altՍ­փիւռք­նե­րու հայ դպրոց­նե­րու շուրջ բո­լո­րո­ւած եւ ա­նոնց մէջ գոր­ծող ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թեամբ ան­ձե­րը ի­րենք զի­րենք մաս­նա­կից պէտք է զգան ազ­գա­յին՝ եւ ոչ միայն հա­մայն­քա­յին՝ նպա­տա­կի մը եւ հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րի մը ի­րա­կա­նաց­ման:

Ս­փիւռ­քի հայ դպրո­ցը հարկ է ա­զա­տագ­րել թա­ղա­յին, ե­րե­ւե­լիա­կան, կողմ­նա­պաշ­տա­կան, ա­ւան­դա­պաշ­տա­կան, քաղ­քե­նիա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, հայ­րե­նակ­ցա­կան թա­փա­ռում­նե­րէ:

Ս­փիւռ­քի հայ դպրո­ցը ա­շա­կեր­տը սոսկ վկա­յա­կա­նի մը ձեռք­բեր­ման ա­ռաջ­նոր­դող ի մի­ջի այ­լոց հաս­տա­տու­թիւն մը չէ, ա­ւե­լին է: ­Նոյ­նիսկ երբ ծնող­նե­րը այդ ակն­կա­լու­թիւ­նը չու­նին, ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այդ ա­ւե­լին պի­տի հե­տապն­դէ: Այս ա­ւե­լին յա­ճախ յստակ չէ: Այ­սինքն՝ ազ­գա­յին հե­ռան­կա­րը ներ­կայ պէտք է ըլ­լայ որ­պէս ա­ռաջ­նոր­դող ուժ:
Այդ ա­ւե­լին է, կրթա­կան ծրա­գի­րի կող­քին, հայ դպրո­ցին նպա­տա­կը:

­Խօ­սինք նախ՝ այդ նպա­տա­կին մա­սին:
Ին­չո՞ւ սփիւռք­նե­րու մէջ հայ դպրոց հիմ­նել եւ պա­հել: Ին­չո՞ւ սփիւռք­նե­րու հե­ռու եւ մօտ ան­կիւն­նե­րը հայ դպրոց ու­նե­նալ: Եր­բեք չենք փոր­ձած դպրոց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն մօտ հար­ցա­խոյզ կա­տա­րել, հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ի՞նչ է հայ դպրո­ցին մօ­տա­ւոր եւ մա­նա­ւանդ՝ հե­ռա­ւոր նպա­տա­կը, ին­չո՞ւ ի­րենք հոն կը գոր­ծեն, շուրջ եւ մէջ:
­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած ազ­գի հա­տո­ւած էր սփիւռ­քը:

Ար­տա­գաղ­թող­նե­րով կազ­մո­ւող նոր սփիւռք­նե­րը սկզբուն­քա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սփիւռ­քէն, ա­նոնք եր­բեմն որ­պէս համ­րանք կը գու­մա­րո­ւին նախ­կի­նի վրայ, եր­բեմն ալ կը կազ­մեն նոր հա­մայնք­ներ, կ­՛եր­թան նաեւ հոն, ուր ան­ցեա­լին եւ ներ­կա­յիս հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­ներ կայք չեն հաս­տա­տած: Եր­բեմն պէտք է խօ­սիլ պատ­ճառ­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու տար­բե­րու­թեան մա­սին՝ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման տե­սան­կիւ­նէ:
Այս նո­րա­տե­սակ սփիւռ­քը հե­տե­ւանք է կա­մա­ւոր հայ­րե­նալք­ման:
Ե­թէ հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սփիւռ­քը դպրոց­ներ կը հիմ­նէր հիւ­ղա­ւան­նե­րու մէջ, թի­թե­ղա­ծածկ ա­ռաս­տաղ­նե­րով, պատ­ճա­ռը այն էր, որ սե­րուն­դը կ­՛ու­զէր հայ պա­հել, սփիւռ­քեան կա­ցու­թիւ­նը հա­մա­րե­լով ժա­մա­նա­կա­ւոր, այ­սինքն՝ սե­րուն­դի վե­րա­դար­ձին եւ բռնագ­րա­ւուած հո­ղին տէր ըլ­լա­լու հա­մար դպրոց կը պա­հէր: Ու­նէր այզ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ոչ-ճա­ռա­յին հիմ­նա­ւոր միտք:

Ար­տա­գաղ­թող­նե­րու սփիւռ­քին հա­մար հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը օ­րա­կարգ եւ նպա­տակ չէ: ­Հա­յաս­տա­նը ի­րենց հա­մար եր­կիր մըն է, ուր կ­՛ապ­րին ազ­գա­կան­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ, ո­րոնց կրնան տե­սու­թեան եր­թալ, կրնան ա­նոնց օ­ժան­դա­կել, ա­նոնց հետ խնա­միու­թիւն ը­նել: ­Քա­նի դեռ յի­շա­տակ­ներ կան, ի­րենց զա­ւակ­ներն ալ կրնան ղրկել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող ճամ­բար­ներ: ­Բայց ի­րենց ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի դուր­սը, այդ է ի­րենց ընտ­րու­թիւ­նը, ծագ­ման բե­րու­մով հայ­րե­նի­քի մը տի­րու­թիւ­նը ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր հո­րի­զո­նին մէջ չէ:

­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սփիւռ­քին չեն մե­րո­ւիր ար­տա­գաղ­թող­նե­րը, մշա­կու­թա­պէս եւ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րով՝ հա­յա­խօս են սո­վո­րու­թեամբ, նաեւ ա­նոր հա­մար, որ նոր են, բայց ար­դէն ա­րագ պատ­շա­ճե­լու ճի­գով, «նոր հայ­րե­նիք»ի լե­զուն եւ բար­քե­րը ա­րա­գօ­րէն կ­՛իւ­րաց­նեն, ինչ որ չէին ը­րած եւ չէին ու­զած ը­նել հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սփիւռ­քի ա­ռա­ջին սե­րուն­դի մար­դիկ, այդ պատ­ճա­ռով ալ դի­մա­ցան, ա­ւան­դու­թիւն ստեղ­ծե­ցին:
Ար­տա­գաղ­թող­նե­րու սփիւռք­նե­րը զգա­ցա­կան-հայ­րե­նակ­ցա­կան կա­պեր ու­նին հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սփիւռ­քին հետ, բայց չու­նին ազ­գա­յին հար­ցին հան­դէպ նոյն վե­րա­բե­րու­մը, թէեւ տա­րեց­ներ տե­սու­թիւն­ներ կ­՛ար­տա­յայ­տեն, երբ ի­րա­րու քով կու գան:

­Լե­զո­ւա­կան նա­խա­յար­ձակ­ման կ­՛են­թար­կո­ւի դա­սա­կան սփիւռ­քը, ոչ միայն օ­տար լե­զու­նե­րու ճնշման տակ, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կող մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու կող­մէ, ա­ռանց եր­բեք մտա­ծե­լու, որ այդ զան­գո­ւած­նե­րը ի­րենց լե­զո­ւով՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, ինք­նու­թիւն պա­հած էին, ու­զած էին պա­հել: Ա­նոնք պատ­ճառ կ­՛ըլ­լան «աշ­խար­հա­բա­րա­յին» խառ­նի­ճա­ղան­ճի, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն-սո­վե­տա­հա­յե­րէն խառ­նուրդ յա­ռա­ջաց­նե­լով, քան­դե­լով լե­զո­ւով ինք­նու­թեան պահ­պան­ման պա­տո­ւա­րը:

­Նոր սփիւռք­նե­րուն կը պակ­սին ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը, վե­րա­դար­ձի յոյ­սը եւ հե­ռան­կա­րը, քա­նի որ հայ­րե­նիք լքե­լով՝ ըն­թա­ցած են վե­րա­դար­ձի յոյ­սի հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ:
Այս հաս­տա­տում­նե­րու լոյ­սին տակ հարկ է դի­տել սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու նպա­տա­կը, զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դող ոչ միայն կրթա­կան, այլ մա­նա­ւանդ ազ­գա­յին փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, զա­նոնք դուրս բե­րե­լով միու­թե­նա­կան-կու­սակ­ցա­կան-յա­րա­նո­ւա­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կէն:

­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սփիւռ­քի հո­գե­բա­նու­թեան վրայ ծան­րօ­րէն նստած է այն միտ­քը, թէ հա­յը կրնայ որ­պէս ազգ մնալ եւ տե­ւել սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն մէջ: Ըն­կե­րա­հո­գե­բա­րո­յա­կան անմտու­թիւն է խոր­հիլ, որ սփիւռ­քը որ­պէս ազ­գի հա­տո­ւած պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ, ըլ­լա­լով տե­սակ մը սփիւռք-ազգ:
Ե­թէ կա­մա­ւոր կոյ­րեր չենք, կը տես­նենք ան­վե­րա­դարձ մա­շում­նե­րը՝ ի­րա­կան թի­ւե­րու եւ կոր­սո­ւած­նե­րու, հա­մար­կում-ձու­լու­մի գի­ծին վրայ:

Ա­ռա­ջին հեր­թին, ա­ռանց ամ­բո­խա­վա­րա­կան-կողմ­նա­պաշ­տա­կան-մար­դոր­սա­կան կապ­կում­նե­րու՝ հայ դպրո­ցին նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ հայ­րե­նա­տի­րու­թեան գի­տակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը, նոյ­նիսկ ե­թէ ան հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի քաղ­քե­նիա­ցող սփիւռք­նե­րու հա­կում­նե­րուն հա­կա­ռակ է: ­Հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը նոյն ար­մա­տին վրայ մէկ եւ երկ­ճիւղ է. ան կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի եւ բռնագ­րա­ւեալ ­Հա­յաս­տա­նի:

­Հայ դպրո­ցի փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ ընդ­դի­մու­թիւն՝ զար­գա­ցող, ա­ճած եւ ա­ճող քաղ­քե­նիա­կան-ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան, երբ մէկ կող­մէ կ­՛ը­սո­ւի, որ «­Հա­յաս­տան ապ­րո­ւե­լիք տեղ չէ» եւ միւս կող­մէ՝ որ «բռնագրա­ւեալ հո­ղե­րը ե­թէ տրո­ւին ան­գամ, հոն գա­ցող չ­՛ըլ­լար»: Այս ու­ղե­ղա­յին խան­գա­րու­մը հայ մար­դոց, հետզ­հե­տէ նո­ւազ ծա­գու­մով հայ դար­ձող­նե­րու հա­յեաց­քը կ­՛ուղ­ղէ դէ­պի չքնաղ Ֆ­լո­րի­տա կամ չքնաղ ­Ծա­ւի ափ (­Քոթ տ՛Ա­զիւր): Ա­նոնք կրնան ըլ­լալ բա­րե­սէր­ներ, բայց ո՛չ հայ­րե­նա­դարձ­ներ:

­Հայ­րե­նա­տի­րու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը ե­թէ չիւ­րա­ցո­ւի հայ­կա­կան «կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ»ուն կող­մէ, ե­թէ չներշն­չո­ւի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու իր յար­կին տակ, հա­մայնք­նե­րը կը վե­րա­ծո­ւին ազ­գա­յին հե­ռան­կա­րէ զուրկ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու, եւ ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ «ազ­գա­յին» հա­մա­րո­ւած, բայց սոսկ «հա­մայն­քա­յին» ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը:
Ան­կեղ­ծու­թեան ան­սե­թե­ւեթ պա­հու մը, կրնա՞նք ա­ռա­րա­կա­յա­կա­նօ­րէն տես­նել, ու­զել տես­նել, որ այս փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը է՞ հայ հին եւ նոր դպրոց­նե­րու հիմ­նա­կան ծրա­գի­րի ա­ռանց­քը, ո­րուն շուրջ դառ­նան ման­կա­վար­ժա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը, լե­զու­նե­րու եւ գի­տու­թեանց ու­սու­ցու­մը:

Ճշ­դենք ան­մի­ջա­պէս, որ դպրոց­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի պար­տա­ւո­րո­ւած ե­ղած են քայլ պա­հե­լու ծնող­նե­րու քաղ­քե­նիա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն հետ: Ե­թէ այդ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով ծնող­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը չեն ղրկած օ­տար վար­ժա­րան­ներ, կեան­քի մէջ ա­ւե­լի լաւ յա­ջո­ղե­լու ցան­կու­թեամբ, հայ դպրո­ցին պար­տադ­րած են, որ ան բա­ւա­րա­րու­թիւն տայ ի­րենց ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն, ան ալ, տար­բեր հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով, մէկ շրջա­նէ միւ­սը, հե­տե­ւած է՝ համ­րան­քի եւ տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով:

­Միայն քննու­թիւն­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար գոր­ծող վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար ֆրան­սա­ցի­նե­րը կը գոր­ծա­ծեն «վկա­յա­կա­նի հիմ­նարկ» (boite a bachot) բա­ցատ­րու­թիւ­նը:
Երբ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի դա­սա­րա­նա­յին օ­րա­կան մէկ պա­հով, եր­բեմն նո­ւազ, երբ ա­շա­կերտ­նե­րու բնա­կան հա­ղոր­դակ­ցա­կան լե­զուն բա­կը, զբօ­սան­քին, հա­յե­րէ­նը չ­՛ըլ­լար, հարց կը ծա­գի, թէ ո՞ր նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէ հայ դպրո­ցը:
Երբ հայ դպրո­ցէն կը բա­ցա­կա­յի հիմ­նա­րար փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, որ նոյ­նիսկ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մէն ա­ւե­լին է, որ­քան որ ալ յա­ջո­ղակ ըլ­լան ա­նոնք, գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռեն գործ­նա­պաշտ ծնող­նե­րուն, կա­րե­լի է ուղ­ղել հար­ցու­մը. ին­չո՞ւ հայ դպրոց պա­հել:

Ս­փիւռ­քի հայ դպրո­ցի պե­տա­կան ծրա­գի­րը ո­րո­շո­ւած է նոյ­նինքն պե­տու­թեան կող­մէ: Ան­կէ վերջ կը մնայ ման­կա­վար­ժա­կան ծրա­գի­րի խնդի­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­նոր կող­քին հայ վար­ժա­րա­նը ու­նի ի՛ր նպա­տա­կը, զոր պէտք է հա­մա­տե­ղէ: ­Հար­ցը միայն ժա­մե­րու չի վե­րա­բե­րիր, այլ ու­սու­ցո­ղա­կան ծրա­գի­րի, որ­պէս­զի հա­յե­րէ­նը յա­ւե­լեալ, ա­ւե­լորդ կամ օ­տար տարր չհա­մա­րո­ւի: Ա­սոր հա­մար ալ անհ­րա­ժեշտ է փոխ-լրաց­ման, փոխ-ամ­բող­ջաց­ման ման­կա­վար­ժու­թիւն մը: ­Հե­տե­ւե­ցէ՛ք հայ դպրոց­նե­րու դրու­թեան. հա­յե­րէ­նի պա­հը փա­կա­գիծ մըն է, որ չ­՛առն­չո­ւիր ա­ւան­դո­ւող միւս նիւ­թե­րուն, գի­տու­թեան, աշ­խար­հագ­րու­թեան, մարմ­նա­մար­զու­թեան, ա­րո­ւեստ­նե­րու: ­Հա­յե­րէ­նի դա­սը կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի եր­կու զան­գե­րու մի­ջեւ:

­Կեան­քի նիւ­թե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ հա­յե­րէ­նը կը դադ­րի կեն­դա­նի լե­զու ըլ­լա­լէ, կեն­դա­նի լե­զուն կ­՛ըլ­լայ մի՛ւ­սը:
­Կը խօ­սինք երկ­լե­զու ման­կա­վար­ժու­թեան մա­սին, որ եր­կու լե­զու սոր­վեց­նել չէ, այլ եր­կու լե­զո­ւով աշ­խարհ ճանչ­նալ: Այս պատ­ճա­ռով ալ, հայ դպրո­ցի ու­սու­ցի­չը պի­տի գիտ­նայ ու­սու­ցո­ւող պե­տա­կան լե­զուն, նաեւ՝ հա­յե­րէ­նը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար: Դպ­րո­ցա­կան ծրա­գի­րի կող­քին չենք քններ հայ դպրո­ցի ու­սու­ցի­չի պատ­րաս­տու­թեան իւ­րա­յա­տուկ խնդի­րը, որ լե­զո­ւի գի­տու­թե­նէն ա­ւե­լին պէտք է ըլ­լայ:

Ան­ցեա­լին ու­նե­ցած ենք, նախ­կին սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք հա­յե­րէն գի­տէին, շատ լաւ դա­սա­գիր­քեր: Այժմ անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ սփիւռք­նե­րու կա­ցու­թեան պատ­շա­ճող եւ երկ­լե­զու ու­սու­ցում կի­րար­կող դա­սա­գիր­քեր, ո­րոնք նե­րա­ռեն նաեւ կեան­քի դա­սա­նիւ­թե­րու բա­ռա­պա­շա­րը:
­Հայ­կա­կան նպա­տա­կի ծա­ռա­յող ման­կա­վար­ժա­կան ծրա­գի­րի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը դպրո­ցի մը պիւտ­ճէա­կան հար­ցե­րուն չի ստո­րա­դա­սո­ւիր, ա­պա­գա­յի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ցան­կին չ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւիր: ­Կա­րե­ւոր է նա­խա­տե­սել, որ հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը, ո­րուն մա­սին շատ կը խօ­սինք, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ:
­Շէն­քե­րը, որ­քան որ ալ գե­ղե­ցիկ ըլ­լան, հա­յե­ցի կրթու­թեան յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ե­րաշ­խիք չեն:

Ին­չո՞ւ փա­ռա­սի­րա­կան ներդ­րում չը­նել հայ դպրո­ցը հայ­կա­կա­նօ­րէն յա­ջո­ղու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար, այ­սինքն՝ ինչ­պէս դպրո­ցի մը ճա­կա­տին կը գրենք կազ­մա­կեր­պու­թեան մը կամ բա­րե­րա­րի մը ա­նու­նը, հայ դպրո­ցին յա­տուկ ման­կա­վար­ժա­կան ծրա­գի­րի մը եւ ա­նոր յա­ջո­ղու­թեան նպաս­տող մի­ջոց­նե­րուն հա­մար յատ­կաց­նել գու­մար­ներ, այդ ամ­բող­ջին ալ տալ ա­պա­գա­յա­տես մար­դու կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­նու­նը, փա­ռա­սի­րու­թիւ­նը չտես­նել քա­րին մէջ:

Այ­լա­պէս՝ պի­տի շա­րու­նա­կենք «թու­քով կպցրած» կար­գադ­րու­թիւն­ներ ը­նել եւ նոյ­նիսկ շքան­շան­ներ ստա­նալ:
Երբ դպրո­ցի բա­կին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը հա­յե­րէ­նէ հրա­ժա­րած կ­՛ըլ­լան, պէտք է հարց տալ, թէ ո՞ւր կ­՛եր­թանք: Ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սի մը ե­լոյթ ու­նե­ցող պա­րա­խում­բը կամ երգ­չա­խում­բը հիմ­նա­հար­ցե­րուն պա­տաս­խան չեն:
­Պա­տաս­խան չեն նաեւ բարձ­րա­գոչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց «մեր ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղա­ցի­նե­րէն ա­ւե­լի լաւ կը յա­ջո­ղին տե­ղա­կան լե­զո­ւի քննու­թեան»: ­Դա­տու­մի չա­փա­նիշ­նե­րը ճիշդ պէտք է ըլ­լան:

Ի՞նչ կ­՛ը­սենք հա­յե­րէ­նի հա­մար…
­Հայ դպրո­ցը կը զար­գաց­նէ՞ հայ­րե­նա­տի­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը, որ իր կար­գին սե­րուն­դը ա­ռաջ­նոր­դէ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան:
­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան փո­խա­րէն գի­տե՞նք, թէ ո՛ւր ուղ­ղո­ւած կ­՛ըլ­լան հա­յեացք­նե­րը…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ