Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը, Ա­րա­մի 9 փո­ղո­ցին վրայ կը գտնուի կի­սա­ւեր շէնք մը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր լքուած է ան­հո­գա­տար։ ­Շէն­քին վի­ճա­կը վթա­րա­յին է։ ­Շէն­քին յա­տա­կը, միջ­նա­յարկն ու տա­նի­քը քան­դո­ւած են։ ­Կը մնայ պա­տե­րուն մէկ մա­սը։ ­Պա­տե­րուն ներ­քե­ւի տա­րած­քը վե­րա­ծո­ւած է աղ­բա­նո­ցի։

Այս­պի­սի շէն­քե­րու յա­ճախ կը հան­դի­պինք այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ եւս։ Բ­նա­կան ե­րե­ւոյթ է, երբ ան­ցեա­լին ճոխ ու շէն կա­ռոյ­ցի մը տէ­րը կը մա­հա­նայ կամ կը մեկ­նի եւ կա­ռոյ­ցը կը մնայ ան­հո­գա­տար։ Եր­կար չի տե­ւեր այս վի­ճա­կը, ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քի պատ­կան մար­մին­նե­րը կամ կա­ռոյ­ցին նոր տէ­րը ան­մի­ջա­պէս նո­րո­գու­մի կամ վե­րա­շի­նու­թեան կը նա­խա­ձեռ­նեն։

­Սա­կայն Ա­րա­մի 9 փո­ղո­ցի շէն­քին վի­ճա­կը բնա­կան չենք կրնար հա­մա­րել, ո­րով­հե­տեւ այդ շէն­քը սո­վո­րա­կան կա­ռոյց մը չէ։ Ա­սի­կա ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիր Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ­Տունն է։ Ա­սի­կա տունն է այն մեծ հա­յուն, ո­րուն կը պար­տինք մեր ազ­գա­յին մնա­ցոր­դա­ցի գո­յու­թեան փրկու­թիւ­նը ու դա­րե­րէ ի վեր կորսն­ցու­ցած մեր «քա­ղա­քա­կան ա­նօթ»ին վե­րա­նո­ւա­ճու­մը։

Ա­րա­մին ­Տու­նը մեր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան կը պատ­կա­նի։ Այս հաս­տա­տու­մը թէ՛ ճշգրիտ ու թէ ար­դա­րա­ցի է։ ­Թիֆ­լի­սէն Ե­րե­ւան հա­սած ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր սկզբնա­կան ժո­ղով­ներն ու աշ­խա­տան­քի նիս­տե­րը այս տան մէջ ու­նե­ցաւ։ Այս տան մէջ մեր կա­ռա­վա­րու­թեան դահ­լի­ճը, նա­խա­րար­նե­րը եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ծրագ­րե­ցին մեր մա­նուկ պե­տու­թեան ըն­թաց­քի ճա­նա­պար­հը։ Այդ տան մէջ ապ­րե­ցաւ ու մա­հա­ցաւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը։

Ափ­սոս, հայ­րե­նի յա­ջոր­դա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ցարդ ան­տե­սած են այս ­Տու­նը, իսկ հայ հան­րու­թիւ­նը գրե­թէ զայն լքած է ա­նէաց­ման ճա­կա­տագ­րին։ Ա­ւե­լի ցա­ւա­լին ու դա­տա­պար­տե­լին՝ ա­նոր նոր տէ­րե­րը, շա­հակ­ցա­կան հա­շիւ­նե­րէ մղո­ւած, տա­րի­նե­րէ ի վեր նպա­տա­կադ­րեալ կեր­պով վթա­րա­յին վի­ճա­կի մէջ կը պա­հեն այս շէն­քը։ Ի տես ա­սոր, կա­տա­րեալ լռու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն մշա­կու­թա­յին նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը։ ­Տա­կա­ւին չենք ու­զեր անդ­րա­դառ­նալ պատ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­բե­րող «­Հին Ե­րե­ւան» նա­խագ­ծին, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը չեն յի­շեր իսկ, որ պատ­մա­կան տուն մը գո­յու­թիւն ու­նի Ա­րա­մի 9 փո­ղո­ցին վրայ։

Ա­րա­մի ­Տան հան­դէպ այս ան­փոյթ վե­րա­բեր­մուն­քին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան ու հա­կաօ­րի­նա­կան ըն­թաց­քի մէջ են։ ­Պատ­մա­կան ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու գծով ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց կի­րարկ­ման հա­մար որ­դեգ­րո­ւած օ­րէնք­նե­րը յստակ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ կը դնեն հայ­րե­նի պե­տու­թեան ու կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան (ըն­դու­նո­ւած ­Դեկ­տեմ­բեր 6, 2015ին) 11րդ ­Յօդուա­ծը կը տրա­մադ­րէ.- «­Պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի յու­շար­ձան­նե­րը, մշա­կու­թա­յին այլ ար­ժէք­նե­րը գտնւում են պե­տու­թեան հո­գա­ծու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան ներ­քոյ։»։ Արդ, հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է փրկել, հո­գալ, պաշտ­պա­նել ու պահ­պա­նել Ա­րա­մի ­Տու­նը, քա­նի որ ա­նի­կա պատ­մու­թեան յու­շար­ձան է, այ­սինքն՝ պաշտ­պա­նե­լի ազ­գա­յին ար­ժէք եւ ժա­ռան­գու­թիւն է։

­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի կրնար սահ­մա­նադ­րա­կան այս պար­տա­ւո­րու­թե­նէն խու­սա­փիլ այն պատ­րո­ւա­կով, թէ Ա­րա­մի ­Տու­նը սե­փա­կա­նու­թիւնն է ան­հատ­նե­րու, ո­րոնց սե­փա­կա­նա­տի­րու­թիւ­նը պաշտ­պա­նո­ւած է սահ­մա­նադ­րու­թեամբ եւ օ­րէն­քով։

­Ճիշդ է, Ա­րա­մի ­Տան սե­փա­կա­նա­տէր­նե­րը, ինչ­պէս ոե­ւէ սե­փա­կա­նա­տէր քա­ղա­քա­ցի, չեն կրնար զրկո­ւիլ ի­րենց սե­փա­կա­նու­թե­նէն՝ ըստ օ­րի­նի եւ ըստ սահ­մա­նադ­րու­թեան։ ­Սա­կայն, հան­րա­յին նպա­տակ­նե­րու հա­մար պե­տու­թեան կող­մէ ան­ձի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը վերցնե­լը շատ հին եւ ըն­դու­նո­ւած օ­րէնք է։ Անգ­լիա­խօս եր­կիր­նե­րու մէջ այս օ­րէնքը կը կո­չո­ւի «Eminent Domain», ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ «սե­փա­կա­նու­թեան օ­տա­րում»։ (Բ­նա­կա­նա­բար, սե­փա­կա­նու­թեան օ­տա­րու­մի մը պա­րա­գա­յին պե­տու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է անհ­րա­ժեշտ հա­տու­ցու­մը կա­տա­րե­լու խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձին։)

­Սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մը մաս կը կազ­մէ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան, ո­րուն 31րդ ­յօ­դուա­ծը, ի մի­ջի այ­լոց, կ­՛ամ­րագ­րէ.- «­Սե­փա­կա­նու­թեան օ­տա­րու­մը հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան կա­րիք­նե­րի հա­մար կա­րող է կա­տա­րո­ւել միայն բա­ցա­ռիկ՝ գե­րա­կայ հան­րա­յին շա­հե­րի դէպ­քե­րում, օ­րէն­քով սահ­մա­նո­ւած կար­գով, նախ­նա­կան հա­մար­ժէք հա­տուց­մամբ»։
Այս տրա­մադ­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ պե­տու­թիւ­նը սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րում կրնայ կա­տա­րել, երբ առ­կայ են հե­տե­ւեալ եր­կու տո­ւեալ­նե­րը.- ա.) ­Հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան կա­րի­քը, բ.) ­Բա­ցա­ռիկ՝ գե­րա­կայ հան­րա­յին շա­հի գո­յու­թիւ­նը։ Այս տո­ւեալ­նե­րու հի­մամբ, սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մը կը կի­րար­կո­ւի օ­րէն­քով սահ­մա­նո­ւած կար­գով, այ­սինքն՝ ըստ որ­դեգ­րո­ւած ըն­թա­ցա­կար­գա­յին կա­նոն­նե­րու։ Երբ կա­լո­ւա­ծի մը սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տար­ման օ­րի­նա­կան ո­րո­շու­մը կա­յա­ցած է, պե­տու­թիւ­նը պէտք է կա­տա­րէ հա­մար­ժէք հա­տու­ցու­մը։
Ա­րա­մի ­Տու­նը կը լրաց­նէ սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մի եր­կու տո­ւեալ­նե­րը։

Այս­պէս՝
Ա­ռա­ջին տո­ւեա­լը.- Խնդ­րոյ ա­ռար­կայ շէն­քը պատ­մա­կան յու­շար­ձան է եւ ազ­գա­յին ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, գո­յու­թիւն ու­նի թէ՛ հա­սա­րա­կու­թեան եւ թէ պե­տու­թեան կա­րիք։ ­Հայ հա­սա­րա­կու­թեան եւ հայ­րե­նի պե­տու­թեան կը պատ­կա­նին Ա­րա­մի ­Տան նման պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին վայ­րեր։ Այս կա­րի­քը նաեւ կը նե­րառ­նէ գա­լիք սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք Ա­րա­մի ­Տան ներ­կա­յու­թեամբ պի­տի յի­շեն ու հա­ւա­տա­րիմ մնան հա­յոց պատ­մու­թեան։

Երկ­րորդ տո­ւեա­լը.- Ա­րա­մի ­Տու­նը, իբ­րեւ ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւն եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան կո­թող, պատ­մա­կան բա­ցա­ռիկ ար­ժէք եւ գե­րա­կայ ազ­գա­յին շահ կը ներ­կա­յաց­նէ։
­Կան բազ­մա­թիւ նա­խըն­թաց­ներ, ուր հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րում կա­տա­րած են՝ հիմք ու­նե­նա­լով հա­սա­րա­կա­կան ու պե­տա­կան կա­րի­քը եւ բա­ցա­ռիկ գե­րա­կայ շա­հը։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, 2010ին ­Կո­տայ­քի մար­զի Ար­տա­վազ հա­մայն­քի մօտ 96 հա. հո­ղա­տա­րած­քը օ­տա­րու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ։ ­Հո­ղա­տա­րած­քը նկա­տո­ւե­ցաւ «բա­ցա­ռիկ գե­րա­կայ շահ»՝ հիմք ու­նե­նա­լով ա­նոր «քաղց­րա­համ եւ հան­քա­յին ջրե­րի ար­դիւ­նա­հան­ման եւ շշալցման գոր­ծա­րա­նի կա­ռուց­ման» ծրա­գի­րը։

Այլ օ­րի­նակ մը. 2011ին ­Քա­ջա­րան գիւ­ղէն մօտ 600 հա. տա­րածք օ­տա­րու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ՝ հոն գտնո­ւող հան­քե­րու շա­հա­գոր­ծու­մը յայ­տա­րա­րե­լով «հան­րա­յին գե­րա­կայ շահ»:
Ն­ման օ­րի­նակ­ներ շատ են։ ­Զար­մա­նա­լիօ­րէն բո­լորն ալ կը վե­րա­բե­րին պե­տու­թեան կող­մէ սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մի՝ ի շահ սե­փա­կան շահ հե­տապըն­դող գոր­ծա­րար ան­հատ­նե­րու կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու։

Արդ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մի օ­րէն­քը ի զօ­րու է եւ կը կի­րար­կո­ւի։ Այդ օ­րէն­քը ցարդ գոր­ծա­ծո­ւած է ի սպաս գոր­ծա­րար մար­դոց եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց ձեռք բե­րե­լիք ար­տա­բե­րում­նե­րը հա­մա­րո­ւած են գե­րա­կայ շահ։
Ա­րա­մի ­Տու­նը սե­փա­կա­նու­թիւնն է ան­հատ շա­հա­տէ­րե­րու, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս Ար­տա­վազ հա­մայն­քի մօտ 96 հա. հո­ղա­տա­րած­քը եւ ­Քա­ջա­րան գիւ­ղի մօտ 600 հա. տա­րած­քը։
Այս վեր­ջին­նե­րը, գե­րա­կայ շա­հե­րու հի­ման վրայ օ­տա­րու­մի են­թար­կո­ւե­ցան՝ ի շահ սե­փա­կան շահ հե­տապն­դող սե­փա­կան միա­ւոր­նե­րու։

Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հեշ­տու­թեամբ գե­րա­կայ շահ կը գտնէ ան­հատ գոր­ծա­րար մար­դոց կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար, Ա­րա­մի ­Տու­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան ար­ժէ­քի գե­րա­զան­ցօ­րէն գե­րա­կայ շահ՝ ի խնդիր հա­սա­րա­կա­կան, ազ­գա­յին ու պե­տա­կան կա­րիք­նե­րու։

­Հա­յաս­տա­նի «­Հո­ղա­յին Օ­րէնս­գիրք»ի 19րդ ­Յօ­դուա­ծը կը վե­րա­բե­րի «­Յա­տուկ պահ­պա­նո­ւող տա­րածք­նե­րի»։ ­Սոյն յօ­դո­ւա­ծին թիւ 1 կէ­տը «­Յա­տուկ պահ­պանուող տա­րածք­նե­րի հո­ղեր» կը հա­մա­րէ, ի շարս այ­լոց, «պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին… նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հո­ղա­մա­սե­րը»։ ­Թիւ 2 կէ­տին մէջ «­Յա­տուկ պահ­պա­նո­ւող տա­րածք­նե­րի հո­ղե­րը» դա­սա­կար­գուած են, ուր ա­ռան­ձին դա­սա­կար­գում ու­նի «պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին» հո­ղա­մա­սը։

Ա­րա­մի ­Տու­նը, այս օ­րէն­քի հի­մամբ, պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հո­ղա­մաս է, եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ յա­տուկ պահ­պա­նո­ւող տա­րածք։
­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 11րդ­ եւ 31րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հո­ղա­յին օ­րէնսգր­քի 19րդ ­յօ­դո­ւա­ծը, կը պար­տա­ւո­րեց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ Ա­րա­մի ­Տու­նը յայ­տա­րա­րե­լու հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան կա­րիք, ու զայն նկա­տե­լու բա­ցա­ռիկ եւ գե­րա­կայ հան­րա­յին շահ։

Այդ հի­մամբ, հայ­րե­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տի Ա­րա­մի ­Տու­նը են­թար­կել այ­լոց սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան օ­տա­րու­մի եւ զայն վե­րա­դարձ­նել հան­րա­յին սե­փա­կա­նու­թեան։

­Հայ­րե­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ա­րա­մի ­Տան հար­ցը պէտք է ան­յա­պաղ իր օ­րա­կար­գին վրայ բե­րէ ու որ­դեգ­րէ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում՝ ա­մէ­նէն կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին։ Ե­թէ կա­ռա­վա­րու­թեան ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­րար­նե­րը պի­տի դժկա­մին այս նա­խա­քայ­լին, այդ պա­րա­գա­յին օ­րա­կար­գի նիւթ պէտք է դարձ­նեն Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­րար­նե­րը, ո­րոնք ի սկզբա­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ պէտք է նա­խա­ձեռ­նողն ու տէ­րը ըլ­լա­յին Ա­րա­մի ­Տան հան­րա­կա­նաց­ման ու պահ­պան­ման։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ