­altՍու­րիա­ցի տե­ղա­հա­նո­ւած մը ­Յու­լիս 24ին, ­Գեր­մա­նիոյ Շ­թութ­կարթ քա­ղա­քին մէջ, կա­ցի­նով յար­ձա­կում գոր­ծե­լով՝ սպան­նեց կին մը եւ վի­րա­ւո­րեց եր­կու ու­րիշ­ներ:

 

 

Ուր­բաթ օր, 18 տա­րե­կան ի­րան­ցի մը, ­Միւ­նի­խի մէջ զի­նեալ յար­ձա­կում մը գոր­ծե­լով` սպան­նեց պա­տա­հա­կան 9 ան­ցորդ­ներ:
19 ­Յու­լի­սին 17 տա­րե­կան աֆ­ղան մը կա­ցի­նով յար­ձա­կում գոր­ծեց ­Պա­ւա­րիոյ ­Վուրց­պուրկ շրջա­նին մէջ գնաց­քի մը ճամ­բորդ­նե­րուն դէմ` վի­րա­ւո­րե­լով 20 ան­ձեր:

14 ­Յու­լի­սին ալ­ճե­րիա­ցի մը բեռ­նա­կառ­քով խու­ժեց ­Նի­սի մէջ Ֆ­րան­սա­յի ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով հրա­վա­ռու­թիւ­նը դի­տող­նե­րուն վրայ` սպան­նե­լով 84 ան­ձեր:
Այս շար­քը սկսաւ 2015ին, երբ ­Փա­րի­զի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան շարք մը յար­ձա­կում­ներ` «­­Շար­լի Էպ­տօ»ի դէմ, ­Նո­յեմ­բեր 2015ին` մա­հաս­փիւռ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը եւ այլն:
­Վե­րոն­շեալ յար­ձա­կում­նե­րը գոր­ծող­նե­րը կը հա­ւա­տան, թէ պա­տա­հա­կան ան­ցորդ­ներ սպան­նե­լով՝ մուտք պի­տի գոր­ծեն դրախտ, ո­րով­հե­տեւ այդ ան­ցորդ­նե­րը ան­հա­ւատ­ներ են:

Յս­տակ է, որ ա­նոնք ան­միտ­ներ են, թե­րեւս նաեւ ա­նոնց ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վար­նե­րը, սա­կայն ո՛չ այդ շար­ժու­մին ե­տին գտնո­ւող իս­կա­կան ու ծա­ծուկ ղե­կա­վա­րը, որ հաս­տատ ան­հատ մը չէ, այլ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ կրօ­նա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րով կա­տա­րո­ւած այս յար­ձա­կում­նե­րուն ե­տին կա­րե­լի է տես­նել աշ­խար­հիկ նպա­տակ մը:

­Պահ մը նկա­տի ու­նե­նանք վե­րոն­շեալ յար­ձա­կում­նե­րուն թա­տե­րա­բե­մը. պա­տա­հա­կան չէ, որ այդ յար­ձա­կում­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ: Այս եր­կու եր­կիր­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան սիրտն ու ո­գին են:

­Յար­ձա­կում­նե­րը առ ե­րե­ւոյթ պա­տա­հա­կան ան­ցորդ­նե­րու դէմ են, սա­կայն կը հե­տապն­դեն քա­ղա­քա­կան յստակ նպա­տակ մը: Ա­նոնց թի­րա­խը այն ար­ժե­չա­փերն են, ո­րոնց վրայ հիմ­նո­ւած են այդ յար­ձա­կում­նե­րու թա­տե­րա­բեմ ե­ղող եր­կիր­նե­րը: Գլ­խա­ւոր թի­րա­խը հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնն է. նմա­նօ­րի­նակ յար­ձա­կում­նե­րու ճամ­բով՝ փորձ կը կա­տա­րո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան գլխա­ւոր հիմ­նա­դիր այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ խթա­նե­լու այ­լա­մեր­ժու­թիւ­նը, այ­լա­տեա­ցու­թիւ­նը եւ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը, ո­րոնց ա­ճը կը սա­սա­նէ անդ­րազ­գա­յին այդ միու­թեան հի­մե­րը:

­Յար­ձա­կում­նե­րը սկիզբ ա­ռին Ֆ­րան­սա­յի մէջ եւ այժմ տա­րա­ծո­ւած են նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ: ­Բա­ցա­ռո­ւած չէ, որ յա­ռա­ջի­կա­յին նոյն­պի­սի յար­ձա­կում­ներ սկսին նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, սա­կայն միայն երբ պա­հը հա­սուն­ցած նկա­տե­լով՝ ա­նոնց ազ­դան­շա­նը տայ վե­րոն­շեալ յար­ձա­կում­նե­րուն իս­կա­կան հայ­րը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ