Ինչո՛ւ ընտրեցինք այս ուղին եւ ինչո՛ւ յայտնուեցանք այս ճամբուն վրայ, որու երկու կողմն ալ անդունդ է։
Հարց չէ տրուածը, այլ՝ Յուլիս 17ի զինեալ ըմբոստացման ողբերգութիւնն ու մղձաւանջը ապրող հայ մարդոց իրաւացի գանգատն է
եւ ընդվզումը։
Ինչո՛ւ իշխանութեան ղեկին հասած «տղերք»ը, ահա 25 տարիէ ի վեր, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, չեն ուզեր յարգել իրաւական կարգերու, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հետամուտ պետութիւն կառուցելու տիեզերական օրէնքին խաղականոնները։
Պա՛րզ. ինչո՛ւ ազատ ու անկախ Հայաստանի իշխանաւորները մէկ կողմ չեն քաշուիր, երբ իրենց ձեռք ձգած իշխանութեան սահմանադրական ժամանակաշրջանը իր աւարտին կը հասնի, կամ՝ իրենց վայելած ժողովրդային վստահութիւնը կը սպառի եւ, ընդհակառակն, համընդհանուր դժգոհութեան եւ մերժումի ահռելի ալիքի կը վերածուի։
Նաեւ՝ ինչո՛ւ ժողովուրդին պատկանող պետութեան եւ անոր բազմազան լծակներուն հետ մեր իշխանաւորները կը վարուին սեփական ագարակի պէս՝ այդ բոլորը ծառայեցնելով իրենց ինքնավերարտադրութեան, իշխանութեան աթոռները ցմահ իրենց ձեռքը պահելու ընչաքաղցութեան, որեւէ հաւասարակշռեալ հասարակութեան անհրաժեշտ պայմանը հանդիսացող ընդդիմադրութեան նուաստացումին եւ փոշիացումին։
Շքանշանին միւս երեսն ալ ողբերգական է եւ նոյնքան մղձաւանջային։
Ինչո՛ւ մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնն ու մեր ազգային իրաւունքներուն պահանջատիրութիւնը արտայայտելու եւ պաշտպանելու դրօշ պարզող ընդդիմադիր «տղերք»ը չեն ուզեր սորվիլ, ահա քառորդ դարէ աւելի, որ զէնքով փրկութեան հասնելու օրէնքը իրապէ՛ս եւ իրա՛ւ օրինաչափութիւն դառնալու համար պէտք է ունենայ իր բացառութեանց կանոնը։
Այսի՛նքն. «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»՝ երբ այլեւս չի մնար ելք ու ճար եւ խենթերն են, որ կը գտնեն ելք ու հնար...
Այսի՛նքն. օտարի լուծին եւ բռնակալի անօրինութեանց դէմ արդարացի զինեալ պայքարի օրէնքը չի կրնար տարածուիլ ամէն գնով, ի հարկին սեփական ոստիկանին արիւնը թափելու ճամբով, իշխանափոխութեան հասնելու պարզամտութեան ու կամապաշտութեան վրայ։
Այո՛, ինչո՛ւ հասանք հոս եւ համազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման մեր հերոսական երթը մտցուցինք այս ճամբուն մէջ, որուն երկու կողմն ալ անդունդ է։
Դժուար է ստուգապէս ճշդել, թէ մեր հասարակութեան ո՞ր տոկոսը կողմ է Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակման պահանջին, այլեւ՝ վերապահ է անոր դէմ իշխանութեանց հրապարակած, բայց թերահաւատութեամբ ընկալուող այն մեղադրանքին, թէ Արցախեան Շարժման երէկի ազատամարտիկը եւ այսօրուան արմատական ընդդիմադրութեան դրօշակիրը իրապէս զինեալ բռնաշրջումի ձեռնարկած էր...
Բայց վստահաբար կարելի է ամենայն համոզումով ձայնակցիլ բոլոր անոնց, որոնք հետեւողականօրէն ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ այսօրուան Հ.Հ. նախագահը իր վարքագծով ոչ մէկ երկխօսութեան գետին կը ձգէ իր սխալներն ու մոլորանքները մերժող... ամէն կարգի ընդդիմախօսներուն առջեւ։
Իսկ այսօրուան իշխանութիւններու այսօրինակ կամակորութեան դէմ զզուանքով արտայայտուող եւ պայքարելու պատրաստ հասարակական լայն շերտերն անգամ, բնականաբար, չեն ընդունիր եւ դէմ են, որ ազգովին՝ հասարակութեամբ եւ պետութեամբ իյնանք... եղբայրասպան արիւնահեղութեան անդունդը։
Դիտենք մեր շուրջը եւ տեսնե՛նք Թուրքիոյ այսօրուան գալարումները, որպէսզի դաս քաղենք թրքական բանակին եւ պետական իշխանութեան վերնախաւին մէջ ծայր առած ներքին մաքրագործումներու եւ պալատական հաշուեյարդարներու տղմուտ եւ լպրծուն քաղաքական ոլորապտոյտէն։
Ոստիկանատուն գրաւելով, ոտիկանապետ սպաննելով կամ ոստիկաններ պատանդ բռնելով՝ քաղաքական «զիջումներ» չես կրնար պարտադրել կամակոր իշխանաւորին...
Պարզապէս արար-աշխարհին ցոյց կու տաս խոցելիութիւնը քու երկրիդ մէջ հաստատուած ոստիկանական պետութեան, որ կ՚ուզէ իրաւական եւ ժողովրդավարական կարգերու հանդերձանքով պճնուիլ։
Իսկ իշխանութեանց դէմ զինեալ ըմբոստացման ձեռնարկած եւ զոհ խլած ընդդիմադիրները «ահաբեկիչ» կոչելով եւ հասարակութիւնը անոնցմէ «վնասազերծելու» կարգախօսով զինուորական գրոհի ձեռնարկելով՝ իբրեւ իշխանութեան առջեւ դրուած բուն հարցերէն եւ հիմնական խնդիրներէն ո՛չ մէկը կը լուծես, նոյնիսկ լուծման դոյզն գետին չես ձգեր։
Պարզապէս արար-աշխարհին կը փաստես, որ ստեղծած ես պետութիւն մը, ուր կ՚իշխէ անտառին օրէնքը եւ ուր իրաւունքը, ի վերջոյ, կը պատկանի... զօրաւորին։
Ո՛չ, կարելի չէ շարունակել այս ճամբան, որու երկու կողմն ալ անդունդ է։
Ո՛վ որ մեզ բերաւ այս փակուղիին, ի՛նք ալ պէտք է գտնէ ասկէ դուրս գալու ելքը:
Ն.Պ.