altԿ­՛ու­զեմ անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը ձե­զի հետ բաժ­նեկ­ցիլ:
­Յու­նի­սին Ե­րե­ւան էի: Այս այ­ցե­լու­թիւնս տար­բեր էր: ­Յու­նիս 7ին հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը ու­

նե­ցայ (ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր չեն): 5 օր հի­ւան­դա­նոց ան­ցու­ցի:

­Յու­նիս 1էն սկսեալ վի­րա­բու­ժին եւ բու­ժող բժիշ­կին հետ ա­մէ­նօ­րեայ կա­պի մէջ էի: Եր­կուքն ալ ե­րի­տա­սարդ, հրա­շա­լի մաս­նա­գէտ­ներ են: ­Հի­ւան­դա­նո­ցին տար­բեր յար­կե­րը ե­ղայ, զա­նա­զան քննու­թիւն­նե­րէ ան­ցայ: Ա­մէն մէկ քննու­թե­նէ ետք այդ մաս­նա­գէ­տին հետ կարճ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցայ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ա­նոնք բա­ւա­կան հասկ­նա­լի լե­զո­ւով բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ խոր­հուրդ­ներ տո­ւին:

Ա­կա­մայ սկսայ մտա­ծել, որ ­Նիւ Եոր­քէն ըլ­լալս կրնայ դեր ու­նե­նալ այս ու­շադ­րու­թեան մէջ, բայց այդ­պէս չէր: ­Ծա­նօթ­ներ եւ այն­տեղ վի­րա­հա­տո­ւած հա­յաս­տա­նաբ­նակ­ներ հաս­տա­տե­ցին, որ ի­րենք ալ նոյն ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած են:
­Հի­ւան­դա­նո­ցը (կամ՝ Բժշ­կա­կան ­Կեդ­րո­նը) նոր չէր: ­Նո­րո­գո­ւած ալ չէր: ­Բայց մա­քուր եւ կո­կիկ էր: ­Յե­տոյ ի­մա­ցայ, որ քա­նի մը ա­մի­սէն այս կեդ­րո­նը նոր շէնք պի­տի տե­ղա­փո­խո­ւի:

Բժշ­կա­կան սար­քե­րը գեր-ար­դիա­կան չէին: ­Սա­կայն այդ սար­քե­րուն վրայ աշ­խա­տող ե­րի­տա­սարդ ու մի­ջին սե­րուն­դի մաս­նա­գէտ­նե­րը լիար­ժէք կը տի­րա­պե­տէին մաս­նա­գի­տու­թեան եւ ու­շագ­րաւ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ կը կա­տա­րէին ի­րենց գոր­ծը:
­Վի­րա­հա­տու­թիւ­նը բա­րե­յա­ջող ան­ցաւ: ­Բա­ւա­կան կազ­դու­րո­ւած եմ. դեռ ե­րեք շա­բաթ չան­ցած՝ եր­կար ճամ­բոր­դու­թիւն մըն ալ ը­րի եւ նիւ-եոր­քեան ա­ռօ­րեա­յիս վե­րա­դար­ձայ: ­Հան­գիստ եմ, որ «­Նիւ Եորք ձգե­լով, Ե­րե­ւան գա­ցի վի­րա­հա­տու­թեան հա­մար»:
Ին­չո՞ւ այս­քան բան կը պատ­մեմ:

­Կը ցա­ւիմ, որ այս սքան­չե­լի մաս­նա­գէտ­նե­րը չու­նին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ օգ­տա­գոր­ծե­լու սար­քա­ւո­րում­նե­րը եւ մի­ջոց­նե­րը: Իսկ քիչ մը ու­շադ­րու­թեամբ ու ծրագ­րու­մով՝ կա­րե­լի է այս մար­դու­ժը լիա­կա­տար ար­ժե­ւո­րել:
Եր­բեմն կը հան­դի­պիմ ­Հա­յաս­տա­նի բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րը ար­դիա­կա­նաց­նե­լու մա­սին լու­րե­րու: ­Բո­լոր քայ­լե­րը խրա­խու­սա­կան են, ան­կաս­կած: ­Քայլ մը ա­ռաջ պէտք է անց­նիլ: ­Նիւ­թա­կան ո­րոշ ներդ­րու­մով կա­րե­լի է ­Հա­յաս­տա­նը վե­րա­ծել բժշկա­կան զբօ­սաշրու­թեան (Medical tourism) կեդ­րո­նի: Աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րուն մէջ ըն­դու­նո­ւած ե­րե­ւոյթ է ա­սի­կա:

Ծ­րագ­րո­ւած, խիստ հսկո­ղու­թեամբ եւ յա­տուկ նպա­տակ­նե­րով կար­տա­րո­ւող ներդ­րում­նե­րով՝ կա­րե­լի է ­Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­գի­տա­կան ու­ժին ա­ւելց­նել նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը:
Այս­պի­սով թե­րեւս կ­՛օգ­նենք, որ մեր ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­գէտ­նե­րը ար­տա­գաղ­թի մա­սին չմտա­ծեն:
­Կը մղենք, որ ա­նոնք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ա­ւե­լի մեծ զգա­ցու­մով մօ­տե­նան մարդ­կա­յին կեան­քին եւ ի­րենց աշ­խա­տան­քին: Ե­թէ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան (եւ ին­չո՞ւ չէ, օ­տար­նե­րու) ո­րոշ զան­գո­ւած՝ Ա­րեւ­մուտ­քի փո­խա­րէն բուժ­ման հա­մար ­Հա­յաս­տան եր­թայ, կը բա­րե­լա­ւո­ւին նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի մէկ հա­տո­ւա­ծին՝ բժշկա­կան մար­զի աշ­խա­տող­նե­րու կեան­քի պայ­ման­նե­րը:

Տն­տե­սա­գէտ չեմ. մի­լիո­նա­տէր ալ չեմ: ­Բայց կը մտա­ծեմ, որ հայ­րե­նի­քի մէջ այս մա­կար­դա­կով ծախ­սո­ւած գու­մար­նե­րը «մե­ծե­րուն գրպա­նը» չեն եր­թար:
Ա­ռող­ջու­թիւ­նը ան­գին գանձ է: Ես չեմ կրնար ձեզ­մէ մէ­կուն ը­սել. «այ­սինչ հի­ւան­դու­թեան հա­մար Ե­րե­ւան գնա՛»: ­Բայց կրնամ խղճի հանգս­տու­թեամբ իմ փոր­ձա­ռու­թիւնս պատ­մել:
­Մեր եր­կի­րը սքան­չե­լի մար­դուժ ու­նի եւ այդ մար­դու­ժին պէտք է գուր­գու­րան­քով մօ­տե­նալ:
Իշ­խա­նու­թեան եւ օ­լի­կար­խա­յին հա­մա­կար­գի հան­դէպ մեր մօ­տե­ցում­նե­րը մէկ­դի դնե­լով՝ փոր­ձենք պա­հել մեր հարս­տու­թիւ­նը:

Ա­ռողջ մնաք:

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ