­alt«Այս­տե­ղէն կը սկսի ­Հա­յաս­տա­նը»:
­Դոկտ. ­Սու­րէն ­Դա­նիէ­լեանն է` Ե­րե­ւա­նի ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի

«Ս­փիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի վա­րիչ տնօ­րէ­նը:

­Պոլ­սա­հայ ման­կա­վարժ եւ «­Նոր Դպ­րոց»ի հիմ­նա­դիր ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեա­նի ծննդեան 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վին ենք: ­Գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ երկ­րորդ օ­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ­Տա­ւու­շի մար­զի ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ, ո­րով­հե­տեւ հոն` ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ կան­գուն է դպրոց մը` ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեա­նի ա­նու­նով, որ հա­յե­ցի կրթու­թիւն եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը ջամ­բէ հայ նոր սե­րուն­դին, որ, տա­կա­ւին, «վճռած» է մնալ… «սահ­մա­նա­մերձ» այս շրջա­նը:

Եւ այս` Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նէն միայն հա­րիւր մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ: Ե՛ւ հայ­կա­կան դպրոց, ե՛ւ ­Սու­րէ­նին հպար­տան­քը`
Ե­թէ շրջա­նի բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը զգլխէ ու կ­՛անց­նի ա­մէն ու­շադ­րու­թիւն եւ հիաց­մունք, բայց կայ նաեւ հո­գե­կան ազ­դա­կը: Իսկ ո՞րն է հո­գե­կան այդ ազ­դա­կը: Որ` ոչ-միշտ ա­պա­հով այս «սահ­մա­նա­մերձ» շրջա­նին մէջ հա­յը կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, բայց նաեւ` զար­գա­նալ:

Ա­շա­կերտ­նե­րը, տնօ­րէ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը նոյ­նինքն ­Կա­յան ա­ւա­նի ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեզ դի­մա­ւո­րե­ցին: Իսկ դի­մա­ւո­րե՞­լը: ­Հայ­կա­կան պար, երգ, հաց ու աղ, եւ տա­կա­ւին` ե­րի­տա­սարդ ա­շա­կերտ աղ­ջիկ­նե­րու զի­նո­ւո­րա­կան տա­րա­զով` «մի՛շտ պատ­րաստ»ի գի­տակ­ցու­թիւ­նը: Անդ­րա­դար­ձայ, որ հայ­կա­կան երգն ու պա­րը որ­քա՛ն զօ­րա­ւոր են ե­ղեր:

Ե­թէ սրահ­նե­րու կամ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր­նե­րու ըն­թաց­քին կ­՛ունկնդ­րես հայ­կա­կան եր­գը եւ կը հա­ղոր­դո­ւիս ա­րո­ւես­տով, ա­պա բո­լո­րո­վին տար­բեր կ­՛ըլ­լայ պատ­կե­րը, երբ «սահ­մա­նա­մերձ» շրջա­նին մէջ, ա­ռօ­րեայ իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ գու­ցէ վա­խե­րուն եւ ա­նա­պա­հո­վու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, կ­՛ապ­րիս այդ եր­գե­րուն տո­ւած հո­գե­կան ու­ժը: Եւ այդ եր­գե­րուն ու պա­րե­րուն ընդ­մէ­ջէն, նոյ­նինքն ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ, կը զգաս հայ­րե­նի հո­ղին ինք­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր տո­ւած «ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը» քե­զի` իբ­րեւ հա­յու:

Այդ հո­ղը, որ պէտք է պա­հո­ւի: Եւ երբ հայ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը կ­՛եր­գէին ու կը պա­րէին, տե­սայ, թէ որ­քա՛ն հաս­տատ էր ի­րենց շրթնե­րէն ե­լած իւ­րա­քան­չիւր բառ: ­Բայց նաեւ` որ­քա՛ն կան­գուն էին ա­նոնք ի­րենց պա­րե­րու իւ­րա­քան­չիւր շար­ժու­մին ընդ­մէ­ջէն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կ­՛եր­գէին ու կը պա­րէին հո­ղի մը վրայ, որ պա­հո­ւած է ու տա­կա­ւին կը պահ­պա­նո­ւի նա­հա­տա­կու­թեամբ, եւ ո­րուն մէջ խարս­խո­ւած է ապ­րե­լու ու­ժը:

Այդ օր` ­Մա­յիս 27ին, ա­նոնք այդ ու­ժը բաժ­նեկ­ցե­ցան մե­զի հետ:
«­Կա­յան ա­ւա­նը ին­ծի հա­մար յա­ւեր­ժու­թիւն է»:
­Լե­նա ­Վար­դա­նեանն է` ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նը: «Ա­ռանց այս վայ­րին` չեմ կրնար ապ­րիլ»:

­Լե­նա­յին հա­մար իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը ապ­րող կեան­քի մը մէջ է: ­Հայ կնոջ ա­մուր կեր­պար` տո­կուն նկա­րա­գի­րով եւ ազ­գա­յին ան­շեղ ինք­նու­թեամբ, որ հայ նոր սե­րուն­դին կրթու­թիւն կը ջամ­բէ: Ան յու­սա­հա­տիլ չճանչ­ցող հայ ման­կա­վարժ-մայրն է, ու տա­կա­ւի՛ն` մեծ մայր, որ ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ ինք­զինք միշտ «յաղ­թա­կան» կը զգայ: «­Չենք վախ­նար, այն­քան ա­տեն որ կ­՛ու­զենք ապ­րիլ, որ­պէս­զի թուր­քը վախ­նայ մեզ­մէ»: Եւ ­Լե­նա­յին հա­մար «յաղ­թա­նակ»ի լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը «ապ­րե­լուն» մէջ է:
Այս ապ­րող կեանքն է, որ տե­սայ ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ: ­Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղը:

Դպ­րո­ցին մա­նուկ­նե­րը, մեր գի­տա­ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րուան աշ­խա­տանք­նե­րէն ա­ռաջ, կա­տա­րե­ցին ներ­կա­յա­ցում մը: Իսկ ներ­կա­յա­ցո՞ւ­մը` «­Լոյս, սէր եւ կեանք»: Ա­նոնք եր­գե­ցին եւ վկա­յե­ցին կեանք մը, ո­րուն հիմ­քե­րը լոյսն ու սէրն են: Եւ այս ար­ժա­նիք­նե­րով կեանք մըն է, որ ա­նոնք վճռած են ապ­րիլ, բայց նաեւ վճռած են յաղ­թել:

­Դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն ետք քիչ մը քա­լե­լով հա­սայ «խրա­մա­տը». հոն՝ ուր սահ­ման էր եւ կա­րե­լի չէր ա­ւե­լի առ­ջեւ եր­թալ:
Եւ այդ խրա­մա­տին մօտ կա­յին ապ­րող վկա­յու­թիւն­ներ:
­Հոն էր նա­հա­տակ քա­ջա­մար­տիկ ­Գէոր­գին յու­շար­ձա­նը: Ու տա­կա­ւին` հոն էր նաեւ կի­սափ­լա­տակ տնա­կը, ո­րուն մէջ կան­գուն կե­ցած էին ­Սու­սան­նան եւ իր զա­ւակ­նե­րը:

­Բո­լորն ալ տա­կա­ւին կ­՛ապ­րին ­Կա­յան ա­ւա­նին մէջ: Ե­թէ չկան բնա­կու­թեան յար­մա­րա­ւէտ ու բար­ւոք պայ­ման­ներ, բայց կայ ապ­րե­լու հո­գին: Այն հո­գին՝ որ խառ­նո­ւած է այդ «խրա­մատ»ին մէջ: Եւ ե­թէ հա­յու այս հո­գին «խրա­մատ»ին կու տայ ուժ` պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հա­մար զայն, բայց նաեւ ան­կէ կ­՚առ­նէ կեան­քը ապ­րե­լու տես­լա­կա­նը:

Ե­րե­ւի ա՞յս ալ հա­յուն «իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն» է:
Եւ ինչ­պէս որ օ­տար լրագ­րող մը՝ ան­ցեալ Ապ­րի­լի ­Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մը եւ ա­նոր ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը նկա­րագ­րե­լով` ը­սած էր.- «­Տա­րօ­րի­նակ է հա­յը: ­Խա­ղաղ օ­րե­րուն կը ձգէ իր հայ­րե­նի­քը, բայց պա­տե­րազ­մի ու ճգնա­ժա­մի ա­տեն կը վե­րա­դառ­նայ ու կը հա­մախմ­բո­ւի ա­նոր շուրջ»:

Ե­րե­ւի մեր պատ­մու­թի՞ւնն է, եւ այդ պատ­մու­թեան ստեղ­ծած հո­լո­վոյթ­նե՞­րը, ո­րոնք հա­յը վե­րա­ծած են «ճգնա­ժա­մի» ժո­ղո­վուր­դի մը:

­Կա­յան ա­ւա­նէն դուրս ե­կանք եւ հա­սանք Ի­ջե­ւան: ­Ճա­շա­րա­նի մը մէջ մե­զի պատ­րաս­տած էին ընթ­րիք: Ար­մէն ­Կի­րա­կո­սեա­նը մեր սե­ղա­նին սպա­սար­կողն էր: Ե­րի­տա­սարդ հայ մը, որ կ­՚ապ­րի Ի­ջե­ւա­նի մէջ: ­Ճա­շի մա­տա­կա­րա­րու­մէն ետք Ար­մէ­նը ար­տա­սա­նեց ­Սիա­ման­թո­յի «­Զա­ւա­կը»: Եւ բա­նաս­տեղ­ծին հո­գին ու միտ­քը որ­քան դի­պուկ էին այդ մթնո­լոր­տին հետ: Եւ «­Զա­ւա­կը»: ­Հայ­րը գի­շե­րով իր զա­ւա­կը կը հասց­նէ ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­փե­րը` մա­քա­ռե­լով ա­հա­ւոր ա­լիք­նե­րուն դէմ, փրկե­լով միակ «յոյ­սը ա­ւե­րո­ւած իր գիւ­ղին»:
Եւ ե­թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր լե­ցուն է «ա­լիք­նե­րով», սա­կայն ու­րիշ ելք չկայ, բա­ցի «մա­քա­ռե­լէ» ա­նոնց դէմ…

Դ­ժո­ւար թէ այ­լընտ­րանք մը ըլ­լայ, հա­յը պի­տի պա­հէ իր միակ «յոյ­սը»` հայ­րե­նի հո­ղը: Եւ ­Կա­յան ա­ւա­նը եւ ա­նոր «խրա­մատ»ին կող­քին ապ­րող «սահ­մա­նա­մերձ հա­յը» ցոյց տո­ւին կեան­քը ապ­րե­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու այս վճռա­կա­մու­թիւ­նը: ­Թէ` կա­րե­լի է ապ­րիլ եւ պա­հել մեր միակ «յոյ­սը», որ­քան ալ ա­տի­կա դժո­ւար ըլ­լայ:
­Կա­յան ա­ւան:
«­Սահ­մա­նա­մերձ հա­յը»:

Խ­րա­մա­տին ընդ­մէ­ջէն կեան­քը պա­հե­լու եւ ապ­րե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը:
Եւ դար­ձեալ` ­Սիա­ման­թոն եւ իր «­Զա­ւա­կը»:
­Բա­նաս­տեղ­ծը հայ ժո­ղո­վուր­դին հարս­տու­թիւ­նը տե­սաւ ազ­գա­պահ­պա­նու­մի եւ սե­րունդ­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան մէջ:
Եւ հա­յը, «սահ­մա­նա­մերձ» թէ այլ, պի­տի պա­հէ այս «հարս­տու­թիւ­նը»: Ազ­գա­պահ­պա­նու­մի եւ սե­րունդ­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան, ի­մա` հա­յուն հարս­տու­թեան ա­մուր գրա­ւա­կա­նը հայ­րե­նի հողն է:

­Կա­յան ա­ւան:
«­Սահ­մա­նա­մերձ հա­յը»:
Ան` հա­յը, վճռած է պա­հել իր հայ­րե­նի հո­ղը:
Ի՛ր` հա­յո՛ւն հարս­տու­թիւ­նը:

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ