alt«Սր­բա­զան ­Պատ­րիարք Հայր
նա­խա­գահ Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան

­«Բեկ­րու­թեամբ սրտի կը փու­թանք ձեր սրբազ­նու­թեան տե­ղե­կաց­նել, թէ ամ­սոյս 14ին գնե­ցինք, յա­նուն տեղ­ւոյս հայ գա­ղու­թին, Ա­թէն­քի մէջ ­Քու­մուն­տու­րո­ւի հրա­պա­

րա­կին ­Քի­րիե­զի փո­ղո­ցին մէջ տուն մը 3 մեծ սե­նեա­կով եւ 427 քա­ռա­կու­սի մեթր գե­տի­նով, չորս կող­մը պա­տե­րով շրջա­պա­տեալ, մէ­ջը գտնո­ւած քա­րու­կիր շէնք քիչ ծախ­քով յար­մար ե­կե­ղե­ցիի վե­րա­ծե­լու։

«Ինչ­պէս յայտ­նի է ձեր սրբազ­նու­թեան, յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խոս­տա­ցած էր գե­տին մը նո­ւի­րել գա­ղու­թիս ի հաս­տա­տու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ. բայց խոս­տա­ցո­ւած գե­տի­նը քա­ղա­քէն շատ հե­ռու եւ ան­յար­մար նա­խակր­թա­րա­նի, ստի­պո­ւե­ցանք գնել այս շէ­նքը, ա­նոր փո­խա­րէն խնդրե­լով կա­ռա­վա­րու­թե­նէն, որ կա­նո­նա­ւոր ամ­սա­թո­շակ մը յատ­կա­ցո­ւի Ա­թէն­քի հայ հո­վո­ւին իբր քա­հա­նայ եւ դա­սա­տու։ ­Կը յու­սանք, թէ մեր սոյն խնդի­րը դիւ­րու­թեամբ կը կա­տա­րո­ւի եւ այս­պէս մէկ կող­մէ հիմ­նա­կան ե­կե­ղե­ցի եւ դպրոց մը ու­նե­նա­լով եւ միւս կող­մէ քա­հա­նա­յին ամ­սա­կա­նը ա­պա­հո­վե­լով, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ան­խախտ եւ իս­պառ պա­հել սոյն հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը յԱ­թէնս։

­«Սոյն գնու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­սամբ ­Ռու­մա­նիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րէ գո­յա­ցած ար­դիւն­քէն եւ մա­սամբ տեղ­ւոյս հա­յե­րու նպաստ­նե­րով, ո­րով վճա­րե­ցինք փո­խան 11.200 տրախ­միի, 5200 տրախ­մի պարտ­քը 2 տա­րի պայ­մա­նա­ժա­մով վճա­րե­լու պայ­մա­նաւ հա­րիւ­րին եօ­թը տո­կո­սով գրա­ւի դրինք եւ կը յու­սամ, թէ քիչ ժա­մա­նա­կի մէջ շա­րու­նա­կե­լով թէ՛ աս­տիւ, թէ՛ ար­տա­սահման հան­գա­նա­կու­թիւ­նը, պի­տի կա­րո­ղա­նանք վճա­րել ե­կե­ղեց­ւոյ մնա­ցորդ պարտ­քը։

«Ն­կա­տե­լով, որ կա­րե­լի է Ա­թէն­քի հայ գա­ղու­թը ժա­մա­նա­կով ցրո­ւի (ինչ­պէս ժա­մա­նա­կին Կ­րէ­տէ) կամ այլ եւ այլ պատ­ճառ­նե­րով չի մ­նայ ոե­ւէ հայ ի յոյնս եւ ըստ ո­րում ե­կե­ղե­ցին յա­նուն Ա­թէն­քի հայ գա­ղու­թին ար­ձա­նագ­րուած է եւ այն ա­տեն յոյն կա­ռա­վա­րու­թե­նէ եւ ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թե­նէ կա­րե­լի է գրա­ւո­ւիլ, առ այս ո­րո­շե­ցինք ե­կե­ղե­ցին սե­փա­կա­նու­թիւնն ը­նել Կ. ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նին. եւ այս մա­սին կը յղենք ներ­փա­կեալ թարգ­մա­նու­թիւ­նը մի յու­նա­կան լե­զո­ւով գրո­ւած փո­խա­նոր­դագ­րոյ պատ­ճէ­նին, յա­նուն տիար ­Լե­ւոն ­Պէօ­րէք­ճեա­նի, ո­րուն մտօք կամ նմա­նը գրել տա­լով մեզ ղրկել բա­րե­հա­ճիք։ ­Սոյն փո­խա­նոր­դա­գի­րը պի­տի գրո­ւի եւ վա­ւե­րա­ցո­ւի տեղ­ւոյդ յու­նա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նէն»։

«Ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար չի կա­րո­ղա­նա­լով բարձ­րաս­տի­ճան կղե­րա­կան մը հրա­ւի­րել, կը խնդրեմ որ բա­րե­հա­ճիք ար­տօ­նել տեղ­ւոյս հո­վիւ ­Տէր ­Դա­ւիթ Քա­հա­նան, որ կա­տա­րէ վէմ­քա­րե­րու օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ պա­տա­րա­գել նո­րա­հաս­տատ ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. ­Զատ­կի առ­թիւ»։

­Սոյն նա­մա­կին կցո­ւած փո­խա­նոր­դագ­րին պատ­ճէ­նէն կ­՚ի­մա­նանք, թէ «շէն­քը գնո­ւած է ­Պետ­րոս Ե­ղօեա­նի կող­մէ ի հա­շիւ եւ դրա­մով Ա­թէն­քի հայ գա­ղու­թին եւ նո­ւի­րո­ւած յի­շեա­լին կող­մէ գա­ղու­թին. ըստ տրամադ­րու­թեան թիւ 637 եւ 14 ­Մարտ 1905 պայ­մա­նագ­րու­թեան, պատ­րաս­տո­ւած Ա­թէն­քի նո­տար ­Տիո­նի­սիս Եէտ­լա­զիի կող­մէ, սոյն տու­նը յատ­կա­ցեալ լի­նե­լով ե­կե­ղե­ցիի եւ նա­խակր­թա­րա­նի, հայ­կա­կան գա­ղու­թին»։
­Ժո­ղով­նե­րու ա­տե­նագ­րու­թեանց պա­կա­սին եւ նա­մա­կագ­րու­թեանց ու քո­բի­նե­րու ան­կա­նո­նու­թեանց պատ­ճա­ռով կա­նո­նա­ւոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ չկան։ «­Կա­թիլ» ըն­կե­րու­թեան վարչ. մարմ­նոյ ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րէն կը տես­նո­ւի, թէ հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ անձ­նա­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ծայր տո­ւած ըլ­լա­լով, ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան գոր­ծը են­թար­կո­ւած է պահ մը ձա­խո­ղու­թեան։

Ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ա­ղա­բե­կեան այս առ­թիւ ու­զած է «­Կա­թիլ» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­դիր ժո­ղո­վը ի­րեն գոր­ծիք դարձ­նել՝ զայն մղե­լով հո­գա­բար­ձու­թեան դէմ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու։ ­Սա­կայն «­Կա­թիլ»ի վա­րիչ մար­մի­նը՝
«Ն­կա­տե­լով, որ հո­գա­բար­ձու­թեանց ան­դա­մոց ու­նե­ցած ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­հուն, ա­նոնց ազ­դե­ցու­թեան տակ գոր­ծել եւ անձ­նա­կան նկա­տում­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յել բնաւ պա­տո­ւա­բեր չէ ի­րենց, եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նկա­տե­լով, որ ժո­ղովս ըն­կե­րու­թեանս ծրագ­րի ո­րոշ տրա­մադ­րու­թեանց վրայ հիմ­նո­ւե­լով, ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան գոր­ծին մաս­նակ­ցե­լու եւ առ այն կա­տա­րո­ւած ու կա­րո­ւե­լիք ձեռ­նար­կու­թեանց հե­տամ­տե­լու բա­ցար­ձակ ու ո­րոշ ի­րա­ւունք ու­նի, ո­րո­շեց բո­լո­րո­վին ան­կախ ու զերծ ոե­ւէ ազ­դե­ցու­թե­նէ ու թե­լադ­րու­թե­նէ, պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կաւ դ­ի­մել հո­գա­բար­ձու­թեան եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ խնդրել ան­կէ, թէ մին­չեւ հի­մա ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան վե­րա­բեր­մամբ ի՜նչ ձեռ­նարկ­ներ ը­րած եւ ը­նե­լու է եւ ի՜նչ ար­դիւնք ու­նե­ցած են ցարդ կա­տա­րո­ւած հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը (նիստ ԺԲ., Հմ. Ա­զա­տեա­նի տու­նը)։

«­Կա­թիլ» կը շա­րու­նա­կէ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ պա­հան­ջել եւ իր ա­տե­նա­պետ Պ. Հ­մա­յեակ Ա­զա­տեա­նի մի­ջո­ցաւ կ՚ու­զէ խորհր­դակ­ցիլ հո­գա­բար­ձու­թեան հետ։ ­Սա­կայն կ՚ե­րե­ւի, թէ այս վեր­ջի­նը չ՚ու­զեր, որ իր ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տու­թիւն ըլ­լայ, ուս­տի լուռ կը մնայ։ «­Կա­թիլ» իր նիստ Ե. 1905 ­Մարտ 9ին նկա­տի առ­նե­լով մա­տու­ռի շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բին դի­մու­մը, իր պատ­րաս­տի դրա­մը հա­զար տրախ­մին կ՚ո­րո­շէ յատ­կաց­նել այդ նպա­տա­կին։

­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը տես­նե­լով, որ իր մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ գնուած մա­տու­ռին պարտ­քը հա­տու­ցա­նել, կ՚ո­րո­շէ Եւ­րո­պա­յի մէջ հան­գա­նա­կու­թեան մը ձեռ­նար­կել։ 20 ­Հոկտ. 1906ին թիւ 304ով կը դի­մէ ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րան, հարկ ե­ղած դիւ­րու­թիւն­նե­րը ստա­նա­լու հա­մար։
­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը յե­տոյ պայ­մա­նագ­րու­թիւն կը կնքէ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Դա­ւիթ Քհնյ. ­Տէր Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ Ս­տե­փան ­Բամ­պուք­ճեա­նի հետ, ո­րոնք՝ «պի­տի ճամ­բոր­դեն Եւ­րո­պա եւ ե­թէ ար­դիւն­քը գո­հա­ցու­ցիչ չըլ­լայ մին­չեւ Հնդ­կաս­տան։ ­Յի­շեալ­նե­րը ի­րենց ճամ­բու եւ ու­տես­տի ծախ­քը պի­տի հո­գան հան­գա­նա­կու­թեան գու­մա­րէն եւ մնա­ցեալ գու­մա­րին հա­րիւ­րին քսա­նը իբր քսա­նոր­դի ի­րա­ւունք ստա­նա­լէ վերջ, մնա­ցեա­լը իբր զուտ հա­սոյթ պի­տի յատ­կաց­նեն նպա­տա­կին»։

­Հան­գա­նա­կիչ մար­մի­նը նոյն տա­րուոյ ­Նո­յեմ­բե­րի վեր­ջը կը հաս­նի ­Մար­սի­լիա, յե­տոյ ­Փա­րիզ, ուր կը հա­ւա­քեն 1671 ֆր. ֆրանք։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը յե­տոյ կ՚անց­նի ­Ման­չես­թըր եւ ­Լոն­տոն, ուր Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նորդ ­Գէորգ Եպս. Իւ­թիւ­ճեան ա­մէն ա­ջակ­ցու­թիւն կ­՚ը­նէ, մաս­նա­ւոր կո­չով մը։ ­Կը հա­ւա­քո­ւի 37,13 սթեր­լին։ ­Հան­գա­նա­կու­թիւ­նը կը փա­կուի 1907 ­Յու­նո­ւար 12ին։
­Դա­ւիթ Քհնյ­.ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ձա­խո­ղած եւ յի­շեա­լը հա­զիւ կրցած է ինք­զին­քը նե­տել Ա­թէնք թշո­ւառ վի­ճա­կի մէջ, պատ­ճառ ցոյց տա­լով «­Բիւ­զան­դիոն» թեր­թին այս մա­սին գրած մէկ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը՝ որ պար­տա­սահ­մա­նի մէջ մտքե­րը պղտո­րած էր։ ­Մէկ կող­մէ դրա­մա­կան տագ­նա­պը եւ միւս կող­մէ ներ­քին երկ­պա­ռա­կու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ կը դառ­նան, որ Տ. ­Դա­ւիթ Քհնյ. հե­ռա­նայ իս­պառ։
Այս քաո­սա­յին վի­ճա­կին մէջ կիր­քե­րը կը լա­րո­ւին եւ ան­պա­կաս չեն ըլ­լար յո­ռի ցոյ­ցեր, մին­չեւ որ նոյն տա­րո­ւոյ ­Դեկտ.ի վեր­ջե­րը Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նոր­դին կող­մէ Ծ­նուն­դի առ­թիւ Ա­թէնք կը ղրկո­ւի Ե­րե­միա Վրդ. ­Լի­ֆօ­րեան, որ կող­մե­րը խա­ղա­ղեց­նե­լու կը ձեռ­նար­կէ եւ կը կազ­մէ ընտ­րո­վի մար­մին մը։

1908 ­Մա­յիս 28ին ­Պատ­րիար­քա­րան ղրկո­ւած ճանչ­ցո­ւած չըլ­լա­լով եւ առ­ձեռն կան­խիկ պատ­րաստ գու­մար չգտնո­ւե­լով, նոր գնո­ւած կա­լո­ւա­ծին «քո­չան»ը ­Պետ­րոս Ե­ղօեա­նի ա­նո­ւան վրայ հա­նեց հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը։ ­Ժո­ղո­վուր­դը տես­նե­լով, որ գոր­ծե­րը ան­կեր­պա­րան հան­գա­մանք մը ստա­ցած են եւ կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ ոչ ե­կե­ղե­ցի կա­ռու­ցա­նել եւ ոչ ալ վեց հա­զար տրախ­մի գետ­նին պարտ­քը վճա­րել, ­Տիար ­Պէօ­րէք­ճեա­նէ պա­հան­ջեց իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին ե­ղած բո­լոր ե­լեւմ­տա­կան հա­շիւ­նե­րուն եւ հան­գա­նա­կու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

­Տիար ­Պէօ­րէք­ճեան փո­խա­նակ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար պա­հանջ­քին գո­հա­ցում տա­լու, մեր­ժեց հա­շիւ տալ եւ իր ստանձ­նած պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լով, ա­ռա­ջար­կեց նոր հո­գա­բար­ձու­թեան ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել եւ ա­նոր հա­շիւ տալ խոս­տա­ցաւ։ ­Նոր ընտ­րու­թիւն կա­տա­րո­ւե­լէ վերջ յի­շեա­լը մեր­ժեց իր խոս­տու­մը կա­տա­րել, սկսաւ խոչն­դոտ­ներ յա­րու­ցա­նել, հո­գա­բար­ձու­թեան ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը չճանչ­նալ, ա­ռար­կե­լով թէ ինք Խ­րի­մեան Կա­թո­ղի­կո­սի կոն­դա­կով գոր­ծե­րը ինք­նագ­լուխ կա­ռա­վա­րե­լու ի­րա­ւունք ու­նի իբր ազ­գա­պետ։ ­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը ցրո­ւի եւ գոր­ծե­րը կ՚առ­նեն ան­կեր­պա­րան վի­ճակ մը։
­Ժո­ղո­վուր­դը չի յու­սա­հա­տիր, այս ան­գամ կրկին ժո­ղով գու­մա­րե­լով, կ՚ընտ­րէ եօ­թը ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ յանձ­նա­խումբ մը, որ յի­շեա­լէն հա­շիւ­նե­րը պի­տի ստա­նար եւ ե­կե­ղե­ցա­կան յանձ­նա­խում­բի երկ­րորդ ընտ­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րէր։

«... Պ. ­Պէօ­րէք­ճեան յայ­տա­րա­րեց, թէ յանձ­նա­խում­բը չի ճանչ­նար եւ թէ հա­շի­ւի տետ­րակ­ներն ու հո­գա­բար­ձու­թեան կնի­քը յանձ­նած է կա­ռա­վա­րու­թեան, ո­րով իր ան­ձը այժմ պա­տաս­խա­նա­տու չի նկա­տեր։ ­Յանձ­նա­խում­բը հան­րագրու­թեամբ մը դի­մեց կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ա­միս­ներ մա­քա­ռե­լէ վերջ ար­դիւն­քի մը չյան­գե­ցաւ։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նեց, թէ պէտք է ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցո­ւի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն։ Ուս­տի առ այս պէտք է կա­նո­նա­գիր մը պատ­րաս­տել ու նոր հո­գա­բար­ձու­թիւն մը ընտ­րե­լով վա­ւե­րաց­նել տալ։ ­Պատ­րիար­քա­րան ե­ղած դի­մու­մը ան­պա­տաս­խա­նի մնա­լով, յանձ­նա­խում­բը ժա­մա­վա­ճառ չըլ­լա­լու հա­մար կրկին ժո­ղո­վի հրա­ւի­րե­լով գա­ղու­թը կը պար­զէ կա­ցու­թիւ­նը եւ կ՚ո­րո­շէ պատ­րաս­տել կա­նո­նա­գիր-ծրա­գիր մը. ­Գի­նե­պան ­Պօ­ղոս Ե­ղօեա­նի ա­ռա­ջար­կու­թեամբ, յի­շեա­լին փաս­տա­բա­նը 15 յօ­դո­ւա­ծէ կա­նո­նա­գիր մը կը պատ­րաս­տէ եւ ըստ այնմ տա­սը հո­գիէ ե­կե­ղե­ցիի հո­գա­բար­ձու­թիւն մը կ՚ընտ­րէ։ Ա­տե­նա­պետ Պ. Ե­ղօեան ա­ռանց կա­նո­նա­գի­րը քննու­թեան բո­վէն անց­նե­լու՝ կա­ռա­վա­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նէ, ուր կ՚ա­պա­հո­վէ ի­րա­ւուն­քը ա­տե­նա­պե­տին՝ ան­կա­խօ­րէն ըստ կամս գոր­ծե­լու։ Այս պա­րա­գան ե­րե­ւան ե­լած ըլ­լա­լով եւ միւս կող­մէ Ե­ղօեա­նի ա­նուս վի­ճա­կը նկա­տի ու­նե­նա­լով, յի­շեա­լը կը հրա­ժա­րե­ցո­ւի։ ­Կը պատ­րաս­տո­ւի 15 յօ­դո­ւա­ծէ նոր կա­նո­նա­գիր մը, որ կը մեր­ժո­ւի, կա­ռա­վա­րա­կան պա­հանջ­մանց ան­հա­մա­ձայն ըլ­լա­լով։ Ա­սոր ալ պատ­ճա­ռը Ե­ղօեա­նի եւ իր ար­բա­նեակ­նե­րուն գձուձ ըն­թաց­քը եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ երկ­պա­ռա­կու­թիւն­ներ ձգելն է։ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րէն ո­մանք գոր­ծէ կը քա­շո­ւին եւ Տ. ­Դա­ւիթ Քհնյ. հրա­ժա­րե­լով կը մեկ­նի։ Մ­նա­ցեալ ան­դամ­նե­րը ցնոր կար­գադ­րու­թիւն գոր­ծե­րը կը վա­րեն, մին­չեւ ­Լի­ֆօ­րեան Վրդ­.ի ժա­մա­նե­լը 25 ­Դեկտ. 1907

... ­Յի­շեա­լը Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րէն վերջ 1908 ­Յու­նո­ւար 13ին ընդ­հա­նուր ժո­ղով գու­մա­րե­լով ազգ. մատ­րան մէջ, կը յոր­դո­րէ մէկ կողմ թո­ղուլ վնա­սա­բեր ե­սա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու ա­ւե­րիչ շա­հախնդ­րու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նել միայն ազ­գին շա­հը ա­ռանց նկա­տում­նե­րու։ ­Ներ­կայ ժո­ղո­վին մէջ թեր ու դէմ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ետք, հա­մե­րաշ­խու­թիւն գո­յա­նա­լով, գոր­ծա­դիր ընտ­րող, ժո­ղով մը կը կազ­մո­ւի, որ ընտ­րա­կան գոր­ծէն զատ նպա­տա­կա­յար­մար կա­նո­նա­գիր-ծրա­գիր մը պի­տի կազ­մէր։ 1908 ­Դետկ. 20ին ընդհ. ժո­ղո­վի Բ. նիս­տին 92 հրա­ւի­րեալ­նե­րու 74ի ներ­կա­յու­թեան թաղ. խոր­հուր­դի օ­րի­նա­ւոր ընտ­րու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի եւ քո­ւէից ա­ռա­ւե­լու­թեամբ կ­՚ընտ­րո­ւին Տեարք՝

­­Յա­րու­թիւն ­Քօ­լօ­յեան (քո­ւէ 40)
Ա­ղեք­սանդր Գ­լը­ճեան (քո­ւէ 29)
­Պօ­ղոս ­Կո­տո­շեան (քո­ւէ 52)
­Կա­րա­պետ ­Մա­տո­յեան (քո­ւէ 28)
Ն­շան ­Յա­կո­բեան (քո­ւէ 50)

­Յե­տոյ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան պա­հան­ջած ուղ­ղու­թեան հա­մա­ձայն պա­տաս­տո­ւած 18 յօ­դո­ւա­ծէ բաղ­կա­ցեալ նոր կա­նո­նա­գի­րը, յօ­դո­ւած առ յօ­դո­ւած ու­սում­նա­սի­րո­ւե­լով, ընդ­հա­նու­րին հա­ւա­նու­թեամբ կ՚ո­րո­շո­ւի յանձ­նել օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­րա­րու­թեան վա­ւե­րաց­ման։ ­Յի­շեա­լը քննե­լէ վերջ, օ­րի­նաց հա­մա­ձայն գտնե­լով, կա­նո­նա­գի­րը կը ղրկէ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան առ ի վա­ւե­րա­ցում, ուր­կէ ետք ­Պա­լատ՝ թա­գա­ւո­րա­կան հրա­մա­նով գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ար­տօ­նե­լու հա­մար։

Ար­մե­նակ ­Տէր-­Յա­կո­բեան - Ե. մաս

(Շարունակելի)