Ամէն անգամուն երբ հայու եւ յոյնի կռիւ մը ելլէր, միջամտող ոստիկանը յոյնը կ’առնէր կը տանէր, նոյնիսկ եթէ հայը յանցաւոր ըլլար։
- Ասոնք մեր հիւրերն են. նոյնիսկ եթէ թերութեան մէջ գտնուին, պէտք չէ որ զիրենք դատապարտենք,- կ’ըսէին ոստիկանները։
Վրանները լիուլի բաւեցին փախստականներուն։ Յանձնաժողովը, յետ քննութեան, ձեռնարկեց աւուր հացի կարօտ անձերը որոշելու եւ անոնց օրական ապրուստ մը ճարելու։ Այս գործը բաւական տաղտուկ պատճառեց, որովհետեւ քէմէրնին (գօտի) ոսկով լեցուն անձերն իսկ կ’ուզէին հացի կարօտ արձանագրուիլ։
Շնորհիւ յոյն թերթերու աջակցութեան, առաջին անգամ մեր սկսած հանգանակութիւնը բաւական արդիւնք տուաւ։ Յետոյ Վարիէթէի թատրոնին մէջ ներկայացում մը սարքեցինք, ուր անձնուիրաբար խաղացին յոյն թատրոնի Սառա Պէրնարը՝ Տիկ. Բարասքէվոբուլու եւ իր խումբը, ներկայացնելով Ֆռու-ֆռուն։
Հասոյթի այս աղբիւրները սակայն շուտով սպառեցան։ Ամէն օր մարդ գլուխ վաթսուն լէփթա (երեք ղուրուշ) կը վճարէինք, մանրակրկիտ քննութեամբ։
Նոյն տարուան Նոյեմբերին հասաւ նաեւ Տիգրան Երկաթ, որ Մարսիլիա կ’երթար։ Յաջողեցանք զինքը համոզել որ ցամաք ելլէ, եւ հայկական դատին ի նպաստ բանախօսէ։ Հակառակ իր հիւանդագին վիճակին, օր մը հանգիստէ վերջ միասին խմբագրատուները այցելեցինք, ուր հայկական հարցին նկատմամբ մեր ծրագրած բանախօսութիւնը խանդավառօրէն ընդունուեցաւ։
Թերթերը մեծաշռինդ ծանուցին այս պարագան։ «Բառնաս» սրահին մէջ աթէնական մտաւորականներու ներկայութեան տարաբախտ Երկաթ հիանալի ֆրանսերէնով մը կը կարդար գրաւոր ճառ մը, պարզելով դարերու ընթացքին հայ եւ յոյն ժողովուրդներու յարաբերութիւնները եւ կը գուշակէր ապագայ դաշնակցութեան մը կարելիութիւնը այս երկու պատմական ազգերու միջեւ, որոնք այնքան նկարագրի նմանութիւններ ունէին։ Պատմական կուռ փաստերով լեցուն այս ճառը մամուլի սիւնակները լեցուց, եւ շնորհաւորութիւններ սկսան տալ ամէն կողմէ։ Երկաթի տկարութեան շրջանին, աթէնացիները մեծ ազնուութիւն ցոյց տուին, որոնց գլխաւորն էր վարչապետին եղբայր Տոքթ. Տէլիեանիս։
Հետզհետէ հոս հասան Վահէ Արզուեան, Շահրիման, Սեդրակ Ամպարեան, տոքթ. Ճէլալ եւ տոքթ. Թիւրապ։
Ռէթէոս Պէրպէրեան առաջարկեց իր «Միութիւն» թերթին խմբագրապետութիւնը, փոխարէն ամէն օր փորս կշտացնելու։ Այդ գործը վարեցի չորս ամիս միայն, հրատարակելով վիմագիր 6-7 թիւեր, ուրկէ ետք դադրեցուցինք մեր ակնկալութիւնները ի դերեւ ելլելուն համար։ Նոյեմբերին հեղեղանման անձրեւ մը քսանչորս ժամ տեւելով ողողեց Ֆալիրոյի դաշտը, ինչպէս նաեւ Բիրէայի եւ Աթէնքի փողոցները։ Գաղթականներէն շատեր Աթէնք ապաստանեցան, ուրկէ վրանները հոն փոխադրուեցան։
Հակառակ շատերու հետզհետէ մեկնումին, մնացած գաղթականները կերակրելը ծանր պարագայ մըն էր։ Բարեբախտաբար անգլ. դեսպանատունը մեզ օգնութեան հասաւ։ Մեր նախագահը Սերովբէ Կիւճեան, որ յարաբերութեան մէջ էր դեսպանատանց հետ, օր մը եկաւ իմացուց թէ Անգլիոյ դեսպանը Պ. Էճըրթըն ի նպաստ հայերու, մեծաքանակ գումար մը ստացած է Լոնտոնէն, որ պիտի գործածուի կարօտեալներուն գործ հայթայթելու։ Մեր դիմումներուն վրայ դեսպանատունը հաւանեցաւ վրանաբնակներուն հոգը ստանձնելու։ Ալ անկէ ետք ամէն օր մաքուր մանրուկ դրամ կը բերէր տոպրակով եւ մեզմէ մէկ քանիին ընկերակցութեամբ կը բաժնէր։ Սակայն օր մը փախստականներէն մաս մը անօրինակ խաղքութիւններով աւելի դրամ պահանջեցին եւ նոյնիսկ ատրճանակով անգլիացի պաշտօնեային սպառնացին։ Այս վերջինը անմիջապէս դրամները առնելով մեկնեցաւ եւ նպաստը ի սպառ դադրեցաւ։ Այս դադարումէն քանի մը օր ետք ամէն մարդ իր գլխուն ճարը նայեցաւ եւ վրանները պարպուեցան»։
Այդ շրջանին եկեղեցական արարողութիւն կատարուա՞ծ է, կամ հայերը ուրոյն հաւաքատեղի մը ունեցա՞ծ են, այս մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ։ Պ. Օտեան գինով քահանայի մը յիշատակութիւնը կ’ընէ, առանց անունը տալու որուն հետ միասին գացած է վարչապետ պրն. Տէլիեանիին։
1897ի սկիզբը, կրէտական ապստամբութեան ժամանակ Պ. Օտեան կը մեկնի։ Թուրք եւ հելլէն պատերազմի ժամանակ հայոց կացութիւնը բաւական տագնապալից կը դառնայ։ Ահա այդ շրջաններու մասին ի՞նչ կը գրէ մեզ Տէր Արծրունի Վրդ.-
«Հին գաղթականութիւնը իրեն համար կրցած էր դիրք մը գրաւել, իսկ նորեկները անգործ էին։ Ի լրոյ տեղեկացած եմ, թէ անգլ. դեսպանատան նպաստէն զատ, Օլկա թագուհին ամէն օր Ֆալիրօ գալով կը հսկէ եղեր ուտեստի բաշխման գործին։ Իմ ձեռք բերած տեղեկութեանց համաձայն, առօրեայ դրամական բաշխմանց մէջ տարապայման զեղծումներ եւ զրկողութիւններ պատահած ըլլալով, հոգեւոր հովիւ բաղիշեցի Տ. Սիմոն Քհնյ. բողոքած է, սակայն յանձնաժողովի անդամներէն դրամատէր տիար Հայկ Էքիզլէր եւ Ալեքսան Ճէվահիրճեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի հրաժարեալ առաջնորդ Գէորգ Ծ. Վրդ. զիս համոզեցին Աթէնք երթալ, մատուռ մը բանալ եւ նորեկ գաղթականները ժամանակ մը հովուել, մինչեւ որ Էջմիածնի արտօնութիւնս ստացուի։
Այս առթիւ ինձ տրուեցաւ պաշտօնագիր մը՝ իմ պաշտօնս հաստատող, ինչպէս նաեւ գրութիւն մը՝ պահանջելու գաղթականական յանձնաժողովի գործառնութեանց հաշիւները, խոստանալով մատուռի հաստատութեան պահուն ուղարկել անհրաժեշտ եկեղեցական անօթները։
Պաշտօնագիրը յանձնաժողովին ներկայացնելով առաջարկեցի ժողով գումարել, հաշիւները ընդփոյթ կարգադրել, ղրկելու համար Աղէքսանդրիոյ վարչութեան։ Դժբախտաբար անդամք միահամուռ խուսափեցան՝ գործը իրարու վրայ ձգելով։ Հաշիւներու ոչ մէկ տեսակ չի հրապարակուեցաւ եւ գործը մութին մէջ մնաց։ Չարախօս լեզուները կ’ըսէին, թէ փորագրիչ Փալաեան 500 ոսկւոյ դրամ իւրացուցած է։ 1898ին յիշեալը ուզեց Պուլկարիա երթալ, բայց վախնալով իր անուան շուրջ յարուցուած լուրերէն եւ տէրորէն, ապաստանեցաւ Աղէքսանդրիա։
Նոր մատուռի հաստատութեան գաղափարը ջերմ փափաք մը արթնցուց գաղութին մէջ, բացի Բարեպաշտէ եւ քանի մը կուսակցականներէ, որոնք հակակրօն էին։ Անմիջապէս գործի ձեռնարկեցի, իբր ժողովրդեան ներկայացուցիչ, ունենալով ինծի հետ տիարք Սերովբէ Կիւճեան, Արամ Բագրատ, Տէյիրմինճի Կարապետ աղա, ձուլիչ Միքայէլ աղա, Ալէքօ Եազըճեան։ Շաբաթներով այս ու այն պաշտօնատուները ձեռք առնելէ վերջ, յաջողեցանք բանալ մատուռը Կահանէի կողմը վարձուած նախկին պարապ մեծ սրճարանի մը մէջ։ Աղեքսանդրիայէն սպասուած եկեղեցական գոյքերը ստանալէ վերջ կատարուեցաւ մատրան բացումը, տեղի ունեցան պատարագ եւ քարոզ։ Պարտականութիւն է յիշել անունները այն ջերմեռանդ պատանիներուն, որոնք մատրան ծառայեցին իբր սպասաւոր եկեղեցւոյ. ասոնք էին.- Ալեքսան եւ Միրիճան Գըլըճեան, Մկրտիչ Մանուկեան, Պօղոս Գալֆայեան եւ Արտաշէս Պատուել։
Աթէնքի Մետրոպոլիտէն ստացուած հրամանէն ետք, կազմուեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն մը՝ բաղկացած տոքթ. Կարապետ Աղաբեկեանէ, Լեւոն Պէօրէքճեանէ, Սերովբէ Կիւրճեանէ եւ Միքայէլ աղայէ։ Հովիւին կը վճարուէր ամսական վաթսուն տրախմի։ Իսկ գանձանակի եւ ծուխի հասոյթները ամբողջովին յատկացուած էին գաղթականաց ուտեստին, որ մեր ձեռօք կը մատակարարուէր։
Մի քանի ամիսներ շարունակելէ յետոյ, սեփական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը ունեցանք։ Խորհուեցաւ հանգանակութեան ձեռնարկել եւ նախ որոշեցինք ստանալ Հայոց Հայրիկի արտօնութիւնը, որուն ուղարկած էինք նաեւ նոր շինուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծը։ Այս մատուռը պիտի կառուցուէր ներկայ Լուսաւորիչ մատրան վարի անկեան մեծ հրապարակին վրայ նայող գետնին վրայ, ունենալով երկյարկանի յարկաբաժին մը, վարը՝ Քահանային եւ ժամկոչին, վերը իբր խորհրդարան եւ հիւր եկեղեցականութեան ննջարան, իսկ եկեղեցին եւ զանգակատունը պիտի նայէին ուղղակի արտաքին դրան։
Սպասուած հայրապետական կոնդակը գալով, պատրաստուեցաւ ժապաւինեալ տոմարը, որ կնքուեցաւ կառավարութեան եւ հոգաբարձութեան կնիքով։
Հասնելով Եգիպտոսի մայրաքաղաքը Գահիրէ եւ դիմելով առաջնորդին, ներկայացուցի ձեռքս ունեցած հայրապետական կոնդակ-տոմարը եւ Հայրիկի կողմէ առաջնորդին ուղղեալ նամակը։ Այվազեան Եպս. կծու յանդիմանութիւններ սկսաւ ընել գալուստիս մասին։ Ամէն կողմէ հոս հանգանակութեան կը վազեն, իբր թէ հոս արքայաւան գանձարան մը ըլլար, ամէնուն աչքը մեր վրան է։ Առանց որեւէ դիւրութիւն ցոյց տալու եւ ցանկ մը ունենալու, սկսայ հանգանակութեան։ Մէկ քանի կարեւոր վաճառատուններ, ի ձեռին առաջնորդէն պաշտօնագիր չունենալով, չվստահեցան եւ մուրացկանի նման մէկ քանի կտոր դրամ ափս դրին իբր ողորմութիւն՝ առանց տետրակին մէջ արձանագրուելու։ Յուսահատ վերադարձայ Աթէնք։
1897ի թուրք եւ հելլէն պատերազմի հաշտութեան բանակցութեանց պահուն, յաղթական Էտհէմ փաշա առաջարկած էր Աթէնքի բոլոր հայ գաղթականները յանձնել իրեն։ Հոգաբարձութեան ծանուցած եւ գաղթականները ուրիշ երկիր փոխադրելու խորհուրդ տուած ըլլալով, բոլոր գաղթականները ցրուեցան աստ անդ։ Այս առթիւ անգլ. դեսպանը մեկնողներուն նաւողջէքին կէսը ինք վճարած է, իր քով գտնուած գաղթականներու նպաստի գումարէն։ Իսկ հինէն ի վեր հաստատուած հայերը քահանայ մը պահելու անկարող ըլլալով, բոլորիս խորհրդով որոշեցինք փակել մատուռը եւ եկեղեցական գոյքերը մի առ մի ցուցակագրելով, ցուցակներէն մին Աղեքսանդրիոյ վարչութեան ղրկուեցաւ եւ միւսը մնաց հոգաբարձութեան մօտ։
Ահա այս պայմաններուն մէջ ես մեկնեցայ Պուլկարիա։
Եւ սակայն քանի մը տարի եկեղեցական մխիթարութենէ զրկուած հայութիւնը չպիտի կրնար անտարբեր մնալ իր քայքայումին։
Նոր Շարժումը
Քանի մը բանիբուն անձնաւորութիւններ, նկատի ունենալով գաղթականութեան ձուլման եւ հայ եկեղեցիէն ուծացման վտանգը, մատուռի մը հաստատութեան գաղափարը ստիպողական անհրաժեշտութիւն մը կը նկատեն եւ Բ. անգամ 1900 Մայիս 20 թուակիր գրութեամբ մը Պուրկազ գտնուող Տէր Գարեգին Քհնյ. Արծրունին կը հրաւիրեն, որ 1900 Մայիս 24 թուակիր գրութեամբ մը յանձնառու կ’ըլլայ այդ պաշտօնը ընդունիլ, յուսալով որ՝
«Զիս առանձնակի պիտի չթողուք։ Պիտի լինիք գաղափարակից, ձեռնտու եւ համերաշխ գործողներ ամէն արգելանաց եւ խոչընդոտներու առջեւ, եւ կամ լաւ եւս պարտիմք երկուստեք միմիանց օգնել յանչափս, որպէսզի կարենանք ի կատար ածել նոր մատրան կառուցումն...»։
Տ. Գարեգին քհնյ. կը ժամանէ Աթէնք եւ 1900 Սեպտեմբերի սկիզբը կարելի կ’ըլլայ տուն մը վարձել 2400 տրախմիի՝ երկու տարուան պայմանաժամով եւ այդ գումարը վճարելով ամսէ ամիս։ Սեպտեմբեր 3ին տեղի կ’ունենայ անդրանիկ պատարագը։ Եւ որպէսզի գաղափարը իր նախաքայլին մէջ չի ձախողի, յարմար կը նկատեն հրաւիրել գաղութը, կազմելու համար եկեղեցւոյ օրինաւոր հոգաբարձութիւն մը։
1900 Սեպտեմբեր 20ին հոգեւոր հովիւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Արծրունի հետեւեալ հրաւիրագիրը կը ղրկէ գաղութի անդամեաց.
«Մեծ Տիար.
Յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 24, յետ աւարտման Սուրբ պատարագի, ժամը 10ին, ընդհանուր ժողով պիտի գումարուի, նորահաստատ մատրան, ինչպէս նաեւ կառուցանելի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն մը ընտրելու համար։
«Ամէն եկեղեցասէր հայու ներկայութիւնը անհրաժեշտ լինելով սոյն կարեւոր ժողովին, կը խնդրուի որ փութաք անձամբ ներկայ գտնուիլ որոշեալ ժամուն հայկ. մատրան մէջ. Օտոս Քօմօնտուրու, թիւ 6Աղօթարար
ԳԱՐԵԳԻՆ ՔՀՆ. ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արմենակ Տէր-Յակոբեան - Բ. մաս
(Շարունակելի)