Սեպտեմբեր 24ի Կիրակի օր կատարուած այս ընտրութեան մասին կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնները.-
1900 Սեպտեմբեր 24ի Կիրակի օրը, ըստ Սահմ. օրինաց քուէարկութիւն կատարուելով, քուէից առաւելութեամբ ընտրուեցան հինգ անձինք մատրան հոգաբարձութեան համար, որոնք են՝
Տիարք՝ Տոք. Կարապետ Աղաբեկեան, Լեւոն Պէօրէքճեան, Ալեքսան Եազըճեան, Կարապետ Մատոյեան, Սարգիս Պաղտասարեան։
Ընտրուածներէն առաջինը արքայական ատամնաբոյժ եւ երկրորդը արքայական հնագէտ է։
Ընդհանուր ժողովէն ետք, հոգաբարձութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարելով, ատենապետ կ’ընտրէ տոքթ. Աղաբեկեան, ատենադպիր՝ Ա. Եազըճեան եւ գանձապետ Լ. Պէօրէքճեան։
Այս նիստին մէջ կ’որոշուի մատուռի բացման պարագան տեղեկացնել Էջմիածնի կաթողիկոսին, Պոլսոյ պատրիարքարանը, Եգիպտոսի, Զմիւռնիոյ եւ Եւրոպայի առաջնորդութեանց, յառաջիկային ըլլալիք ձեռնարկներու առ ի գիտութիւն։
Ահաւասիկ Էջմիածին ղրկուած նամակին պարունակութիւնը, 1900, Հոկ. 7 թուականով.-
«Վեհափառ հայրիկ,
«Նկատելով որ՝ գաղթականութեան սկզբնաւորութենէն մինչեւ այսօր ցարդ (1896-1900) Աթէնքի եւ Բիրէայի մէջ բաւական թիւով տարագիր հայեր (պոլսեցի թէ հայաստանցի) բնակութիւն հաստատած են իրենց ընտանեաց եւ զաւակաց ապրուստը հայթայթելու համար։
«Նկատելով դարձեալ թէ ի սկզբանէ անդի յիշեալ երկու կարեւոր քաղաքաց մէջ հայկական եկեղեցի եւ մատուռ հաստատուած չլինելուն՝ վաճառական եւ կամ այլ արհեստաւոր երթեւեկող եւ կամ բնակութիւն հաստատող հայեր տեղական օտար եկեղեցիներ յաճախելով անոնց մէջ խառնուած կամ բոլորովին ձուլուած են, իրենց մայրենի լեզուն եւ Ս. կրօնը մոռնալով եւ մինչեւ իսկ ուծացած են իրենց հնադարեան ազգէն եւ նորա սովորութիւններէն։
Նկատելով վերջապէս թէ չորս տարիներէ ի վեր երկու քաղաքաց մէջ հաստատուող 3-400 հայեր վաղուց եկող գացող հայոց նման տակաւ առ տակաւ տեղական ազգին հետ խնամութեան առթիւ ձուլման տրամադիր կ’երեւին, հայ եկեղեցւոյ եւ քահանայի չգոյութեան պատճառով։
«Ուստի զայս ամենանցն յիշատակեալ կորստական պատճառներն խորազննին նկատի առնելով, վերջերս գաղթական հայոց բանիբուն եւ գիտուն դասակարգին պատկանող մի քանի ազնիւ անձնաւորութիւններ ընդհանուր ժողով գումարելով, վերջնականապէս որոշեցին եւ վճռեցին Աթէնքի մէջ հայկ. մատուռ մը ունենալ իր քահանայով, եւ յետոյ հանգանակութեան ձեռնարկելով կառուցանել փոքրիկ եկեղեցի մը իր պաշտօնէից ծախուց բաւականաչափ կալուածներով եւ փոքրիկ նախակրթարանով մը...»։
Նամակը յետոյ, անդրանիկ պատարագը եւ հոգաբարձութեան կազմութիւնը տեղեկացնելէ վերջ, կը խնդրէ հայրապետէն օրհնել ու գնահատել այս ձեռնարկը եւ հանգանակութեան իբր դրամագլուխ՝ ուղարկել փոքր գումար մը, առ ի քաջալերութիւն Յունաստանի հայ գաղութին։
Թրքահպատակ եղող այս գաղթականներուն մատուռին բացումը նոյն ատեն տեղեկացուցուած է օսմ. դեսպան Րիֆաթ պէյին, թուրք արտաքին նախարարութեան հաղորդագրուելու համար։
1900 Նոյեմբեր 8ին Վաղարշապատէն 1181 թուակիր հետեւեալ անդրանիկ կոնդակը ստացուած է հայրիկէն:
Այս կոնդակը Դեկտ. 10ին Կիրակի օրը պատարագի ժամուն կարդացուած է հայ հաւատացեալներուն, եւ հոգեւոր հովիւը բացատրած է կոնդակի մէջ յիշուած շատ մը կէտերը։
1900 Հոկտ. 26 թուակիր եւ 520 համար Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ղրկուած պաշտօնագիր մը կը զեկուցանէր, թէ Յունաստանի հայ գաղութը եւս Եւրոպայի միւս գաղութներու նման Վեհ. Հայրապետի իրաւասութեան ենթակայ ըլլալով, պէտք է գաղութին եւ եկեղեցեաց վերաբերեալ հարցերու համար իրեն կամ Եւրոպայի առաջնորդին դիմեն, իբր Ն. Ս. Օծութեան փոխանորդը։
Հոգաբարձութիւնը առաջին առթիւ մատուռի կառուցման համար գետին մը գնել որոշուած եւ առ այս բաւական գումար մը տեղւոյն վրայ հանգանակուած ըլլալով, նոր նամակով մը կը խնդրէ Էջմիածնէն լրացնել պակսած գումարը, ի գլուխ հանելու համար սկսուած աշխատանքը։
Այս առթիւ Պոլսոյ Պատրիարքարանը առ ի նախատեսութիւն թելադրած է գետինը եւ մատուռը Էջմիածնի անուան արձանագրել տալ, ապագայ գրաւումներէ զերծ կացուցանելու համար, ինչպէս եղած էր Գանտիոյ եկեղեցւոյ մասին, որ հազիւ կարելի եղած էր փրկել, Պոլսոյ մէջ կատարուած զանազան դիմումներով։
1901 Յունուար 18 թուակիր եւ 36 համար գրութեամբ հոգաբարձութիւնը բացատրելով վերոյիշեալ պարագաները, կը յայտնէ թէ՝ մատրան գետնին ըլլալիք կանխավճարը ձեռք բերելու համար հարկադրուած է Եգիպտոս ուղարկել Արծրունի քահանան եւ ատենադպիր Պ. Եազըճեանը, որովհետեւ գաղութին մէջ կարելի չէ սպասուած գումարը ձեռք բերել, անդամներուն տնտեսապէս փճացած ըլլալուն պատճառաւ։ Հետեւաբար կը խնդրէ կաթողիկոսէն այս անհրաժեշտ յանձնարարագիրը ուղարկել Եգիպտոսի առաջնորդ Յովսէփ Եպս. Այվազեանի։
1901 Յունուար 25 թուակիր եւ 42 համար ուրիշ գրութեամբ մը հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ Էջմիածնին թէ՝ «շինելի մատուռը եւ նախակրթարանը որեւէ ոտնձգութենէ զերծ մնալու համար, մայր աթոռը իր կողմէ ռուսական լեզուով գրուած փոխանորդագիր մը պէտք է յղէ կա՛մ հոգաբարձութեան եւ կամ ուղղակի տեղւոյս ռուսական վսեմ. դեսպան Պ. Օնուի, որպէսզի կալուածը պաշտօնապէս Ս. Աթոռի անուան արձանագրուի, փոխանորդագրին մէջ կարելի է աւելցնել թէ սոյն կալուածական գնումը եւ կանխիկ վճարումը տեղական հոգաբարձութեան կողմէ պիտի հայթայթուի եւ թէ այս մասին մայր աթոռը ներկայ եւ ապագայ որեւէ պատասխանատուութենէ ազատ է»։
Սոյն գրոյն վրայ Էջմիածնէն ստացուած է հետեւեալ պաշտօնագիրը.
ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐ
Մեք Ծայրագոյն Պատրիարք Նախամեծար Աթոռոյ Արարատեան Առաքելական Մայր եկեղեցւոյ Սրբոյ Կաթողիկէ Էջմիածնի եւ կաթողիկոս ամենայն հայոց Մկրտիչ Ա. սովիս հաւատարմագրովս. տամք զիրաւունքս բնակչի Աթէնք քաղաքի Լեւոնի Պէօրէքճեան, գնել եւ հաստատել յանուն նախաթոռ Ս. Էջմիածնի վանուց զգետին ինչ յարմարաւոր ի քաղաքն Աթէնք յաղագս շինութեան լուսաւորչական հայոց եկեղեցւոյ, ընդ նմին տամք Պ. Պէօրէքճեանի զամենայն իրաւունս, զորս պահանջեն տեղական օրէնք, վասն գնելոյ զհողն եւ հաստատելոյ զկալուածագիրն յանուն նախաթոռ Վանուց Ս. Էջմիածնի։ Որ եւ հաստատենք զայս հաւատարմագիր հայրապետական կնքոյ մերոյ։
Ի 27 Փետրուարի 1901 ամի՛ իք, տփխիս։
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀԱՅՈՑ
Նոյն հետայն Էջմիածնի կողմէ Սերպիոյ Աթէնքի դեսպան Մր. Միքայէլ Կոնսդանդինովիչի ուղղուած է հետեւեալ պաշտօնագիրը.
ՈՂՈՐՄԱԾ ՏԷՐ ՄԻՔԱՅԷԼ ԿՈՆՍԴԱՆԴԻՆՈՎԻՉ
Հովուական պարտս անձին համարելով ցուցանել աջակցութիւն հօտին մերոյ ուր ուրեք եւիցին, յայս նուազ հարկ համարեմք դիմել Ձերում Գերազանցութեան եւ խնդրել զհետնեալս Հայք բնակեալը յԱթէնս եւ ի Պերա պէտս ունին հոգեւոր մխիթարութեան եւ այդ վախճան ցանկան կառուցանել զեկեղեցի մի յԱթէնս, զորմէ դիմեալ առ մեզ մերագնէից, բնակելոյ անդ խնդրեն զտօնէութիւն Մեր։ Զիջեալ ի խնդիր սիրելի հօտին Մերոյ Մեք յանձն արարաք հայազնի Լեւոնի Պէօրէքճեանի յարգոյաբար խնդրենք զտնօրինութիւն Գերազանցութեան Ձերոյ, յաղագս յանցնելոյ զայն նմա Պէօրէքճեանի լիայոյս գոլով զի Գերազանցութիւն Ձեր ունիք ցուցանել զՁերս լուսամիտ աջակցութիւն հայոց, բնակելոյ յԱթէն քաղաքի։
Վեր առաքելով առ բարձրեալն մեծ աղօթս ջերմագինս վասն առողջութեան երկարակեցութեան Ձերոյ։
Յարգանօք մնամք
Գերազանցութեան Ձերում
ջերմեռանդ աղօթարար
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հոգաբարձութիւնը մէկ կողմէ մայր աթոռէն խոստացուած գումարը խնդրելով մէկտեղ, միւս կողմէ եօթանասունի մօտ եւրոպաբնակ եւ եգիպտաբնակ առաջնորդներու եւ ծանօթ ազգայիններու կը դիմէ, իր ձեռնարկած գործին համար օժանդակութիւն խնդրելով։
Եւրոպայի առաջնորդ Գէորգ Եպս. Իւթիւճեան, 27 Նոյեմբեր եւ 18 Դեկտեմբեր 1900 եւ 367 ու 387 համար գրութիւններով նոր մատուռի մասին կ’ըսէ թէ՝
«... Նոր մատուռ մը կառուցանելու մասին հանգանակութեան համար մեզ ըրած ձեր դիմումին՝ մեր խորհուրդն է առ այժմ նոր շինութեան խնդիր չհանել եւ շատանալ ներկայ մատուռով, զի նոյնիսկ Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ առժամեայ մատուռներով կը կատարուին կրօնական պաշտամունք։ Նոր եկեղեցի ունենալու փափաքն տարիներէ ի վեր կայ ժողովուրդւոյ մէջ, սակայն անհրաժեշտ եղած միջոցները կը պակսին։ Ուստի առ այժմ գոհ եղէք ձեր մատուռով սէր եւ խաղաղութիւն ունենալով ընդ միմիանս»։
«... Էր երբեմն, զի ի Յունաստան տարագրեալ մեր սակաւաթիւ ազգակցաց նկատմամբ կը լսուէին անմիաբանութեան եւ ատելութեան եւ այլ անախորժ հծծիւններ՝ որք հեռի էին պատուաբեր լինելէ Հայաստանեաց Ս. եկեղեցւոյ որդւոց համար։ Այժմ քաղցր է մեզ յուսալ թէ շնորհիւ նորահաստատ մատրան, որ օթեւան է ամէն խաղաղութեան, չար խորհուրդ եւ բանք եւ գործք, իբրեւ մի եկեղեցւոյ հարազատ զաւակունք ապրին խաղաղութեամբ...»։
Բայց հակառակ ասոր, հոգաբարձութիւնը 1901 Փետրուար 2ին դէպի Եգիպտոս ճամբայ կը հանէ հոգեւոր հովիւ Գարեգին Քահանայ Արծրունին եւ ատենադպիր Պ. Ալեքսան Եազըճեանը, որոնք Փետրուար 8ին կը հասնին Աղեքսանդրիա։ Յիշեալները ամսոյս 7ին կը դիմեն առաջնորդ Այվազեան Եպս.ի, կը խօսին իրենց առաքելութեան մասին, ցոյց կուտան պաշտօնագիրները, եւ լուսաբանութիւններ գաղութի մասին։
Սրբազանը խոստում կուտայ այս մասին խօսիլ Տիգրան փաշայի հետ, քանի որ տեղւոյն վարչութիւնը կազմալուծուած էր խորհուրդ տալով որ պատուիրակներն ալ իրենց կողմէ տեսնեն բաշային գործակատար Սեդրակ Դաւիթեան, եւ անոր միջնորդութիւնը ապահովեն։ Բանակցութեանց ընթացքին փաշան դիտողութիւն կ’ընէ թէ պատրիարքարանէն այս մասին որեւէ պաշտօնագիր ստացած չէ, բայց առաջնորդրին բարեխօսութեամբ կարելի կ’ըլլայ ժապաւինեալ տոմարին վաւերացումը ստանալ, մանաւանդ որ տոմարը յունական կառավարութենէն եւս կնքուած էր։ Այս առթիւ պայման կը դրուի որ հաւաքուած գումարները օրը օրին պիտի յանձնուէին Գահիրէի առաջնորդարանին, մեկնումի պահերնուն ստանալու համար փոխան ընկալագրի։
Առաջնորդը ինք եւս ժապաւինեալ տոմարի 4րդ էջին մէջ կոչ մը կը հրատարակէ, հրաւիրելով «Եգիպտոսի բարեպաշտ ժողովուրդը՝ կամաւորապէս եւ առատաձեռնօրէն մասնակցիլ սոյն էապէս կարեւոր հանգանակութեան»։
(1901 Փետրուար 14, 27 Գահիրէ)։
Արմենակ Տէր-Յակոբեան - Գ. մաս