«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

 

Սխալներու խնդիր
Դ.

Պիտի կրկնեմ:
Երբ գրչի աշխատանքի կամ լուրեր խմբագրելու աշխատանքի մէջ այսքան շատ տեսակէ սխալներ Դամոկլեան սուրի նման մեզի կը սպասեն մեր գլխուն վերեւ, ո՞վ իրաւունք պիտի ունենայ ինձմէ պահանջելու որ բնաւ սխալ չընեմ: Եթէ կայ պահանջող, անոր պիտի պատասխանեմ որ սխալ ընելն ալ մարդկային իրաւունք մըն է, ո՛չ մէկը կրնայ ձեռքէս առնել այդ իրաւունքը:
Որպէսզի կատակն ու լուրջը իրարմէ լաւ մը զանազանուին այս խնդրին մէջ, կամ որպէսզի քիչ մը կատակին մէջ լրջութիւն ալ դնենք, եւ որպէսզի ես պաշտպանեմ մարդուս սխալ ընելու մարդկային իրաւունքը, պիտի ուզեմ պնդել որ սխալն ալ երբեմն ունի իր օգուտը:
Ատենօք կը ստանայի նամակներ որոնց մէջ նամակագիրները, լաւ հայերէն գիտնալով հանդերձ, օտար լեզուով կը գրէին իրենց նամակը: Ես կը ջղայնանայի, գիտէի որ այդ անձերը լաւ հայերէն գիտէին, ուրեմն ինչո՞ւ հայերէն չէին գրեր իրենց նամակը:
Բաւական ժամանակ վերջ անդրադարձայ որ բարեկամներս նամակը հայերէն չէին գրեր, որովհետեւ կը վախնային որ ուղղագրական սխալ կÿընէին ու ամօթով կը մնային իմ դիմաց: Օր մըն ալ թերթին մէջ խմբագրական յօդուած մը գրեցի: Յօդուածին մէջ կÿըսէի.
-Բարեկամներ, հոգ չէ, սխալ գրեցէք, բայց հայերէն գրեցէք:
Յօդուածս օգուտ ունեցա՞ւ, բարեկամներս այլեւս դադրեցա՞ն ամչնալէ ու հայերէն սխալ նամակներ գրելէ: Վստահ եմ ոչ: Բայց ես անդրադարձայ որ եթէ հարկաւոր է, սխալն ալ ունի իր օգտակարութիւնը, իր նախընտրելիութիւնը, աւելի ծանրակշիռ չարիքի մը աւերները թեթեւցնելու կարողութիւնը: Մինչեւ այսօր ինծի անգլերէնով նամակ գրող բարեկամէ մը եթէ յանկարծ ստանայի հոգ չէ թէ ուղղագրական սխալներով լեցուն հայերէն նամակ մը, ես պիտի զայրանայի՞ սխալներուն համար, թէ ոչ պիտի ուրախանայի մայրենիին նախընտրուած ըլլալուն համար:
Ես շատ լաւ գիտեմ որ գիտակից ու մաքրակրօն մարդիկ փառաւորապէս սխալ պիտի նկատեն սխալի նկատմամբ իմ այս ներողամտութիւնը: Այս կէտին մէջ ալ սիրով ես կը ստանձնեմ սխալներու իրաւունքն ու հպարտութիւնը: Բայց գիտեմ որ սխալ կոչուածը Մայր Բնութեան կողմէ ստեղծուած է որպէսզի մարդիկ բան մը սորվին սխալէն եւ հասկնան որ սխալը ճիշդին եղբայրն է, թէ անկարելի էր երեւակայել աշխարհ մը ուր միայն ճիշդը կար եւ ուր սխալը գոյութիւն չունէր:
Ճիշդն ու սխալը կեանքի մեծ «երկու»ներու շարքին մաս կը կազմեն: Այդ մեծ «երկու»ներուն միջեւ յիշենք գիշերն ու ցերեկը, խաւարն ու լոյսը, տգեղն ու գեղեցիկը, անխելքն ու խելացին, աղմուկն ու լռութիւնը, եւ դեռ ինչեր, որոնք իրարու հակառակը ըլլալ թուելով հանդերձ, զիրար կÿամբողջացնեն ու իրարու հետ կÿապրին եղբայրաբար: Ճիշդն ու սխալն ալ այդ մեծ «երկու»ներու շարքին կը պատկանին: Ճիշդը գոյութիւն չէր ունենար, եթէ սխալը չըլլար:
Քանի քանի անգամներ գործի հրապարակի վրայ լսած եմ գործարար մարդոց խօսակցութիւնը իրարու հետ եւ տեսած եմ որ անոնք շարունակ իրարու հետ եւ տեսած եմ որ անոնք շարունակ իրարու կը յիշեցնեն թէ գործի հրապարակի վրայ եթէ վախնաս սխալ բան ընելէ, բան մըն ալ չես կրնար ընել, քայլ մը առաջ չես կրնար երթալ, գործը չես կրնար ծաղկեցնել ու ընդլայնել:
Ես կեանքիս մէջ լաւ գործարար մը չկրցայ ըլլալ, որովհետեւ կը վախնայի սխալ գործելէ: Սխալելու մղձաւանջը ոտքս ձեռքս կը կապէր, կը վախնայի որ սխալի մը հետեւանքով կրնայի տուժել, շատ բան կորսնցնել: Այդ պատճառաւ ալ չսիրեցի գործարարութիւնը: Բայց երբ գրիչը ձեռք առի ու գրել սկսայ, կամ երբ թերթին պատասխանատուութիւնը ստանձնեցի ու խմբագրել սկսայ, անդրադարձայ որ այս մարզին մէջ շատ ալ չէի վախնար սխալ ընելէ: Եթէ քիչ մը ճամբայ կրցայ կտրել, ատոր մէջ անպայման իր դերը ունէր սխալէ չվախնալու իմ նորայայտ համարձակութիւնը:
Երբ համալսարանը հոգեբանութեան դասընթացքներու կը հետեւէի, հոն սորված էի որ գոյութիւն ունէր «փորձել ու սխալիլ» կոչուած դրութիւն մը, որ իբր օրէնք կÿընդունուէր հոգեբանութեան մէջ: Հակառակ որ շատ պարզ բան մըն էր, ես այդ դրութեան մէջ տեսած էի կեանքի մէջ յառաջ երթալու կամ անելէ մը դուրս գալու մեծ խորհուրդին բանալին: Դրութիւնը հետեւեալն էր: Խոշոր տուփ մը կար որուն մէջ լաբիւրինթոսային միջանցքներ կային: Տուփին առաջին բաժնին մէջ մուկ մը կը դրուէր: Մուկը միջանցքներէն անցնելով պիտի գտնէր տուփէն դուրս ելլելու դուռը: Միջանցքներէն ոմանք անել էին, մուկը յանկարծ պատ մը կը գտնէր իր դիմաց: Կը վերադառնար եւ կը մտնէր ուրիշ միջանցքէ մը ներս: Քիչ վերջ հոն ալ պատ մը կը գտնէր: Դարձեալ ետ կուգար եւ ուրիշ միջանցք մը կը փորձէր: Քանի մը անգամ փորձելէ ու սխալելէ ետք վերջապէս կը գտնէր ճիշդ միջանցքը ու կը հասնէր ելքի դրան: Ան ելքի դրան կը հասնէր ու ես կը համոզուէի որ կեանքի մէջ բան մը չես կրնար ընել եթէ քանի մը սխալ չընես, եթէ վախնաս սխալ ընելէ:
Քանի որ խօսեցանք հոգեբանութենէ, վերջացնենք փիլիսոփայութեամբ:
Տէքարթ ըսած էր.
-Կը մտածեմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ:
Ես պիտի փոխեմ տարազը.
-Սխալ կը գործեմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ:

(Վերջ)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)