­կա­ցո­ւած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու (գոր­ծա­դիր, օ­րէնս­դիր եւ դա­տա­կան) տա­րան­ջատ­ման սկզբուն­քը:

­Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէով՝ մեր եր­կի­րը մտաւ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ: Այս գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի տե­ւէ մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու տա­րի: ­Յա­րա­բե­րա­բար եր­կա­րա­շունչ գոր­ծըն­թաց է այս մէ­կը. եր­կա­րա­շունչ, սա­կայն հաս­տա­տուն: ­Մով­սէ­սի գա­ւա­զա­նը հոս չի գոր­ծեր: Այդ գա­ւա­զա­նը միայն հե­քիա­թա­յին պա­տում­նե­րուն մէջ ի զօ­րու է:

­Սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէէն (այ­սինքն այս գոր­ծըն­թա­ցի սկսե­լէն) ե­րե­քու­կէս ա­միս ետք, հա­սաւ ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը՝ Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին տես­քով: ­Պա­քու-Ան­գա­րա ա­ռանց­քը փոր­ձեց խոր­տա­կել ոչ թէ այս գոր­ծըն­թա­ցը, այլ՝ ­Հա­յաս­տա՛­նը ամ­բողջ (այս վեր­լու­ծու­մը կա­տա­րած ենք մեր նա­խորդ յօ­դո­ւած­նե­րուն մէջ, մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ. այն­պէս որ, չենք ու­զեր կրկնել):

­Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան այս փոր­ձը խոր­տա­կո­ւե­ցաւ, ինչ­պէս գի­տենք:
­Միւս կող­մէ սա­կայն, այս պա­տե­րազ­մը՝
Ա.) Ամ­բող­ջու­թեամբ ե­րե­ւան հա­նեց ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման թէ՛ թե­րու­թիւն­նե­րը եւ թէ թե­րա­ցում­նե­րը, ո­րոնց մեծ մա­սը բա­ցա­յայտ էր բո­լո­րիս. ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ներ­քին ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան, պաշտ­պա­նու­թեան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս:

Բ.) Ս­տեղ­ծեց ժո­ղովր­դա­յին միաս­նու­թեան օ­րի­նա­կե­լի մթնո­լորտ մը, ու այս ի­մաս­տով, յա­ռաջ բե­րաւ նոր տե­սա­կի ­Հա­յաս­տան մը:
«Աս­պա­րէզ»ի 9 Ապ­րիլ 2016ի հա­մա­րին մէջ լոյս տե­սած մեր յօ­դո­ւա­ծին մէջ («­Նոր ո­րա­կի ­Հա­յաս­տա­նի մը ծնուն­դը») նաեւ կը հաս­տա­տէինք.- «…­Հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը ցու­ցա­բե­րեց միաս­նա­կա­մու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան նա­խան­ձե­լի ո­րակ մը: Այն աս­տի­ճան, որ ե­րե­ւան ե­կաւ նոր տե­սա­կի ուժ մը (ցարդ ան­թե­ղո­ւած), որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար հա­շո­ւի առ­նո­ւե­լիք ազ­դակ է: Այս ու­ժը… «ուժ կու տայ» նոյն այս ղե­կա­վա­րու­թեան:

«­Ժո­ղովր­դա­յին հայ­րե­նա­սի­րու­թեան այն աս­տի­ճա­նի ան­բիծ ու զու­լալ ուժ մը, զոր ղե­կա­վա­րե­լու ու գլխա­ւո­րե­լու հա­մար, այ­լեւս նոր ո­րա­կի, նոյն­քան ան­բիծ ու զու­լալ մտա­ծո­ղու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է:

«Այս ու­ժը կը պար­տադ­րէ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան, որ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով, ու նոր ո­րա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ վա­րէ մեր «փոքր ա­ծու»ին գոր­ծե­րը, զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, կամ՝ ներ­քին ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս»:
­Մեր երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մեր մատ­նան­շած «նոր ո­րա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն» ցու­ցա­բե­րե՞ց յետ-պա­տե­րազ­մեան ա­միս­նե­րուն:

Ա­սոր պա­տաս­խա­նը գաղտ­նիք չէ՝ էա­պէս ո՛չ:
Ե­ղած­նե­րը, տնօ­րի­նում­ներ կամ դրսե­ւո­րո­ւած քայ­լեր, շատ քիչ ան­գամ ան­ցան գե­ղա­գի­տա­կա­նի սահ­մա­նէն ան­դին: Առ­նո­ւազն՝ շատ հե­ռու էին թե­րա­ցում­նե­րու եւ թե­րի­նե­րու իս­կա­կան տա­րո­ղու­թիւ­նը սրբագ­րե­լէ, յատ­կա­պէս ներ­քին ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս:

­Գա­լով «հո­ղա­յին զի­ջում­նե­րու» մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, իմ գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րէն ­Սար­գիս ­Տաղ­տե­ւի­րեա­նի յօ­դո­ւա­ծը («Ոչ մէկ թիզ հող հա­կա­ռա­կոր­դին»ը միայն լո­զունգ չէ» խո­րա­գի­րով, վեր­ջերս լոյս տե­սած «­Հայ­րե­նիք»ի, «Աս­պա­րէզ»ի, «Ազ­դակ»ի մէջ) լայ­նօ­րէն կը լու­սա­բա­նէ այս խնդի­րին էու­թիւ­նը՝ խո­րա­գի­րին հա­մա­հունչ:
«­Հո­ղա­յին զի­ջու­մի» մա­սին պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի վե­րա­բե­րու­մը (կամ այդ ուղ­ղու­թեամբ ե­ղած վե­րագ­րում­նե­րը) իր մէջ այն­քան մար­տա­վա­րա­կան բա­ղադ­րա­մա­սեր ու­նի, որ ճիշդ չէ հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լը այդ մա­սին՝ բա­ցի սկզբուն­քա­յին հար­ցէն:

Ու այդ սկզբուն­քա­յի՛ն հարցն է, որ սքան­չե­լիօ­րէն կը լու­սա­բա­նէր յօ­դո­ւա­ծա­գիր ըն­կերս:
­Գա­լով նոյն այս «զի­ջում­նե­րու» հար­ցով հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կում­նե­րուն, ա­տոնք միայն քիչ բա­ցա­ռու­թեամբ ան­ցան «ը­սի-ը­սաւ»ի սահ­մա­նը, խո­րա­պէս հա­րո­ւա­ծե­լով հար­ցի լրջու­թեան:
Եր­բեմն նոյ­նիսկ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէ լսո­ւե­ցան ձայ­ներ, ո­րոնք եր­բեք չան­ցան պար­զու­նա­կու­թեան ու անմ­տու­թեան սահ­մա­նը:

Այս մեծ ու ընդ­հա­նուր խո­րա­պատ­կե­րի լոյ­սին տակ պէտք է դի­տել ան­ցեալ ­Կի­րա­կի օր Ե­րե­ւա­նի Է­րե­բու­նի շրջա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած զի­նեալ ա­նըն­դու­նե­լի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ա­տոր հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած լա­րո­ւած կա­ցու­թիւ­նը, ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի փոր­ձէն եր­կու օր ետք: ­Կան պա­տանդ­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ ոս­տի­կա­նա­կան բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ: ­Պա­տանդ բռնող­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին ժո­ղո­վուր­դին, որ փո­ղոց իջ­նէ: Ս­տեղ­ծո­ւած է ա­նել կա­ցու­թիւն թէ՛ ա­պա­հո­վա­կան եւ թէ մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով:

­Գաղտ­նիք չէ, որ բազ­մա­թիւ լրատուա­մի­ջոց­ներ, տպա­գիր կամ ե­թե­րա­յին, «լուր հա­ղոր­դե­լու» պատ­րո­ւա­կով, կը հրա­հէ­րին այս ա­նել կա­ցու­թիւ­նը, շա­հա­գոր­ծե­լով երկ­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­ռա­վար­ման թե­րա­ցում­նե­րուն նկատ­մամբ ժո­ղովր­դա­յին դժգո­հու­թիւ­նը: Այս «լրա­տու» աղ­բիւր­նե­րը, նոյ­նիսկ վեր­ջին պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րուն ըն­թաց­քին, չխոր­շե­ցան որ­դեգ­րե­լէ այն­պի­սի ոճ ու ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թիւն, որ ոչ մէկ ձե­ւով կը նպաս­տէր Ապ­րի­լին ստեղ­ծո­ւած ժո­ղովր­դա­յին միաս­նու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան:

Առ­նենք նոյն այդ Ապ­րի­լեան օ­րե­րուն «­Սի­վիլ­նեթ»ի հար­ցազ­րոյ­ցը Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեա­նի հետ, ուր ե­ղա­ծը ոչ թէ հար­ցազ­րոյց, այլ կար­ծէք… հար­ցաքն­նու­թիւնն էր սե­փա­կան երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռի պաշ­տօ­նա­տա­րին:
­Բա­ցա­յայտ օ­րի­նակ­նե­րէն մէկն է նաեւ «Ա­զա­տու­թիւն» կա­յա­նը, որ կը ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւի Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ: Օ­տար պե­տու­թեան մը կող­մէ ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւող հաս­տա­տու­թիւն մը պի­տի ծա­ռա­յէ նոյն այդ օ­տար ու­ժի շա­հե­րուն (եւ ոչ թէ ­Հա­յաս­տա­նի), չէ՞: Այս­քա­նը հասկ­նա­լու հա­մար հրթի­ռա­յին գիտ­նա­կան ըլ­լա­լու կա­րի­քը չկայ:

­Հի­մա նոյն այս կա­յան­նե­րը (եւ ու­րիշ­ներ, ինչ­պէս Galatv, 1in.am), հրա­պա­րա­կը եւ յատ­կա­պէս ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը ո­ղո­ղած են ի­րենց տե­սա­նիւ­թե­րով, ուր ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը պատ­կե­րա­ցո­ւի իբ­րեւ «բիրտ», իսկ ցու­ցա­րար­նե­րը՝ ան­մեղ գառ­նուկ­ներ: ­Գաղտ­նիք չէ, որ ոս­տի­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րու­մը, յատ­կա­պէս Է­րե­բու­նիի դէպ­քին յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն, ե­ղաւ ան­հար­կիօ­րէն բիրտ: ­Բայց նոյն այս կա­յան­նե­րը չհա­ղոր­դե­ցին ան­շուշտ, որ ­Սա­րի թա­ղի բա­խում­նե­րուն վի­րա­ւո­րո­ւած են… 25 ոս­տի­կան­ներ եւ 18 քա­ղա­քա­յին­ներ, իբ­րեւ ար­դիւնք քա­ղա­քա­յին­նե­րու շար­քե­րուն մէջ սպրդած գրգռիչ տար­րե­րու, ինչ­պէս վկա­յեց նոյ­նինքն ընդ­դի­մա­դիր պատ­գա­մա­ւոր ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան: Ինչ­պէս ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս կա­րե­լի չէ ոս­տի­կա­նը ա­նար­գել, գրգռիչ կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րել ա­նոր նկատ­մամբ, կամ՝ սպառ­նալ ա­նոր:

«Ա­զա­տու­թիւն»ն­ ու իր գոր­ծա­կից կա­յան­նե­րը հան­րու­թե­նէն խնամ­քով ծած­կած էին այս ա­նար­գա­կան ու սպառ­նա­լից կե­ցո­ւածք­նե­րը, ու կը ցու­ցադ­րէին միայն… ոս­տի­կա­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը: Ա­նոնք, այս ձե­ւով, միայն կը ջա­տա­գո­վեն՝ «կա՛մ մե­զի հետ, կա՛մ մեր դէմ» բոլ­շե­ւի­կեան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, «կա՛մ սեւ, կա՛մ ճեր­մակ» մտայ­նու­թիւ­նը, որ հան­րու­թիւ­նը կը վե­րա­ծէ… խե­լա­գա­րած ամ­բո­խի: ­Տար­բեր խօս­քով, կ­՛ու­զեն ամ­բո­խի վե­րա­ծել մեր սքան­չե­լի ժո­ղո­վուր­դը, որ անց­նող Ապ­րի­լին աշ­խար­հը ամ­բողջ ապ­շե­ցուց իր մար­տու­նակ ո­գիով, դի­մադ­րա­կա­նու­թեամբ ու մա­նա­ւանդ՝ միաս­նա­կա­մու­թեամբ:

­Փոր­ձե­ցէք գրգռել ու ա­նար­գել ա­մե­րի­կա­ցի (կամ ֆրան­սա­ցի) ոս­տի­կա­նը, կամ՝ սպառ­նալ ա­նոր. կը կար­ծէք, որ փո­խա­րէ­նը ձե­զի պաղ­պա­ղա՞կ պի­տի հրամց­նէ ա­մա­ռո­ւան այս տաք օ­րե­րուն: ­Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր այն մա­սին, թէ ի՛նչ կրնայ պա­տա­հիլ, ե­թէ խումբ մը զի­նեալ­ներ փոր­ձեն գրա­ւել ­Լոս Ան­ճե­լը­սի ոս­տի­կա­նա­տու­նե­րէն մէկն ու մէ­կը…

­Բո­լորս ալ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցանք Ուք­րա­նիոյ 2014ի դէպ­քե­րուն, Վ­րաս­տա­նի եւ Ուք­րա­նիոյ մէջ նա­խա­պէս կա­տարուած «ծաղ­կա­ւոր» յե­ղաշր­ջում­նե­րուն եւ քա­ջա­ծա­նօթ ենք քա­րոզ­չա­կան այս նոյն ձե­ռա­գի­րին…։ ­Ճորճ ­Սո­րո­սի «­Բաց հա­սա­րա­կու­թիւն»ը, ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թեան հաս­տա­տած National Endowment for Democracyն, եւ USAIDը (չհա­շո­ւած Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան նմա­նօ­րի­նակ հիմ­նադ­րամ­նե­րը) մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­ներ կը տրա­մադ­րեն աշ­խար­հի այս կամ այն ան­կիւ­նը իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն կա­տա­րե­լու, կամ՝ «Ո­ւա­շինկ­թը­նի բա­րե­կամ» վար­չա­կար­գեր հաս­տա­տե­լու հա­մար:

Ան­հա­ւա­նա­կան չէ, որ այս ա­նե­լէն ան­պայ­ման պի­տի փոր­ձեն օգ­տո­ւիլ ար­տա­քին ու­ժեր, ո­րոնց նպա­տակն է ոչ թէ հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կին բա­րե­լա­ւու­մը, այլ՝ ­Հա­յաս­տա­նը թու­լաց­նելն ու տկա­րաց­նե­լը: ­Թու­լաց­նել ու տկա­րաց­նել՝ ի հար­կին խա­փա­նե­լով քա­ղա­քա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու այն քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցը, որ սկսած էր անց­նող ­Դեկ­տեմ­բե­րին, խոր­տա­կե­լով Ապ­րի­լին ստեղ­ծո­ւած ազ­գա­յին միաս­նա­կա­մու­թիւ­նը եւ մար­տու­նակ ո­գին՝ ընդ­դէմ ար­տա­քին թշնա­միին:

­Սա չի նշա­նա­կեր, որ հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դը ընդզ­վե­լու, դժգո­հե­լու լուրջ պատ­ճառ­ներ չու­նի: Ան­շո՛ւշտ որ ու­նի: ­Միա­ժա­մա­նակ սա­կայն, ան­թոյ­լատ­րե­լի պէտք է հա­մա­րել, որ ար­տա­քին ու­ժե­րը շա­հա­գոր­ծեն նոյն այդ ար­դա­րա­ցի դժգո­հու­թիւն­նե­րուն ա­լի­քը:
Այս մեծ պատ­կե­րին մէջ, մի­ջամ­տող ար­տա­քին ու­ժե­րուն հա­մար այ­լեւս աննշան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են հո­լովո­ւող դե­րա­կա­տար ա­նուն­նե­րը՝ ան­հատ­նե­րու կամ նո­րաս­տեղծ խմբա­ւո­րում­նե­րու:
Դժ­բախ­տա­բար, կը յա­մե­նայ ­Գէոր­գին եւ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին մտա­վա­խու­թիւ­նը, թէ ար­դեօք ար­տա­քին ու­ժե­րը պի­տի ու­զե՞ն բա­րե­փո­խո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թեան մը հի­ման վրայ կա­ռուցուե­լիք նոր ­Հա­յաս­տան մը:

Կ­՛ու­զենք ճիշդ հասկ­ցո­ւիլ: ­Հա­յաս­տան կը դի­մագ­րա­ւէ կա­ռա­վար­ման ներ­քին (ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան), ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան, պաշտ­պա­նա­կան, նաե՛ւ ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէ ե­կած գո­յու­թե­նա­կան խնդիր­ներ: ­Ներ­քին թե­րա­ցում­նե­րուն մէջ ակն­բախ է ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յան­ցան­քը: Այս խնդիր­նե­րը կրնան լուծուիլ բա­ցա­ռա­պէս եւ միա՛յն հայ­կա­կան ա­րե­ւե­լու­մի վրայ հիմ­նո­ւած գոր­ծե­լա­կեր­պով: ­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի այս խե­լա­միտ մօ­տե­ցու­մին դրսե­ւո­րումն է օ­րի­նա­կան (սահ­մա­նադ­րա­կան) բա­րե­կար­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցը եւ անհ­րա­ժեշտ է ոչ թէ խա­փա­նել, այլ դիւ­րաց­նել զայն: Ա՛յս տե­սան­կիւ­նէն պէտք է մօ­տե­նալ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ ­Կի­րա­կի սկսած դէպ­քե­րուն, որ­պէս­զի վեր­ջին հա­շո­ւով, այս տագ­նա­պէս կա­րե­նան յաղ­թա­կան դուրս գալ ­Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ