­altՏո­մա­րը քա­նի մը օր ­­Պօ­ղոս փա­շա­յի տու­նը մնա­լէ վերջ, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան դի­մում­նե­րուն վրայ կը ղրկո­ւի ա­ռաջ­նոր­դա­րան, ուր տա­սը ոս­կիի ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը

կար։ ­­Փերտ­րո­ւար 22ին նոյնք հան­գա­նա­կու­թեան կը ձեռ­նար­կեն, բայց զա­նա­զան­նե­րէ ի­րենց դի­տել կը տրո­ւի, թէ նախ ­­Տիգ­րան փա­շա­յին պէտք է դի­մել եւ ա­նոր նո­ւէ­րը ար­ձա­նագ­րել եւ յե­տոյ կրնան ի­րենց դի­մել։ ­­Յանձ­նա­խում­բը փա­շա­յին գոր­ծա­կա­տար ­­Դա­ւի­թեա­նի կը տե­ղե­կաց­նէ ե­ղե­լու­թիւ­նը, որ կը խոս­տա­նայ բան մը ը­նել։

­­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը սա­կայն իր գոր­ծե­լու ա­ռա­ջին քայ­լին կը հան­դի­պի խո­չըն­դոտ­նե­րու, ո­րոնց գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը կը հան­դի­սա­նայ Արծ­րու­նի ­Քա­հա­նա­յի անձ­նա­կան մէկ պա­րա­գան եւ որ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու կող­մէ ա­նար­գօ­րէն կը շա­հա­գոր­ծո­ւի ի վնաս սոյն գոր­ծին։ Այս պատ­ճա­ռով հան­գա­նա­կիչ մար­մի­նը կը մտադ­րէ գոր­ծը կի­սատ թո­ղուլ եւ դառ­նայ Ա­թէնք, ­­Զատ­կի տօ­նե­րէն ա­ռաջ։
Ա­տե­նադ­պիր Ա­լե­քօ Եա­զը­ճեա­նի սա տո­ղե­րը յատ­կան­շա­կան են. «պուր­տա­քի իշ­լէ­րի է­յի­ճէ ան­լա­տըմ, նէ՛ եօլ­տա չալշ­մա­լը իշ պի­թիր­մէք ի­ջուն։ Է­վէ­լա ալ­թը այ գա­տար օ­թուր­մա­լը քի, հիչ ի­շի­մէ կէլ­մէզ... հան­գա­նա­կու­թիւն տէ­տի­յին (տի­լէն­ճի) սրֆա­թը­նա կէչ­միշ. գա­բու­լար­տան քօ­վո­ւեօր­լար, քի պէ­նիմ ի­շի­մէ կէլ­մէզ։ ­­Պա­գալ չը­րա­ղը տէ­յի­լիզ վէ օ­գա­տար­տա քէն­տի­մի քիւ­չիւք տիւ­շիւր­մէմ պիր շէյ եա­փա­ճա­ղըզ տէ­յի։ Օլ­մաեը վէր­սին է­ֆէն­տիմ, է­կէր սէն օ­լաեը­տըն պու հաֆ­տա կէ­րի տէօ­նէր տին...»։

Այս յու­սա­հա­տա­կան գրու­թեան մէջ, սա­կայն, Պ. ­­Խե­րեան ­­Համ­պուր­կէ 20 ­­Մարտ 1901 թո­ւա­կիր նա­մա­կով մը 260 մար­քի գու­մար մը կը ղրկէ (100ը իր կող­մէ) խոս­տո­վա­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ պա­կաս­նե­րուն հա­մար 500 տրախ­մի եւս նո­ւի­րել երբ շէն­քը ա­ւար­տի։
1901 ­­Յու­նիս 24 եւ ­­Յու­լիս 30 թո­ւա­կիր զոյգ պաշ­տօ­նագ­րե­րով հո­գե­ւոր հո­վիւ Արծ­րու­նի կը հրա­ժա­րի ամ­սա­թո­շա­կի ան­բա­ւա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով եւ կը խնդրէ մատ­րան պա­հա­պան մը գտնել եւ ա­նօթ­ներն ու գոյ­քե­րը ստանձ­նել, ա­պա­գայ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէ զերծ մնա­լու հա­մար։ ­­Սա­կայն հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, նկա­տի չառ­նե­լով այս հրա­ժա­րա­կան­նե­րը, կը հար­կադ­րէ ­­Տէր ­­Գա­րե­գին ­Քա­հա­նա­յին ա­ռանց լուր տա­լու մեկ­նիլ դէ­պի ­­Պուր­կազ (­­Պուլ­կա­րիա)։

­­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը 18 Օ­գոս­տոս եւ 14-27 ­­Սեպ­տեմ­բեր 1901 եւ 144 եւ 150 թո­ւա­հա­մար գրու­թիւն­նե­րով կը բո­ղո­քէ Արծ­րու­նի ­Քա­հա­նա­յին դէմ, ժո­ղո­վուր­դը լքե­լով հե­ռա­նա­լուն հա­մար, եւ կը դի­մէ Ե­գիպ­տոս եւ Իզ­միր՝ քա­հա­նայ մը ու­ղար­կե­լու, ո­րուն կը յատ­կա­ցո­ւէր ամ­սա­կան 120 տրախ­մի եւ զա­նա­զան հա­սոյթ­նե­րէ 60 տրախ­մի, գու­մար 180 (նոյն ժա­մա­նա­կի դրա­մով վեց ­­Նա­բո­լէոն)։ ­­Քա­հա­նան պի­տի բնա­կէր մատ­րան մօտ գտնո­ւող եր­կու սե­նեակ­նե­րուն մէջ։

1901 ­­Հոկտ. 30ին, Իզ­մի­րի ա­ռաջ­նորդ ­­Մել­քի­սի­դէկ Արք. 562 թիւ պաշ­տօ­նագ­րով մը կը հա­ղոր­դէ, թէ «գա­ւա­ռա­ցի ­­Տէր ­­Խո­րէն Քհնյ. ­­Մու­րա­տեա­նի ան­ցագ­րի եւ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ծախ­քե­րը հո­գա­լով ճամ­բայ պի­տի ել­լէ դէ­պի Ա­թէնք ի քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեան։ Ի ժա­մա­նելն քա­հա­նա­յին պէտք է ըն­դու­նիք զին­քը սի­րով եւ յար­գու­թեամբ եւ շա­հա­սի­րէք»։

Ք­ղե­ցի ­Տէր ­­Խո­րէն նոյն տա­րո­ւոյ ­­Նո­յեմ­բե­րի սկիզ­բը գոր­ծի կը ձեռ­նար­կէ։ ­­Թաղ. ­­Խոր­հուր­դը Ե­գիպ­տո­սի հան­գա­նա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ջի­կա­յին վե­րա­պա­հե­լով, կ­­’ո­րո­շէ Զ­միռ­նիոյ մէջ հան­գա­նա­կու­թիւն մը կա­տա­րել եւ առ այս կը ստա­ցո­ւի անհ­րա­ժեշտ ար­տօ­նու­թիւ­նը Էջ­միած­նէն։ ­­Սա­կայն ­­Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նը ­Քաղ. ­­Ժո­ղո­վի ո­րոշ­մամբ կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ինքն ալ կը փա­փա­քի, որ այս նպա­տա­կին հա­մար կա­րե­լի դիւ­րու­թիւն­ներն ըն­ծա­յո­ւին ձեզ, բայց կը դի­տէ միան­գա­մայն, թէ շի­նու­թեան գոր­ծին չձեռ­նար­կո­ւած, այս­պի­սի հան­գա­նա­կու­թիւն մը կա­տա­րել ­­Թուր­քիոյ վի­ճա­կաց մէջ, կրնայ տե­ղի տալ թիւր մեկ­նու­թեանց ու դժո­ւա­րու­թեանց։ Ուս­տի ­­Քաղ. ­­Ժո­ղո­վի ո­րոշ­մամբ կը յանձ­նա­րա­րո­ւի ձեզ, ի բաց թո­ղուլ առ այժմ ­­Թուր­քիոյ վի­ճա­կաց մէջ հան­գա­նա­կու­թիւն կա­տա­րե­լու խոր­հուրդն։ (1902 ­­Մա­յիս 29 հա­մար 697)։

Եւ սա­կայն հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դակ ի ձե­ռին, ­­Թուր­քիոյ դես­պա­նին անհ­րա­ժեշտ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը տա­լէ վերջ, դէ­պի Զ­միռ­նիա ճամ­բայ կը հա­նէ ­­Տէր ­­Խո­րէն Քհնյ. ­­Մու­րա­տեա­նը, 1902 ­­Յու­լիս 18ին, որ ցա­մաք ե­լա­ծին պէս կը ձեր­բա­կա­լո­ւի եւ կը բան­տար­կո­ւի։

«Ան­ցեալ Ուր­բաթ օր Իզ­միր հա­սայ եւ ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցայ բանտ, ուր մին­չեւ այ­սօր կը մնամ, ա­ռանց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կող­մէ ոե­ւէ պաշտ­պա­նու­թիւն գտնե­լու։ Եւ ցա­ւա­լի է ը­սել, որ նոյ­նիսկ ա­ռաջ­նոր­դին հրա­մա­նաւ բան­տար­կո­ւած եմ ա­նօ­թի ու ծա­րաւ»։
Իզ­մի­րի ա­ռաջ­նորդ ­­Մել­քի­սե­դէք Արք. ­­Մու­րա­տեա­նի նման ան­ձի մը - որ կա­թո­ղի­կոս իսկ ընտ­րո­ւած էր եւ չէր վաւ­րա­ցո­ւած ­Ձա­րին կող­մէ - դէմ ե­ղած այս ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի էր զանց ը­նել, երբ ու­րիշ եր­կու ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ եւս չգա­յին հաս­տա­տել սոյն պա­րա­գան։
­­Վա­ճա­ռա­կան տիար Մ. Մ­սե­րեան 15-28 ­­Յու­նիս 1902 թո­ւով կը գրէ.-
Սր­բա­զան Ա­ռաջ­նոր­դը հե­տե­ւեալ պա­տաս­խա­նը տո­ւաւ իմ դի­մու­միս. «տե­ղա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձեր քա­հա­նան բան­տար­կած է եւ պի­տի ղրկէ Ե­րու­սա­ղէմ։ ­­Հե­տե­ւա­բար ես չեմ կրնար բան մը ը­նել։ ­­Կա­ռա­վա­րու­թեան գիտ­նա­լիք բանն է, թէ ժա­մա­նակ­նե­րը փա­փուկ են եւ ճիշդն ը­սե­լով ես ալ ժա­մա­նակ չու­նիմ այդ­պի­սի տէր­տէ­րի խնդրով զբա­ղե­լու։ ­­Դուք ձեր գլխուն ճա­րը նա­յե­ցէք, ար­դէն այն քա­հա­նան, որ հոս ան­պի­տան ճանչ­ցո­ւած էր, մա­տու­ռի շի­նու­թեան հա­մար չի կրնար օգ­տա­կար ըլ­լալ։

­­Տիար ­­Լե­ւոն ­­Չի­լին­կի­րեան 30 ­­Յու­նիս 1902 թո­ւով կը գրէ.- «... Ա­ռաջ­նոր­դը ա­ռանց քննե­լու եւ հասկ­նա­լու ա­նոր գալս­տեան պատ­ճա­ռը, կը փու­թայ քէ­հեա­յին մի­ջո­ցաւ ան­մի­ջա­պէս լուր տալ ոս­տի­կա­նա­կան տես­չու­թեան, որ­պէս­զի զայն դուրս չհա­նե­լով, իր յար­մար դա­տած տե­ղը ղրկէ։ Այս գո­վե­լի յանձ­նա­րա­րու­թեան վրայ ­­Տէր հայ­րը վար կը դրո­ւի եւ կ­­’ա­ռաջ­նոր­դո­ւի բանտ, քա­նի մը սրի­կա­նե­րու մօտ։ 19 օր զուր տե­ղը բանտ մնա­լէ ետք, կարգ մը ազ­դե­ցիկ ան­ձե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ, տէր հայ­րը ա­զատ ար­ձա­կու­ե­ցաւ, պայ­մա­նաւ եւ ե­րաշ­խի­քով, որ Ա­թէնք պի­տի չվե­րա­դառ­նայ, այլ «­­Մախ­սու­սիէ» շո­գե­նա­ւով մը Եա­ֆա եւ ան­կից ալ Ե­րու­սա­ղէմ»։

Ինչ­պէս կ­­’ե­րե­ւի, ­­Մու­րա­տեանց Սր­բա­զան, կան­խա­կալ կար­ծիք ու­նե­նա­լով յի­շեալ քա­հա­նա­յի մա­սին, ոչ միայն չէ աշ­խա­տած զայն փրկել, քա­նի որ իր պարտքն էր, այլ եւ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար հան­դի­սա­նալ սոյն գոր­ծին։ ­­Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­մում­նե­րով Տ. ­­Խո­րէն Քհնյ. կա­րե­լի կ­­’ըլ­լայ փրկել։

­­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կ­­’ո­րո­շէ հան­գա­նա­կու­թիւն կա­տա­րել ­­Ռու­մա­նիոյ մէջ, եւ նոյն տա­րո­ւոյ ­­Սեպ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը Տ. ­­Խո­րէն Քհնյ. կ­­’ու­ղե­ւո­րո­ւի ­­Ռու­մա­նիա, շրջե­լով ­­Սու­լի­նա, ­­Թուլ­չա, ­­Պա­պա­տաղ, ­­Կա­լաց, ­­Թէ­քո­ւիճ, Եաշ, ­­Պօ­թու­շան, ­­Սու­զա­վա, ­­Ռո­ման, ­­Պա­գով, ­­Ֆոք­շան, ­­Մա­քա­ցին, ­­Պուք­րէշ, ­­Չէր­նո­վո­տա, հա­ւա­քե­լով 2028 տրախ­միի գու­մար մը։
­­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը երբ մէկ կող­մէ կը զբա­ղէր վար­ժա­րա­նի եւ ե­կե­ղե­ցւոյ մը կա­ռուց­մամբ, միւս կող­մէ ու­նէր բա­ւա­կան ծանր աշ­խա­տու­թիւն­ներ։

1901 ­­Մարտ 2 եւ 8853 թո­ւա­հա­մար շրջա­բե­րա­կա­նով մը ­Պատ­րիար­քա­րա­նը Ա­թա­նա Քհն. Է­միր­զէեա­նը կար­գա­լոյծ հռչա­կած ըլ­լա­լով, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը հրա­ւի­րէ յի­շեա­լը, որ ինք­նա­բե­րա­բար աշ­խար­հա­կա­նա­նայ, ա­ռանց բռնի մի­ջոց­նե­րու դի­մե­լու։ ­­Յի­շեա­լը ոչ միայն չէ ու­զած ճանչ­նալ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, «այլ եւ կարգ մը սլին­քոր­նե­րու հետ կու­սակ­ցու­թիւն մը կամ­զե­լով, ու­զած է ա­նոնց մի­ջո­ցով բռնու­թեամբ ե­կե­ղե­ցի մտնել եւ պաշ­տօ­նա­վա­րել իբր ար­տօ­նեալ քա­հա­նայ»։ ­­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը այց կ­­’ը­նէ ոս­տի­կա­նու­թեան եւ թուրք դես­պա­նին, բայց կա­րե­լի չըլ­լար բան մը ը­նել ա­զատ եր­կիր ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Ո­րով հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ­Պատ­րիար­քա­րան կը դի­մէ 27-5 1901 թիւ 128ով. որ­պէս­զի ար­տա­քին նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջո­ցաւ վճիռ ձեռք բե­րո­ւի եւ իբր ­Պատ­րիար­քա­րա­նի փո­խա­նորդ ի­րենց ի­րա­ւունք տրո­ւի Ա­թա­նա Քհնյ.ի մօ­րու­քը ա­ծի­լել տա­լո­ւ։

Ա­թա­նաս Քհնյ. ա­նու­ա­նար­կու­թեան դատ կը բա­նայ հո­գա­բար­ձու­թեան դէմ, յայտ­նե­լով որ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­գի­րը կեղծ է եւ թէ ինք բնաւ կար­գա­լոյծ չէ ե­ղած։ Ան միա­միտ­ներ որ­սա­լով կու­սակ­ցու­թիւն մը կազ­մե­լու կը հե­տամ­տի, ինք­զին­քը զոհ ցոյց տա­լով ­­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քին եւ Կ­րօն. ­­Ժո­ղո­վին քի­նախնդ­րու­թեան։ ­­Կիր­քե­րը տա­կաւ կը լա­րո­ւին եւ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը 19-5 1901 եւ թիւ 131ով կար­գադ­րու­թիւն մը կ­­’ու­զէ, հա­ւա­նա­կան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն մը ար­գի­լե­լու հա­մար։

­Պատ­րիար­քա­րա­նը դժբախտա­բար կտրուկ ձեռ­նարկ մը չ’ը­ներ, ո­րով 28-6 1901 եւ թիւ 133 հա­մա­րով հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հե­տե­ւեա­լը կը գրէ.- «... Տ. Ա­թա­նաս Քհնյ. մեր ազ­գու­թիւնն ու կրօ­նը ան­պա­տո­ւե­լէ զատ, գա­ղու­թի միա­միտ եւ ան­փորձ գա­ւա­ռա­ցի ան­դամ­նե­րը այ­լե­ւայլ գռե­հիկ եւ հա­կակ­րօն, բա­նիւք խա­բե­լով, պատ­ճառ դար­ձած է մատ­րանս յատ­կա­ցեալ ամ­սա­կան նո­ւէր­ներն դադ­րեց­նել տալ եւ իւ­րաց­նել։ Ար­դէն յայտ­նի է, թէ մա­տու­ռը կը պա­հո­ւի ժո­ղովր­դեան յա­տուկ նո­ւէր­նե­րէ եւ ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կէ հա­սոյ­թի աղ­բիւր­նե­րը նո­ւա­զե­լով, մա­տու­ռի փակ­ման պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ»։

­­Սա­կայն ի վեր­ջոյ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի այդ քա­հա­նա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան զգեստ­նե­րը հա­նել տալ ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը տի­րէ։ ­­Հա­յաբ­նակ նա­հանգ­նե­րու կո­տո­րա­ծէն ետք, վե­րապ­րող կի­նե­րու եւ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն դի­մու­մը ­Պատ­րիար­քա­րա­նը ծանր դրու­թեան մատ­նած էր։ ­­Գա­ւառ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րէ զա­նա­զան դի­մում­ներ կ­­’ըլ­լա­յին ­Պատ­րիար­քա­րան, ո­րով ար­տա­սահ­ման գտնո­ւող պան­դուխտ ազ­գայ­նոց ի­րենց վե­րապ­րող ըն­տա­նիք­նե­րու օ­ժան­դա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը շեշ­տէին։ ­­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը նկա­տի առ­նե­լով Ա­թէնք, ­­Բի­րէա եւ զա­նա­զան քա­ղաք­ներ գտնո­ւող պան­դուխտ ազ­գա­յին­նե­րու հայ­րե­նիք դրամ հասց­նե­լու մա­սին կա­տա­րած դի­մում­նե­րը, 1900 ­­Հոկ. 19 եւ թիւ 18 գրու­թեամբ հե­տե­ւեա­լը կը գրէ ­Պատ­րիար­քա­րան.-

«Ա­թէնք բնա­կող եւ ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղող գա­ւա­ռա­ցի ազ­գա­յին­նե­րէն շա­տեր ի­րենց ըն­տա­նեաց կա­նո­նա­ւո­րա­պէս ան­կո­րուստ դրամ ղրկե­լու հա­մար մե­ծա­մեծ դժո­ւա­րու­թեանց կը հան­դի­պին, Ա­թէն­քի եւ Ա­նա­տօ­լո­ւի մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց պա­կա­սու­թեան պատ­ճա­ռով եւ կը դի­մեն հո­գա­բար­ձու­թեանս, որ յանձն առ­նէ պատ­րիար­քա­րա­նի մի­ջո­ցաւ հասց­նել ի­րենց ղրկե­լիք դրամ­նե­րը։
«­Սա­կայն նկա­տե­լով ժա­մա­նա­կին փա­փուկ վի­ճա­կը եւ չու­նե­նա­լով ո­րե­ւէ ուղ­ղա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն գա­ւառ­նե­րու հետ, հո­գա­բար­ձու­թիւնս կը դի­մէ ­­Ձերդ Ա­մե­նա­պա­տո­ւու­թեան լուրջ նկա­տո­ղու­թեան եւ կը խնդրէ, որ բա­րե­հա­ճիք դար­ման եւ մի­ջոց ըն­ձե­ռել սոյն պան­դուխտ եւ խեղճ ազ­գա­յին­նե­րու բա­րի եւ ըն­տա­նա­սէր բաղ­ձանք­նե­րուն»։

­­Պատ­րիար­քա­րա­նը գո­հա­ցում կու­տայ այս փա­փա­քին, փոքր ծախ­քով մը դրամ­նե­րը ղրկե­լու հաս­ցէ­նե­րուն եւ ստա­ցո­ւած ըն­կա­լա­գիր­նե­րը ու­ղար­կե­լու դրա­մա­ռաք­նե­րուն։
Այս հե­տաքրք­րու­թիւ­նը պի­տի ծնցնէր նաեւ ու­րիշ փա­փաք­ներ ալ։ 1901էն աս­դին գա­ւառ­նե­րէ ­­Պատ­րիար­քա­րա­նի մի­ջո­ցաւ հա­սած բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­ներ կ­­’ու­զեն, որ ի­րենց ղա­րի­պը վե­րա­դառ­նայ եր­կիր իր կնոջ եւ զա­ւակ­նե­րուն մօտ, ո­րոնք ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով եւ կա­րօ­տով կը սպա­սեն ա­նոր գա­լուս­տին։
­­Կան եւ ա­նանկ­ներ՝ ո­րոնք մոռ­ցած ա­մէն ինչ, կը կե­նակ­ցին օ­տար կի­նե­րու հետ, ­­Հո­գա­բար­ձու­թեան յոր­դոր­նե­րը անլ­սե­լի կը մնան։ ­­Կան որ թշուա­ռու­թեան մէջ հա­զիւ ինք­զինք­նին կը քաշկռ­տեն եւ ա­մէն կապ մոռ­ցած են հայ­րե­նի­քին հետ։

­­Մայ­րեր ի­րենց զա­ւակ­նե­րէն բառ մը, ա­մու­սին­ներ չոր երկ­տող մը, եւ զա­ւակ­ներ համ­բոյ­րի մը կը սպա­սեն, բայց քա­ղա­քը կլա­նած է այդ բա­նե­րը եւ գա­ւա­ռի տղան եւ մար­դը դար­ձած են անզ­գայ կամ օ­տար հո­գի։ Այս բա­րի եւ չար զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ տա­րու­բեր, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­ջադ­րած նպա­տա­կը։

Կ­’ո­րո­շո­ւի շա­րու­նա­կել Ե­գիպ­տո­սի հան­գա­նա­կու­թիւ­նը՝ որ Արծ­րու­նի Քհնյ.ի տկա­րու­թեան պատ­ճա­ռով ընդ­հա­տո­ւած էր։ 1902 ­­Փետր. 22 եւ թիւ 223 պաշ­տօ­նագ­րով դի­մում կ­­’ըլ­լայ ­­Պատ­րիար­քա­րան, ուր­կէ յանձ­նա­րա­րա­կան գրեր կ­­’ու­ղար­կո­ւին Ե­գիպ­տո­սի ա­ռաջ­նոր­դին եւ ­­Պօ­ղոս փա­շա ­­Նու­պա­րի։

Ար­մե­նակ ­Տէր-­Յա­կո­բեան - Դ. մաս